19.9.11

Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները գործնական յառաջընթացի չյանգեցան

«Առաջին լրատուական» կայքէջը (www.1in.am) Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն-Տիրպորն համալսարանի Հայկական Հետազօտութեան Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Արա Սանճեանի հետ կատարած  է հետեւեալ հարցազրոյցը, զոր կու տանք նոյնութեամբ իր շահեկանութեան համար։

-Պարոն Սանճեան, տարիներ շարունակ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներ են կազմակերպւում։ Մեծ հաշուով ի՞նչ են շահում Հայաստանը եւ Սփիւռքը այդ համաժողովներից։
-Վերջին տարիներուն կազմակերպուած Հայաստան-Սփյուռք համաժողովները կարելի է բաժնել երկու հանգրուանի։ Առաջինը երեք համընդհանուր հաւաքներն էին, որոնք 1999 թուականէն ետք, նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի և արտգործնախարար Վարդան Օսկանեանի իշխանութեան եղած շրջանին տեղի ունեցան։ Կը թուի, թէ նոյն տարողութեան բազմամարդ հաւաքներ այլեւս պիտի չկազմակերպուին, որովհետեւ պարզ դարձաւ, որ բացի իրենց խորհրդանշական իմաստէն, անոնք որեւէ գործնական յառաջընթացի չյանգեցան։
2008 թուականին Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն ետք, շեշտը կարծես թէ կը դրուի աւելի մասնագիտական բնոյթի հաւաքներու վրայ։ Վերջին երեք տարիներուն կազմակերպուեցան ճարտարապետներու, իրաւաբաններու, կերպարուեստի գործիչներու, ֆինանսիստներու եւ բանկիրներու, ինչպէս նաև առեւտրա-արդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու համահայկական հաւաքներ։ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքոյ կայացաւ նաեւ լրագրողներու համահայկական հինգերորդ համաժողովը։ Կը հաղորդուի, որ նոյնանման հաւաքներ կը նախապատրաստուին սրտաբաններու, գիւղատնտեսութեան մարզի աշխատողներու եւ խոհարարներու համար։ Թերեւս կանուխ է այս նոր մօտեցման արդիւնաւէտութեան վերջնական գնահատական տալ։ Այսուհանդերձ, կը կարծեմ, որ մասնագիտական բնոյթ կրող այս հաւաքներուն նկատմամբ Սփիւռքի մէջ յարգանքը կ’աւելնայ, եթէ այս համաժողովներուն ընթացքին ստեղծուած ճարտարապետներու եւ իրաւաբաններու համահայկական ընկերակցութիւններն ու «Հայկական առեւտրային ցանցի» խորհուրդը ստէպ հանդէս գան իրենց գործունէութեան մասին հրապարակային զեկոյցներով։ Այլապէս, այս մասնագիտական համաժողովներն ալ ժողովուրդի աչքին առաջին հանգրուանի Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու ճակատագրին կրնան արժանանալ։

