27.8.12

Հայաստանի եւ արտասահմանի հայագէտներու միջեւ հեռացուածութեան պատճառները

ԱՆԻ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ
 
Ստորեւ տրուող հարցազրոյցը կատարուած է Միշիկընի համալսարանի (Տիրպորնի մասնաճիւղ) Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի տնօրէն, պատմաբան Արա Սանճեանի հետ։ 
 
- Պարոն Սանճեան, Հայաստանում ու արտերկրում հայագիտության զարգացումը ինչպէ՞ս էք գնահատում:
- Եթէ հայագիտութիւնը սահմանենք իբրեւ պատմական կամ ժամանակակից Հայաստանին, ինչպէս նաեւ առհասարակ հայ ժողովուրդի անցեալին ու ներկային առնչուող հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւններու ամբողջութիւնը, ապա անոր զարգացման մակարդակը պէտք է քննել առնուազն երկու տարբեր հարթութիւններու վրայ։ Իսկ իբրեւ զարգացման չափորոշիչ պիտի ընդունիմ այն հանգամանքը թէ Հայաստանն ու հայութիւնը որքանո՛վ են ներկայ վերջին տարիներուն հրատարակուող գիտական գրականութեան մէջ` միջազգային յարգանք վայելող հրատարակչատուներու կողմէ լոյս ընծայուած գիրքերու եւ գրախօսուող կամ ազդեցութեան գործակից ունեցող միջազգային գիտական հանդէսներու մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւններու ընդմէջէն։
Նշուած սահմանման համաձայն, հայագիտութիւնը կարելի է դիտարկել, մէկ կողմէ, իբրեւ Հայաստանով ու հայութեամբ հետաքրքրուող հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւններու տարբեր, բայց այս պարագային առանձին-առանձին վերցուած ճիւղերու (օրինակ` պատմութեան, լեզուաբանութեան, ազգագրութեան, տնտեսագիտութեան, երաժշտագիտութեան եւ այլն) հանրագումար։ Այս պարագային պէտք է խոստովանիլ թէ Հայաստանի կամ հայութեան մասին գրուած ուսումնասիրութիւնները շատ հազուադէպ կը նպաստեն վերոնշեալ ճիւղերէն իւրաքանչիւրին բնորոշ գիտական նորամուծութիւններու յառաջացմանն ու ամրապնդմանը։ Բացառութիւն է ցեղասպանագիտութեան համեմատաբար նեղ բնագաւառը, ուր 1915 թուականի հայոց ցեղասպանութիւնը Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին գործադրուած հրեաներու Հոլոքոսթէն ետք ամենաշատ ուսումնասիրուած մասնաւոր դէպքն է եւ յաճախ կ’օգտագործուի ցեղասպանագիտութեան առնչուող տեսութիւններ մշակելու ժամանակ։ Սակայն պէտք է միաժամանակ նշել, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին մեր գիտելիքներուն մակարդակը տակաւին շատ հեռու է Հոլոքոսթի ուսումնասիրութեան նուաճած խորութենէն։ Կը կարծեմ թէ հայագիտութիւնը նոյնպէս իր ներուժը տակաւին բաւարար չափով չէ դրսեւորած ազգային ինքնութիւններու համեմատական ուսումնասիրութեան եւ սփիւռքագիտութեան բնագաւառներէն ներս, հակառակ որ այս զոյգ բնագաւառներու ամենաականաւոր գիտնականները յաճախ կ’ընդգծեն հայկական ուրոյն ինքնութեան հնութիւնն ու հայկական սփիւռքի դասական սփիւռքներէն մէկն ըլլալու հանգամանքը եւ, առաւել եւս` ի հեճուկս այն իրողութեան, որ համեմատական սփիւռքագիտութեան միջազգային բնագաւառ ստեղծելու ճանապարհին շուրջ քսանհինգ տարի առաջ կարեւոր դեր խաղցած են սփիւռքահայ հասարակագէտներ։
Միաժամանակ, հայագիտութեան զարգացման մակարդակը կարելի է արժեւորել այլ հարթութեան վրայ` Հայաստանին դրացի այլ պետութիւններու կամ ժողովուրդներու մասին տարբեր գիտական ճիւղերու համակարգերուն (օրինակ` արաբագիտութեան, թրքագիտութեան, իրանագիտութեան, քրտագիտութեան եւ այլն) հետ համեմատելով։ Հայաստանը վերջին 200 տարիներուն գտնուելով ռուսական ազդեցութեան ներքոյ աշխարհագրական տարածքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի շփման գօտիին մէջ, հայագիտութիւնը կը համարուի մե՛րթ` Արեւելեան Եւրոպայի ու սլավոնագիտութեան, մե՛րթ` արեւելագիտութեան ենթաճիւղ։ Աւելի տարածուած է աշխարհագրական երկրորդ դասակարգումը։ Բնականաբար, միջազգային ասպարէզի վրայ հայագիտութիւնը նուազ ցայտուն է քան արաբագիտութիւնը, թրքագիտութիւնը կամ իրանագիտութիւնը։ Վերջիններուս ուսումնասիրութեան առարկան են ո՛չ միայն միջնադարեան հզօր կայսրութիւններ, այլեւ այդ երկիրները ներկայիս ունին հարուստ բնական պաշարներ եւ երկար ժամանակէ ի վեր համարկուած (ինտեգրուած) են արեւմտեան գաղութատիրական ու յետ-գաղութատիրական աշխարհին հետ։ Անգլերէնով մշակուող արեւելագիտութեան մէջ ժամանակակից հայագիտութենէն աւելի մեծ է հետաքրքրութիւնը նոյնիսկ քրտագիտութեան հանդէպ, դարձեալ` որովհետեւ քիւրտերը եւս երկար տասնամեակներ անմիջական շփման մէջ եղած են արեւմտեան մեծ քաղաքականութեան հետ եւ չեն մնացած խորհրդային «երկաթեայ վարագոյրի» ետին։ Գալով վրացագիտութեան ու ատրպէյճանագիտութեան, այստեղ հայագիտութիւնը աւելի նպաստաւոր դիրքերու վրայ է, առաջին հերթին` հայկական սփիւռքի գոյութեան եւ վերջինիս տրամադրած նիւթական միջոցներուն պատճառով։ Կը կարծեմ թէ Ատրպէյճանի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ աճիլ, որովհետեւ գտնուելով իսլամական, թրքական եւ իրանական աշխարհներու հատման կէտին վրայ, Ատրպէյճանին յատուկ թեմաները կրնան հրապուրել արդէն իսկ կայացած իսլամագիտութեան, թրքագիտութեան կամ իրանագիտութեան բնագաւառներուն մէջ հմտացած մասնագէտները։ Թրքերէն սորվելէ ետք, դժուար չէ անցում կատարել դէպի ատրպէյճաներէն կամ ատրպէյճանագիտութիւն։ Օտարազգիներու համար, սակայն, հայերէնն ու վրացերէնը շատ աւելի սահմանափակ օգտագործում ունեցող եւ դժուար յաղթահարելի լեզուներ են, եւ ասիկա հայագիտութիւնն ու վրացագիտութիւնը նուազ հրապուրիչ կը դարձնէ միջազգային հարթակի վրայ։
Ամփոփելով`միջազգային մակարդակի վրայ հայագիտութեան յետագայ ու կայուն յառաջընթաց արձանագրելու գիտական հնարաւորութիւններն ու անհրաժեշտութիւնը առկայ են` եթէ ապահովուին, սակայն, անհրաժեշտ ենթակառուցուածքը, նիւթական միջոցները, միջազգային գիտական ու հանրային հետաքրքրութիւնը։

