8.3.12

Գիրքի մայրաքաղա՞ք, թէ՞ մեռելաքաղաք

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

2011ին, Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսը, գիրքի միջազգային մայրաքաղաքն էր։ Ընթերցողը թերեւս տեղեակ է (քանի որ երկար տարիներէ ի վեր հայ գաղութն ալ կը մասնակցի, վերջին երկու տասնամեակներուն՝  Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնելով), որ Պուէնոս Այրէսը՝ սպանական աշխարհի գրահրատարակչութեան երբեմնի մայրաքաղաքը, մօտ 40 տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալէ գիրքի միջազգային ցուցահանդէս մը՝ աւելի քան մէկ միլիոն այցելուներով եւ բազմատասնեակ երկիրներու մասնակցութեամբ։ Բայց ան թերեւս չի գիտեր, որ ըստ որոշ պնդումներու, Պուէնոս Այրէսը աշխարհի մէջ ամենաշատ գրախանութ ունեցող քաղաքն է՝ մէկ քառակուսի մեթրի վրայ, եւ թերեւս նաեւ՝ իւրաքանչիւր բնակիչի դիմաց։ Ան ունի բազմահարիւր գրախանութներ, ո՛չ միայն կեդրոնի շրջանին, այլեւ կեդրոնէն հեռու թաղամասերու մէջ, թէ՛ նոր եւ թէ՛ հին գիրքերու, որոնք յաճախ կը բանան շաբթուան եօթը օրերը եւ երբեմն՝ մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը։ Ալ չխօսինք հանրային զանազան պարտէզներու մէջ լայնատարած բացօթեայ գիրքերու տօնավաճառներու, կրպակներու, եւ այլ մերձ գրախանութային երեւոյթներու մասին։
Եւ սակայն, երբեւէ լսե՞ր էք, որ արժանթինցիները յատկապէս համբաւաւոր ըլլան որպէս մշակութասէր ու գրասէր ժողովուրդ, կամ, որ արժանթինեան պետութիւնը փայլի իր մշակութային քաղաքականութեամբ։ Ընդհակառակը, կրնանք վկայել, որ հակա-մշակութային ու հակա-գրքային բազմաթիւ երեւոյթներու ականատես եղած ենք Պուէնոս Այրէս մեր ապրած աւելի քան երկու տասնամեակներուն։
Այսուհանդերձ, չկրցանք կանխել ժպիտը, երբ իմացանք, որ, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, յառաջիկայ Ապրիլ 23ին Պուէնոս Այրէսը Երեւանին պիտի փոխանցէ գիրքի միջազգային մայրաքաղաք ըլլալու ջահը։ Պարզ է, որ այդ պատիւին հիմնապատճառը անցեալն էր՝ հայ տպագրութեան 500ամեակին նշումը։ Բայց եթէ անցեալը առիթներ կու տայ հրճուելու, նոյնը չենք կրնար ըսել ներկային մասին։
Հայ տպագիր մատեանը հինգ դարու պատմութիւն ունի, ձեռագիր մատեանը՝ աւելի քան հազար տարիներու (մեզի հասած նմոյշները հաշուելով միայն), Մատենադարանը Երեւանի գլխաւոր զբօսաշրջային կէտերէն մէկն է...։ Բայց ըստ բախտի տրուած այս օրինակները, ցաւօք սրտի, մեր անցելապաշտութեան մաս կը կազմեն։ Թերեւս աւելորդ է յիշեցնել, որ խորհրդային ժամանակաշրջանի հսկայ եւ մերօրեայ ճղճիմ տպաքանակներուն միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ, որ 1000 դրամ արժող գիրքը նոյնիսկ՝ երբեմնի ընթերցասէր մեր հայրենի եղբայրներուն ճնշիչ մեծամասնութեան հասանելի չէ (այս ձմեռ ջերմանալու համար, անոնք պարտաւոր են վճարել 100 տոլար = 38.886 դրամ՝ Փետրուար 28ի փոխարկումով), որ, մանաւանդ, գիրքի ու ընթերցողի կապի առկայութեան ամենէն ակնառու փաստը՝ գրախանութը, իր համեմատական բացակայութեամբ աչք կը ծակէ։
Փորձեցինք Երեւանի գրախանութներու ներկայ թիւին մասին այժմէական տեղեկութիւններ ունենալ ու մեր որոնումը մեզ տարաւ «Երեւան՝ 2012ի համաշխարհային մայրաքաղաք» պաշտօնական կայքէջը (www.yerevan2012.org), ուր կարդացինք հետեւեալ բաւական սեւ (անցեալի) ու սպիտակ (ներկայի) նկարագրութիւնը.
