27.7.13

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին անդամներուն դիմագրաւելիք մարտահրաւէրը

Ժ. Չ.
Քանի մը օրէն, Յուլիս 30-31ին, պիտի քննուի Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը։ Առաջին անգամ ըլլալով, արքեպիսկոպոսութեան աստիճան ունեցող առաջնորդի մը հրաժարականը պիտի քննուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին կողմէ։ Նախադէպ գոյութիւն չէ ունեցած։ Տիրան արքեպիսկոպոս Կիւրեղեան, որ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց թեմի նախկին առաջնորդն էր, 2000 թուականին նորընտիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ պաշտօնազուրկ եղաւ եւ Եզրաս եպս. Ներսիսեան՝ Կաթողիկոսին եղբայրը գրաւեց անոր աթոռը։ Ժամանակին, Տիրան Սրբազան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին առջեւ ներկայանալու պատիւը չունեցաւ, հակառակ իր պահանջին։ Յետագային ալ 2001ին, Գարեգին Բ.ի կողմէ կարգալոյծ եղաւ «անհնազանդութեան եւ անկարգապահութեան» պատճառով, երբ փորձեց եկեղեցական նոր միութիւն մը հիմնել։
Յուլիս 30-31ի դատաստանը ծանր պատասխանատւութեան առջեւ կը դնէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները, նկատի առնելով Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի ծանրակշիռ գնահատականները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին եւ կրթական ու հոգեւոր գործունէութեան վերաբերեալ։
Եթէ ճիշդ են դիտարկումները, ըսել է Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդի անդամները Կաթողիկոսին կողմէ նոյն ճնշումներուն ենթակայ եղած են, ինչպէս՝ Նորվան Արք. Զաքարեան։ Եթէ ընդունին ըսուածներուն ճշմարտացի բնոյթը, Կաթողիկոսին հեղինակութեան դէմ գործած կ՚ըլլան եւ անուղղակիօրէն զինք հրաժարելու հրաւիրած։ Իսկ եթէ մերժեն առաջնորդ Սրբազանին եզրայանգումները, այն ատեն նոյն համակարգը պահպանած կ՚ըլլան, այսինքն՝ իրենք իրենց դէմ գործած եւ բնականաբար Սրբազանին հրաժարականը ընդունած եւ ի պահանջեալ հարկին՝ յաւելեալ պատիժներ կամ սահմանափակումներ կրնան պարտադրել անոր եկեղեցական գործունէութեան։
Սակայն, այս պարզ տրամաբանական գծագիրէն անդին կան նաեւ նկատառելի ուրիշ հանգամանքներ։
Տարօրինակ է կեանքը. կան պահեր երբ մարդ սովորականէն այլ կերպ կը վարուի։ Նոյն անձն է, նոյն շրջապատը, նոյն յարաբերութիւնները, սակայն ներքին արտասովոր ուժի մը կը յենի, կ՚անսայ, հոգեփոխութիւն մը կ՚ապրի։
Պարագան է՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականին։ Կարելի չէ ըսել որ ան սովորական մահկանացուի մը պոռթկումի արդիւնք է, որովհետեւ այն պահուն երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը սպառնայ՝ «Եթէ Տէր Վաչէ Քահանայ Հայրապետեանը մինչեւ 1 Յուլիս 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնից եւ թէ Թեմը ամսական չտայ նրան, Մայր Աթոռի հետ դու գործ չունես այլեւս», Նորվան Սրբազան նոյն կոպտութեամբ չի հակազդեր։ Սովորական պայմաններու մէջ, երբ անձի մը արժանապատուութիւնը ոտնակոխուի՝ կը պոռթկայ։ Սակայն, Նորվան Սրբազան ժամանակ կ՚առնէ, գրաւոր կը պատասխանէ՝ անկեղծօրէն, մերկ ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ։