-Հայաստանից երբեւէ ունեցե՞լ Էք ուսանողներ, եթէ այո, ապա սովորելուց յետոյ որտե՞ղ են նրանք կիրառել ձեռք բերած տեսական ու գործնական գիտելիքները: Վերադարձե՞լ են արդեօք Հայաստան: Եթէ չկան, ո՞րն է պատճառը, գուցէ կրթաթոշակնե՞ր չկան:
-Ես ցարդ դասաւանդած եմ երկու տարբեր հաստատութիւններու մէջ` Հայկազեան Համալսարան (Լիբանան) եւ Միշիկանի Համալսարան-Դիրբոռն (ԱՄՆ)։ Երկուքն ալ պատմութեան կամ հայագիտութեան մասնագիտութիւններով մագիստրատուրայի ուսումնական դասընթացներ չունին։ Ուստի, լսարանէն ներս դասախօսական աշխատանքներս կեդրոնացած եղած են բակալաւրիատի մակարդակին վրայ։ Լիբանանի մէջ, հայագիտութեան կամ առնչակից հումանիտար կամ հասարակագիտական ճիւղերու մէջ մասնագիտացող Հայաստանէն ուսանող չեմ ունեցած։ Հազուադէպ ունեցած եմ այսպէս կոչուած «մութի ու ցուրտի տարիներուն» Հայաստանէն Լիբանան տեղափոխուած ընտանիքներէ սերած ուսանողներ, որոնք հայոց պատմութեան մէկ կամ երկու առարկայի հետեւած են իբրեւ ընտրովի դասանիւթ։ Անոնցմէ երկուքին յետագայ ճակատագրին տեղեակ եմ։ Մէկը վերադարձած է Երեւան, ուր այժմ իրենց ընտանեկան բիզնեսէն ներս կ’աշխատի, իսկ երկրորդը Անգլիոյ մէջ պաշտօնեայ է ֆինանսական աշխարհահռչակ ընկերութեան մը մէջ։
Դիրբոռնի մէջ, լսարանէն ներս Հայաստանէն ուսանող չեմ ունեցած, թէեւ վերջին տարիներուն համալսարանի ճարտարագիտական ու համակարգիչներու բաժիններուն մէջ քանի  մը հայաստանցի ուսանողներ եղած են։
Հայաստանէն ուսումնառութեան համար ԱՄՆ ժամանած եւ հայագիտութեամբ հետաքրքրուող ուսանողներու հետ առնչուած եմ Միշիկանի Համալսարան-Դիրբոռնի Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի աշխատանքներուն ծիրէն ներս, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն սոյն համալսարանի շրջափակով։ Այդ ուսանողները սովորաբար հայագիտութեան առնչուող դոկտորական ատենախօսութիւններ կը պատրաստեն ամերիկեան այլազան համալսարաններու մէջ եւ անոնցմէ ոմանք մեզի կը դիմեն աղբիւրագիտական կամ գիտահետազօտական հարցերով։ Այս խումբին մէջ չեմ հանդիպած երիտասարդ մասնագէտներու, որոնք Հայաստան վերադառնալու մեծ խանդավառութիւն ունին։ Խօսքս, ի հարկէ, միա՛յն անոնց մասին է, որոնց հետ զրուցած եմ։ Շատ հաւանական է, որ նոյն կատեգորիայէն ներս կան այլ հայաստանցի մասնագէտներ, որոնց երազանքը տարբեր է, բայց այդպիսիներու հանդիպելու պատեհութիւնը չեմ ունեցած։ Անոնց, որոնց հանդիպած եմ, կա՛մ վաղուց հաստատապէս վճռած են չվերադառնալ` առաջին հերթին պատրուակ բերելով լաւ աշխատանք գտնելու դժուարութիւնները, կա՛մ ալ տեսական ցանկութիւն ունին վերադառնալու, բայց վստահ չեն, որ յարմար աշխատանք պիտի կրնան գտնել Հայաստանի մէջ` այնտեղ վերահաստատուելու եւ ընտանիք կրնալ պահելու համար։ Բաւարար աշխատավարձով աշխատանքի չգոյութեան զուգահեռ, Հայաստան չվերադառնալու իրբեւ փաստարկ կը ներկայացուին երբեմն նաեւ Հայաստանի մէջ բուհական համակարգի աճող կուսակցականացումը եւ վերջապէս` այն համոզմունքը թէ Հայաստանէն չհեռացած ու Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսում ստացած մասնագէտները, որոնք թուային առումով մեծամասնութիւն կը կազմեն, հաշտ աչքով չեն նայիր Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ ուսած իրենց գործընկերներուն։
Կայ նաեւ երեւանցի ուսանողներու այլ խումբ մը, որոնք իրենց թեկնածուական ատենախօսութիւնները կը պատրաստեն հայաստանեան բուհերու եւ գիտահետազօտական հիմնարկներու մէջ եւ Դիրբոռնի մեր կեդրոնը այցելած ու քանի մը օրով հոն ուսումնասիրութիւններ կատարած են երբ` աւելի երկար ժամանակով, սովորաբար` մի քանի ամիսով, Ամերիկա կը գտնուէին` ամերիկեան տարբեր դրամաշնորհներու միջոցով։ Այս ասպիրանտները համեմատաբար աւելի երիտասարդ են, քան նախորդ խումբի ներկայացուցիչները եւ աւելի խանդավառ կը թուին թեկնածուի աստիճան ստանելէ ետք Հայաստան մնալու ու հոն աշխատելու գաղափարներով։