«Խորհրդային տարիներին պետական գրախանութների հսկայ ցանց կար Հայաստանում, ոչ միայն մայրաքաղաքում, այլեւ մարզերում ու հեռաւոր գիւղերում: Իսկապես կար, սակայն գրախանութներում շատ էին դատարկ դարակաշարերը, եւ, չնայած այսօրուայ համեմատ առասպելական տպաքանակներին, գրքերը վաճառւում էին նախնական բաժանորդագրութեամբ կամ չէին բաւականացնում։ Ամէն ոք չէր կարող ձեռք բերել այն, ինչ կ՚ուզենար։ Անհասկանալի ու անտրամաբանական գրաքննութիւնն էլ իր բացասական դերն ունէր գրաշուկայի վրայ` ամէն գիրք չէր կարելի հրատարակել կամ վաճառել։
Այսօր, իսկապէս, գրախանութների, հատկապես ՝՝դասական՛՛ գրախանութների թիվը պակասել է։ Երեւանում գրախանութների ու գրավաճառ կէտերի թիւը երեք տասնեակից չի անցնում։ Սակայն այդ գրախանութներից ամէն ոք կարող է ձեռք բերել իրեն անհրաժեշտ գիրքը` հին, նոր, մատենագիտական ունիկում, արտասահմանում լույս տեսած բեսթսելեր։ Գրաշուկան ճկուն է, հրատարակչութիւնների թիւը` շատ, եւ եթէ մի գրքի, ուսումնական ձեռնարկի կամ բառարանի կարիք է զգացւում, անմիջապէս գտնւում է այն գործարար հրատարակիչը, որը կարճ ժամանակում վերահրատարակում ու ընթերցող-գնորդին է հասցնում» (ընդգծումը մերն է. Վ.Մ.)։
Մենք չենք, որ խորհրդային անցած-գացած ժամանակներուն կամ զարտուղի հրատարակչական բարքերուն գովքը պիտի հիւսենք, բայց եթէ անցեալին գիրքերը բաժանորդագրութեամբ կը ծախուէին կամ կը սպառէին, գոնէ կը ծախուէի՛ն ու կը սպառէի՛ն։ Գոնէ, ծուռ ու շիտակ պատճառներով, պետական խրախոյս մը կար։
Պահանջողն ալ չենք, որ պետութիւնը տնտեսութեան բոլոր ոլորտներուն խառնուի, բայց հաւատացողն ենք, որ երկրի մը ընկերա-տնտեսական առողջ ուղղութիւնը պէտք ունի պետական ուղեցոյցին ու օրինակին՝ առանց խաթարելու անձնական իրաւունքներն ու նախաձեռնութիւնը։
Նոյնիսկ եթէ ընդունինք, որ մեր քսանամեայ տնտեսական պայմանները թոյլ չեն տար, որ նիւթապէս կարելի ըլլայ բոլոր կարիքներուն հասնիլ, չենք կրնար աչք փակել եւ ըսել, թէ, քանի որ դրամ չկայ, ուրեմն պէտք է նստինք ու երկինքէն մանանայի սպասենք...։
Հիմա ո՛չ միայն 200 տպաքանակով գիրք կը տպենք «մէկ միլիոնանոց քաղաք»ին համար (չենք խօսիր շրջաններուն մասին), այլեւ ընդամէնը երեք տասնեակ վաճառման կէտեր ունինք (ներառեալ՝ փողոցներն ու անցումները)։ Խօսուն փաստ՝ պետական քաջալերանքի (չ)գոյութեան...։
Բայց կայ աւելին։ Ըստ Հայաստանի Հրատարակիչներու Ազգային Ընկերակցութեան նախագահ Վահան Խաչատրեանի տուեալներուն` խորհրդային Երեւանի մէջ շուրջ 60 գրախանութ կար, իսկ 20ամեայ անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ՝ 15 («Արմենիանաու», 10 Փետրուար 2012):
Ի դէպ, Մշակոյթի նախարարուհի Յասմիկ Պօղոսեանը հաղորդեր է վարչապետ Սարգսեանին, թէ վերջին շրջանին 10 գրախանութ բացուած է Հայաստանի մէջ (www.gov.am, Մարտ 1, 2012)։ Պէտք է ենթադրել, որ խօսքը կը վերաբերի գիրք եւ ոչ թէ գրենական պիտոյք վաճառող վայրերու...։  
