15.10.11

Ֆութպոլային մեկնաբանութիւններ բաց նամակի մը առիթով

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը, իր լաւագոյն ելոյթները ունենալով քսան տարուան ընթացքին, հասած էր մինչեւ Եւրոպայի ախոյեանութեան 2012ի աւարտականներուն դուռը։ Վերջին խաղին (Հոկտեմբեր 11), պարտուելով Իրլանտայէն 2-1 արդիւնքով՝ Տապլինի մէջ, դուրս մնացած է աւարտականի մասնակցութենէն։ Հայրենի հաւաքականը մինչեւ վերջին վայրկեան իր լաւագոյնը փորձած է արդիւնքը փոխելու համար (միայն յաղթանակ մը իրեն կու տար յաջորդ հանգրուանի անցագիրը), հակառակ անոր, որ 55 վայրկեան տասը հոգիով խաղացած է, իսկ 59րդ վայրկեանին 2-0 կը կորսնցնէր։ Խաղի այս ընթացքին մէջ անկասկած իր բաժինը ունեցած է բերդապահ Ռոման Բերեզովսկիի դաշտէն վտարումը 26-րդ վայրկեանին՝ իրաւարարին գործած կոպիտ սխալի մը պատճառով. իբրեւ թէ ան գնդակը թեւով դպած էր տուգանային հրապարակէն դուրս՝ վերջին պաշտպանը ըլլալով, ինչ որ ինքնաբերաբար վտարումի ազդանշան է։ Սակայն, թէ՛ դրուագին տեսագրութեան կրկնութիւնը եւ թէ՛ իրլանտացի յառաջապահ Սայմըն Քոքսի խոստովանութիւնը, թէ ի՛նքն էր եւ ոչ թէ Բերեզովսկին, որ գնդակը կանխաւ ձեռքով դպած էր (ուստի՝ խաղը պէտք է այդ պահուն կասեցուէր), բաւարար են ցոյց տալու վճիռին անարդարութիւնը։

Այսուհանդերձ, ո՛չ մէկը կրնայ ըսել, բացի եթէ գուշակ ըլլայ, թէ «Հայաստանի հաւաքականը մրցավարի այս կոպիտ սխալի պատճառով զրկուեց Եւրօ-2012-ում հանդէս գալու հնարաւորութիւնից»։ Բերեզովսկին կրնար դաշտը մնալ, իսկ հայրենի պաշտպան Վալերի Ալեքսանեան կրնար սեփական բերդին մէջ կոլ արձանագրել ու իրլանտացի Տանն կրնար գլուխով երկրորդ կոլը նշել, ինչպէս որ պատահած է իրականութեան մէջ։ (Անփորձ բերդապահ մը կրնայ սխալիլ, բայց փորձառու բերդապահին ալ նման բաներ կը պատահին)։ Արդ, յուսախաբութեան եւ անբախտութեան արդարացի զգացումները բաւարար պատճառ չեն, կը կարծենք, որ ծիծաղելիի սահմանները անցնելով, բաց նամակներ յղենք, պահանջելով որ սպանացի իրաւարարին ընդհանրապէս արգիլուի իրաւարարութիւն ընել (բացի եթէ ապացուցուի, որ մարդուն նախընթաց գործունէութիւնը կը վխտայ նման սխալներով)։ Սակայն, գտնուած է սահմանը անցնողը, յանձին «Երկիր»ի խմբագրութեան կազմին, որ Հոկտեմբեր 12ին ՈՒԷՖԱյի նախագահ Միշէլ Փլաթինիին յղած է հետեւեալ բաց նամակը՝ վերի գուշակութեամբ հանդերձ։ (Նամակին արեւմտահայերէն վերածումը լոյս տեսած է «Ազդակ»ի Հոկտեմբեր 13ի թիւին մէջ, որուն խմբագրութենէն պիտի խնդրէինք, որ լեզուն չխաչէ, ի շարս այլոց, նորագիւտ «Այիր» տեղանունը ստեղծելով՝ հարիւրամեայ «Իրլանտա»յի փոխարէն...)։
Կը մնայ աւելցնել, որ եթէ նմանօրինակ սխալներ գործող արհեստավարժ իրաւարարները պատժուէին իրաւարարութեան զրկումով, բոլոր ֆութպոլասէրներս կրնանք վստահ ըլլալ, որ աշխարհի խաղերուն կէսէն աւելին իրաւարար պիտի չունենար...։
Ի դէպ, թելադրելի է,, որ գոնէ խուսափինք մեր չգիտցած լեզուով խայտառակուելէ յաչս օտարներու, ինչպէս անգլիագէտ ընթերցողները կրնան նշմարել կարդալով բաց նամակին վարի թարգմանութիւնը, զոր Yerkir.am կատարած է ու կը թելադրէ ուղարկել Փլաթինիին։ (Առանց մտնելու քերականական խնդիրներու մէջ, կը բաւէ երկու բառային օրինակ. to brake the rules կը նշանակէ «կանոնները արգելակել», ո՛չ թէ «կանոնները խախտել», որ է՝ to break the rules, իսկ «միջամտութիւն» հոս կը նշանակէ "intervention", ո՛չ թէ "interference")։ Չենք գիտեր, թէ ֆրանսացի նախկին ֆութպոլիստը անգլիագէտ է կամ ոչ, բայց հաւանաբար անգլերէն գիտցող քարտուղար մը ունի...։
  
