28.8.12

Գովք օտարաբան հայերէնի

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Յաճախ կ՚իմանանք բանաւոր ու գրաւոր տրտունջներ՝ արեւելահայերէնի մէջ անհարկի օտար բառերու ներկայութեան մասին, իսկ երբեմն՝ անհարկի հայացումներու ներկայութեան մասին։ Վերջին տեսակին կը պատկանի Մերուժան Յարութիւնեանի յօդուածը՝ «Մեր դասագրքերի սարսափելի լեզուն», «Գրական թերթ»ի Մայիս 25, 2012ի թիւին մէջ։
Ըստ համալսարանի անձնակազմի կայքէջին տեղեկութիւններուն, հեղինակը 1971էն ի վեր Երեւանի պետական համալսարանի բնագիտութեան ճիւղի «Ընդհանուր բնագիտութեան եւ աստղաբնագիտութեան» ամպիոնի ասիստենտ (օգնական դասախօս) է, ուր ընդհանուր եւ տեսական բնագիտութեան դասընթացքներ կու տայ։ Իր գիտական հետաքրքրութիւններուն բնագաւառն է՝ «օպտիկա, ֆոտոնիկ բիւրեղների օպտիկա, երկնային ֆիգուրների հաւասարակշռութիւնը եւ կայունութիւնը, դիֆրակցիոն ճառագայթում, գրաւիտացիայի տեսութիւն»։ Ահա թէ ինչու յօդուածը գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ բնագիտութեան վրայ։ Պիտի անդրադառնանք անոր, հետեւելով Մ. Յարութիւնեանի ենթախորագիրներուն։
ԼԵԶՈՒՆ «ՄԱՔՐԵԼՈՒ» ՄԱՐՄԱՋԸ
Մեր լեզուին երկու ճիւղերը ներշնչումի տարբեր աղբիւրներ ունեցած են։ Արեւմտահայերէնը՝ Մխիթարեաններու ազդեցութեամբ, հետեւած է ֆրանսերէնի, իսկ արեւելահայերէնը՝ ռուսերէնի միտումներուն։ Աւանդաբարո ու մինչեւ մեր օրերը, ֆրանսերէնը կը մնայ լեզուական «ազգային» գիծի մը հետեւորդը, իսկ ռուսերէնը՝ «միջազգային»։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մինչ ֆրանսերէնը կ՚աշխատի օտար լեզուներէ փոխառութիւնները իր սեփական բովէն անցնել ու «ազգայնացնել», ռուսերէնը նոյն փոխառութիւնները իր հնչիւնաբանութեան կամ քերականութեան թեթեւօրէն կը յարմարցնէ եւ առանց այլեւայլի կ՚ընդունի։
Այս սկզբունքը յատկապէս նկատելի է ոչ-գիտական բառապաշարին մէջ։ Օրինակ՝ photocopieն ռուսերէն եղած է քսերոքս (ամերիկեան համանուն ընկերութեան անունէն), արեւելահայերէն՝ քսերոպատճէն, իսկ արեւմտահայերէն՝ լուսապատճէն։ Հաւանաբար նման օրինակ մը պիտի արժանանար Մ. Յարութիւնեանի առաջին պարբերութեան պարունակած պարսաւին. «Լեզուն “մաքրելու” մեր այս յարատեւ մարմաջն անհեթեթ է, հակագիտական անիմաստ պատճառով»։ Պատճառաբանութիւնը այն է, որ աշխարհի վրայ «մաքուր» լեզու չկայ, որովհետեւ փոխառութիւնները անհրաժեշտ են լեզուի մը կեանքին համար։