Աւելցնենք, որ Պաքուն խորհրդային ժամանակաշրջանին աւելի քան 100 գրախանութ ունէր, իսկ հիմա՝ միայն 10 հատ։ (Բայց չէ՞ որ, մինչ մենք մեսրոպաստեղծ գիրերուն կ՚արժանանայինք, մերօրեայ ազերիներուն նախնիները տակաւին վայրենաբար կը թափառէին Կեդրոնական Ասիոյ տափաստաններուն մէջ)։ Կա՛մ մենք Պաքուի մակարդակին ինկանք, կա՛մ Պաքուն մեր մակարդակին բարձրացաւ...։ 
Գիրքի մայրաքաղաքներուն միջեւ բաղդատականը խօսուն է։ Անձնական օրինակ մը տալու գնով, ինչո՞ւ չյիշել, որ մեր ուսանողութեան շրջանին (եւ ներկայիս), Պուէնոս Այրէսի պետական համալսարանի տնտեսագիտական ճիւղի շէնքին շրջակայ քանի մը փողոցներուն մէջ, միայն այդ ճիւղին վերաբերող 10-15 գրախանութ կար, ինչ որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ ամբողջ Երեւանի գրախանութներու մերօրեայ թիւին։ Իսկ երեւոյթը կը կրկնուի նոյն համալսարանի միւս բոլոր ճիւղերուն շէնքերուն շուրջ...։
Ընթերցողը ներողամտութեամբ պիտի մօտենայ, ուրեմն, մեր ժպիտին։ Եթէ կ՚ուզէք աւելի ծայրայեղ օրինակ մը, ահա մեր փոքր ածուին կէսը։ Արեւմտահայերէնի ճգնաժամի մասին կը խօսինք, ընթերցասիրութեան չգոյութիւնը կ՚աւաղենք, 500-1000 տպաքանակով գիրք կը տպենք, «պետութիւն չենք» կ՚ըսենք, ու անկեդրոն Սփիւռքի գրախանութներուն թիւը՝ Թեհրանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, գրեթէ կը հաւասարի պետութեան կեդրոն Երեւանի թիւին։
Իբրեւ գրող, իբրեւ ընթերցող, վերջապէս՝ իբրեւ մէկը, որուն համար գիրքը եւ, ի մասնաւորի, հայ գիրքը ամէնօրեայ կենսական ու կենսունակ դեր մը կը կատարէ՝ սրբազնութեան ու փառաբանութեան բոլոր քարոզներէն անդին, չենք կրնար չարձանագրել դառն իրողութիւնը։ Ու նաեւ չձայնակցիլ այն անձերուն, որոնք «գիրքի մայրաքաղաք» Երեւանի մէջ պայքարի ելած են՝ յանուն գիրքի։
Յանուն գիրքի՞։
Ուրիշ բանի ի խնդիր պայքար չէ՞ մնացած Հայաստանի մէջ։
Ազատութիւն, արդարութիւն, բնութիւն, լեզուի, ճարտարապետական կոթող, հաց։ Իսկ հիմա՝ գի՞րք։
Այո՛։ Երբ խնդիրը ամենէն «անկարեւոր» առարկային՝ գիրքին հասեր է, կը նշանակէ, որ հարուածը արդէն կը դպչի միւս բոլոր պայքարի առարկաներուն ետին գտնուող ամենէն հիմնականին։
Դանակը հասեր է ոսկորին։
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ գիրքը խորհրդանիշ է մտքի ազատութեան, առաջնորդ՝ հանրային արդարութեան, ուղեցոյց՝ բնութեան պահպանութեան, կրող՝ լեզուի շարունակականութեան, հիմք՝ ուսման, պատկերացում՝ ճարտարապետական կոթողի, մատակարար՝ ոգեղէն ու նիւթեղէն հացի։ Վերջապէս, գիրքը մեր հաւաքական յիշողութեան պահապանն է։
Զգացականութեան վտանգաւոր եզրին մօտենալով, տեղին է նշել, որ այս մանր պոռթկումը, ինչպէս եւ վերջին օրերուն «Դիմագիրք»ի (Facebook) «Դէմ ենք գրքի թանկացմանը» էջին միջոցով ծայր առած բողոքը, կապոյտ երկինքի մէջ տեղի ունեցող փոթորիկ չէ։
