25.8.12

Ընդդիմադիրները սպառնացած են կառավարամէտ հայ զինեալներու եւ ոչ թէ սուրիահայ համայնքին

Հայրենի բազմաթիւ լրատուամիջոցներ Ուրբաթ, Օգոստոս 24ի առաւօտէն կ՚ահազանգէին, թէ Սուրիոյ  «Յեղափոխութեան Գերագույն Խորհուրդ» կոչուած կառոյցը սպառնալից յայտարարութիւններ ուղղած էր հայ համայնքին` Պաշար ալ Ասատի իշխանութիւնը պաշտպանելու համար:
Արդէն Բերիոյ թեմի Առաջնորդարանի խօսնակը՝ Ժիրայր Ռէիսեան, հարցականի տակ դրած էր նման լուրերու վաւերականութիւնը։
Պէյրութի «Ռատիօ Սեւան»ի յղումով, նոյն հրատապութեամբ հրապարակուած է, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր «Ազատ Բանակ»ի զինուորական խորհուրդի նախագահ Մուստաֆա ալ Շէյխը հերքած է սուրիահայերու դէմ սպառնալից յայտարարութիւններու հրապարակման մասին լուրերը: «Ալ Արապիա» հեռուստաընկերութեան կատարուած յայտարարութեան մէջ Մուստաֆա ալ Շեյխը ընդգծած է, որ հայերը Սուրիոյ մէջ կ՚ապրին տասնամեակներէ ի վեր եւ այդ ժամանակաշրջանին հայերու հետ որեւէ խնդիր չէ ծագած եւ նշած է, որ ոչ հիմա, ոչ ալ ապագային ապստամբ ուժերը մտադրութիւն ունին յարձակում գործել հայերու դէմ` իրենց անունով տարածուած յայտարարութիւնը համարելով հակառակորդներու սադրանք:
Իրականին մէջ, կը հաղորդէ «ՍիվիլՆէթ»ը, Սուրիոյ յեղափոխականները սպառնացած են միայն կառավարամէտ հայ զինեալներու: Ընդդիմադիրներու խորհուրդը ոչ թե սպառնացած է ամբողջ հայ համայնքին, այլ զգուշացուցած է «սուրիահայ համայնքի որոշ անդամներ չաջակցիլ կառավարական ուժերու»: Ապատեղեկատուութիւնը ուղղակի շարք մը լրատուամիջոցներու  սխալ թարգմանութեան արդիւնք էր, իսկ տրուած պատասխանը` չեղած սպառնալիքի հերքում:
Ժամանակը պիտի փաստէ, թէ այս բոլորը իրօ՞ք միայն սխալ թարգմանութիւն էր կամ սարքուած յայտարարութիւն...։ 

No comments:

Post a Comment