Ասիկա յայտնի իրողութիւն մըն է, որ վստահաբար յայտնի ըլլալու է ամէն երկրի ու ժողովուրդի մէջ, ուր մասնագէտներ կը զբաղին նման հարցերով։ Մենք ալ գիտենք, որ հայերէնը «մաքուր» լեզու չէ, երբ Հր. Աճառեանը հայերէնի 11.000ի արմատներէն մօտ կէսին ստուգաբանութիւնը ներկայացնելով (միւս կէսին ստուգաբանութիւնը նկատելով անյայտ), անոնց մէջ հաշուած է 713 բնիկ արմատ (հնդեւրոպական մայր լեզուէն) եւ 196 արմատներու տարբերակային ձեւեր։ Այսինքն՝ ստուգաբանուած շերտին 20 առ հարիւրը բնիկ («մաքուր») հայերէն է։ (Աճառեանէն ետք, այլ լեզուաբաններու ջանքերով նորանոր բառեր ստուգաբանուած են, բայց ասիկա քանակական վճռական տարբերութիւն չի ներկայացներ)։ Սակայն, պատճառ մը ըլլալու է, որ արեւմտահայերէնը, օրինակ, 1945ին genocide բառը «ցեղասպանութիւն» թարգմանած է, փոխանակ որդեգրելու  արեւելահայերէնի մէջ ցարդ հանդիպող  «գենոցիդ» ձեւը, որ «ցեղասպանութիւն»ի զուգընթաց դեռ կ՚ապրի։ Պատճառը այն է, որ երբ կարելի է լիակատար բառապատճէնում՝ ըստ ձեւի կամ ըստ բովանդակութեան, խօսողի ականջին աւելի հարազատ պիտի հնչէ (աւելի «հայեցի», եթէ թոյլ կը տրուի նման որակում) հայերէնի հիմքով կատարուած հայացումը, քան թէ օտար բառին սոսկական տառադարձութիւնը։
Յարութիւնեանի մտահոգութիւնը, բնականաբար, իր կալուածն է՝ գիտութիւնը։ Ան կը պնդէ, որ եւրոպական գիտութիւնը քանի մը դար առաջ որոշած էր, որ յունարէնն ու լատիներէնը բառապաշարի հիմքը հանդիսանան, «որ լեզուները չծանրաբեռնուեն սինոնիմներով, ու “բառային աղմուկ”ը չխաթարի լեզուական ինֆորմացիան»։ Ի դէպ, առաջին անգամն է, որ կը հանդիպինք հոմանիշ բառի նոր հայերէն ձեւին՝ սինոնիմին, որ ընթերցողին քաջ յայտնի synonymeն է եւ ուրիշ ոչինչ։ «Ինֆորմացիա»ն ու «ինֆորմացիոն կոմիւնիկէ»ները կամ «ինֆորմացիոն հաղորդագրութիւնները» երկարամեայ բնակիչներ եղած են հայրենի մամուլին մէջ։ Արդեօք ասո՞նք ալ ալ եւրոպական գիտութեան բառապաշարին մաս կը կազմէ։
Արդ, լատիներէնն ու յունարէնը արդէն հիմքը կը կազմէին տակաւ զարգացող եւրոպական լեզուներուն, ըլլայ որպէս մայր լեզու (լատինական լեզուախումբի կամ, ֆրանսերէնի ճանապարհով, անգլերէնի պարագային օրինակ), ըլլայ որպէս փոխառութեան աղբիւր։ Եւրոպական լեզուները արմատներու բաւարար հարստութիւն չունէին, որպէսզի որոշակի եզրերու ազգայնացման ընթացքին ձեռնարկէին։
Այլ էր հայերէնի պարագան։ Գիրերու գիւտէն ետք, հայերէն արդէն աւելի քան հազարամեակ մը անցուցած էր որպէս գրաւոր լեզու եւ գիտական որոշ պաշար մը ամբարած էր, նաեւ՝ փոխառութեան ու հայացման լայն փորձառութիւն ունէր, բառեր մարսելու կամ չմարսելու ուղղութեամբ։ Հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին մէջ, իր կառոյցով յունարէնին ամենէն մօտիկ ըլլալու հանգամանքը պէտք է նաեւ օգնէր, որ բազմաթիւ բառերու հայացումը սահուն եւ ընդունելի կերպով ընթանար։ Անգլերէնը, փոխանակ earth science բառը յատկապէս կիրարկելու այդ նպատակին, յունարէն ge եւ logos բառերու յարմարցուցած եւ ճիոլոճի (geology) բառը ստեղծած է, իսկ հայերէնը, որ սկզբունքով կրնար նոյն բանը ընել, փոխանակ գէոլոգիա ստեղծելու, որոշած է երկրաբանութիւն բառը գոյացնել՝ առանց բռնանալու լեզուին վրայ։