- Եթէ գնահատելու լինէք երիտասարդների կողմնորոշումը դէպի գիտութեան տարբեր ոլորտներ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք յատկապէս հասարակագիտական առարկաների նկատմամբ նուազող հետաքրքրութիւնը, մինչդեռ հասարակութեանը կրթելու, դաստիարակելու գործում այդ վերջիններին դերը բավական մեծ է:
- Ասիկա համաշխարհային երեւոյթ է։ Ձեր մատնանշած համոզմունքը, թէ հումանիտար եւ հասարակագիտական առարկաները հասարակութիւնը կրթող ու դաստիարակող մասնագիտութիւններ են, բնորոշ էր 19-րդ դարու արեւմտաեւրոպական համալսարանական համակարգին։ Այդ ժամանակ համալսարանական կրթութիւն ստանալը շատ էլիտար երեւոյթ էր։ Հիմա, կեանքի թելադրանքով, դէպի համալսարան կը ձգտին բոլորը` մեծ մասամբ լաւ վարձատրուող աշխատանք գտնելու համար անհրաժեշտ վկայական մը ձեռք ձգելու նպատակով։ Պարզապէս վկայականի ձգտող ուսանողութեան մեծ մասին շատ քիչ կը հետաքրքրէ հասարակագիտական, տեսական գիտելիք ունենալու անհրաժեշտութիւնը։ Այս երեւոյթին զուգահեռ է, վերջին տասնամեակներուն, գրեթէ ամէնուրեք, համալսարաններուն մէջ տեխնիկական մասնագիտութիւններու գերակշիռ դառնալը` ի հաշիւ հումանիտար, հասարակագիտական ու բնագիտական ճիւղերուն։
Այսօր, եթէ հասարակութեան մէջ գերակշիռ դեր խաղացող վերնախաւը անհրաժեշտ համարէ ունենալ հումանիտար եւ հասարակագիտական գիտելիքներով կրթուած ազգաբնակչութիւն, նախընտրելի է, որ ուժ տայ հեռուստատեսութեան ընձեռած միջոցներուն։ Բայց, նոյնիսկ այն քանի մը եւրոպական երկիրներուն մէջ, ուր կը կիրարկուի այս տեսակի մշակութային քաղաքականութիւն (օրինակ` Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, ուր ստացած եմ համալսարանական կրթութեանս մէկ մասը), պետութեան պիւտճէէն նիւթական օժանդակութիւն կամ յատուկ հարկային քաղաքականութիւն անհրաժեշտ է, որովհետեւ հասարակագիտական գիտելիքներ ջամբող հեռատեսլային հաղորդումները մրցունակ չեն պարզապէս ժամանցի համար պատրաստուած հաղորդումներուն համեմատ։