Ահաւասիկ, այն արտասովոր ուժը՝ ըսել ճշմարտութիւնը նոյնիսկ եթէ անոր գինը հրաժարիլն է։ Անսալ ներքին ձայնին, ճշմարտութեան կանչին, առաքելութեան կոչին՝ հրաժարականով եւ մեծահոգաբար, առանց կոպտութեան։ Հրաժարականը ստեղծած է զարմանալի պարապ մը, փոս մը, որուն առջեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը մնայ զինաթափ, անկարող իր հեղինակութիւնը գործածելու։
Մինչեւ օրս, հակառակ Կաթողիկոսին Յունիս 30ի հրահանգին, ո՛չ Ֆրանսայի Թեմական Խորհուրդը, ո՛չ ալ Առաջնորդը դեռ Տէր Վաչէն ամսականաւոր դարձուցած են։ Կաթողիկոսը, բնական պայմաններու մէջ եթէ տէրն ըլլար իր խօսքին՝ «դու գործ չունես այլեւս»ին, պէտք է վերջ տար Նորվան Սրբազանի պաշտօններուն Յուլիս 2էն սկսեալ, չսպասելով մինչեւ Նոյեմբեր 1, անոր հրաժարականի պայմանաժամի աւարտին։ Ծայրագոյն պարագային պէտք է զինք կարգազուրկ ընէր, կաթողիկոսական հրահանգներուն չենթարկուելու պատճառով։ Նոյնը պէտք է ըլլար պարագան Ֆրանսայի Թեմական Խորհուրդին, որ չենթարկուելով կաթողիկոսական հրահանգին, արժանի է «հրաժարեցման»։ Սակայն, որքան որ կաթողիկոսը սպառնական գտնուած է իր խօսքին մէջ, նոյնքան ամրակամ չէ եղած անոր գործադրութեան մէջ։
Իսկ ինչո՞ւ։ Որովհետեւ այն պահանջը որ դրած է անհիմն է, օրինականութենէ զուրկ ու եսակեդրոն։ Անկարող ըլլալով գործադրելու իր սպառնալիքը, արժեզրկած է ինքն իր կարգը, կաթողիկոսական հեղինակութիւնը՝ Աթոռը։
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին յանձնելով Նորվան Սրբազանին դատաստանը, Կաթողիկոսը կը փնտռէ օրինական հող մը, կայուն գետին մը, որ իր կորսնցուցած վարկը վերագտնէ։ Դժբախտաբար կատարածը յետքայլ մըն է, բայց ոչ զղջում մը, ինչ որ սպասելի էր, գէթ՝ Էջմիածնայ դարաւոր միաբանութեան պատշաճ քայլ մը, եղբայրական, քրիստոնէավայել արտայայտութիւն մը, որ վերագրաւէ շրջապատին վստահութիւնը ու ներքնապէս հանգստացնէ։
Այս առումով Կաթողիկոսին նամակը կը հաստատէ Սրբազանին գնահատականը. Էջմիածնի մայրավանքին մէջ տիրող շնորհազուրկ մթնոլորտը, սիրոյ բացակայութիւնը։ Էջմիածնի հայրապետին գրածին մէջ չկայ տող մը, չկայ բառ մը, որ ափսոսանքէ, պահանջէ, պարտքէ, հրահանգէ, մեղադրանքէ անդին երթայ։ Վերջին տողին աղօթքը՝ առ Աստուած քաջառողջութեան մաղթանք է միայն։ Իսկ, սիրոյ ողջոյնը՝ վերջակէտ։
Եւ այս պայմաններուն մէջ, ի՞նչ պէտք է քննէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը. Նորվան Սրբազանին հրաժարակա՞նը, թէ՞ Կաթողիկոսին սպառնական վերաբերումը, իրաւասութիւններու սահմանազանցումը եւ կամ կաթողիկոսական հրահանգին գործադրութիւնը, այսինքն՝ ամսական կապել Տէր Վաչէին։ Մարտահրաւէր նետուած է՝ ճշմարտութիւնը դիմակալելու, նոյնիսկ եթէ գինը պաշտօնազրկումն է։

«Նոր Յառաջ», Յուլիս 27, 2013 (խմբագրական)

No comments:

Post a Comment