Համաձայն ենք, որ անկարելի է հայերէնի վերածել շատ մը գիտական եզրեր կամ հասկացութիւններ։ Այդպիսի պարագաներու, բաւարար է զանոնք արտայայտել ըստ հայերէնի եւ ո՛չ թէ ռուսերէնի կամ ֆրանսերէնի լեզուական օրէնքներուն։ Այսպէս, neutron բառը պէտք է գրուի նեւտրոն՝ լատիներէնի հետեւողութեամբ ու հայերէնի տառադարձութեամբ, եւ ո՛չ թէ ընթացիկ նեյտրոն ձեւով, որ պատճէնուած է ռուսերէնէ։ Վերը յիշուած ֆոտոնիկ բառին հայերէնը պէտք է ըլլայ ֆոտոնային, ինչպէս որ électronique բառը եղած է ելեկտրոնային (արեւելահայերէն՝ էլեկտրոնային  Իսկ մասամբ կարելի է համաձայնիլ հեղինակին այն պնդումին, որ «երեւի բոլորն էլ լաւ գիտեն, որ “հայացրած” բառ ու տերմինների մեծագոյն մասը մեռած է ու բանաւոր լեզուի մէջ չի գործածւում...»։ Ամէն գիտական կամ մերձ-գիտական բառ չէ, որ խօսակցական լեզուի մէջ կը գործածուի՝ արեւելահայերէնի թէ արեւմտահայերէնի մէջ։ Բջջայինի պէս ամէնօրեայ գործածութեան բառ մը, որ լայնօրէն տարածուած է Հայաստանի մէջ, ցարդ չէ կարողացած ռուսերէն սոտըվին դուրս մղել ընթացիկ խօսակցութենէն։
Սակայն, հայացումը ուրիշ նշանակութիւն ունի, որ կը թուի վրիպիլ Յարութիւնեանի ուշադրութենէն։ Էական չէ, որ խօսողը «ջրածին» բառին տեղ հիդրոգեն կամ հիտրոժեն գործածէ։ Էական է, որ հայերէն բառը ըլլայ. ան հիմքը կը կազմէ, որպէսզի գրական լեզուն ճոխանայ եւ լեզուամտածողութեան անհրաժեշտ ընդլայնումը տեղի ունենայ խօսողի մտքին մէջ։ Սեփական լեզուամտածողութիւնը պիտի չզարգանայ օտար լեզուի մը հանդէպ տեւական կախուածութեան վիճակի մէջ գտնուելով։
Լեզուն յարափոփոխ ընթացքի մէջ կը գտնուի, իսկ օտար լեզուներէ փոխառութիւնը այդ փոփոխութեան հիմնական ազդակներէն մէկն է, կը գրէ հեղինակը։ Ահա այստեղ է, կը կարծենք, որ նպատակն ու միջոցը կը շփոթուին։ Օտար լեզուներէ փոխառութիւնը ինքնանպատակ հոլովոյթ մը չէ։ Լեզուն օտար բառեր փոխ կ՚առնէ, որովհետեւ անոր վրայ ներգործող ու զայն փոխող ընկերային ազդակները՝ գիտական ու արհեստագիտական յառաջընթացէն մինչեւ խօսակցական նորոյթները, փոխառութեան անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծեն։ Բայց փոխառութիւնը կրնայ երկու տարբեր կերպեր ունենալ՝ ձեւական պատճէնում եւ բովանդակային պատճէնում։ Վերը տուած ենք օրինակ մը. գենոցիդ բառը ձեւական պատճէնում մըն է (եւ Յարութիւնեանի ակնարկածը), իսկ ցեղասպանութիւն՝ բովանդակային։ Անոնց նկատմամբ հանրութեան վերաբերմունքն է, որ կը ճշդէ, թէ ո՞ր մէկը պիտի վերապրի ժամանակին ընթացքին։
