24.9.11

Հայկական լրատուամիջոցները կը գոհացնեն, թէ՞ կը մտահոգեն

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
 
Ահաւասիկ հրատապ թղթածրար մը, որ սակայն, գրեթէ հրապարակային քննարկումի նիւթ չի դառնար, ոչ ալ լուրջ քննարկումի կ’ենթարկուի անոր գործընթացը, ճակատագիրը կամ հեռանկարը:
Բնական է, աստ ու անդ, երբեմն ականջալուր կ’ըլլանք խորհրդածութիւններու կամ արձագանգներու, բայց ատոնք ինչո՞վ կրնան լրատուամիջոցներու (իմա՝ մամուլի) թղթածրարին մասնագիտական եւ փորձագիտական իմաստ եւ բովանդակութիւն տալ:
Որոշ է, որ այս թղթածրարը «փշոտ» է, ունի իր բազմակողմ շերտաւորումներն ու խայտաբղէտ ծալքերը, որոնք իրենց համապատասխան «լուծում»ները գտնելու համար, անհրաժեշտ է, նախ եւ առաջ, հասկնալ անոր դերակատարութեան, ազդեցութեան ու առաքելութեան կարեւորութիւնը, առաջնահերթութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը, միանգամա՛յն:

Եթէ չկան այս գիտակցութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը, կը բացակային սթափութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, ալ ինչո՞ւ կը խօսուի լրատուամիջոցներու պահպանումի մասին, իսկ աւելի ահաւորը՝ ինչո՞ւ անոնց մեծ մասը լոյսին կու գայ տխրունակ ընթացքով ու բովանդակութեամբ:
Լրատուամիջոցներու դերը, իր թերթային հասկացողութիւններով, ինչի՞ կը ծառայէ, երբ լոկ «հրատարակուելու» կամ զանոնք «պահելու» սիրոյն կը կատարուին, համարեա բան մը չըսելու կամ կրկնելու կամ շաղակրատելու տափակութեամբ ու յանկերգութեամբ:
Այս բոլորը (որոնց բոլորին չանդրադարձանք) բառնալու համար է որ կը պահանջուի այս թղթածրարին կարկինը լայնօրէն բանալ, եթէ տակաւին հաւատք ու վստահութիւն կայ հայկական լրատուամիջոցներու կամ հայ մամուլի առաջնորդող ու լուսաբանող դերին նկատմամբ:
Բայց մղձաւանջը հո՛ս է, ասկէ՛ կը սկսի, որովհետեւ լրատուամիջոցներու արդիականացման ու մամուլի այժմէականացման մասին, ոչ միայն պատկերացում ու տեսիլք չկայ, այլեւ՝ պատկան «պատասխանատու»ներուն մօտ, ընդգծուած ձեւով, նշմարելի են անտարբերութեան, անհասկացողութեան եւ անհեռատեսութեան հիւանդագին գործօններ, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի ազգային գերխնդիրներուն, ինքնութեան կառչածութեան, գաղափարական ուղղութիւններուն ու քաղաքական կողմնորոշումներուն, միշտ մեր լինելիութեան ու գոյապահպանութեան առաջադրանքներով:
Այլապէս ալ, այս թղթածրարը բանալու համար, անպայմանօրէն, անհրաժեշտ են.

ա. Յանձնառու գիտակցութիւն
բ. Լրջամիտ պատասխանատուութիւն
գ. Անայլայլ յանդգնութիւն
դ. Մասնագիտական պատրաստուածութիւն
ե. Քատրային կազմակերպուածութիւն

