24.8.12

Սուրիոյ համայնքին նպատակը խաղաղութեան վերահաստատումն է երկրին մէջ

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»
 

Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ հայկական համայնքին սպառնալիք ներկայացնող որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն գոյութիւն չունի: «Արմենփրէս»ի հետ զրոյցին այս մասին հաւաստիացուց Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանը` մեկնաբանելով Համացանցին մէջ տարածուած այն յայտարարութիւնը, որ իբր, Սուրիոյ «Յեղափոխութեան Գերագոյն Խորհուրդ» կոչուած կառոյցը կը սպառնայ սուրիահայ համայնքը` Պաշար ալ Ասատի իշխանութեան պաշտպանելու համար:«Համացանցը Սուրիոյ մէջ չի գործեր, ուստի տարածուած լուրերուն պէտք չէ ականջ դնել: Նման տեղեկատուութեան մասին Սուրիոյ հայութիւնը ունի յստակ դիրքորոշում. որեւէ հակամարտ ուժի թիկունք չենք: Մեր յարգանքն ու զօրակցութիւնը նուիրուած են Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին, որ ունի մէկ նպատակ` խաղաղութիւնը վերադարձնել Սուրիոյ»,-նշեց Ռէիսեանը: Նման յայտարարութիւններու տարածման մէջ Ռէիսեանը չբացառեց Թուրքիոյ գործօնը:
«Յստակ է, որ ընդդիմադիր կողմը ուղղակիօրէն կը վայելէ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը, սակայն նման լուրերը որեւէ պաշտօնական հաղորդագրութեան չեն կրնար վերածուիլ: Այս բոլորը կրնայ ուղղուիլ` խաթարելու հայ-արաբ բնակչութեան բարեկամական յարաբերութիւնները»,-շեշտեց Ռէիսեանը:
Խօսելով Հալէպի մէջ առկայ իրավիճակին մասին` Առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակը նշեց, որ գիշերը եղած են պայթիւններ, այժմ ալ ժամանակ առ ժամանակ կը լսուին կրակոցնէր, սակայն այս պահուն հայաբնակ թաղամասերուն մէջ յատուկ գործողութիւններ չկան: «Ամէն տեղ խիստ հսկողութիւն կայ, եւ հնարաւոր է որ է որ որեւէ կէտի, թաղամասի մէջ բախումներ կամ այլ գործողութիւններ վերսկսին: Այս պահուն ելեկտրականութիւնն ու հեռախօսակապը եւս վերականգնուած են. պետութիւնը առաւելագոյն կերպով կը փորձէ այդ բոլորով ապահովել բնակիչները»,-նշեց Ռէիսեանը:
Ընդդիմադիրներու եւ կառավարական զօրքերու միջեւ Սուրիա սկսած բախումներուն հետեւանքով զոհուած են մէկ տասնեակէ աւելի հայեր, որոնցմէ երկուքը` սուրիական բանակի զինուորական ծառայողներ: Մեծ թիւով սուրիացիներ կը լքեն երկիրը եւ կը յայտնուին այլ երկիրներ փախստականի կարգավիճակով: Վերջին շրջանին երկիրը կը լքեն նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Հայաստան փախստականի կարգավիճակ կամ ապաստան ստանալու մասին Սուրիայէն դիմումները կը քննուին արագացած ընթացակարգով` առնուազն տասը օրուան ընթացքին: Հայաստան ժամանած են աւելի քան 2 հազար սուրիահայեր, իսկ բնակարան ստանալու ակնկալիքով  գաղթականական սպասարկութիւն դիմած է 41 ընտանիք` 76 անդամով, 27 ընտանիք արդէն իսկ ստացած է ժամանակաւոր բնակարան:

Օգոստոս 24, 2012
 

No comments:

Post a Comment