ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Եթէ Սուրիան չէ իմ երկիրս, հապա ո՞րն է, Հայաստա՞նը, ուր ոստիկանը բողոքող սփիւռքահայու երեսին կը պոռայ՝ գնա՛ քո երկրում բողոքի ...
Բայց ես, այս պարագային, «մնացեալներէն» մէկն եմ, որուն կը մնայ լռել:
Բայց ես, այս պարագային, «մնացեալներէն» մէկն եմ, որուն կը մնայ լռել:
Ան, որ կ'ապրի երկրի մը մէջ, կը կրէ այդ երկրին ցաւերը եւ կը վայլէ բարիքները, միայն ա՛ն իրաւունք ունի քննադատելու այդ երկիրը: Մնացեալներուն կը մնայ լռել ...
Ազատութիւնը այն է, որ ժողովուրդը կարենայ արժանավայել կեանք մը ապրիլ, եւ քաղաքականութիւնը ձգէ պետութեան:
Հալէպի այսօրուան ապրածը ոչ արժանավայել է, ոչ իսկ կեանք է։
Կը նայիմ անցորդներուն, մեծ մասը լաչակաւոր կիներ եւ «զպուն»ով տղամարդիկ են։ Ես ոչ մէկ դեր ունիմ անոնց կեանքերուն մէջ, ինչպէս անոնք՝ իմ կեանքիս մէջ: Բայց երբ «բան մը պատահի», բոլորս ալ նոյն ճակատագրին կ'ենթարկուինք, բոլորս ալ նոյն երկրին լիիրաւ քաղաքացիները ըլլալու մեր իրաւունքով:
* * *
Օրեր կ'ըլլան, երբ ժխտականներուն ծանրութիւնը վար կը քաշէ այնքան, որ շնչահեղձ կ'ըլլաս: Կրնայ պատահիլ, որ ճիշդ ա՛յդ պահուն եղբայրդ ալ դաշունահարէ քեզ:
Պէտք ունի՞նք այսքան ատելութեան, այսքան ժխտականութեան:
Սիրելը որքա՜ն աւելի դիւրին է . . .
Սիրելը որքա՜ն աւելի դիւրին է . . .
Այսօր, այսքան ցաւի դիմաց, միայն լռել ...
Դիմագիրքի գրառումներ, Յուլիս 27-28, 2013
No comments:
Post a Comment