Կաշառքի եւ ապականումի դէմ պայքարի «Թրենսփէրէնսի Ինթէրնէշընըլ» երեւանեան կեդրոնի գործադիր տնօրէն Վարուժան Հոկտանեան Ազգային Ժողովի Բարոյագիտութեան յանձնաժողովի նախագահ Էմիլ Բաբայեանին հասցէագրած դիմումով խնդրած է ճշդել, թէ «ներքաղաքային փոխադրավարձը բարձրացնելիս Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը գտնուե՞լ է արդեօք շահերի բախման իրավիճակում կամ եղե՞լ է նման ռիսկ»:
Նոյն դիմումի երկրորդ խնդրանքն է ճշդել` «ներդրումները կառավարելիս քաղաքապետը չի՞ օգտագործել արդեօք պաշտօնական դիրքը եւ լիազօրութիւնները»:
«Նոր Յառաջ», Յուլիս 30, 2013
Դիմումին մէջ նշուած է, որ վերջին օրերուն, փոխադրամիջոցներու սակերուն բարձրացման վէճերուն զուգահեռ, յաճախակի դարձած են քաղաքապետին գործառնութիւններուն մասին հրապարակումները, մասնաւորապէս՝ այն մասին, որ որոշ գիծեր սպասարկող ընկերութիւններ կը պատկանին Տ. Մարգարեանին եւ անոր մերձաւոր ազգականներուն:
«Թրենսփէրէնսի Ինթէրնէշընըլ» քանի մը օր առաջ դիմած էր Երեւանի քաղաքապետարան` խնդրելով հանրակառքերու եւ մինիպիւսներու գիծերը սպասարկող կազմակերպութիւններու ցանկը, յաւելում պահանջողներու ցանկը, ինչպէս նաեւ յաւելումի մասին քաղաքապետի որոշումին հիմքերը:
Այս առնչութեամբ «Թրենսփէրէնսի Ինթէրնէշընըլ»ի փոխտնօրէն Սոնա Այվազեան ըսած է. «Այդ կազմակերպութիւնների տուեալներն ուսումնասիրելուց յետոյ մենք կարող ենք պատկեր կազմել, թէ ովքեր են այդ գծատէրերը իրաւական առումով: Մենք գիտենք, որ շատերի յետեւում թաքնուած կը լինեն տանիքներ, այսպէս ասած, որոնք քօղարկուած կը լինեն եւ չի բացառւում, որ նոյն Տարօն Մարգարեանը լինի տանիք որոշ գծերի համար եւ առնուազն յայտնի է, որ մի քանի գծերի սպասարկող ընկերութիւնը "Ռոբերտ-Տարօն" ընկերութիւնն է, որը նրա աներձագին է պատկանում… Մենք շատ լաւ հասկանում ենք, որ Հայաստանում աներձագը բաւականին մերձաւոր ազգական է համարւում եւ ակնյայտօրէն հովանաւորւում է նոյն Տարօն Մարգարեանի կողմից»:
Բացի փոխադրամիջոցներու սակերուն յաւելումի այս թղթածրարին վերաբերող հարցերէ, «Թրենսփէրէնսի Ինթէրնէշընըլ» Բարոյագիտութեան յանձնաժողովին ներկայացուցած իր դիմումին մէջ վեր առած է նաեւ Տարօն Մարգարեանի գոյքի եւ եկամուտներու տարբեր յայտարարութիւններու խիստ անհամապատասխան երեւոյթն ալ:
Սոնա Այվազեան այս մասին ալ ըսած է. «Կամ Տարօն Մարգարեանը երկու ամսում՝ 2013 թուականի Յունւար-Փետրուար ամիսներին ձեռք է բերել բաւականին մեծածաւալ գոյք՝ ունենալով քաղաքապետի իր աշխատավարձը, կամ ստել է յայտարարագրերից մէկում»:
Միւս կողմէ, մայրաքաղաքի աւագանիի «Բարեւ Երեւան» խմբակցութիւնը պիտի պահանջէ Մարգարեանի հրաժարականը: Խմբակցութեան ղեկավար Անահիտ Բախշեան նշած է, որ Վարչական Դատարանին մէջ պիտի վիճարկուի փոխադրամիջոցներու սակագիները բարձրացնելու քաղաքապետին որոշումը:
«Եթէ կարողանանք ցոյց տալ այդ գործընթացի անօրինական լինելը, դրան կը հետեւի Տարօն Մարգարեանի պաշտօնանկութեան պահանջը»,- ըսած է ան:
No comments:
Post a Comment