Հետեւանքն է գիրքի մայրաքաղաք Երեւանին ընծայուած ամանորեան թունաւոր նուէրին՝ «Աւելացած արժէքի մասին ՀՀ օրէնքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքին, որ վաւերացուած է 2011ի Դեկտեմբերին։
Այս հանդիսաւոր առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, յանձինս իր հանճարեղ տնտեսագէտ անդամներուն եւ մեծաքանքար Ազգային Ժողովի աջակից պատգամաւորներուն, որոշած է դէմ դնել ափեղ-ցփեղ ծախսերու նախատեսուած գումարներու անբաւարարութեան, պայքարիլ ինչ-ինչ ապրանքներ հարկէ զերծ պահելու անարդարութեան դէմ, եւ փակել օրէնսդրութեան մէջ նկատուող բացերը՝ հարկային արդէն յետադիմական իր քաղաքականութեան թիրախ դարձնելով, ի միջի այլոց, գիրքը։
Ու թէեւ հրատարակչական քաղաքականութիւնը, մտաւորական աշխատանքը եւ ընդհանրապէս մշակոյթի հասկացողութիւնը միայն կը ծառայեն լոզունգային եւ ցուցադրական արտայայտութիւններու ծլարձակման, այս անգամ նոյնիսկ այդ նուազագոյն ձեւականութիւնը պահպանուած չէ։ Արդիւ՞նքը. յաւելեալ արժէքի հարկի (հայաստանեան կրճատումով՝ ԱԱՀ, որ անշուշտ չի կարդացուիր այբ-այբ-հօ, այլ... աա՛հ...) 20 առ հարիւրի հրամանագրումը գիրքերու վրայ։ Յաւելեալ հարուած՝ գրքասիրութեան ու ընթերցասիրութեան սովէն արդէն տառապող ու հրաշքով 500 գիրք սպառող (եթէ կը սպառէ) իբրեւ թէ երեք միլիոննոց Հայաստանի բնակչութեան, որ արդէն սովոր է, քանի՜ տարիներէ ի վեր, մշակութային ու հրատարակչական պետական խելացի քաղաքականութեան անմխիթար ու իսպառ բացակայութեան։
Մշակոյթի փոխ-նախարար Արթուր Պօղոսեան հազար աղբիւրէ ջուր բերած է՝ անարդարանալին բացատրելու համար, թէ՝ օրէնքի փոփոխութիւնը կը վերաբերի ներածուած գիրքերուն վրայ (գեղարուեստական գրականութիւն), «որովհետեւ նոյն օրէնքով դպրոցական գրականութիւնը, տետրերը, գրքերը, պարբերականներն արդէն ազատուած են ԱԱՀ-ից» («Հրապարակ», Փետրուար 29, 2012)։ Իբրեւ թէ մէկ միլիոն դրամի արժէքով գիրք ներածողը պէտք է հարկ վճարէ, երբ առաջ միայն կը վճարէին 58.350.000 դրամի արժէքով ներածողները։ Իսկ եթէ հարկը կը վերաբերի ներածողին, հոս ի՞նչ գործ ունի Հայաստանի մէջ տպուած գիրքին գինի բարձրացումը, կարելի է հարցնել։
Արդարեւ, Երեւանի գրախանութներուն հաշուապահերն ու հաշուեքննիչները անգրագէ՞տ են, որ օրէնքը սխալ կը կարդան։ Կա՞մ հարկային վարչութեան աշխատակազմը իր մասնագիտութեան տէրը չէ։ «Ինչ-որ տեղ ինչ-որ բան սխալ է», գրած է Ուիլիըմ Սարոյեանը։ Ելեւմտից նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանին համար կարծես թէ շատ յստակ է, թէ ո՞ւր է սխալը։ Ան հետեւեալը պատասխանած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատգամաւորական խմբակցութեան անդամներէն Լիլիթ Գալստեանի հարցապնդումին՝ ակնարկելով հրատարակիչներուն. «Մենք արդէն հասել ենք լիակատար համաձայնութեան եւ յուսով ենք, որ որեւէ այլ շարժում գրքերի գների հետ կապուած չի լինի: Օրէնքը միանշանակ է եւ պարզ, գրքերի գների բարձրացում, հարկերի բարձրացում չկայ: Կայ օրէնքի տարընթերցում, այլ օրէնքի, որը բացարձակապես չի վերաբերում գրահրատարակչութեանը» (www.yerkir.am, Փետրուար 29, 2012)։