Իրաւացիօրէ՛ն, կ’ըսուի թէ՝ մամուլը եւ իրեն ենթակայ բաժինները չորրորդ իշխանութիւն են, սակայն, այս ընդհանրացած ու միջազգայնացած ըմբռնումը, հայկական իրականութեան մէջ ո՞ւր կարելի է տեղադրել կամ կիրարկել:
Իշխանութեամբ յագեցած իշխանութիւնը իշխանութիւն կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ իսկական «իշխան»ավայելչութեամբ հանդէս կու գայ, միտքի ու գրիչի հզօրութեամբ, խօսքի ու գաղափարի հնչեղութեամբ, դաւանանքի եւ ուղղութեան հետեւողականութեամբ, սակայն, մի՛շտ ինքնավերանորոգուած ու բարեկարգուած լիցքով:
Իրենց ասպարէզային ու մակարդակային ոլորտներով, կա՞ն, ունի՞նք լրատուամիջոցներ ու մամուլ, որոնք կը յաւակնին ըլլալ չորրորդ իշխանութեան անդամ:
Խիստ տարակուսելի է:
Ի հարկէ, ոմանք կրնան առարկելի կամ վիճելի գտնել այս մէկը, սակայն, կարծր իրականութենէն ի՞նչ կը փոխուի, նոյնիսկ եթէ արդարացուի թէ կան այնպիսիներ, որոնք կը ձգտին լաւագոյնին կամ հեռու են վերեւը մատնանշուածէն:
Բայց, անոնք ալ պէտք չէ մոռնան, որ իրենց լրատուն կամ մամուլը եւս կը գտնուի հակակշռութեան ու հսկելիութեան տակ, տեսակէտի ու քննադատութեան սահմանափակումով (կամ արգելքով):
Վերջերս, Մամուլի Ազատութեան միջազգային օրուան առիթով, խիստ ուշագրաւ երեւոյթ հանդիսացաւ հայրենի կարգ մը խմբագիրներու կարծիքը, որուն միտք բանին այս էր. Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցներու վիճակը մտահոգիչ է:
Խնդրեմ, հոյակապ նախաձեռնութիւն մը, ես կ’ըսէի՝ իրագործում մը, ուր յայտնի խմբագիրներ, իրենց ապրած ցաւերուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին կ’ահազանգեն, քննադատական թէ ինքնաքննադատական դիտանկիւններէ:
Անկախաբար անկէ որ ի՞նչ հետեւանքներու կամ լուծումներու կ’առաջնորդեն այդ հարցերը, բայց, բարացուցական է երեւոյթը. հրապարակաւ ու բարձրաձայն կը հնչէ «մտահոգիչ»ութիւնը Հայաստանի լրատուամիջոցներուն:
Ասիկա Հայաստանի մէջ, իսկ Սփիւռքի մէջ ի՞նչ կ’ընենք. անցողակի անդրադարձ մը, հպանցիկ յիշեցում մը, չոր հպում մը, լաւագոյն պարագային՝ փխրուն քննադատութիւն մը ու՝ վե՛րջ:
Բայց, այս տրամաբանութեամբ ու մերձեցումով, կարելի՞ է լրատուամիջոց ու մամուլ կենսունակ պահել, հպարտանալ թէ անոնք կան ու կը ծառայեն ընթերցող լայն հասարակութեան, մանաւանդ երբ հոն չկան դիպուկ ու շահեկան վերլուծումներով, դատումներով ու մեկնաբանութիւններով գրութիւններ:
Ուրեմն, կը նշանակէ թէ՝ ժամանակը հասունցած (եւ անցած) է այլեւս. պէտք է այս թղթածրարը բացուի ու դառնայ մնայուն օրակարգ, իր զանազան երեսներով:
Եթէ պիտի շարունակուի սովորամոլութիւնը եւ աւանդականութիւնը, ձգձգումն ու քաշքշուքը, կողմի մը անճարակութեամբ, ուրիշի մը՝ սնանկութեամբ կամ հազարումէկ սին պատճառաբանութիւններով, այն ժամանակ պէտք է համարձակիլ գոռալու, թէ «մտահոգ»ութիւնը քիչ է, ի դէմս անզուսպ գահավիժումին:

«Ռամկավար Մամուլ» (www.ramgavar.org)


No comments:

Post a Comment