18.10.11

Ով աչք ունի՝ թող տեսնէ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ի տարբերութիւն կուսակցական յայտնի քայլերգի տողերուն, «շահագործող ցեցեր»ը այս անգամ կարծես չեն ուզեր վատնել մեր դիզած քրտինքն ու արիւն վաստակը, եւ չոր հացի բաժին հանել։ Այս զարմանալի իրողութիւնը արժանացած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ուշադրութեան։
Սեպտեմբեր 10ին, ամերիկեան օրաթերթին խմբագրականներէն մէկը՝ «Լուսաւորեալ հարուստները կ՚ուզեն, որ հարկ գանձուի իրենցմէ» խորագրով, գրած էր հետեւեալը.
«Աշխարհի ամենահարուստ մարդոցմէն մէկ քանին կոչ կ՚ուղղեն հարուստներուն վրայ աւելի բարձր հարկեր հաստատելու։ Անոնք կը թուին ընդունիլ, որ տնտեսական անկումին բեռը միայն աղքատ ու միջին դասակարգերը պէտք չէ կրեն»։
Այնուհետեւ կը թուարկէ քանի մը օրինակներ։ Ամերիկացի բազմամիլիոնատէր ներդնող Ուորրըն Պաֆըթ Օգոստոսին ամերիկեան Գոնկրէսէն պահանջած էր, որ միլիոնատէրերէն գանձուող հարկերը բարձրանան։ Այնուհետեւ, Ֆրանսայի 16 մեծահարուստներ կոչ ուղղած էին կառավարութեան՝ իրենց հարկերը բարձրացնելու։ Իտալացի մեծատուն Լուքա տի Մոնթեցեմոլօ հրապարակաւ զօրավիգ կանգնած էր Պաֆըթի գաղափարին՝ «արդարութեան եւ համերաշխութեան պատճառներով»։ Գերմանացի շուրջ 50 ջոջեր նոյնպէս հարկերու յաւելումին ի նպաստ արշաւի մը ձեռնարկած են 2009էն ի վեր։
Թերթը կ՚ընդունի, որ այս թելադրանքը արդարութեան զգացումէ մը բխած ըլլալու է։ Մեծահարուստները տնտեսական տագնապէն բաւական լաւ ազատած են –Ամերիկայի պարագային՝ շնորհիւ ոչ-հարուստներու հարկերով ֆինանսաւորուած հսկայական փրկարար գործողութիւններու--, ուստի իրենց բաժինը պէտք է բերեն այժմ, երբ կառավարութիւնները ծախսեր կը կրճատեն ու ամենախոցելի տարրը անպաշտպան կը ձգեն։ Բայց եւ այնպէս, ուրիշ բացատրութիւններ կը գտնէ.
«Բայց այլասիրութիւնը ամբողջութեամբ չի բացատրեր, թէ ինչո՞ւ աշխարհատարած ընտրանիի անդամները յանկարծ շահագրգռուած են նուազելու պիւտճէի այն խոր կրճատումները, որոնք պիտի պատահին եթէ կառավարութիւնները բաւարար դրամ չհաւաքեն։ Անոնք նաեւ դրդուած են ուրիշ բանէ մը, զոր ոմանք պիտի կոչէին լուսաւորեալ սեփական շահեր։
Հարուստները կրնան բարձր պատերու ետեւ ապրիլ, բայց անոնք աշխարհը կը կիսեն աղքատ եւ միջին դասակարգերուն հետ, որոնք ուժգին հարուած մը ստացած են՝ անգործութեան եւ ընկերային բարօրութեան ծրագիրներու կրճատումներուն հետեւանքով։ Երբ Մերսետես Պենզ ինքնաշարժներ կ՚այրէին Պերլինի մէջ եւ խռովութիւններ կը պայթէին Լոնտոնի փողոցներուն մէջ, հարուստները պատկերասփիւռէն կը դիտէին։
Այս ազգերը միայն ընկերային անհանդարտութեամբ վտանգուած չեն։ Խստակրօնութիւնը արդէն տնտեսական աճը կը խափանէ Ատլանտեան ովկէանոսի երկու կողմերը։ Կրթութեան, ստորակառոյցներու եւ այլ կենսական կարիքներու յատկացուած գումարներու կրճատումը պիտի վնասէ ապագայ մրցունակութեան եւ պիտի վտանգէ արդիւնաբերական ազգերու տնտեսութիւնը սերունդներ շարունակ»։