Ի՞նչ է արդեօք Փետրուար 27ի «Հրատարակիչների Ազգային Ասոցիացիայի»՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին ուղղուած նամակին շարժառիթը։ Այդքան «միանշանա՞կ» է օրէնքը, որ մարդիկ հասկցեր են, թէ օրէնքին փոփոխութիւնը «ԱԱՀ անուան տակ ներմուծել է մի նոր հարկատեսակ, որն ամբողջ աշխարհում ընդունված ավելացված արժեքի հարկը չէ, քանի որ հակասում է դրա իմաստին եւ կիրառման կարգին»: Ցարդ չտեսնուած նորութիւնը վաճառքի հարկն է (impôt aux ventes), որ գոյութիւն չունի ըստ օրէնքի սահմանուած հարկատեսակներու ցանկին մէջ, այսինքն՝ չի կրնար կիրարկուիլ Հայաստանի մէջ։ (Արդեօք օրէնքի փոփոխութեան քաջահմուտ հեղինակները կարծեր են, որ Միացեալ Նահանգներու հարկային օրէնսգի՞րքը կը փոխեն...)։ «Որեւէ երկրում այդ երկու հարկերը միասին չեն կիրառւում, քանի որ դա յանգեցնում է նոյն ապրանքի երկու անգամ հարկման` մէկը` աւելացուած արժէքի հարկի շղթայում եւ միւսը` վաճառքի պահին»,- գրուած է նամակին մէջ (www.yerkir.am, Փետրուար 28, 2012): Մենք շատ մը բաներու առաջինները եղած ենք աշխարհի մէջ, այնպէս որ զարմանալու պատճառ չկայ, որ առաջինները ըլլանք՝ երկու հարկերու միասնական կիրարկումին մէջ։
Հրատարակիչներն ու նախարար Գաբրիէլեանը հանդիպեր են ու խնդիրը պարզաբաներ են։ Կառավարութեան նիստին՝ ի պատասխան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հարցումին, ան կրկնած է. «Մենք գրքերի վերաբերեալ որեւէ հարկային բեռ չենք աւելացրել 2011-2012 թուականների ընթացքում, այսինքն` նոր օրինագիծ կամ կառավարութեան որոշում, որից բխէր, որ գրահրատակութեան ոլորտը լրացուցիչ հարկերով է հարկւում, չի եղել։ Կայ այլ օրէնքի տարընթերցում աւելացուած արժէքի հարկի վերաբերեալ, որը վերաբերում է իրաւապայմանագրային յարաբերութիւններին» (www.gov.am, Մարտ 1, 2012)։ Եթէ խնդիրը «տարընթերցում»ի հետեւանք է, ուրեմն հաճեցէք հասկնալի հայերէնով շարադրել ձեր օրէնքները եւ ո՛չ թէ «փայտերէն»ով (langue de bois)...։ Ի վերջոյ, օրէնքը միջնադարեան գրականութիւն չէ, որպէսզի գրիչները այլեւայլ ընդօրինակութիւններ ընեն եւ մենք ալ օր մը «քննական բնագիր» կազմենք՝ հանդերձ «տարընթերցումներու»...։
Իսկ գրախանութներուն տէրերը կառավարութեան փայատէր մականունաւոր օլիգարխնե՞ր են, որ միլիոններու մէջ լողան եւ դեռ մնացած ընթերցող հասարակութիւնը կեղեքեն՝ գիրքերու գինը բարձրացնելով։ Պրն. Պօղոսեան «Հրապարակ» թերթի թղթակից Սոնա Ադամեանին չէ վարանած նմանօրինակ յայտարարութիւն մը կատարել (Փետրուար 29, 2012), յայտնելով, թէ օրէնքին մէջ ամէն ինչ ճիշդ է, իսկ յանցաւորը բնականաբար կառավարութիւնը չէ, այլ...  «մոնոպոլիստները»։ Սեփական աչքին գերանը մէկ կողմ ձգած, ուրիշին աչքին շիւղը կը տեսնեն։ Կարդացէ՛ք եւ վայելեցէ՛ք.