Ընդունինք, որ բովանդակային պատճէնումը կրնայ չափազանցութիւններու առաջնորդել։ «Մի տիտղոսաւոր գիտնական»ի առաջարկը՝ photon եւ electron բառերը հայացնելու լուսիկ ու սաթիկ ձեւերով, որքան որ կը բխի տրամաբանական արմատներէ, բոլորովին աւելորդ է։ Ի՞նչ շահ կրնանք ունենալ, երբ, օրինակ, հիւլէի կորիզի բաղկացուցիչ protonն ու neutronը կարելի պիտի չըլլայ հայացնել առանց ծիծաղելի դառնալու («նախնի՞կ», «չէզոքի՞կ»)։ Ա՛լ չխօսինք ենթահիւլէական (subatomic) բազմաթիւ ուրիշ մասնիկներու մասին, որոնք վերջին տարիներուն գտնուած են եւ որոնց հայացումը անիմաստ է. նեղ մասնագիտական ոլորտի մէջ բանող եզրերը որեւէ ձեւով չեն խաթարեր լեզուամտածողութեան։
Բուն հարցը, մեր կարծիքով, այնպիսի նորաստեղծ բառեր են, որոնք կրնան իրենց համազօր հայերէն ձեւը ունենալ։ Հակառակ Մ. Յարութիւնեանի կարծիքին, պէտք չէ վախնալ ո՛չ իմաստային դաշտերու լայնացումէն եւ ո՛չ ալ նեղացումէն։ Եթէ tampon բառը միջադիր կը գրուի հայերէնով, «մէջը դնելով ամէն բանին էլ կարելի է ասուի միջադիր» առարկութիւնը աննպատակ է։ Ամէն լեզու բառեր ունի, որոնք ի հնուց անտի բազմիմաստ են եւ որոնց իմաստային դաշտերը կը լայննան։ Ֆրանսերէնը tampon բառը կը գործածէ քանի մը նշանակութիւններով եւ կ՚ենթադրենք, որ ֆրանսախօսները չեն բողոքեր իմաստներու բազմութենէն։ Անշուշտ, եթէ միջադիրէն աւելի յարմար դատուող բառ մը առաջարկուի ապագային, վստահ ենք, որ գործածողները պիտի կարենան հասկնալ յարմարութիւնը եւ ըստ այնմ կողմնորոշուիլ։
Նոյնը կարելի է ըսել տերմին-եզր զոյգին մասին։ Խրուաթերէնը կրնայ ֆրանսերէն terme բառը թարգմանել pojam բառով, որ հինգ տարբեր նշանակութիւն ունի («վախ», «հասկացութիւն», «գաղափար», «հասկացողութիւն» եւ «եզր»), իսկ մենք չենք կրնար զայն թարգմանել եզր ձեւով (հայրենի լեզուաբանները նաեւ կ՚օգտագործեն եզրոյթ բառը՝ մասնագիտական այդ նշանակութիւնը տալու համար), որովհետեւ «իմաստային դաշտը լայնանում է»։
Վստահաբար, յարգելի հեղինակը պիտի չընդունէր, որ իր հետաքրքրութեան առարկաները նշող ու այս յօդուածին սկիզբը մէջբերուած վերոյիշեալ օտար բառերը՝ օպտիկա, ֆիգուր, դիֆրակցիոն, գրաւիտացիա, հայերէն համարժէքներով նշէինք՝ տեսաբանութիւն, կերպար, երկճիւղում, ձգողութիւն [կամ ձգողականութիւն], քանի որ այս բառերը այլ նշանակութիւններ ունին։
Այս եւ նման ուրիշ առարկութիւններ, խորքին մէջ, հինաւուրց պատմութիւն ունին։ Կու գան այն ժամանակներէն երբ, օրինակ, հայերէնի լաւագիտակ բանաստեղծ Վահան Տէրեանը կ՚առարկէր, թէ կուլտուրան կարելի չէր «մշակոյթ» թարգմանել եւ ոչ ալ ֆիլոլոգիականը՝ «բանասիրական»։ Ստորակայութեան բարդոյթ՝ ռուս հարուստ լեզուին նկատմա՞մբ։ Ժամանակը անցաւ, սակայն, եւ ցոյց տուաւ, որ Տէրեաններու առարկութիւնը տեղին չէր։
Այս բաժինը աւարտելու համար, անդրադառնանք Յարութիւնեանի միւս նկատողութիւններուն.
