30.7.13

Մարուշ Երամեան. բանաստեղծութեան եւ հացի մասին

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
«Երբեմն կը թուի, թէ յոյսեր կան լաւ ըլլալու, յետոյ յանկարծ այնպիսի լուր մը կը ստանանք, որ բոլոր յոյսերը շառաջով կը փլչին»: Այս բառերով կը բացուի խօսակցութիւնս պատերազմի բովին մէջ մինչեւ օրս դիմացող հալէպահայ գրագիտուհիին հետ:
Գաղտնիք չէ, որ Մարուշ Երամեանը հալէպահայ գրականութեան ամէնէն ազդեցիկ ձայներէն է այսօր: Զանազան առիթներով փորձած եմ հետը զրուցել, բայց միշտ հանդիպած եմ անոր աւելի քան «խօսուն» լռութեան: Լռութիւններ կան, որոնք աւելի ուժեղ են, աւելի ըսելիք կը պարունակեն, քան շատերու կողմէ հնչեցուած պոռոտախօսութիւնները:
Մարուշ այդ քիչերու թեւին կը պատկանի: Զարմանալի չէ, որ վաղ 2000ական թուականներէն ի վեր մեր սերունդին համար Հալէպ պիտի նշանակէր Մարուշ եւ հակառակն ալ ճիշդ պիտի ըլլար: Հալէպահայ բանաստեղծութեան ընթացքը հարուստ է տարբեր ակունքներէ բխող անուններով՝ Թորոս Թորանեան, Գէորգ Թէմիզեան,Կորիւն Շահինեան, Արա Ճուհարեան, Յակոբ Նալպանտ, Տիգրան Գաբոյեան եւ դեռ ուրիշներ: Ամէն մէկը իր տեսակով, ամէն մէկն իր գոյնով ու ոգիով:
Նոյն այդ տարիներուն էր, երբ արեւմտեան ոստաններու մէջ մեզի համար բացառիկ կարեւորութիւն ունեցող անուններ, ինչպիսիք են Գրիգոր Պըլտեան եւ Վահէ Օշական, վերադարձ մը ըրին դէպի Միջին Արեւելք: Հիմնականը լիբանանեան ծանր պատերազմի աւարտը հռչակելու առիթն էր, ու այդ տարիներուն հաւատքը կար, որ Միջին Արեւելքը արդէն անցաւ վտանգի կամուրջէն ու ա՛լ անոր գնացքը դէպի անցեալ չի վերադառնար: Բայց այդպէս չեղաւ:
Սուրիոյ արիւնով ներկուած պատերազմը, որ սկսաւ համեստ թաղային փոքր ու «անվնաս» ձեւացող ցոյցերով, մեծցաւ, աճեցաւ, դարձաւ տարածաշրջանի մեծագոյն պատերազմ, որ ունի խոր պայմաններ եւ որուն մասին երկար եւ բաւական քննական ակնոցով կատարուած վերլուծութիւն մը յաջողած եմ քաղել դոկտ. Արա Սանճեանին հետ կատարած հարցազրոյցիս մէջ:
Պատերազմի իսկական պատճառները իրօք որ խոր են ու բացի այդ՝ այսօր աշխարհին արդէն պարզորոշ է, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը սովորական քաղաքացիական կամ յարանուանական պատերազմ մը չէ լոկ, այլ աշխարհի երկու հզօր տէրութիւններուն՝ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ բախման թէժ գիծն է Սուրիան ու անոր  նոր իրավիճակին ամբողջական եւ պարզորոշ բիւրեղացումը պիտի վճռէ ոչ միայն Սուրիոյ, այլ ամբողջ Միջին Արեւելքի ապագան:
«Զգալի է, որ պատերազմը տարբեր-տարբեր ճակատներու վրայ կ'ընթանայ, Հալէպի ժողովուրդը, սակայն, իրապէս համբերատար կերպով կը շարունակէ դիմադրել՝ պարզապէս շարունակելով հոս ապրիլ»,- կը բացատրէ Մարուշ, որ պատերազմի առաջին օրերէն ի վեր թերեւս միայն մէկ հրապարակումով հանդէս եկած է: Ինք քարոզ կարդացողի, փախուկ աղուէսի դերին մէջ չի պատկերացներ ինքզինք: Վճռած է մնալ Հալէպ ու ապրիլ ամէն գնով: Խորքին մէջ անոր ձայնին մէջ եթէ կայ խեղթուած արտասուքի մը ճիչը, կայ նաեւ կեանքով ըլլալու, կեանքի յառաջանքի մայթերէն անվախօրէն քալելու կամքը: Քանի քանի անգամներ կը յիշեմ, որ ընդահուած է մեր զրոյցը, եւ երկուքով պահած ենք մեր շունչը, երբ արկ մը, հրթիռ մը, հրասանդ մը ինկած է անոր տան մօտիկ թաղամասերէն մէկուն վրայ ու յաջորդ բառը եղած է՝ ասիկա մօտ էր:
«Այո՛, ասիկա մօտ էր»,- ահա այսպիսի անհեթեթ եւ միաժամանակ ողբերգական վիճակի մը մէջ յայտնուած են մեր հայրենակիցները պատերազմի մը բորոտիքներուն ու աղի վէրքերուն մէջ, որ վստահ եմ՝ ինչքան ալ պատկերուին կամ ներկայացուին, որ նաեւ մեր հայագաղութին կը պատկանին, մերը չեն: Սուտ է, որ մեր ալ պատերազմներն են այս կռիւները: Այո, պատերզամը կայ ու կայ բայց մեր կռիւը չէ: Ինչքան ալ մեր կրօնաւորները քարոզներու սուր եւ սլացիկ բառեր շարեն ու տուայտեն օդին մէջ: Մէկ է, այդ բառերը պիտի մարին օդին մէջ:
Հասկնալի է, որ ապրելու խնդիր ունին, գոյատեւելու հարց ունին հալէպահայերը ու այդ պատճառով միայն աւելի տեղին է չմտնել պատերազմը թարգմանելու կամ պատերազմի էութենական պատկանելիութեան ամբողջական խնդիրները ներկայացնելու փորձութեան մէջ:
Մարուշի մօտ ապրելու կամքը մեծ ուժգնութեամբ արտայատուած է: Անվախ է, երբ կը ներկայացնէ իրադրութիւնները եւ հարցումիս պատասխանելով, թէ իրօք ուտելիքի խնդիր կայ, կ՚ըսէ. «Հիմա բաւական թեթեւցած է ուտելիքի տագնապը, որովհետեւ կանաչեղէնը կարելի է քաղաք հասցընել, մինչ այդ, սակայն, իրապէս տասը օր հարց կար, հիմա կրկին հացին խնդիրն է, որ կը տագնապեցնէ մեզ: Փուռերուն առջեւ այնքան խճողում է, որ կարելի չէ յուսալ հաց գնել»: Ու շարունակելով մեր զրոյցը, հարց կուտամ. «Բայց, Մարուշ, ՖՊ-ի [Ֆէյսպուքի] վրայ ալիւրի բեռնատարներու նկարներ երեւցան. ուրեմն ալիւր կայ, բայց փուռերը չե՞ն հասցներ»:
«Ալիւր կայ, բայց ոչ պէտք եղած քանակով»,- կ'ըլլայ պատասխանը ու շարունակելով կ'ըսէ՝ «պետութիւնը ստիպեց, որ հացին ծրարը ծախուի տասնհինգ ոսկիի, մինչ հարիւր էր վերջին շրջանին, հոսկէ է նաեւ հացին խնդիրը»։ Իսկ աւարտին հարցնելով թէ ի՞նչով կը սնուէիք վերջին շրջանին, կ'ըսէ՝ «ընդեղէնով եւ մաքարոնիով, իսկ պտուղ տակաւին չկայ, եղածը սեխ եւ ձմերուկ է, անոնք ալ շատ սուղ»:
Այսքանը ամէնօրեայ հալէպեան կեանքին մասին, իսկ այլ պատուհան մը բանալով հարց կու տամ Մարուշի վերջերս կատարած մէկ գրառումին մասին, ուր գրագիտուհին ակնարակած էր Հալէպ մնալու իր որոշումին մասին ու քիչիկ մը ընդվզումով խօսած էր անոնց մասին որոնք հեռու-հեռուներէն ու շատ հանգիստ պայմաններու մէջ կը քննադատեն զիրենք: Հարց կուտամ՝ ինչո՞ւ այդպէս գրոհած էիր Մարուշ, եւ խօսակիցս կը պատասխանէ. «Նախ ըսեմ, որ պաշտպանելու հարց չէ, որովհետեւ ամէն ոք ազատ է իր որոշումներուն մէջ. իմ խօսքս մեզ այպանողներուն էր»:
Մարուշի համար, ինչպէս շատ շատերու, Հալէպը սոսկ աշխարհագրական տարածք չէ, ու այս մէկը շատ զգայուն, խորունկ ու բաւական ծանր թեմայ է: Հալէպը իր անցեալով, իր ճանապարհներով, իր նեղ ու յաճախ մութ, «գաղտնի» ճանապարահներով, մզկիթներով, ժամերով անդիք ու դարաւոր, նոյնիսկ գերեզմաններով ուրիշ իմաստ կը կրէ իր մէջ (ինչպէս անտեսել կամ մոռնալ մեծն Յակոբ Օշականի շիրիմը, որ ամբողջ արեւմտահայոց գրականութեան մեծ վարպետը ըլլալու խորհուրդով է գրած, ապրած ու մեռած: Ինչ կրնայինք ընել մենք, երբ նոյնիսկ մեր մեռելները աշխարհով մէկ ցանուած ու տարածուած են: Նոյնիսկ ատոր մէջ մենք կը կրենք մեր ճակատագրի ամէնէն խորունկ վէրքին սպիները մեր մարմիներուն, մեր գիտակցութեան եւ բնազանցական բողոքներուն մէջ: Պիտի ըսէի գլխատուած կը քալենք ու կոչուած ենք այդպէս քալելու... ): Վերադառնալով հեռանալու թեմային՝ Մարուշ կ'ըսէ՝ «յետոյ, երբ կը ձգենք քաղաքը, կը ձգենք նաեւ մեր կալուածները, որոնք քիչ չեն, անձնականին մասին չէ խօսքս... »:
«Այսի՞նքն»,- հարց կ'ուտամ
«Կան նաեւ քրիստոնեաները,- կը պատասխանէ,- որոնց համար Սուրիան եւ Հալէպը հայրենիք են, ո՞ւր երթան, այլ խօսքով մեզի նման եւ մեզի հետ ուրիշներ ալ կան: Սկիզբէն ալ ըսի, որ չեմ կրնար այպանել, եթէ կը յարգեմ մարդկային ազատութիւնը, որուն անունով տես թէ ի՜նչ աւերներ կը կատարուին մեր մօտ: Կ'այպանեմ միայն անոնք, որոնք առանց մտածելու շարժեցան եւ յետոյ զղջացին»:
Կ'ուզեմ զրոյցին ընթացքը փոխել, կերպով մը վերականգնել ու հարց կուտամ. «Այս իրավիճակին մէջ հե՞շտ է մտորումներդ թուղթին տալը: Այսինքն՝ կարելի՞ է գրականութիւն ստեղծել»:
«Դժուար»,- կ'ըլլայ պատասխանը եւ կ'աւելցնէ. «Կամ ալ պատերազմական առօրեայէն ծնած բաներ կը գրեմ: Գիտես՝ երբեմն նաեւ այլ մթնոլորտի մէջ մտնելու միջոց է գրականութիւնը, բայց աւելի շատ ընթերցումով»:
«Բայց արդեօք պատերազմները գրականութեան համար իտէալական ժամանակներ չե՞ն»,- հարց կուտամ աւելցնելով, որ Ճօյսը իր «Ուլիսէս»ը գրած է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին (*):
Մարուշ կը զլանայ պատասխանել ու աւարտին խօսելով այսօրուան Հալէպի իրավիճակին մասին՝ կ'ըսէ. «Շատ վատ են տրամադրութիւնները այսօր, որովհետեւ ժողովուրդը յոգնած է յուսալէն եւ սպասելէն եւ, անշուշտ, առօրեայի պէտքերը շատ մեծ դժուարութեամբ հոգալէն»:
Վերջին հարցումի մը պատասխանելով, որ արդեօք ըսելիքներ կա՞ն ընթերցողներուն, Մարուշ զրոյցը կը փակէ՝ ըսելով. «Ամէն նոր օր մեզ նոր յոյսով կը լեցնէ, եւ որովհետեւ ամէն սկսուած բան իր աւարտը պէտք է ունենայ, կը հաւատանք, որ այս վիճակն ալ աւարտ պիտի ունենայ, մինչ այդ՝ դուք լաւ եղէք ... »:
Այսպէս կ'աւարտի զրոյցը: Յաճախ կտրտուած, պահէ պահ դարձուածքներով ու մանաւանդ մեծ լռութիւններով ծանրացած: Մարուշի իւրաքանչուր բառին տակ կայ ամեհի լռութեան մը հզօր. ձայնը: Այդ մահահոտ պատերազմին, անոր սեւ ուրուականներուն, արեան եւ մեծ ճիչերուն «լռութեան ձայն»ն է: Մէկ բան յստակ է, որ Մարուշ իր տեսակով կը պայքարի պատերազմին դէմ: Իր գոյութեամբ, տարեց մօրը հանդէպ ցոյց տրուած հոգատարութեամբ ու թերեւս յաւիտենական բառին հանդէպ իր ունեցած անդաւաճան կեցուածքով:
Զարմանալի է, որ յիսունի մօտ գրագիտուհին վճռած է մինչեւ վերջ քալել այդ պատերազմին հետ ու իր համար կարեւորն ու կենսականը պայքարելու դրօշները վար չդնելն է: Եթէ նկատեցիք զրոյցի ամբողջ ընթացքին քաղաքական ոչ մէկ ակնարկ երեւելի դարձաւ: Ոչ մէկ րէբլիկ, ոչ մէկ անդրադարձ, ոչ մէկ դատապարտում: Ան կը շարունակէ հաւատալ: Մինչ ուրիշներ լոյսերու տակ կը վայելեն Եւրոպայի հնարաւոր մեծ պոռնկութիւնները, Մարուշ կը գրէ վկայելու պէս: Ան կ'ուզէ հաւատալ, կ'ուզէ վկայել, որ Հալէպն ու Սուրիան նաեւ իրն են, ու տանելի չէ իրեն համար այդ երկիրը բզկտուած ու արիւլուայ տեսնել:
Ուրիշ զէնք չունի հաւատալէն զատ: Մինչ աշխարհի մոխրիկները, կարմիր ու դեղին միքրոժիւբերով Եւրոպայի բոտեոմները իրենց սէքսոտ սրունքներով կը «բռնաբարեն»: Մինչ աշխարհի տիկնիկները ամեհի ու յովազներու աշխարհի սխալ թոյնն ու դեղին վարդերը կը ցանեն ատելութեան ոխի ու քէնի անծայարածիր անապատներուն վրայ. Մարուշ կը շարունակէ կրել իր խաչը:
Աւարտին պիտի չուզէի յօդուածը իր լրումին տանիլ տխուր գոյներով, որովհետեւ ինչքան ալ մութ եւ անվերջանալի թուի այս ճանապարհն ու փակուղին, մէկ է՝ Հալէպը նորէն պիտի շողայ ու անոր արգանդէն ժպտացող սերունդներու բերանէն օր մը պիտի բարձրաձայնուին Մարուշին ու միւս բոլոր անծանօթ մարուշներուն երգերը: Որովհետեւ միով բանիւ կեանքը յաղթական է, ու մենք որպէս ճանարահորդներ իրաւունք չունինք անձնատուր ըլլալու մահուան սեւ ուրուներու դիմաց:
Յ.Գ. Մտածեցի յօդուածի աւարտին կարճ բանաստեղծութիւն մը աւելցնել Մարուշի ստեղծածաներէն, բայց  արդէն անկարեւոր է ատիկա, որովհետեւ Մարուշին հետ զրուցելու երեւոյթը եւ անոր ըլլալն ու քաջարի դիմադրումը այս մեծ քաոսին մէջ ինքնին բանաստեղծութիւնը ընծայելու, բանաստեղծութեան արիւնը վերանորոգելու, անոր երակներուն նոր արիւն տալու մեծագոյն հնարաւորութիւնն է: Տեղ մը, ուր սահման չկայ բառերուն, մահուան եւ կեանքին միջեւ: Տեղ մը, ուր բառին իմաստները ստուերներ չեն, այլ իրական սրտի զարկերէն դուրս մխացող մնայուն տրոփներ: Պատերազմը պիտի մաքրէ բանաստեղծութեան դաշտը ի վերջոյ: Մարուշը եւ Մարուշին նմանները յաղթելու համար է, որ կը գրեն, ու այդ յաղթանակը անպայման պիտի պարզէ իր թեւերը:

«Հետք», Յուլիս 22, 2013

(*) Վէպը գրուած է 1914-1921ին եւ առաջին անգամ ամբողջութեամբ տպուած՝ 1922ին («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment