10.8.11

Դիմագրքային պատուիրաններ

«Ֆէյսբուքեան պատուիրաններ ըստ Համօ Դանիէլեանի» դիպուկ բովանդակութեամբ տասը թելադրանքներու շարքի մը հանդիպեցանք, զոր արեւմտահայերէնի վերածելով ստորեւ կը յանձնենք մեր ընթերցողներու խորհրդածութեան։
  1. Մի՛ ունենար ուրիշ հաշիւներ կամ դիմագծեր, բացի իսկականէն։
  2. Ընկերներուն թիւն ու հաւանութիւնները (like) կուռք մի՛ շիներ քեզի համար։ Մի՛ երկրպագեր եւ մի՛ պաշտեր զանոնք։
  3. Ի զուր մի՛ յիշեր հաւնիլը, որովհետեւ ի զուր յիշողին հաւնածը արժէք չունի։
  4. Յիշէ՛ հանգստութեան օրը եւ երբեմն-երբեմն Դիմագիրքէն դուրս ե՛լ։ Յիշէ՛, որ իրական կեանքն ալ կայ։ Այնպէս ըրէ՛, որ երջանիկ ու յաջող ըլլաս այդ կեանքին մէջ եւ ո՛չ թէ Դիմագիրքի մէջ ցոյց տաս, որ այդպիսի մէկն ես։ Յիշէ՛, որ Ցիւքերպէրկը [Mark Zuckerberg` "Facebook"ի հիմնադիրը] Դիմագիրքը ստեղծեց ճիշդ այդ նպատակով ու մի՛ ձգեր, որ իր ստեղծածը խանգարէ քեզ։
  5. Պատուէ՛ քու իրական ընկերներդ, որպէսզի իրական ընկերներուդ ցանկը երկարի և ոչ թէ Դիմագիրքի ընկերներու թիւը աւելնայ։
  6. «Շնորհաւոր տարեդարձ» կամ happy birthday մի՛ գրեր միայն որովհետեւ Դիմագիրքը քեզ յիշեցուցած է։ Եթէ իսկապէս շնորհաւորութեանդ արժանի էր, յիշէիր։
  7. Մի՛ հաւնիր դուն քեզ։ 
  8. Ի զուր նիւթեր մի՛ կիսեր։ Ուրիշին կիսածները առանց զինքը յիշելու մի՛ տեղադրեր ու մի՛ գողցիր։ 
  9. Կեղծ տեղագրութիւններ մի՛ ըներ։ 
  10. Մի' ցանկար քու ընկերոջ ընկեր/ուհի/ները, կամ անոր կարգավիճակը (status), կամ անոր լուսանկարները, կամ անոր ստացած հաւանութիւնները։ Մի՛ ցանկար քու ընկերոջդ որեւէ բան։

No comments:

Post a Comment