- Հետաքրքիր է իմանալ` հայագիտութեան ոլորտում ի՞նչ միջոցառումներ են կազմակերպւում ներսի (Հայաստան) ու դրսի (արտասահման) կապը պահպանելու, ուսանողների փոխանակումներ իրականացնելու ուղղությամբ:
- Հայաստանի մէջ, ինչքան գիտեմ, հայագիտութեամբ զբաղողը մեծ մասամբ խորհրդային տարիներուն հասակ առած գիտահետազօտական ու բուհական հիմնարկներն են, որոնք սովորաբար կը սնին պետական պիւտճէէն։ Հայագիտութեամբ զբաղող ոչ-պետական, նորաստեղծ հիմնարկներ տակաւին շատ հազուագիւտ են։ Բայց «ներս» բառին մէջ հաւանաբար պէտք է ընդգրկել նաեւ այն երիտասարդ մասնագէտները, որոնք անհատական նախաձեռնութեամբ (առանց իրենց աւարտած հայաստանեան բուհի ղեկավարութեան հետ համադրման) արտասահմանեան դրամաշնորհներ կը գտնեն եւ իրենց ուսումը արտասահմանի մէջ կը շարունակեն` իրենց մագիստրոսական կամ դոկտորական ատենախօսութիւններուն համար յաճախ Հայաստանին կամ հայութեան վերաբերող թեմաներ ընտրելով։
«Դուրսը» կ’ընդգրկէ ե՛ւ արտասահմանի մէջ գործող հայագիտական կեդրոններն ու ընկերակցութիւնները, ե՛ւ արտասահմանեան, ոչ-հայկական կազմակերպութիւններն ու դեսպանատուները։ Այս պարագային, արտասահմանեան հայագիտական կեդրոններու, ընկերակցութիւններու եւ Հայաստանի պետական պիւտճէէն ֆինանսաւորուող հիմնարկներու միջեւ համակարգուած աշխատանք` յանուն նոր եւ միջազգային առումով մրցունակ հայագէտներու պատրաստութեան, համարեա չկայ։ Անձնապէս համոզուած եմ, որ նման համակարգում մը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ, բայց ցաւօք չեմ գիտեր թէ ի՛նչ մեխանիզմով կարելի պիտի ըլլայ զանիկա գլուխ բերել։ Ուսումնառութեան համար արտասահման մեկնող ուսանողներու հոսքը ցարդ գերազանցապէս պայմանաւորուած ըլլալ կը թուի օտարերկրեայ դրամաշնորհներով` առանց հայաստանեան հայագիտական կեդրոններու հետ լուրջ համակարգման ։
Հակառակ ուղղութեամբ` հայագիտութեամբ հետաքրքրուած ուսանողներու առաքումը արտասահմանէն Հայաստան եւ այնտեղ անոնց յաւելեալ մասնագիտացումը նոյնպէս ինքնահոսի ձգուած է։ Կան սակաւաթիւ անհատներ, որոնք կ’օգտուին պետութեան պատուէրով Հայաստանի բուհերուն մէջ սփիւռքահայերուն անվճար յատկացուած տեղերէն, բայց սա համապարփակ ծրագրի մը բաղկացուցիչ տարր չէ։ Միւս կողմէ, արտասահմանեան բուհերու մէջ հայագիտութեան մէջ հմտացող ուսանողներ երբ Հայաստան երթան` արխիւային կամ դաշտային ուսումնասիրութիւններ կատարելու, անոնց գործը հեշտացնող հաստատուած համակարգ չկայ։

