18.11.09

Ո՞վ տէր պիտի կանգնի

Յոբելինական տարի էր 2007ը։ Ի շարս բազմաթիւ նշանաւոր ու աննշան տարելիցներու, բայց նաեւ անոնցմէ գերիվեր, “սեւ” տարելից մըն ալ նշուեցաւ. 1937ի ստալինեան մաքրագործումներուն 70ամեակը։
Եթէ 1915ը մեր յիշողութեան մէջ այնքան ծանր կը կշռէ իբրեւ մեր հաւաքական գոյութիւնը սասանող Աղէտ մը՝ իր բազմաճիւղ ու բազմապիսի երկարաձգումներով, նոյնքան ծանր պէտք է կշռէ այդ արձագանգներէն մէկը՝ 1937ը, որուն զոհերը՝ չարչարուած, բանտարկուած, գնդակահարուած, Սիպերիոյ սառնամանիքներուն թէ անոնց ճանապարհին մեռած, նոյնիսկ՝ սակաւաթիւ ազատողները, յաճախ Աղէտին վերապրողներ էին, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով անոր երախէն ճողոպրած, թրքական բռնատիրութենէն ազատելով համայնավար ամբողջատիրութեան ճանկերուն մէջ իյնալու համար։


Ու հոս կապ չունի, թէ 1915ի զոհերը արեւմտահայ էին (բայց կային նաեւ արեւելահայեր), իսկ 1937ի զոհերը՝ արեւելահայ (բայց կային նաեւ արեւմտահայեր)։ Երկու պարագաներուն ալ տուժողը հայ ժողովուրդն էր առանց որեւէ զատորոշումի։ Ով որ ուղղակի իր կամ իր պապերուն մորթին վրայ զգացած չէ, իր սրտին վրայ զգացած է, կամ պէտք է զգայ, որպէս հայ ու որպէս մարդ արարած։
Եթէ 1915ի դեռ լրիւ չգրուած սեւագոյն էջերէն մէկը թրքական պետութեան գործակից հայանուն մատնիչներուն եւ լրտեսներուն պատմութիւնն է, 1937ի դեռ լիովին չարձանագրուած նոյնքան սեւ էջ մըն է վարչակարգին հետ գործակցած, ամենատարբեր հանգամանքներով (լրտեսէն մինչեւ մատնիչը, “դատաւոր”էն մինչեւ դահիճը) դեր ունեցած հայանուն մարդոց պատմութիւնը։
Մինչ 1915ի էջը այս կամ այն ձեւով պատմութեան գիրկը անցաւ (որոշ մարդիկ անյայտացան, իսկ ուրիշներ պատմութեան գիրքերուն մէջ արձանագրուեցան՝ իրենց արդար ահաբեկումին բերումով), թէեւ արժանի է իր յայտնի ու անյայտ ծալքերով պատմուելու՝ խորագոյնս թաղուելէ առաջ, 1937ի սեւ էջին այդ դրուագը տակաւին կոտտացող վէրք մըն է, որուն դերակատարներուն շարքին էին (ո՜վ պատմութեան հեգնանք) նաեւ... Աղէտէն ազատածներ։
1915ի մատնութեան ծնունդ տուող օսմանեան վարչակարգը անհետացաւ ու միայն հայու բեկորներ մնացին անոր իրաւայաջորդ թրքական հանրապետութեան բռնի լռութեան դատակնիքին տակ։ Անցեալը վերաշարադրուեցաւ ու մոռացութեան մատնուեցաւ, թերթի հաւաքածոներն ու արխիւները բծախնդիր մաղումի կամ փճացումի արժանացան, եւ միայն այդ սահմաններէն դուրս հրատարակուած կամ անոնցմէ դուրս մնացած գիրքեր ու թերթեր ցարդ վկայութիւններ կը պահպանեն։
Բայց 1937ի ահաւոր դէպքերը իրագործող վարչակարգը այնուհետեւ աւելի քան կէս դար գոյատեւեց։ Անցեալը շարադրուեցաւ ու վերաշարադրուեցաւ, իսկ ահաբեկումի ենթարկուած ժողովուրդը միայն կարողացաւ իրեն ընձեռուած նեղ “պատուհաններ”ը թիզ առ թիզ բանալ՝ անսահման ուշադրութեամբ, փորձելով քիչ մը աւելի լոյս սփռել այդ անցեալին վրայ։
Նման պարագաներու, յաճախ կը պատահի, որ գրաւոր թէ բանաւոր վկայութիւններու ճամբով աւելի բան լսուի կամ տարաձայնուի տուեալ երկրի սահմաններէն դուրս։ 1937ի Մեծ Սարսափին ընթացքին կամ անկէ ետք վիճակը տարբեր չեղաւ։ Այդ տարիներուն էր, որ Չօպանեանը “Յուդա Նայիրիները” (1) (իմա՛՝ Նայիրի Զարեանը) կ՚ամբաստանէր որպէս խորհրդահայ մտաւորականութեան ջարդի մեղսակիցներ ։
Սակայն, բնական է, որ հիմնական հրապարակումները, հիմնական բացայայտումները վերջին քսանամեակին տեղի ունենային Հայրենիքի մէջ, ու այդ ընթացքն ալ շարունակուի հետագային։
Նոյնքան բնական է, որ տակաւին շատ ուժեղ ընդդիմութիւն մը ըլլայ՝ հրապարակումներուն ու բացայայտումներուն մինչեւ վերջը հասնելու։ Ի վերջոյ, միայն 1937ը խնդրոյ առարկայ չէ, այլ ամբողջ վարչակարգը եւ բազմաթիւ անձերու դերակատարութեան չափն ու պայմանները։ Տուժածներուն եւ իրենց ընտանիքներուն կողքին, տուժողներուն հարազատներն ու բարեկամները կան, եւ այլն, եւ այլն։ Ներկայ է նաեւ “ժամանակն էր մեղաւոր”ի հոգեբանութիւնը, որ տարբեր ընկերութիւններու տարբեր աղէտալի պահերու փորձած է հակադարձել յետին ճշմարտութեան որոնումին։ Ընդունինք, որ վերջինս, եթէ զգուշութեամբ յառաջ չտարուի, մերթ վհուկներու որսի վերածուելու եւ նոյնիսկ հասարակութեան ուշադրութեան շեղելու կամայ թէ ակամայ դերին կրնայ ծառայել։
Գալիֆորնիաբնակ գրագէտ Ստեփան Ալաջաջեանը այդ հոգեբանութեան մէկ օրինակը մէջբերած է խորհրդային տարիներուն նուիրուած “Յորձանուտը” յուշագրութեան մէջ։ Հոն կը վկայակոչէ 1968ին Մոսկուայի մէջ հանդիպած ու 1930ականներուն “վերեւներից” հրամանները գործադրող հայաստանեան ջարդարար “տրոյկա”յին (եռեակ) անդամներէն մէկը։ Լսելէ ետք անմեղ “ժողովրդի թշնամի”ի մը ոչնչացման մասնակցութեան մանրամասնութիւնները, Ալաջաջեան կÿընդմիջէ.
“ Մի՛ շարունակիր, խնդրեցի, մարմինս փշաքաղուեց... Քստմնեցուցիչ պատմութիւն է, ստորագո՛յն, մորթապաշտի պատմութիւն...
Հո՛ նրա փոխարէն մենք չէինք կորչելու։ Արդէն Սերյոժին [sic] տարան, գնդակահարեցին, դէ Ալեքն էլ մեռաւ... Միակ վկան էր, ու մեռաւ...
Գնա՛ ի սէր Աստծու... գնա՛, խոստովանահայր գտի՛ր...
Նրա փոխարէն ե՛ս էի խեղճանում։ Անմեղ մարդ էր կորել, իսկ մեղաւորը դեռ շնչում էր, խրտուիլակ էր մնացել ու շնչում էր, թոյն էր շնչում...
Բայց ես թշնամանք չունեմ հրամայողների նկատմամբ։ Ժամանակն էր մեղաւորը, ու մեղաւորներ մեր այս քաղաքում էր [sic], այստեղ, իրավիճակը եւ ժամանակը այս քաղաքի ձեռքում էր, ժամանակները չեն պատժւում... Ժամանակի պատիժը նրա վատ յիշուելն է, վատ ժամանակներ էին, հաւատացէ՛ք...
Ես գունաթափ հասայ հիւրանոց”(2) ։
Եւ սակայն, ժամանակին մեղքը կարելի չէ պարտկել՝ մեղաւորները մոռացութեան գիրկը նետելով։ Մանաւանդ՝ առօք-փառօք խախուտ պատուանդաններու վրայ բազմածները անոնց վրայ ձգելով։
Պարզ է, որ այդ գործը չի յաջողիր մեղաւորները լուտանքներու տեղատարափի մը տակ թաղելով։ Մարդիկ սովոր են աչք ու ականջ գոցել, երբ նման “անձրեւներ” կը տեղան, որովհետեւ... հայհոյանքը փաստի սով կրնայ նշանակել։ Եւ նոյնիսկ եթէ ան արդարացի ըլլայ եւ հիմնաւորուած՝ հազար ու մէկ անհերքելի փաստերով, նախընտրելի է անկէ զերծ մնալ՝ հայհոյուողին ստորնութեան աստիճանին չիջնելու համար, ու փաստերը կուտակել որպէսզի հանրային կարծիքը իր վճիռը արձակէ։
Փաստերու կուտակումի այդպիսի գործի մը ձեռնարկած է, օրինակ, 1937ի զոհերէն մէկուն՝ Գուրգէն Մահարիի որդին, բանասէր Գրիգոր Աճէմեանը, որ իր հօր գրական անտիպ ժառանգութիւնը ընթերցողին հասցնելու համբերատար ու մենակեաց գործին զուգահեռ, այդ ժառանգութեան բաժին եղող նամակներու եւ փաստաթուղթերու, ինչպէս եւ այլ աղբիւրներու օժանդակութեամբ վերջերս փաստալից յօդուածով մը արձագանգած էր Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի մէկ հրապարակումին “Գրական Թերթ”ի մէջ, որ փորձած էր քննադատել 1937ի սեւ գործակիցներուն “աղտոտ լաթերուն” լուացումը։ Վերնագիրը՝ “Մակբէթը չի լուանում իր ձեռքերը”, բաւական բան պէտք է յուշէ շէյքսփիրեան այդ հակահերոսին նոյնիսկ հարեւանցի կերպով ծանօթներուն։
Այդ յօդուածէն կ՚ուզենք քաղել միտք մը, որ յատկապէս վրդովեցուցիչ է, բայց մաս կը կազմէ խորհրդահայ ժառանգութեան անաւարտ հաշուեյարդարին, որ դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակուի, որքան ատեն որ բարոյական արդարութեան լուծում մը չգտնուի՝ սուգը վերջացնելու եւ, այսպէսով, թէ՛ անմեղ մեռելներուն վերջնական հանգիստ տալու եւ թէ՛ ողջ ժառանգներուն անդորր պարգեւելու։ Վերջին հաշուով՝ նաեւ աւելի առողջ նախադրեալներու վրայ վերադասաւորելու ընկերութեան հիմքերը։
Գրիգոր Աճէմեան վերստին յիշեցուցած է, որ 1937ի ոճիրներուն գործադիր մարմիններուն ու անձերուն կողքին, նաեւ եղան անձեր, որոնք բարոյական ահաբեկիչներու դերը ստանձնեցին ու, այսուհանդերձ, “ժամանակն էր մեղաւոր”ի նոյն սկզբունքով եւ խորհրդային հասարակութեան կիսկատար “ձիւնհալ”ին շնորհիւ, իրենց զիրենք կրցան ազատել վերջնական դատաստանէ, նոյնիսկ եթէ դրական դերակատարութիւն մը ունեցան իրենց կեանքին վերջին տարիներուն։ Մնացին, պիտի աւելցնէինք, կասկածելիներու ցանկին վրայ։ Ամենէն կարկառուն դէմքերն էին Նայիրի Զարեանն ու Հրաչեայ Քոչարը.
“Շատերի համար դա եղել է մի փորձութիւն, որով պէտք էր անցնել ստիպողաբար, ուզած թէ չուզած, իսկ ահա Ն. Զարեանի, Հ. Քոչարի եւ մի երկուսի համար “հասարակական” այդ պահանջը հնչել է որպէս մարտահրաւէր, որին ունկնդիր՝ նրանք գնացել են ամենաստոր քայլերի՝ զոհերին վերջնականապէս ոչնչացնելու, ճշմարիտ գրականութիւնը կեանքից դուրս յայտարարելու համար։ Իրար հետ մրցակցելով, գրել են անթոյլատրելի յօդուածներ եւ ունեցել ելոյթներ, վստահ, որ պատասխան չի լինի, քանի որ հակառակ կողմը չի ունեցել այդ հնարաւորութիւնը։ Դա քաղաքական հաշուեյարդար էր՝ յանուն շահախնդիր նպատակների եւ գրական աշխարհում բարձր դիրքերի”(3)։
Կ՚արժէ յիշել նաեւ, որ Սփիւռքէն ձայն մը՝ Պօղոս Սնապեանը, ստալինեան զոհերուն բազմիցս անդրադառնալէ ետք խորհրդային ժամանակաշրջանին, 1996ին “Բագին”ի մէջ գրած իր մէկ նշմարը կ՚եզրափակէր հետեւեալ տողերով.
“Ինքն էր, հոս բոլորովին անծանօթ, հոն՝ վերապահութեամբ յիշատակուող Հրաչեայ Քոչարը, որ Նայիրի Զարեանի, Արտաշէս Ոսկերիչեանի եւ աղաւաղուած մէկերկու ուրիշ խառնուածքներու հետ հայ գրականութեան դահիճներուն եռանդը հրահրող սանձազերծ գործօններէն մէկը եղաւ ամբողջ քսանամեակ մը, 1936էն մինչեւ 1956”(4) ։
“Ժամանակն էր մեղաւոր”ի դիրքերէն մեկնող, այժմ հանգուցեալ Սիլվա Կապուտիկեանը, տարբեր կարծիք մը արտայայտած էր իր կեանքին վերջալոյսին.
“Ընդունուած է ասել՝ փաստերը անողոք են... Սակայն փաստերը անողոք են նաեւ այն պատճառով, որ երբեմն ծածկում են խորքային ճշմարտութիւնը։ Իսկ ճշմարտութիւնը հետեւեալն է։ Պահը եղել է ուղղակի ճգնաժամային։ Գրողների Միութեան այդ օրերի ղեկավարները Զարեանին, Քոչարին, նրանց ընկերներին հեռացրել էին կուսակցութիւնից, սպասւում էր մօտալուտ բանտարկութիւն։ Միակ ելքն էր՝ հեռագրել Մոսկուա եւ իրենց նացիոնալիզմի մէջ մեղադրողներին մեղադրել նոյն այդ նացիոնալիզմի եւ ժողովրդի թշնամիներին հովանաւորելու մէջ... Միակ ելքը՝ զրպարտել զրպարտիչներին։ Դաժա՜ն, ահաւո՛՜ր ժամանակներ...”(5) ։
Իր յուշագրութեան մէջ, Ս. Կապուտիկեան խոստովանած է, որ ինք 1933-1938ի դէպքերուն մասին միայն մամուլէն ու մարդոց պատմածներէն գիտէ։ Այդպէս ըլլալով հանդերձ, “ճշմարտութիւնը” շարադրելու իր փորձը բաւականին մակերեսային է։ Այո, յայտնի է, որ Ն. Զարեանի “մաքրագործուելու” կարգը եկած էր։ Բայց ատիկա.... 1938ին էր, երբ Չարենցն ու միւսները այլեւս բանտը մեռած, գնդակահարուած կամ Սիպերիոյ ճամբան բռնած էին։ Իսկ մամուլի ու արխիւներու ցարդ հրատարակուած վկայութիւնները բաւականաչափ կ՚երեւին առնուազն այդ ժամանակներուն գաղափարական ահաբեկչութեան մեղսակիցներ նկատելու համար Զարեանն ու Քոչարը։
Ս. Կապուտիկեան անդրադարձած է այն իրողութեան, որ Գրողներու Միութեան մուտքին, պատերու վրայ փակցուած լուսանկարներու շարքէն կը պակսին Ն. Զարեանն ու Քոչարը։ Առաջինին “շուրջը չարամտօրէն խտացրած սեւը”, կը գրէ ան, “իր ծիրի մէջ առաւ Ն. Զարեանի այդ տարիների մտերիմ ընկերոջը՝ Հրաչեայ Քոչարին”(6) ։ Բայց մեզի կը թուի թէ սեւը “զրպարտութիւն” չէր, հակառակ բանաստեղծուհիին պնդումներուն։
Պատմութեան ուրիշ հեգնանքով, այս երկու դէմքերուն անունով կը կոչուին այսօր զիրար շարունակող երեւանեան երկու փողոցներ։ Գետնուղիի (մեթրոյի) վերջին կայարանի՝ “Բարեկամութիւն”էն սկսող Հրաչեայ Քոչար փողոցը, որուն սկզբնական բաժնին մէջ կը գտնուի ոչ այլ ինչ (երրորդ հեգնանք), քան Հայաստանի Պատմութեան Արխիւներուն գլխաւոր շէնքը, կը շարունակուի Նայիրի Զարեան փողոցով։ Եղիշէ Չարենցը, Ակսել Բակունցը, Գուրգէն Մահարին, Վահան Թոթովենցը կամ Զապէլ Եսայեանը նոյնպէս զիրենք յիշող փողոցներ ունին, որոնցմէ միայն առաջինը, որքան գիտենք, քաղաքին կեդրոնը։ Ամէն պարագայի, չհարցնենք թէ ամէն մէկուն անունը կրող փողոցը ո՞ւր կը գտնուի՝ քաղաքի աչքառու տեղ մը կամ կորսուած թաղամասի մը ծայրը։
Իր յօդուածը կանխող աւելի կարճ գրութեան մը մէջ (”Ամբողջ ձայնով...”), Գ. Աճէմեան հարց կու տար.
“Որքանո՞վ բարոյական է միեւնոյն քաղաքում ունենալ զոհերի եւ դահիճների անուններով փողոցներ...” (7)։
Որքանո՞վ։ Ճիշդ չափը կարելի չէ որոշել։ Բայց եթէ ստալինեան բռնարարքներուն “արժանացած” Երուանդ Քոչարը փողոց մը չունենար իր կառուցած Վարդան Մամիկոնեանի արձանին կողմերը, պիտի առաջարկէինք, որ այդ նոյն օրերուն պատեհապաշտ հաւատաքննիչի դժխեմ ճակատագրով միացած ու ապա փողոցով անմահացած Ն. Զարեան-Հ. Քոչար զոյգը իր տեղը զիջէր հայաստանեան գաղափարական սեղմումներուն ենթարկուած, 1960ական թուականներուն իրենց մտաւորական անկախութիւնը Երեւանի սրճարաններուն մէջ պահպանած վաղեմի բարեկամներուն՝ Կոստան Զարեանին ու Երուանդ Քոչարին։ Փողոցներուն անունները պիտի փոխուէին՝ առանց փոխուելու...
(Այսքանը՝ յուշելու համար, որ Երեւանի մէջ թաղուած Կ. Զարեանը իր մահէն 25 տարի ետք դպրոցի մը անունին արժանացաւ, բայց ո՛չ՝ փողոցի մը)։
Կ՚արժէ հարցնել նաեւ, թէ որքանո՞վ բարոյական է, որ 16 տարիներէ ի վեր անկախ Հայաստանին մէջ, ուր Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած արձան մը անգամ կանգնեցաւ (Գիւմրի), իսկ 2007ին՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի նուիրուած արձան մը, տակաւին 1937ի զոհերուն նուիրուած յուշաքար մը իսկ կառուցուած չըլլայ իրենց կառափնարանը հանդիսացած մայրաքաղաքին մէջ։
Հարցումը բաց է հայրենի ներկայ ու գալիք սերունդներուն համար.
Ո՞վ տէր պիտի կանգնի 1937ին...։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
(«Յառաջ - Միտք եւ Արուեստ», 2008. «Ազգ - Մշակոյթ», 2008)

-----------------------------------------------------------
(1) Այս տողերը կարդացած ենք ատենին, սակայն մէջբերումը յիշողութեամբ կ՚ընենք, քանի որ աղբիւրը չենք կրցած գտնել։
(2) Նոր Կեանք (Լոս Անճելըս), 10 Յունուար 2008։ («Յորձանուտը» առանձին գիրքով լոյս տեսած է վերջերս)։
(3) Ազգ - Մշակոյթ, 12 Յունուար 2008։
(4) Պօղոս Սնապեան, Կրկէսին մէջ, հատոր երրորդ, Երեւան, 2005, էջ 70։
(5) Սիլվա Կապուտիկեան, «Հրաչեայ Քոչար եւ իր ժամանակը», Գրականագիտական հանդէս, Ա., 2005, էջ 215։
(6) Անդ, էջ 193։
(7) Ազգ - Մշակոյթ, 3 Նոյեմբեր 2007։





















No comments:

Post a Comment