«Եթէ 20 տոկոս ներկրուող գրքերի մասով աւելացուել է հարկը, ինչո՞վ են բացատրում տնտեսվարող սուբիեկտները, օրինակ, «Նոյեան տապանը», որ գիրքը 3 հազարից դարձնում են կրկնակի՝ 6 հազար: Ես ունեմ որոշակի բացատրութիւն. հաշուի առնելով վերջին տարիներին գրքի հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւնը, հասարակութեան կողմից որոշակի պահանջարկի աւելացումը, որոշ տնտեսվարող սուբիեկտներ, որ այսօր մոնոպոլ դիրքեր են զբաղեցնում, սրանից օգտուելով, փորձում են ուղղակի բարձրացնել գրքերի գները, որովհետեւ ոչ մի տրամաբանական բացատրութիւն չկայ, դուք ինձ չէք կարող համոզել, որ այս օրէնքի փոփոխութեան պատճառով 3 հազար դրամանոց գիրքը դարձել է 6 հազար դրամ: Դա անհնար է: Եթե տնտեսվարող սուբիեկտը ցանկանայ կրկնակի, եռակի, քառակի վաճառել, դա արդեն իր խղճի վրայ է մնում, այնպէս որ, սա օրէնքի փոփոխութիւնից չէ»։
Յարգարժան փոխ-նախարարը չի կրնար համոզուիլ, նախ եւ առաջ, որ «գրքի հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւնը» իր երեւակայութեան արդիւնքն է միայն։ Յայտնապէս, չէ կարդացած երկու շաբաթ առաջ հրապարակուած՝ Վահան Խաչատրեանի վերոյիշեալ յայտարարութիւններուն հետեւեալ հատուածը, որ բաղդատականն է խորհրդային եւ յետխորհրդային ժամանակաշրջաններուն. «Ժամանակին ունէինք ընդամէնը 8 լուրջ հրատարակչութիւն, հիմա` գրեթէ 250, եւ թէեւ այն ժամանակ տարուայ մէջ 1100 անուն գիրք էր հրատարակւում (շուրջ 2500-3000 տպաքանակով), իսկ հիմա` երկու անգամ աւելի, սակայն տպաքանակները կրկնակի նվազել են (շուրջ 500-1000), ինչը նշանակում է, որ [գրքի] պահանջարկն էլ է նուազել» («Արմենիանաու», 10 Փետրուար 2011): Աւելորդ չէ նշել, որ մեր գրադարանին շարք մը գիրքեր ունինք, որոնք լոյս տեսած են վերջին տասնամեակին՝ 200-300 տպաքանակով, եւ անպայման նեղ մասնագիտական գործեր չեն...։
Փոխ-նախարարին հաշուապահական մարզանքները անպատասխան չեն մնացած։ «Նոյեան Տապան»ի գիրքերուն բաժնին հաշուապահը՝ Մարգարիտա Գուլգազարեան, պէտք եղածը ըսած է Ս. Ադամեանին («Նոյեան Տապան»ը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, խորհրդային շրջանի լայնատարած գրախանութէն կողք-կողքի վերածնած երկու գրախանութներուն... վերապրողն է)։ Զարմանք յայտնելէ ետք գիրքի հանդէպ հետաքրքրութեան իբրեւ թէ աճին մասին, ան անդրադարձած է գրագէտ Յովիկ Չարխչեանի խնդրոյ առարկայ հատորին. «Գիրքը 3 հազար դրամ էր, մենք վաճառում էինք 4 հազար 300 դրամով, մեր գանձոյթը 1.300 դրամն էր, նախկինում այդ 1.300 դրամից էինք մենք տալիս բոլոր հարկերը, հիմա նոր օրէնքով պահանջում են, որ մենք 4 հազար 300 դրամից տանք ԱԱՀ, եթէ դրանից հանում ենք ԱԱՀ, այնտեղ մնում է 3 հազարից մի քիչ ավելի, որից 300 դրամ էլ տալիս ենք եկամտահարկը, այդ բոլորը որ հանում ենք, տակը բան չի մնում, իսկ եթե չփոխէինք գինը, այլ շարունակէինք 4 հազար 300-ով վաճառել, ապա բոլոր հարկերը վճարելուց հետո տակը 2 հազար 600 դրամ է մնում, այսինքն՝ դեռ մի բան էլ մենք 400 դրամ պիտի աւելացնէինք, որ կարողանայինք հեղինակին իր գումարը տալ»։
Ով որ ականջ ունի՝ թող լսէ. եթէ գրավաճառը իր շահաբաժինը՝ 1300 դրամ, աւելիով պիտի զոհէ պետութեան երախին ու դեռ իր գրպանէն պիտի վճարէ հեղինակին՝ գիրքը ծախելու համար, բնականաբար 1300ի շահաբաժին ունենալու համար (աշխարհի ամէն կողմ՝ գրավաճառներու սովորական 40-45%ի շահաբաժինը) պէտք է գինը կրկնապատկէ, որպէսզի այդ շահաբաժինին քով՝ 1700 դրամ հարկը վճարէ։ Արդիւնքը՝ գինի կրկնապատկում։ Ասիկա գիտնալու համար, անհրաժեշտ չէ հաշուապահութիւն սորված ըլլալ, քանի որ եղածը... նպարավաճառի հաշիւ է լոկ։ Ահաւասիկ մեր գործադիր ու օրէնսդիր տնտեսագէտներուն անտեսած չնչին մանրամասնութիւնը. հարկային յաւելումը կը բերէ գիներու յաւելում, որ ուղիղ համեմատական չէ հարկային յաւելումին։
Մեզի հասնող լրագրական արձագանգները կը մատնանշեն, որ օրինակ՝ Ատրպէյճանն ու Պելառուսը 20 առ հարիւր յաւելեալ արժէքի հարկ կը կիրարկեն գիրքերու նկատմամբ, եւ այս փաստարկով է, որ Ելեւմտից նախարարութիւնը հակադարձած է հրատարակիչներու մտահոգութիւններուն։ Ըստ երեւոյթին, մենք պարտաւոր ենք հետեւիլ կա՛մ Ալիեւներու ժառանգական իշխանութեան (որոնց մայրաքաղաքին գրախանութներուն բովանդակութեան 85-90 առ հարիւրը ռուսերէն է, ամբողջովին ներածուած) կամ Խորհրդային Միութեան ժամանակին մէջ սառած երկրի մը տնտեսական քաղաքականութեան, փոխանակ օրինակ առնելու մշակութային աւելի յառաջդիմական փորձառութիւններէ, ինչպէս Գերմանիան, որ եօթը առ հարիւրի հարկ կը գանձէ, կամ Սլովակիան եւ Ուքրանիան, ուր գիրքը ազատ է հարկ վճարելէ։
Ի դէպ, քանի որ Երեւանը ջահը պիտի ստանայ Պուէնոս Այրէսէն, թերեւս հայրենի կառավարութիւնը հետաքրքրուէր Երեւանի Արժանթինի դեսպանէն, թէ ի՞նչ է յաւելեալ արժէքի հարկը այդ երկրին մէջ՝ գիրքերու պարագային։ Գոնէ պիտի իմանար, թէ այդ հարկը զերօ է նաեւ՝ գիրքերու վաճառքի պարագային։ (Ի դէպ, երկար տարիներու պահանջները տակաւին չեն յաջողած իրերայաջորդ կառավարութիւնները համոզել, որ այդ հարկը վերցուի հրատարակչական գործունէութեան բոլոր փուլերէն)։
Բայց, անշուշտ, կրնանք հանդիպիլ մտքի անստգիւտ գոհարներու, ինչպէս այս մէկը, որուն վաւերականութեան պահ մը կասկածեցանք, մինչեւ որ գտանք աղբիւրը՝ «Արմէնփրէս»ը։ Արդարացնելու համար, թէ ինչո՞ւ գեղարուեստական գրականութիւնը (արձակը, բանաստեղծութիւնը, թատրոնը...) տուրքի կ՚արժանանայ, Վ. Գաբրիէլեան մարգարէացեր է, ըստ պետական լրատուական գործակալութեան հաղորդումին, որ «եթէ գեղարուեստական գրականութեանը տրուի արտօնութիւն, ապա աւելի շատ գեղարուեստական գրքեր կը տպուեն յանցագործ աշխարհի մասին, եւ դրա փոխարէն Յովհաննէս Թումանեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի գրքերը ուշադրությունից դուրս կը մնան»: Կ՚անգիտանանք, թէ պարոն նախարարը ի՞նչ վիճակագրական տուեալներու դիմած է՝ նման չնաշխարհիկ ենթադրութեան ծնունդ տալու համար, բայց, այնունամենայնիւ, գրական աշխարհը կը կորսնցնէ՞ր, եթէ Ակաթա Քրիստիի լիակատար գործերը տպուէին կամ Յակոբ Օշականի թրքական բանտի կալանաւորները նկարագրող երկերը վերատպուէին Հայաստանի մէջ...։  