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ՝ ՈՒԷՖԱ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԻՇԷԼ ՊԼԱՏԻՆԻԻՆ
Յարգելի նախագահ
Ֆուտբոլի Եւրօ-2012-ի որակաւորման փուլի Իռլանդիա-Հայաստան հանդիպման 26-րդ րոպէին մրցավար Գոնսալէսը կոպիտ սխալ թոյլ տուեց` ձեռքով խաղ արձանագրելով Հայաստանի հաւաքականի դարպասապահ Ռոման Բերեզովսկու գործողութիւններում, այն ընկալուեց որպէս վերջին յոյսի խախտում, եւ արդիւնքում Բերեզովսկին հեռացուեց: Մինչդեռ խաղի կանոնները խախտել էր Իռլանդիայի հաւաքականի յարձակուող Սայմոն Քոքսը` ձեռքով կասեցնելով գնդակը, եւ այդ մասին ինքն էլ խոստովանել է BBC Sport-ի թղթակցին:
Այն, որ Քոքսը խաղացել էր ձեռքով, իսկ Բերեզովսկու ձեռքին գնդակը չէր դիպել, մենք համոզուեցինք` բազմաթիւ անգամ դիտելով դրուագի կրկնութիւնը:
Իրական կարողութիւններով Եւրոպայի առաջնութեան ուղեգրի համար առաջին անգամ պայքարող Հայաստանի հաւաքականը մրցավարի այս կոպիտ սխալի պատճառով զրկուեց Եւրօ-2012-ում հանդէս գալու հնարաւորութիւնից:
Որպէս աշխարհահռչակ ֆուտբոլիստ եւ հասարակական գործիչ` ակնկալում ենք Ձեր միջամտութիւնը: ՈՒԷՖԱ-ն պէտք է խստօրէն պատժի հանդիպման մրցավար Գոնսալէսին` զրկելով նրան մրցավարական պրակտիկան շարունակելու հնարաւորութիւնից, որպէսզի հետագայում նոյնպէս նման ճակատագրական անարդարութիւն թոյլ չտրուի:
Yerkir.am-ի խմբագրակազմ
 
Yerkir.am-ի խմբագրակազմը այս նամակը ուղարկել է ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Պլատինիին և առաջարկում է, որ մեր ընթերցողները եւս իրենց էլեկտրոնային փոստերից նամակի անգլերէն տարբերակը ուղարկեն հետեւեալ հասցէին` info@uefa.com:

Open letter to UEFA president
Dear Mr. President,
During Euro-2012 Ireland-Armenia football game, on the 26th minute referee Gonzales gave a red card to Armenian goalkeeper Roman Berezovsky thinking that the latter had broken the rules and touched the ball with hands.
The rules of the game were broken by Irish attacker Simon Cox, when he stopped the ball with hands. He later admitted during his interview with BBC that he really did brake the rules, while the Armenian goalkeeper didn’t even touch the ball.
The fact that Cox had played with hands and Berezovsky didn’t touch the ball, we became confident after re-watching the recording of the game.
Armenia was battling for Euro-2012 for the first time and because of the referee lost that opportunity.
As a world famous football player and a social figure we expect your interference. UEFA must punish referee Gonzales and deprive him the opportunity to continue his practice.

No comments:

Post a Comment