22.5.12

Երբ գրականութենէն կը վախնան...

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ամէն ինչ սեւ գոյներով պէտք չէ տեսնել Հայաստանի մէջ։ Երբեմն արդարութիւնը կը յաղթէ կամ, այլ աչքով դիտուած, անարդարութիւնը պարտութեան կը մատնուի։ Այդպիսի պարագայ մըն էր Ապրիլ 26ին սփռուած լուրը, ըստ որուն դադրած է գրագէտ Յովհաննէս Իշխանեանի դէմ քրէական հետապնդումը։
Խոստովանինք, որ երկու ամիս առաջ ոչինչ գիտէինք Յ. Իշխանեանի մասին։ Տեղեակ չէինք, որ 24 տարեկան է եւ հեղինակը 16 պատմուածքներու հատորի մը՝ «Ուվալնեատի օրը», որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցած էր Մայիս 2011ին։
Երեք հարիւր օրինակով հրատարակուած գիրքէն 120 օրինակ (այսինքն՝ 40%) ծախուած էր ինը ամսուան ընթացքին եւ անսովոր այս հետաքրքրութիւնը Փետրուար 2012ին ուշադրութիւնը գրաւած էր Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ընթերցասէր ոստիկանութեան։
Անոր շնորհիւ, ո՛չ միայն իրազեկ դարձանք հեղինակին ու գիրքին գոյութեան, այլեւ իմացանք, որ երիտասարդ գրողը անոր հրատարակութեամբ քրէական յանցանք գործած էր։ Այս առիթով սորվեցանք, որ անծանօթ ուվալնեատ բառը ռուսերէնով «ազատում» կը նշանակէ, իսկ այստեղ՝ «զօրացրուում», քանի որ գիրքին վերնագիրը կրող ու այլ երկու պատմուածքներ բանակային թեմայով գրուած էին եւ այդ իսկ պատճառով՝ նշուած գերատեսչութեան աչալուրջ վերահսկողութեան արժանի դարձած։
Երեւանի սակաւաթիւ գրախանութներէն մէկ քանին արդէն պարտադրուած էին, կամայ թէ ակամայ, գիրքը շրջագայութենէ հանել։ Ան, սակայն, Համացանցի մէջ յայտնուած է, որպէս անուղղակի հետեւանք գրական ոստիկանութեան արշաւին ու հանրային հետաքրքրութեան։ Ուստի, սփիւռքահայ ընթերցողը միջոց ունի իր սեփական կարծիքը կազմելու, եթէ անշուշտ կարենայ դիւրութեամբ թափացնել պատմուածքներուն բանակային ու ոչ-բանակային շեղալեզուին (jargon) (1) պատերէն ներս։ Իբրեւ նմոյշ, ահա «Ուվալնեատի օրը» պատմուածքին առաջին պարբերութիւնը.
- Մո՛շ ջան, Մո՛ս ջան, Վլօ՛ ջան, ախպէրնե՛ր իմ: Եքա վախտ իրար հետ ծառայեցինք: Իրար հետ համ նեղում էղանք, համ լէնում: Աւելի շատ նեղում, որտեւ ծառայութիւնը նեղ կեանք ա, բայց նեղ կեանքում ապրելով` իրար նեղութեան մէջ նեղութիւն չստեղծինք: Մենք միշտ էլ, ա՛յ էս հաւաքուած տղերքով նեղութեան մէջ լէնն ենք արել: Բայց ես ուժէ ուվալնեատ եմ ըլնում ու ընդեղ սպասելու եմ ձեզ: Արա՛, էրկու տարի առաջ էր` մտայ չաստ, ասի` ֆսեօ, ստից ես հաստատ էլ դուս չեմ գայ: Մտածս օրը մի 20 հոգի ուվալնեատ էլաւ ու դուք ջոգում էք իմ լոմկէն, ստէ սաղս էլ էդ լոմկի մէջով անցել ենք: Բայց դէ հիմա մալադոները մեզ նայելով են լոմկւում, հա՛, հա՛, հա՛: Տղէ՛ք ջան իրար հետ կառանտին էլ ենք անցել, կուբախտել ենք նստել, ծեծել ենք կերել, ծեծել էլ ենք, մի խօսքով ախպէրներս, հաւատս չի գալի, որ էս ախմախ կեանքից պրծնում եմ, դաժէ ես աւելին կ՚ասէի, պրծնում ենք, ու էս մեր ախպէրները, որ մեր հետ նստած էսօր խմում են ու որ իրանք 6 ամիս կամ մի տարի ունեն ծառայելու կամ էս մեր թազա մալադօ ընգերը, որ հըլը 730 օր ունի ծառայելու, մի օր իրանք էլ են պրծնելու, կապէպէ-ի դռնից սաղ էլ նաւսիգդա դուս են գալու, սաղ էլ ցմահ օտպուսկ են ստանալու»:
Հեղինակը, որ բազմիցս յայտնարարած է, թէ առանց որեւէ դժուարութեան օրին զինուորական պարտականութիւնը կատարած է հայրենիքին հանդէպ, գեղարուեստական ստեղծագործութեան նիւթ դարձուցած է բանակային կեանքը՝ անսեթեւեթ ու իրապաշտ ներկայացումով, որ չի համապատասխաներ տարեկան շքերթներու միջոցին հրամցուած պատկերին, եւ գործածած է լեզու մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ քրէա-գրաքննիչներուն հոգեհարազատ է, ուստի եւ՝ լրիւ հասկնալի։ Եւ որովհետեւ այդ պատմուածքները ո՛չ ընթացիկ փառաբանութիւն էին խաղաղ զօրանոցներու, ո՛չ սովորական գովաբանութիւն հայրենիքի պաշտպաններու եւ ո՛չ գեղեցիկ ոճաբանութիւն ի փառս մեծասքանչի, բաւարար փաստ նկատուած են դատական հետաքննութեան դիմելու։
Նոր օղակն էր շղթայի մը, որ կը միացնէ 1966ի Գուրգէն Մահարիի «Այրուող այգեստաններ» կամ 1988ի Վարդգէս Պետրոսեանի «Կրակէ շապիկ» վէպերուն դէմ մեղադրանքները ¥ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ Շահան Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս» յօդուածին 1969ին կամ Վահէ Օշականի «Թակարդին շուրջ» պատմուածքներու հատորին առիթով 1990-1991ին յարուցուած փոթորիկները Սփիւռքի մէջ¤։ Տարբերութիւնը այն է, սակայն, որ մինչ վերոյիշեալ պարագաներուն զուտ գրական կամ գաղափարական մեղադրանքներու տարափ մը տեղացած է «յանցաւոր»ներու գլխուն, այժմ ամբաստանութիւնը ոստիկանական երեւոյթ ունէր՝ խորհրդային ժամանակաշրջանի լաւագոյն աւանդութիւններուն հետեւելով։ Երբ այսօր արար աշխարհ կը կրկնէ, որ ժողովրդավար կարգեր կը տիրեն Հայաստանի մէջ, ուր Սահմանադրութիւն անունը կրող փաստաթուղթ մը կը գործադրուի, որ կþերաշխաւորէ քաղաքացիներու ազատութիւնը, ընդ որում՝ արտայայտուելո՛ւ ազատութիւնը, տխրահռչակ թուականի մը բարքերուն՝ 1937ի ուրուականին սաւառնումը շատ գօտեպնդիչ երեւոյթ մը չէր։
Բարեբախտաբար, խելահաս ու զգաստ մարդիկ կամ հաստատութիւններ հասկցած են, որ նախընտրելի է ցոյց տալ, գոնէ մէկ անգամ, որ վերոյիշեալ սահմանադրական կանոնները քուէարկուած չեն միայն թուղթի վրայ մնալու համար։
Ապրիլ 22ին Երեւանի գիրքի մայրաքաղաք պաշտօնական հռչակումէն չորս օր ետք, հայրենի դատական մարմինները պատշաճ շարժուձեւ մը ըրած են գիրքին ի նպաստ։ Ապրիլ 26ին, Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան աւագ դատախազ Հ. Ջ. Ասլանեան ներկայացուցած է հետեւեալ կէտերը՝ ի պատասխան մարդկային իրաւանց պաշտպան Կարէն Անդրէասեանի Ապրիլ 19ին յղած հարցումին.
-- Ռազմական ոստիկանութեան նախապատրաստած նիւթերը նախ ուղարկուած են Երեւան քաղաքի վարչութեան Կենտրոնի եւ ապա Մաշտոցի բաժինները։
-- Մարտ 30ին նիւթերը ղրկուած են ոստիկանութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան Երևան քաղաքի Մաշտոցի բաժինը, հաշուի առնելով, որ ժողովածուն Նառա Վարդանեանի կողմէ տպուած է այդ շրջանին մէջ։
-- Նիւթերու նախապատրաստութեան ընթացքին որոշուած է կատարել «մշակութաբանական փարձաքննութիւն վերը նշուած գրքում պոռնկագրական նիւթեր պարունակելու հանգամանքը պարզելու համար» (= գրաքննութիւն կատարել):
-- Ըստ Մշակոյթի նախարութեան «Մշակութային արժէքների փորձագիտական կենտրոն»էն ստացած պատասխանին, մինչեւ 75 տարուան հնութիւն ունեցող հրատարակութիւնները կարելի չէ փորձաքննել, իսկ ըստ Հայաստանի կառավարութեան Սեպտեմբեր 15, 2011ի մէկ որոշումին՝ «շարժական մշակութային արժէքների փորձաքննութեան ոլորտները չեն ներառում տպագիր նիւթերի բովանդակային փարձաքննութեան իրականացումը» (= գրաքննութիւնը ընդունելի չէ):
-- Ապրիլ 25ին, Մաշտոցի քննչական բաժնի քննիչ Ա. Մայիլեանը որոշած է մերժել քրէական գործի յարուցումը Յովհաննէս Իշխանեանի դէմ՝ «պոռնկագրական նիւթեր կամ առարկաներ ապօրինի տարածելու վերաբերեալ» եւ Նառա Վարդանեանի դէմ՝ «ապօրինի ձեռնարկատիրութիւն կատարելու վերաբերեալ», պատճառաբանելով, որ ո՛չ յանցագործութիւն կայ առաջին պարագային եւ ո՛չ ալ յանցակազմ՝ երկրորդին։
Վերջ՝ գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկին։
Ընթերցողին պարզ պէտք է ըլլայ, որ գիրքին մէջ պոռնկագրութիւն ըսուածը գոյութիւն չունի եւ ռազմական ոստիկանութիւնը, ճարահատ, ամբաստանութիւն բարդելու օրինական այլ միջոց չէր գտած։ Քննչական արդարացի եզրակացութեան շնորհիւ, վերջ գտած է զաւեշտ մը, որ արդէն սկսած էր տխուր արձագանգներ հնչեցնել։ Չենք կրնար վստահ ըլլալ, սակայն, որ վերջին արարն էր։ Որքան ատեն որ գրական ոստիկանները ողջ-առողջ են՝ ինչ-ինչ արժէքներու պաշտպանութեան անունով խօսելու, դատելու եւ դատապարտելու, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, մենք պիտի շարունակենք ականատես ըլլալ նման երեւոյթներու՝ ի Հայաստան եւ (մի՛ զարմանաք) ի սփիւռս աշխարհի։
Այս ալ բնորոշ յարակարծիքներէն մէկն է մեր գրական մարզին, որ յաճախ կ՚արժանանայ անտարբերութեան, բացի եթէ մէկը գրէ երկու տող, որոնք, ըստ ուրիշի մը խելապատիկին՝ մեր գոյութեան հիմքերը, մեր ազգային ապահովութիւնը, մեր խորախորհուրդ հաւատալիքները կը սասանեցնեն։
Որովհետեւ, թէեւ բառերուն արժէքը լրիւ արհամարհուած է «փայտերէնի» (langue de bois) մեր փերեզակներուն կողմէ, միեւնոյն ատեն անոնք խորագոյն սարսափով կը թուին ապրիլ՝ նոյն այդ արհամարհուած բառերուն վերափոխիչ ու յեղաշրջող կարողութեան նկատմամբ։
Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել, որ անծանօթ հեղինակի մը երեք հարիւր տպաքանակով լոյս տեսած երեք պատմուածքներ երկամսեայ քաշքշուքի արժանացած ըլլան՝ հայրենիքի տէր ու պաշտպան բանակին յարակից ռազմական ոստիկանութեան նախանձախնդիր ընթերցասիրութեան շնորհիւ։
Յովհաննէս Իշխանեանի պատմուածքները կամ գիրքին բուն գեղարուեստական արժէքը խնդրոյ առարկայ չեն այստեղ։ Խնդրոյ առարկան հեղինակին ազատութիւնն է յաջող կամ ձախող գիրք մը հրատարակելու, որուն վերջին դատաստանը՝ թեր կամ դէմ, անշահախնդիր գրասէրին կը պատկանի եւ ո՛չ թէ... շահախնդիր գրամոլին։
Եթէ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 172րդ յօդուածը կը սահմանափակէ պոռնկագրութեան արտադրութիւնը, ասիկա չի նշանակեր, որ պետական մարմիններ իրաւասու են պոռնկագրութեան պատրուակը շահագործելու՝ իրենց վիրաւորուած «պատիւը» պաշտպանելու համար։ Նման պատուախնդիր մարդիկ են, ի վերջոյ, այն օրէնսդիրները, որոնք Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքին մէջ մուծած են տխրահռչակ 301րդ յօդուածը՝ «թրքութիւնը հայհոյելու» (այժմ՝ «թուրք ազգը հայհոյելու») ի պատիժ, որուն պատրուակին ներքեւ Հրանդ Տինք դատարանէ դատարան քաշքշուեցաւ մինչեւ եղերական մահը՝ այդ նոյն յօդուածին կողմէ բորբոքուած ազգայնամոլութեան ձեռքով։ Պէտք է եզրակացնենք, որ 172րդ յօդուածի վերոյիշեալ շահագործումը համազօր է 301րդ յօդուածի թրքաբարոյ կիրարկումի՞ն։
Ի դէպ, թող ընթերցողը չկարծէ, որ անհատի ազատութեան եւ ընթերցողի դատաստանին մեր պաշտպանութիւնը հեռաւոր աղերս իսկ ունի մեր ապրելու վայրին կամ ապրած ընկերութեան հետ։ Վերջին շրջանի ռուսական «օրիենտացիա»յի նորաբոյս պաշտպաններու եւ իրենց արբանեակներուն, ինչպէս եւ ազգային արժէքներու պաշտպանութեան թիւր ըմբռնումներով սնած անձերու նախասիրած պիտակումներէն մէկը գրանտակեր բառին կիրարկումն է։ Այս բառը տեղի-անտեղի կը նետուի Հայաստանի մէջ հասարակական կամ մարդկային որեւէ արժէք պաշտպանող (բնապահպանութենէն մինչեւ զինակոչիկներու մահուան լուսաբանութիւնը եւ կիներու իրաւունքները) ու քաղաքացիական գործօն կեցուածք ցուցաբերող խմբաւորումներու դէմ՝ Ամերիկայի դրամով ապրողներու եւ անոր թելադրանքներուն կուրօրէն հետեւողներու կերպաւորումը տալով անոնց։ Ամերիկան ազատութեան գաղափարին ո՛չ գիւտարարն է, ո՛չ ալ բացարձակ մենաշնորհեալը, իսկ հայ մարդը անպայման պէտք ունի Ամերիկա երթալու կամ ամերիկեան գրանտներ (grant) ստանալու՝ մարդկային արժէքներ ու գաղափարներ դաւանելու համար։
Այս ողբերգա-զաւեշտական դէպքը մեր միտքը բերաւ զուգահեռ մը։ 1962ին Պարսելոնայի ծանօթ հրատարակչատան մը հովանաւորած գրական մրցանակը շահած էր Փերուէն 26ամեայ գրագէտ մը իր առաջին վէպին համար՝ «Քաղաքը եւ շուները»։
Հեղինակը իր վէպին նիւթ դարձուցած էր Լիմայի զինուորական հռչակաւոր վարժարանի մը մէջ 1950-1951ի ուսանողութեան շրջանին փորձառութիւնը։ Իրապաշտ գոյներով, բայց գեղարուեստական ձեւափոխուած «իրականութեան» մէջ գրուած այս ընդարձակ վէպը կը ներկայացնէր ուսանողներու կեանքը դպրոցին մէջ՝ դաժան կարգապահութեան եւ աւագներու կողմէ անցման ծէսերու ենթարկուած («շուն» կը կոչուէին երրորդ դասարանի ուսանողները)։
1963ին հրատարակչատունը մրցանակակիր վէպը լոյս ընծայած է։ Մինչ գրական քննադատութիւնը ողջունած է վէպին հրատարակութիւնը, դպրոցին հիմնադիր զօրավարներէն մէկը ըսած է, թէ վէպը «բանակին կապուած հաստատութիւններէն մին հարուածելու ձեւ է՝ համայնավարութեան տիպար ճապկումներէն (manœuvre) մէկը»։ Ուրիշ զօրավարներ յայտնած են, թէ վէպը «այլասերած մտքի» մը արդիւնքն էր, եւ եղած են ըսողներ, թէ հեղինակը Փերուի դրացի (սահմանային վէճերու մէջ գտնուող) «Էքուատորի կողմէ վճարուած է»։ Ըստ չստուգուած լուրերու, վէպէն օրինակներ հրկիզուած են դպրոցի բակին մէջ։ Ի դէպ, պետական հարուածի մը հետեւանքով, 1962-1963ին Փերու զինուորական վարչակարգի տակ կը գտնուէր։
Այդ վէպը դարձած է, շարք մը ուրիշ նշանաւոր հեղինակներու գործերուն հետ (Խորխէ Լուիս Պորխէս, Կապրիէլ Կարսիա Մարքէս, Գարլոս Ֆուէնթէս եւ այլն), 1960ական թուականներու լատինամերիկեան գրական “boom”ին կամ դիւթական իրապաշտութեան (realisme magique) հիմնաքարերէն մէկը։ Թարգմանուած է քսանեակ մը լեզուներու (ֆրանսերէն թարգմանութիւնը միեւնոյն վերնագիրը ունի՝ “La ville et les chiens”), թէեւ կը կասկածինք, որ հայերէնի թարգմանուի՝ գէթ մօտաւոր ապագային. ո՞վ գիտէ ինչ պիտի կարդան մարդիկ։ Հեղինակը՝ Մարիօ Վարկաս Լիոսա, 1975ին Փերուի Ակադեմիայի անդամ ընտրուած էր ու 2010ին՝ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր...։
Մարգարէ չենք, որ Յովհաննէս Իշխանեանի գրական նման փառք կանխատեսենք։ Սակայն, Հայաստանի դատական իշխանութիւններուն ողջախոհ կեցուածքը գնահատելով հանդերձ, կ՚ուզենք մաղթել, որ յետայսու, հայոց ռազմական ոստիկանութիւնը, փոխանակ գրականութեան գործերուն մէջ խառնուելու, ծառայէ իր բուն նպատակին ու կանխէ բանակին մէջ այնպիսի երեւոյթներու գոյութիւնը, որոնք իր չհաւնած գրականութիւնը ստեղծելու շարժառիթ կը դառնան...   
 
«Նոր Յառաջ», Մայիս 22, 2012

--------------------
(1) Ի դէպ, հայերէն այս նորաբանութիւնը կը պարտինք հայրենի հանգուցեալ լեզուաբան Ռաֆայէլ Իշխանեանին (1922-1995), որ հեղինակին մեծ հայրն էր։

No comments:

Post a Comment