24.9.12

Մեր խօսքը

Յարգելի ընթերցող, «Զաւարեանական Էջ»-ով (1) այսօր լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը` կատարուած Ասլը Թիւրքերի հետ: Ասլը Թիւրքեր օրինակ մըն է Թուրքիոյ մէջ գտնուող, հայկական ծագումը թաքցուցած, մեզի համար տակաւին անյայտ թիւ մը ներկայացնող, ցիրուցան եղած հաւաքականութենէն: Նկատած ենք բոլորս, որ այս վերջին տարիներուն հետզհետէ մէջտեղ կու գան «թուրքեր», որոնք կը յայտարարեն, թէ իրենք ծագումով հայեր են, թէ` տարիներով գաղտնի պահած են իրենց ինքնութիւնը, նոյնիսկ երբեմն իրենք ալ բաւական յառաջացած տարիքէ ետք է միայն, որ բացայայտած են այդ մէկը: Անոնց շարքին է նաեւ մեր զրուցակից Ասլըն: Ասլըն պատանի հասակին անձնապէս բացայայտած է,  թէ իր հօրենական կողմէն մեծ հայրը մշեցի հայ եղած է` Թորգոմ անունով: Ջարդերու շրջանին անոր հայկական մականունը փոխած են «Թիւրքեր»-ի, որ կը նշանակէ թուրք զինուոր: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է գտնել հարցազրոյցին մէջ, սակայն յարմար կը գտնենք նախապէս կատարել քանի մը խորհրդածութիւններ:
Վստահաբար մեզմէ շատերուն համար շփոթութիւն կը ստեղծէ այս իրականութիւնը: Կը դժուարանանք հոգեպէս ըմբռնելու կացութիւնը. հա՞յ է, թէ՞ թուրք: Ինչպէ՞ս կարելի է երկուքը միասին ըլլալ: Հաւանաբար ոմանց մտքերը կ՛երթան աւելի հեռու եւս, կը հասնին մերժելու Ասլըն եւ իր նմանները: Ուրիշներու համար թերեւս նոր յոյսի մը, յուզմունքի մը զգացումը կը ստեղծուի: Կը փորձենք պատասխան մը տալ այս նոր երեւոյթին, դիրք մը ճշդել. վերջապէս, ինչպէ՞ս մօտենալ այս մարդոց, անոնց, որոնք, ինչպէս Ասլը ինք կ՛ըսէ` թէ՛ ոճրագործն են եւ թէ՛ զոհը:
Յամենայն դէպս կարելի է հաստատել, թէ մեր հետաքրքրութեան արժանի թեմա են Ասլըն եւ իրեն նմանները: Յառաջիկայ տարիները կու գան ցուցնելու, թէ որքա՛ն է անոնց թիւը, ի՛նչ պիտի ըլլայ անոնց մօտեցումը, իրե՛նք ինչի պիտի յանգին, մե՛նք ինչ դիրքորոշում պիտի ճշդենք եւ ինչ գնահատական պիտի ստանայ մեր եւ իրենց կապը:
Այս մարդիկը իրենց ինքնութիւնը սկսան դրսեւորել իրենց անկախ կամքով, ուստի մենք ինչպէս ալ մօտենանք հարցին, ի վերջոյ իրենք է որ պիտի գծեն իրենց ճամբան: Մինչ այդ մեզի կը մնայ իրենց խօսելու առիթ տալ, նոյնիսկ այդ գծով քաջալերական դեր ստանձնել: Տրամաբանական է, որ Ասլըն եւ իր նմանները թուրք հասարակութեան մէջ իրենց ազդեցութիւնը ձգեն, իրենց գոյութիւնը թերեւս Թուրքիոյ մէջ բանայ Հայկական հարցով նոր ներքին ճակատ մը, որքան ալ տարբեր ըլլայ մերինէն, որքան ալ տարբեր հիմքերու վրայ կանգնի ան: Ուրեմն ինչո՞ւ մերժել առաջին իսկ վայրկեանէն, ինչո՞ւ առիթ չտալ այս գծով մտածելուն կամ նուազագոյն ուսումնասիրութեան:
Վերջապէս պէտք է հաստատել, որ այդ մարդիկը արժանի են մեր յարգանքին, որովհետեւ խստագոյն պայմաններու մէջ կը տանին ինքնութեան եւ գոյատեւման օրինակելի պայքար մը:

«Ազդակ», Յունիս 8, 2012

(1) «Զաւարեանական Էջ» Հ. Յ. Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան էջն է, որ պարբերաբար լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի մէջ (խմբ.)։

No comments:

Post a Comment