25.11.12

Մատենադարանի ձեռագրերու հաւաքածոն պիտի թուայնացուի 6-7 տարուան ընթացքին

Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկ-մատենադարանի թուայնացման բաժինը համալրուած է նոր գործիքներով: Շուրջ 18.000 ձեռագրերէն 3000-ը արդէն թուայնացուած է: Վեց-եօթ տարիէն Մատենադարանի ամբողջ ձեռագիր հաւաքածոն արդէն թուայնացած կ՚ըլլայ: Ինչպէս «Արմենփրէս»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մատենադարանի բարձր արհեստագիտութեան (technology) եւ հրատարակչական հարցերով տնօրէնի խորհրդական եւ ձեռագրերու թուայնացման աշխատանքները համակարգող Գուրգէն Գասպարեանը, Մատենադարանի ձեռագրերու թուայնացման աշխատանքները սկսած են 2007 թուականին:
«Թուայնացման բաժինը դեռ աւելի է ընդլայնուելու, ձեռք են բերուելու նորանոր, ժամանակակից տեխնոլոգիաներ: Աշխարհում թուային տեխնոլոգիաները շատ արագ փոփոխւում են, եւ Մատենադարանը աշխատում է յետ չմնալ այդ նորութիւններից: Դրա համար պէտք են միջոցներ, այդ ուղղութեամբ Մատենադարանի տնօրէնութիւնն աշխատում է, բանակցութիւններ է վարում բարերարների հետ, որոնց օգնութեամբ մենք արդէն ունենք խոստումներ եւ կնքուած պայմանագրեր, որոնց շնորհիւ ձեռք են բերուելու աւելի արդի ու հզօր սարքաւորումներ»,-ըսաւ Գասպարեանը:
«Մատենադարանի բարեկամներ» հիմնադրամը միջոցներ ձեռք բերելու համար կապեր կը հաստատէ այլ հիմնադրամներու եւ բարերարներու հետ: Թուայնացման սարքերէն մէկը նուիրած է բարերար Փիեռ Գույումճեանը եւ համագործակցութիւն կայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հետ` լուսանկարչական մեքենաներ եւ թուայնացման սարքեր ձեռք բերելու համար, ինչպէս նաեւ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի հետ:
Այս պահուն Մատենադարանին համար առաջնահերթ է հայերէն ձեռագրերու թուայնացումը, իսկ հետագային պիտի սկսի նաեւ օտարալեզու ձեռագրերու թուայնացումը: «Ձեռագրերի թուայնացումից յետոյ կը սկսուի արխիւային փաստաթղթերի եւ վաւերագրերի թուայնացումը, որը բաւականին մեծ թիւ է կազմում` շուրջ 300 հազար միաւոր արխիւային փաստաթուղթ, իսկ եթէ հաշուենք կադրերով, ապա թուայնացուող միաւորները կ'անցնեն մի քանի միլիոնը: Թուայնացման բաժնի յաջորդ քայլը կը լինի Մատենադարանի հայագիտական գրադարանի միաւորների թուայնացումը, այսինքն` կը թուայնացուեն բոլոր կարեւոր հայագիտական տպագիր աշխատութիւնները»,- յայտնեց Գասպարեանը:
Ձեռագրի թուայնացման ժամանակ էջերը առանձին-առանձին կը նկարուին, որմէ ետք ամէն էջ կը ստանայ իր առանձին բովանդակութաեն ցանկը, որ շատ կարեւոր է, որովհետեւ թուային այդ տեղեկութիւնը կամ պատկերը կը տեղադրուի սերվըրին մէջ, որպէսզի հետագային գիտնականները դիւրութեամբ կարողանան գտնել ինչ որ իրենց անհրաժեշտ է:
Բովանդակութեան ցանկագրումէն ետք ձեռագիրը կը դրուի առանձին թղթածրարի մէջ եւ կը տեղադրուի սերվըրին մէջ. ձեռագրի ամէն մէկ էջի վրայ 3-4 վայրկեան կը ծախսուի: Այդ հաշուարկներով ամէն օր Մատենադարանին մէջ կը թուայնացուի մօտաւորապէս 1000 էջ: 18 հազար ձեռագիրը կը կազմէ մօտ 20 միլիոն պատկեր: Շուրջ 400 մանրանկար եւ ութ ամբողջական ձեռագիր տեղադրուած են Մատենադարանի կայքէջին մէջ:

«Արմէնփրէս», Նոյեմբեր 22, 2012

No comments:

Post a Comment