Ներկայ ընթացքով, ո՛չ գիրքի տարածումին կը սատարեն, ո՛չ մեր «մշակութասէր» ու «ընթերցասէր» ժողովուրդի հոգեկան կարիքներուն կ՚աջակցին, եւ ո՛չ ալ տրամաբանօրէն երկիր կը ղեկավարեն։ Միայն կ՚օգնեն սակաւաթիւ գրախանութներու ճգնաժամի խորացումին, հրատարակչատուներու ծանր գործին առաւել ծանրացումին եւ հեղինակներու գործերուն յաւելեալ թիւով անվաճառելի ու անտիպ մնալուն։
Միակ մխիթարականը այն է, որ, ինչպէս այլ երեւոյթներու պարագային, քաղաքացիական հասարակութիւնը սկսած է շարժիլ։ Գրողներու, ընթերցողներու եւ շահագրգռուող մարդոց առայժմ փոքրաթիւ խումբ մը որոշած է լուռ չմնալ եւ միջոցներ գտնել՝ նման կացութիւն դարմանելու համար։ Փետրուար 29ին տեղի ունեցած է երթ մը, որ մեկնած է Հանրապետութեան հրապարակի այժմ փակ «Անի» գրախանութի դրան առջեւէն («Անի»ն, որ շարունակած էր իր գոյութիւնը անկախութենէն ետք, անցեալ տարի «վաղաժամ կեանքից հեռացած» էր)՝ վարչապետին բողոքի նամակ մը յանձնելու։ Կրնաք գայթակղիլ պարզուած ցուցանակներէն՝ «Երեւանը գրքի համաշխարհային գերեզմանաքաղաք», «Դուք չէք կարդում, թողէք ուրիշները կարդան», «Գիրք առնողը ձեր չափ փող չունի», «Թանկ գրքով գարուն չի գայ», «Գրքերի թանկացումը՝ մտաւոր ցեղասպանութիւն», «Հայ գրատապութեան 500-ամեակ», «Գիրքը Բենթլի չի» (՚*)։ Եւ, բնականաբար, նման նշանախօսքեր լաւ քարոզչութիւն չեն հանդիսանար՝ ըլլա՛յ «մայրաքաղաքային» եւ ըլլա՛յ յոբելինական  տարուան ընթացքին։
Մամուլը սկսած է արձագանգել եւ ինչ-ինչ պաշտօնական «պարզաբանումներ» սկսած են լսուիլ։ Թերեւս այս շարժումը օգնէ պատկան իշխանութիւններուն պուտ մը խելք ներարկելու եւ համոզելու, որ այլեւս ժամանակն է ո՛չ թէ տասը գործելու եւ մէկ մտածելու, այլ տասը մտածելու՝ մէկ գործելէ առաջ։ Կարելի է յուսալ, որ անոնք քաջութիւնը պիտի ունենան անդրադառնալու իրենց գործած (հերթական) սխալին եւ գէթ այս մէկը ուղղումի ենթարկեն։ Կարելի է...։
Ի վերջոյ, եթէ արժանացած ենք «գիրքի մայրաքաղաք» տիտղոսին, ժամանակը չէ՞, որ նման տիտղոսներու արժանաւոր արդարացումը գտնենք, փոխանակ մեր ձեռքով գիրքի... մեռելաքաղաք սարքելու։

«Նոր Յառաջ», Մարտ 6 եւ 8, 2012

(*) «Պենթլի»ն (Bentley) անգլիական ինքնաշարժ մըն է, որուն միջազգային շուկայի արժէքը կը տարուբերի 184.000 եւ 290.000 տոլարի միջեւ։ Տարի մը առաջ, ան տխրահռչակ դարձած է Հայաստանի մէջ, երբ պարզուած է, որ անոր մէկ սեփականատէրը Հայց. Եկեղեցւոյ իշխանաւոր մըն է, որ իր մէկ սանիկէն «նուէր» ստացեր է։

No comments:

Post a Comment