-Ըստ Ձեզ, ի՞նչ մակարդակում, ո՞ր հարթութեան վրայ պէտք է լինեն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, ինչպիսի՞ն են Ձեր ընկալումները այս յարաբերութիւնների վերաբերեալ։
-Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները հայկական իրականութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը դարձան այն օրուընէ սկսեալ, երբ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի վաղորդայնին հնարաւոր չեղաւ իրագործել Միացեալ Հայաստանի ու հայահաւաքի իտէալները։ Անկէ ի վեր՝ արդէն 90 տարի, Երևանի մէջ նստած որեւէ կառավարութիւն եւ Սփիւռքի մէջ գործող որեւէ ազդեցիկ կազմակերպութիւն չէ կրցած խուսափիլ այս յարաբերութիւններուն նկատմամբ դիրքորոշում ճշդելու պարտաւորութենէն, կամ անոնց մէջ ընդգրկուելէ, որովհետև հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ բնակող հայերուն միջև ստեղծուած հոգեկան ու գաղափարախօսական կապերը խոր նստուածք ունին և կը շարունակեն ուղղութիւն տալ մեր քաղաքական ու մշակութային համոզումներուն եւ անոնցմէ բխող մեր գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն։
Բայց հայ իրականութիւնը խայտաբղէտ է ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ։ Ուստի, պէտք է հաշտուինք այն իրողութեան հետ, որ անտրամաբանական է ակնկալել թէ ի սփիւռս աշխարհի ապրող բոլոր հայերը երբեւիցէ միասնական ընկալում պիտի կարողանան որդեգրել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նեղ բնորոշման կամ անոնց առաջնահերթութիւններու սանդղակին շուրջ։ Նոյնպէս անարդիւնաւէտ պիտի ըլլայ այդպիսի օրակարգ մը ի վերուստ պարտադրելը՝ Երևանի կառավարութեան կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան կողմէ՝ յատկապէս երբ հայկական պետութիւնը իր ժողովուրդին ու միջազգային հանրութեան առջեւ ստանձնած է ժողովրդավարական ըլլալու պարտաւորութիւն։ Ներկայ հանգրուանին, Հայաստանի պետական կառոյցները պէտք է ապահովեն այն անհրաժեշտ պայմանները որոնցմով հնարաւոր ըլլայ Հայաստանի և Սփիւռքի տարբեր կառոյցներու միջեւ ուղղակի եւ բազմակողմանի կապերու հաստատումն ու բարգաւաճումը։ Առաւելագոյնը, անոնք պէտք է հանդէս գան այս յարաբերութիւնները համադրողի ու ներշնչողի կամ խրախուսողի դերով։

-Արդեօք հնարաւոր համարո՞ւմ էք փոխներգործութիւնները, փոխազդեցութիւնները Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։
-Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջև փոխներգործութիւնն ու փոխազդեցութիւնները արդէն իսկ 90 տարուան անցեալ ունեցող անուրանալի իրողութիւն են։ Կը մնայ զանոնք կարգաւորել այնպէս, որ անոնք դառնան փոխշահաւէտ եւ նպաստեն այս յարաբերութիւններու ցանցին մէջ ընդգրկուած իւրաքանչիւր անհատի կամ հաւաքականութեան նպատակներու իրականացման։

-Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ինչպէ՞ս էք գնահատում։
-Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը եկաւ լեցնելու այն բացը, որ գոյացած էր խորհրդային վերջին տասնամեակներուն գործած Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի կազմալուծուելէն ետք։ Ի հարկէ, ինքնիշխան Հայաստանն այսօր կաշկանդուած չէ խորհրդային ֆեդերալ ու կեդրոնաձիգ կառոյցի պարտադրած սահմանափակումներով։ Ըստ այնմ, Սփիւռքի նախարարութենէն ժողովուրդին ակնկալիքներն այսօր աւելի շատ են քան 1960-80-ական թուականներուն։
Այսուհանդերձ, քաղաքականութեան մէջ իմ ունեցած ակնկալիքներովս ես առաւելապաշտ չեմ, եւ այդ մեկնակէտէն դատելով ընդհանուր առմամբ բաւարարուած եմ Սփիւռքի նախարարութեան եռամեայ գործունէութեամբ։ Սփիւռքի նախարարութիւնը հայ իրականութեան ծնունդն է և անտրամաբանական է նորաստեղծ կառոյցէ մը սպասել թէ ան յանկարծ երկնակամարին վրայ պիտի յայտնուի կախարդական ցպիկով ու կարճ ժամանակի ընթացքին լուծում տայ այնպիսի հարցերու, որոնց պատասխանը սփիւռքահայերը չեն կրցած գտնել ամբողջ 90 տարի։ Միաժամանակ, Սփիւռքի նախարարութիւնը միայն մէկն է Հայաստանի մէջ գործող աւելի քան երկու տասնեակ նախարարութիւններէն և իրաւունք չունինք զանիկա այլ չափորոշիչներով գնահատելու։ Սփիւռքի նախարարուհիին բազմաթիւ այցելութիւնները արտասահմանի հայագաղութներ, նոյնիսկ՝ լաւագոյն պարագային, Հայաստանով մօտէն հետաքրքրուող սփիւռքահայուն մօտ միայն մասա՛մբ կրնան հակակշռել Հայաստանի դիմագրաւած ներքին դժուարութիւններուն (տնտեսական մենաշնորհներ, պետական պաշտօններու ուղղակի թէ անուղղակի առուվաճառք, դատական իշխանութեան փտածութիւն ու կախեալ վիճակ, բանակէն ներս օր աւուր կրկնուող իբրև թէ ինքնասպանութիւններ, ևն.) թողած ոչ-հաճելի տպաւորութիւնը։
Իմ անձնական կապս Սփիւռքի նախարարութեան հետ եղած է աշխատանքիս բերումով և սահմանափակուած է հրատարակութիւններու և նամակներու փոխանակութեամբ։ Հայաստանի այլ պետական կառոյցներու հետ վերջին տարիներուն նման յարաբերութիւններու փորձ չունիմ և չեմ կրնար համեմատել։ Բայց Սփիւռքի նախարարութիւնը համեմատելով Հայաստանի գիտական հիմնարկներուն հետ, վերջին երկու տարուան փորձառութիւնս զիս կը մղէ ըսելու թէ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատելաոճը աւելի պրոֆեսիոնալ ու գործնական է։ Ըստ այնմ, զուտ քաղաքավարական ու պրոֆեսիոնալ առումով ինծի եւ ինծի նմաններուն համար աւելի պարտաւորեցուցիչ է։

-Նախարարութեան ստեղծումից յետոյ փոփոխութիւններ եղե՞լ են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններում։ Եթէ այո, նշէք խնդրում եմ, եթէ ոչ` ապա ինչու։
-Արմատական փոփոխութիւններ, ի հարկէ, չեղան։ Ո՛չ ալ կ’ակնկալէի, որ ըլլային։ Չեմ կրնար ըսել, թէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները որեւէ ձևով վատթարացան Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն ետք։ Իսկ եթէ եղան բարելաւումներ որոշակի նեղ բնագաւառներու մէջ, դժբախտաբար նախարարութիւնն ու անկախ մամուլը լաւ չմեկնաբանեցին դէպի առաջ այդ փոքր քայլերուն երկարաժամկէտ նշանակութիւնը։ Չեմ գիտեր, թէ նախարարութիւնն ունի բաւարար մարդուժ ու նիւթական միջոցներ լիարժէք իրագործելու իր յայտարարած բոլոր ծրագիրները։ Առաջին քանի մը տարուան համար թերևս աւելի օգտակար պիտի ըլլար, եթէ նախ ճշդուէր Սփիւռքի նախարարութեան իրաւասութիւններու իսկական շրջանակը, որպէսզի կրկնութիւններ չըլլան Արտաքին Գործերու, Կրթութեան և այլ նախարարութիւններու դէպի Սփիւռք ուղղուած գործունէութեան հետ, յետոյ՝ ընտրուէին քանի մը ծրագիրներ, որոնց յաջող իրագործումէն ետք համընդհանուր խանդավառութիւն յառաջանար Սփիւռքի նախարարութեան իրաւասութեան եւ աշխատանքներու շրջանակը հետզհետէ լայնցնելու ուղղութեամբ։ Շատ կարեւոր է նաեւ, որ այս նախարարութիւնն ստանձնած առաջին նախարարը լուրջ աշխատանք տանի ստեղծելու համար ներքին ուժեղ կառոյց, որ շարունակէ նոյն արդիւնաւէտութեամբ գործել, նոյնիսկ եթէ նախագահի կամ կառավարութեան փոփոխութեան հետեւանքով նշանակուի նոր նախարար։ Թէ ինչքանո՛վ ներկայ նախարարուհին կը յաջողի այս ուղղութեամբ, ինծի նման հեռուէն հետեւողներուն համար յայտնի պիտի դառնայ միայն ապագային։  
ԱՆԻ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ

No comments:

Post a Comment