Ամերիկեան թերթին թիրախը, բնականաբար, Միացեալ Նահանգներն է։ Ան կը յիշէ, որ ամերիկացիները պատմականօրէն աւելի քիչ հակամէտ եղած են ընկերային պայթումներու, քան եւրոպացիները, թէեւ աւելի աղքատութիւն կրած են, քան ուրիշ ժողովրդավար երկիրներ։ Սակայն, երբ անգործութիւնը 9,1% է, աղքատութիւնը՝ 15,1%, եւ ընտանեկան եկամուտները կ՚իջնեն, Գոնկրէսի պահպանողական (Հանրապետական կուսակցութեան պատկանող) մեծամասնութեան ջատագոված նուազագոյն հարկերու եւ նուազագոյն ծախսերու ծրագիրը միայն «մեր ընկերային հիւսուածքը պիտի վնասէ եւ մարդկային դրամագլուխը պիտի մսխէ»։
(Պատմութիւնը, սակայն, երբեմն կը հերքէ ինքզինք։ Այս յօդուածը հրատարակութեան յանձնուելու պահուն, Սեպտեմբեր 17էն ցուցարարներու փոքրաթիւ, բայց հետզհետէ մեծցող խումբ մը մշտական կերպով ցոյց կ՚ընէ ֆինանսական զարկերակ ու խորհրդանիշ հանդիսացող Նիւ Եորքի Ուոլ փողոցը (այսինքն՝ Wall Street), պահանջելով տնտեսական քաղաքականութեան փոփոխութիւնը։ Ցոյցերը սկսած են բազմանալ ուրիշ քաղաքներու մէջ՝ Ուաշինկթընէն մինչեւ Սիաթլ։ Ամերիկեան լրասփիւռները, վերջին օրերուն, բարեհաճած են Լիպիան ու Սուրիան պահ մը հանգիստ ձգել ու իրենց քիթին տակ զարգացող այս երեւոյթին արձագանգել, քանի որ ... ոստիկանութիւնը ինչ-ինչ պատրուակներով սկսած է ձերբակալել հարիւրաւոր մարդիկ)։
Ամերիկայի մէջ, կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագրականը, ամերիկացիներուն 1 առ հարիւրը –շուրջ 750.000 ընտանիքներ—երկրին եկամուտներուն աւելի քան 20 առ հարիւրը կը գրպանէ։ «Անակնկալ չէ, որ լուսաւորեալ հարուստները մտածեն, թէ աւելի բարձր հարկեր վճարելը իմաստուն ներդրում մը կրնայ ըլլալ։ Գոնկրէսի հանրապետականները պէտք է համոզուին այդ ճշմարտութեան», կ՚եզրափակէ թերթը։ 
Միայն Ամերիկայի՞ հանրապետականները։
Հապա՞ Հայաստանի «հանրապետականները»։
Ամենէն անիրազեկ ընթերցողն անգամ գիտէ, որ հոն ահաւոր անհաւասարութեան պարագայ մը կը տիրէ, ուր ընկերային հիւսուածքը աւելի՛ քան վնասուած է, իսկ մարդկային դրամագլուխը՝ անչափելի կերպով մսխուած։
Արդեօք հայ ազգի պարծանք օլիգարխներն ու անոնց ետին ու կողքին գտնուող «պետական այր»երը գիտակի՞ց են վիճակին, ինչպէս եւ աղէտալի հետեւանքներուն։ Արդեօք աշխարհի թերթերը կը կարդա՞ն, պատկերասփիւռի տեղեկատու կայաններ կը դիտե՞ն։ Կամ իրենց թանկարժէք ինքնաշարժերուն մթագնած ապակիներէն իրենց շուրջը նայելու ու տեսնելո՛ւ կարողութիւնը ունի՞ն...։

«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 18, 2011


















«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 18, 2011

No comments:

Post a Comment