9.11.09

Blog բառին հայերէնը

Վերջերս, Լոս Անճելըսի «Նոր Օր» շաբաթաթերթի նորանշանակ խմբագիր Մինաս Գոճայեանը «"Նոր Օր" (1922-2009). սրտբաց զրոյց ընթերցողներուն հետ» վերնագրուած խմբագրականի մը մէջ ինքզինքը կը ներկայացնէր հասարակութեան։ Ան կը գրէր, ի միջի այլոց, թէ «կը ստանձնենք միշտ հին ու նոր այս պաշտօնաթերթը համակարգիչի, համացանցի եւ գերարդիական կազմածներու բուռն զարգացման շրջանին, երբ քիչ թէ շատ գրագէտ ամէն մարդ կրնայ ունենալ իր անձնական թերթն (blog) ու կայքէջը՝ օժտուած գունաւոր, գրաւիչ ու լսատեսողական յատկանիշներով» («Նոր Օր», 22 Հոկտեմբեր 2009)։
Մեր նախաձեռնութիւնը, այսուհանդերձ, նպատակ չունի փոխարինելու մեր աշխատակցութիւնը հայկական մամուլին, այլ պարզապէս սեփական արտայայտութեան լրացուցիչ միջոց մը դառնալու, որ թերեւս հնարաւոր ընթերցողներ մղէ անմիջական հակազդեցութեան ու անդրադարձի։ Կամ թերեւս դիմաւորուի լռելեայն ընթերցումով, բայց ոչ գործնական մասնակցութեամբ։
Ամէն պարագայի, տեղին էր, սկսելէ առաջ, ճշդել... blog բառին հայերէնը, որ ինչպէս կը նկատուի Մ. Գոճայեանի տողերէն, տակաւին լինելութեան մէջ է։ Արեւելահայերէնը, ինչպէս սովորութիւն է, անճիգ կերպով պարզապէս որդեգրած է միջազգային «բլոգ» եւ «բլոգեր» բառերը։ Ճիշդ է, որ blogը կրնայ այսօր գոյութիւն ունենալ որպէս արտայայտութեան միջոց, իսկ վաղը՝ ոչ։ Բայց որքան ատեն որ գոյութիւն ունենայ, կրնանք հայերէն համարժէք մը ստեղծելու փորձը կատարել, մանաւանդ որ բառը թոյլ կու տայ նման հնարաւորութիւն։ Անգլերէն blog բառը, ինչպէս յայտնի է, weblog բառին կրճատումն է։
Այս մեկնակէտով, «Դիմագիրք»ի (Facebook) մէջ հրատարակուած կարճ ծանուցումով կը յայտնէինք, թէ հրապարակ ելած էր «Armeniaca-Հայկականք» կայքատոմարը։ «Կայքատոմար» բառը, բնականաբար, weblogի հայացումը կը փորձէր ըլլալ՝ web («կայք») եւ log («տոմար») բառերուն միացումով։ Մասնագիտութեան բերումով, ի մտի ունէինք նաեւ գրագէտ Կոստան Զարեանի գործածած «նաւատոմար» բառը։
Ճիշդ է, սակայն, որ այս բառը ճկուն ածանցումի կամ բարդութեան կարելիութիւններ չ՚ընծայեր, եթէ փորձենք to blog, blogger եւ blogging բառերը հայացնել։ «Կայքատոմար»ը առաջարկելով մեր բարեկամ Յակոբ Կիւլլիւճեանին (Լոս Անճելըս), որ որոշակի վաստակ ունի տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) եզրաբանութեան հայացումին մէջ, ան ներկայացուց իր այլընտրանքը՝ կայքագիր։ Առաջին բառը (հմմտ. «լրագիր»), աւելի կարճ ըլլալէ զատ, թոյլ կու տայ բայաստեղծումը՝ կայքագրել (to blog, հմմտ. «տեղեկագրել») եւ ածանցումը՝ կայքագրող (blogger, հմմտ. «լրագրող»)եւ կայքագրութիւն (blogging, հմմտ. «լրագրութիւն»)։ Հետեւաբար, կ՚որդեգրենք զայն ու կը յանձնենք մեր ընթերցողներուն ու, ինչո՞ւ չէ, հայ մամուլի ուշադրութեան։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

1 comment:

  1. Վարդան՝

    Այս նիւթով յետաքրքրուած անհատները պիտի ուրախանան այս կայքատոմարը կարդալով։

    Ապրիք՝ Լօլա

    ReplyDelete