- Այսինքն` եթե ընդհանրացնենք, այս հեռացուածության պատճառներն օբիեկտի՞ւ են, թէ՞ սուբիեկտիւ:
-Հայաստանի եւ արտասահմանի հայագէտերու միջեւ ձեր որակումով հեռացուածութեան պատճառներուն ակունքները, ըստ իս, առարկայական (օբիեկտիւ) են։ Ինչքան ալ խօսինք համաշխարհայնացման մասին, Հայաստանի եւ արեւմտեան աշխարհին մէջ հումանիտար ու հասարակագիտական մասնագիտական կրթութեան համակարգերը առ այսօր բաւականին տարբեր կը մնան ե՛ւ հարցերը քննարկելու իրենց մեթոդոլոգիայով, ե՛ւ իրենց հետապնդած նպատակներով ու դաւանած արժեքներով։ Առ այժմ կայ նաեւ լեզուական լուրջ պատուար։ Հայաստանի մէջ տակաւին մեծ թիւ կը կազմեն ազդեցիկ դիրքերու վրայ գտնուող միջին եւ աւագ սերունդի հայագէտներ, որոնք մեծ դժուարութեամբ կը կարդան արեւմտաեւրոպական լեզուներ, իսկ սփիւռքահայ նորահաս սերունդին մօտ (նոյնիսկ` հայագիտական որոշ հարցերով զբաղուող երիտասարդ մասնագէտներուն մէջ) հետզհետէ կը նուազի սահուն հայերէն կարդալու հմտութիւնը։ Այս իսկ պատճառով, հայրենի եւ արտասահմանեան հայագէտներու զգալի մասը ո՛չ միայն չեն կարդար մէկը միւսի արտադրածը, այլեւ իրենց մտաւոր սնունդը կը ստանան տարբեր աղբիւրներէ, զորս միւս կողմը գրեթէ լիովին կ’անտեսէ։ Այս երեւոյթները կը դժուարացնեն փոխադարձ հասկացողութիւնն ու համագործակցութիւնը։ Առարկայական պատճառներէ բխող այս հեռացուածութիւնը դժբախտաբար երբեմն աւելի կը շեշտուի երբ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ արտասահմանի որոշ մասնագէտներ միւս կողմին կը յղեն անհիմն, բայց գրգռիչ մեղադրանքներ։ Օրինակ, որոշ հայաստանաբնակ մասնագէտներ արտասահմանի հայագիտութիւնը կը նկատեն հակահայրենասիրական եւ իբրեւ թէ Հայաստանին թշնամի ազգերու շահերուն ծառայող։ Արտասահմանի մէջ, հակադարձ մեղադրանքը` ուղղուած հայաստանաբնակ մասնագէտներուն, գլխաւորաբար գաւառայնութիւնն է։ Ես կը կարծեմ թէ այս պրկուած մթնոլորտը տակաւ պիտի բարելաւուի, երբ Հայաստանի գիտական աշխարհը հետզհետէ աւելի ու աւելի համարկուի համաշխարհային գիտական գործընթացներուն։

«1-ին լրատուական», Մայիս 28, 2012 (www.1in.am)

No comments:

Post a Comment