1)      Ռեսուրս.- «Աղբիւր» կամ «պաշար» առարկելի են՝ միեւնոյն մեկնակէտով. երկու բառերը ունին իրենց յատուկ նշանակութիւնը։ Նոյն սկզբունքով, «ակ» բառը պէտք չէ գործածել «աղբիւր» իմաստով, քանի որ «գոհար» նշանակութիւնը ունի։
2)      Վոլտմետր, ամպերմետր.- Կարելի չէ գրել վոլտաչափ կամ ամպերաչափ, որովհետեւ կը նշանակեն «վոլտի չափը» եւ «ամպերի չափը»։ Ինչո՞ւ կարելի չէ ակնկալել, որ օտար արմատը՝ մետր (չափող գործիքի իմաստով), հայերէն համարժէքով արտայայտուի։ Եթէ ֆրանսերէն mètre երկու իմաստ ունի (թէ՛ չափը եւ թէ՛ չափող գործիքը), ինչո՞ւ հայերէն չափ բառը չի կրնար երկու իմաստ ունենալ։
3)      Մանոմետր.- «Ճնշաչափ» բառը կարելի չէ գործածել, որովհետեւ ճնշումը չափող ուրիշ գործիքներ ալ կան, ինչպէս տոնոմետր, բարոմետր եւ աներոիդ։ Սակայն, չենք գիտեր, թէ ի՞նչ անպատեհութիւն կայ, եթէ վերջինները կոչուին «արեան ճնշաչափ» (կայ նաեւ «աչքի ճնշաչափ»), «մթնոլորտի ճնշաչափ» եւ «անհեղուկ ճնշաչափ»։ Ինչո՞ւ անպայման միաբառ թարգմանութիւններ պէտք է ըլլան։ Ինչպէս որ ուրիշ լեզուներու երկու բառը մէկ բառի կը վերածենք (texte originel = սկզբնագիր), նաեւ մէկ բառը կրնանք երկու բառով հայացնել եւ հաւանաբար Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակը պղծած չենք ըլլար։  
4)      Տեքստ.- «Ամէն բնագիր էլ տեքստ է, բայց ամէն տեքստ բնագիր չի», կ՚ըսէ հեղինակը, առարկելով բնագիր ուտեքստ բառերու նոյնացումին։ Պարզ է, որ եթէ կ՚ուզենք Թումանեանի հէքեաթի մը հեղինակային շարադրանքին անդրադառնալ, զայն «բնագիր» չենք կոչեր՝ շփոթութիւն չստեղծելու համար, այլ... սկզբնագիր, բայց եթէ հէքեաթին ընդհանուր շարադրանքին մասին կը խօսինք, կ՚ըսենք բնագիր (texte), իսկ անկէ կատարուած մէջբերումները կ՚ըլլան բնագրային (textuel)։  Պարզ է նաեւ, որ նոյն մեկնակէտով, ենթատեքստ, հիպերտեքստ եւ կոնտեքստ ըսելու տեղ կրնանք «ենթաբնագիր», «գերբնագիր» եւ «համա(բնա)գիր» ըսել, իսկ textologie պիտի թարգմանենք բնագրագիտութիւն, ո՛չ թէ տեքստաբանութիւն։
ՄԱՆԿԱՄՏՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Առանց բառային փոխառութեան լեզուն կորցնում է նոր պայմաններին իսկոյն յարմարուելու իր ունակութիւնն ու դառնում է անհամ ու անհոտ, անյարմար, ու այդ լեզուով խօսողները արհամարհում են հենց իրե՛նց լեզուն ու ձգտում են ուրիշ, իրենց կարծիքով, աւելի ազդեցիկ ու պատուաւոր լեզուներն իմանալու», կը գրէ Յարութիւնեան՝ ընդգծելով իր խօսքերը։
Արդէն վերը ըսինք, թէ հայերէնի արմատներուն կարեւոր մէկ մասը օտար փոխառութիւններ են։ Երբ կը գրենք ճատրակ, օրինակ, այլեւս չենք գիտակցիր, որ բառը փոխառուած է միջին պարսկերէն ճատրանգէն, բայց օտար կը նկատենք արեւելահայերէն շախմատը, որովհետեւ վերջինս պատճէնած է ռուսերէն շախմատը, որ իր կարգին զայն փոխ առած է գերմաներէնէն, որուն բուն աղբիւրը... պարսկերէն շահ մատն է («թագաւորը մեռած է»)։
Միջանկեալ նշենք, որ ինչ-ինչ օտար բառեր կան, որոնք արեւմտահայերէնի բառարաններուն մէջ մտած են եւ լեզուին հիմքերը չեն խարխլած, նոյնիսկ եթէ այդ բառերուն հաստատուն հայերէնը կայ (օրինակ՝ ֆիլմ  = «շարժանկար»)։ Սակայն, հաստատուն հայերէն չունեցող բառեր, անոնց շարքին, խախուտ հայացումներու ենթարկուած են։ Օրինակ՝ պիւտճէ բառին մամուլին մէջ շրջան ընող նորաստեղծ ձեւը՝ «ամավարկ»։ Սակայն, budgetը միայն «ամ»ի վրայ հիմնուած չէ, կրնայ կիսամեայ կամ ամսական ըլլալ, օրինակ։ Իսկ այդ պարագային ի՞նչ պիտի ըսենք՝ «կիսամեայ ամավա՞րկ», «ամսական ամավա՞րկ»...։
Բայց պէտք չունինք լեզուն ողողելու այնպիսի փոխառութիւններով, որոնց հայերէնը ո՛չ միայն կայ, այլեւ գործածական է։ 2006ին իր տեղեկատուին մէջ, Հայաստանի երբեմնի «Տերմինաբանական Կոմիտէ»ն յանձնարարած էր գործածել հետեւեալ օտար բառերը. անսամբլ, ժուռնալիստ, բալետմայստեր, դիրիժոր, ռեժիսոր, տուրիստ, կոնսերվատորիա, թէեւ տողատակի նշած էր, որ «վերջին տասնամեակներում դրանց հայերէն հետեւեալ համարժէքները աւելի կենդանի են դարձել» եւ կու տար այդ բառերուն հայերէնը՝ համոյթ, լրագրող, պարուսոյց, նուագավար, դերուսոյց, զբօսաշրջիկ եւ երաժշտանոց (1)։ Եթէ կան այդ բառերը, կը բաւէ խրախուսել անոնց գործածութիւնը, քանի որ «աւելի կենդանի են դարձել» եւ ո՛չ թէ զանոնք վերապահել ծանօթագրութեան բաժնին... առ ի գիտութիւն։ Ահա այդպէս է որ «այդ լեզուն խօսողները արհամարհում են իրենց լեզուն եւ ձգտում են ուրիշ (. . .) աւելի ազդեցիկ ու պատուաւոր լեզուներն իմանալու»։
Երբ արդէն իրենց խօսած լեզուն լեցուած է աւելորդ փոխառութիւններով՝ աւելի ազդեցիկ լեզուին հետեւողութեամբ։
Ենթախորագրին պատասխանը պարզ է՝ մոլորութիւն։

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ
Մ. Յարութիւնեան, ազդարարելով, թէ «չեմ ասում, թէ ոչ մի բառ չպիտի հայացնենք» եւ թէ «պիտի հայացնենք, բայց չափով ու գիտութեամբ», կը յայտնէ իր չորս կանոնները՝ օտար փոխառութիւնները «հայերէն» համարելու.
1.              Եթէ «տերմինը» արդէն կը գործածուի, հայերէն պէտք է նկատուի ու պէտք չէ հայացուի։ (Այսինքն՝ իրաւունք չունինք ժուռնալիստ բառը լրագրողի վերածելու, քանի որ... հայերէն է)։
2.              Եթէ նոր «տերմին» մըն է, պէտք է գործածուի իր «օտար» ձեւով, եթէ հայերէնը «բազմիմաստ է կամ անյարմար»։ (Այսինքն՝ անգլերէն քիլլէր (պատուէրով սպաննող) բառի պարագային, որ ռուսերէնի մէջ նոյնութեամբ կը գործածուի, մենք պէտք է հետեւինք ռուսաց մեծ լեզուին եւ «մարդասպան» բառը չգործածենք, որովհետեւ անգլերէնը կրնայ killer «սպաննող» բառին իւրայատուկ նրբերանգ մը տալ, իսկ հայերէնը՝... ոչ)։
3.              Եթէ հայերէն «վերջերս իբր “հայացրած”» բառին տեղ միջազգային բառ մը գործածուի, թոյլատրելի պիտի նկատուի «ու նոյնիսկ՝ խրախուսելի, որովհետեւ սա շատացնում է հայերէն գրական ոճերի յարմարուելու (ադապտացիայի) ունակութիւնը, ուրեմն նաեւ կենսունակութիւնը»։ (Այսինքն՝ 1990ին հայացած խօսափող բառին տեղ եթէ վերստին գործածուի միկրոֆոն բառը, լա՛ւ է, որովհետեւ լեզուին կենսունակութեան կը սատարէ. «խօսափող» գործածելը, ըստ երեւոյթին, լեզուն կը... մեռցնէ)։
4.              Եթէ անունը արդէն կայունացած է, ուրեմն պէտք չէ «ուղղուի» (այսինքն՝ հայերէնի վերածուի) կամ ուրիշներով փոխարինուի, եթէ ոչ՝ անվերջանալի «պրոցէս» մը կը դառնայ։ (Այսինքն՝ սպաներէնը կրնայ անգլերէն business բառը յաջողութեամբ փոխարինել negocio բառով --որ «խանութ» ալ կը նշանակէ--, իսկ businessmanը՝ hombre de negocios բառակապակցութեամբ, բայց մենք իրաւասու չենք բիզնես բառը փոխարինել գործարարութիւն, իսկ բիզնեսմենը՝ գործարար ձեւերով, որովհետեւ բիզնեսը արդէն հայերէն է, զոր անգլերէնը... մեզմէ փոխ առած ըլլալու է...)։
Ու բնականաբար, հեղինակը կ՚եզրակացնէ, եթէ ապագայ Տերմինաբանական Կոմիտէն ու Լեզուի Տեսչութիւնը պիտի չգործադրեն այս չորս կանոնները եւ պիտի զբաղին «հայերէնը մաքրելով», փոխանակ «կեղծ հայրենասէրների անհեթեթ ու վնասակար գործունէութիւնը» զսպելու,  աւելի լաւ է, որ գոյութիւն չունենան։
Մենք պիտի գոհանանք բանաձեւելով հետեւեալ չորս մտքերը, առանց կանոններ առաջարկելու կամ հաստատելու որեւէ յաւակնութեան.
1.              Եթէ օտար բառը կը գործածուի ու անոր հայերէն համարժէքը կայ, օտարաբանութիւն է, ճիշդ ինչպէս, օրինակ, email բառը այժմ օտարաբանութիւն է ֆրանսերէնի մէջ՝ courrielի դիմաց։ Աբստրակտ բառին դիմաց կայ հայերէն վերացականը. վերջինս հայերէն է, աբստրակտը՝ ո՛չ։
2.              Եթէ օտար բառին համարժէք հայերէնը բազմիմաստ է, ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կայ, որ հայերէնը «ծանրաբեռնուի» կամ «ճոխանայ» նոր իմաստով։ Անգլերէն gay բառը կը նշանակէ «զուարթ», ինչ որ արգելք եղած չէ, որ ան ընդգրկէ երկրորդ նշանակութիւն մը՝ «միասեռական»։
3.              Եթէ արդէն հայացած օտար բառի մը տեղ (հինէն կամ ներկայիս), յօդուածագիր մը կ՚ուզէ գործածել օտար բառը, այս երեւոյթը պէտք չէ թոյլատրուի կամ խրախուսուի։ Արդեօք պիտի վերադառնանք այն ժամանակներուն, երբ «կուսակցութիւն»ը վերածուեցաւ պարտիայի՞։ Կա՞մ աչք պիտի գոցենք այն սփիւռքահայ յօդուածագիրներուն առջեւ, որոնք փանջունիական լեզուով «ընկերային»ի տեղ սոցիալական կը գրեն՝ իբրեւ թէ արեւելահայերէնի հետ մերձեցում ստեղծելու համար։
4.              Եթէ անունը «կայունացած» է, յաւիտեանս յաւիտենից չէ։ Մինչեւ 1990ական թուականները, (արեւելա)հայերէնը thèsardը կը կոչէր ասպիրանտ, իսկ thèseը՝ դիսերտացիա, յար եւ նման ռուսերէնի։ Այսօր, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան պաշտօնապէս կը գրէ ատենախօսութիւն եւ հայցորդ։ Լեզուական ժառանգութեան ու աւանդութեան հանդէպ սկզբունքային յարգանքը (ներառեալ՝ օտարաբանութեան հայացումը) չի կրնար կեղծաւորութիւն նկատուիլ, երբ լեզուի հարստութիւնը կը թոյլատրէ արդիւնաւէտ գիւտեր։
Ուշադրութեան արժանի է, ի դէպ, որ Մ. Յարութիւնեանի յօդուածը գրաւած է «Գրական թերթ»ի առաջին էջին երկու երրորդը ու շարունակուած՝ երկրորդ էջի առաջին երկու սիւնակներուն մէջ, ինչ որ թերեւս ցոյց կու տայ ճիգ մը՝ «մեր դասագիրքերուն սարսափելի լեզուն» ընթերցողին ու պատկան մարմիններուն անմիջական ուշադրութեան յանձնելու։ Այլ հարց, թէ իրօք այդ դասագիրքերուն լեզուն այնքան սարսափելի է։
Տարօրինակ բայց իրաւ. թերթին առաջին էջին մէկ երրորդ մասը գրաւած է ազգային-պետական նշումը՝ «Մայիս 28 – Հանրապետութեան տօն» վերնագրուած նիւթով, որուն շուքին տակ տեղաւորուած է սոյն յօդուածը։
Թող ներուի ուրեմն այս խորհրդանշական զուգադիպութեան մէջ տեսնել փոխաբերութիւն մը, որ անշուշտ կրնայ բռնազբօսիկ մեկնաբանութիւն մը ըլլալ. օտարալեզու դպրոցներէն ետք, միթէ օտարաբան հայերէնի գովքին կա՞րգը հասած է՝ «ազգային»ի ամպհովանիին տակ։

Նիւ Ճըրզի (ԱՄՆ)

(1) Տե՛ս Նշան Որբերեան, «Մեր լեզուն եւ “Տերմինաբանական”ի թնճուկը», Նոր Կեանք, Յուլիս 12, 2012։

«Նոր Յառաջ», Օգոստոս 25 եւ 28, 2012

1 comment: