Showing posts with label Պէյրութ. Show all posts
Showing posts with label Պէյրութ. Show all posts

31.1.18

Վահէ Պէրպէրեան երեւոյթը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալ շաբաթներուն աւելի քան 4500 հանդիսատեսներ ներկայ գտնուեցան Վահէ Պէրպէրեանի «Ուրեմն» մենաներկայացումին:
Ջախջախիչ մեծամասնութիւնը երիտասարդներ ըլլալով եւ աւելի քան յիսուն առ հարիւրը մեր ընթացիկ ձեռնարկներուն ներկայ չեղող հանրութիւն մը յաճախեց «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ:

2.8.16

Երեւան եւ … Պէյրութ

ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
 
Յուլիս 17-էն սկսեալ` երեւանեան վերջին անցուդարձի ֆոնին վրայ, մեր հայրենաբնակ կարգ մը ազգակիցներէն քանիցս լսեցինք թէ «Պէյրութ մի՛ սարքէք մեր երկիրը»։ Երկուշաբթի օր [1 Օգոստոս 2016], Պէյրութի կողքին յայտնուեցաւ նաեւ Հալէպը` իբրեւ մէկը այն երկու օրինակներէն, որոնցմէ պէտք է խուսափին Հայաստանի քաղաքացիները։
Պէյրութն ու Հալէպը, երկու քաղաքներ, ուր մեր նախնիներէն շատերը կրցան ցեղասպանութենէն ճողոպրիլ, այնտեղ հանգրուանիլ ու իրենց համար նոր կեանք ստեղծել, վերոնշեալ պարագաներուն բնականաբար կը ներկայացուին իբրեւ բացասական օրինակներ։
Հալէպի պատիւը պաշտպանելու պարտականութիւնը կը թողում Սուրիոյ այդ վաճառաշահ քաղաքին մէջ ծնած, մեծցած ու նոյնիսկ այս դժնդակ օրերուն այդ քաղաքին կառչած ազգակիցներուս։

13.3.15

«Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» նիւթով կլոր սեղան` Պէյրութի մէջ

"Carnegie Endowment for International Peace"ի Պէյրութ գտնուող Միջին Արեւելքի կեդրոնին մէջ, 10 Մարտին տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» խորագիրով կլոր սեղան մը, որուն զեկուցաբերներն էին «Քառնըկի»ի աւագ գործակից, Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններու մասնագէտ Թոմաս Տը Վաալ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։ Զրուցավարն էր «Քառնըկի»ի Միջին Արեւելքի կեդրոնի աւագ գործակից Մահա Եահիա: Կլոր սեղանը կազմակերպուած էր Հայկազեան համալսարանի եւ «Քառնըկի»ի համագործակցութեամբ:
Կլոր սեղանը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Տը Վաալի նոր հրատարակուած «Մեծ Եղեռն` հայերն ու թուրքերը ցեղասպանութեան շուքին տակ» (*) խորագիրով գիրքին, որուն հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ զրուցավարը եւ նշեց, որ 1915-1916-ին տեղի ունեցածը տակաւին իր արձագանգը կը գտնէ ներկայ իրականութեան եւ այն իրադարձութեանց վրայ, որոնք ներկայիս կ՚արձանագրուին: Այնուհետեւ ան խօսքը փոխանցեց գիրքի հեղինակին, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իր գիրքին մէջ ներառուած նիւթերը: Տը Վաալ ըսաւ, թէ Թուրքիա ներկայիս կը փոխուի, մանաւանդ անոր քրտական հատուածը, եւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը նկատեց Թուրքիոյ մէջ յոյսի նշան մը:

3.11.14

Մամուլի ուսումնասիրութեան կենտրոն` «Ազդակ»ում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Սփիւռքի պատմութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնների հոլովոյթը, համայնքների, աւանդական կուսակցութիւնների, կրօնական յարանուանութիւնների անցեալն ուսումնասիրելու հարցում կարեւորագոյն աղբիւրի, անգամ սկզբնաղբիւրի դեր են կատարելու մոլորակի տարբեր անկիւններում հրատարակուած հայկական պարբերականները: Հետեւաբար, սփիւռքեան մամուլի պահպանութիւնը եւ ուսումնասիրողներին հասու դարձնելը կարեւոր է: Ինչպէ՞ս փրկել Հալէպի «Գանձասար»ը, Պոլսի «Ժամանակ»ն ու «Մարմարա»ն, Թբիլիսիի «Վրաստան»ը, Թեհրանի «Ալիք»ը, Լոս Անջելեսի «Ասպարէզ»ը, Բոստոնի «Հայրենիք»ը եւ մեր միւս պարբերականները, որոնցից մի քանիսն ունեն աւելի քան հարիւր տարուայ տպագրութեան պատմութիւն:

21.9.14

Յո՞յս, թէ՞ ինքնախաբէութիւն

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Մարդ արարածը դիւրին ձեւով չ՚ընդունիր եւ չի տանիր անյաջողութիւնը, ձախողութիւնը, դժբախտութիւնն ու փորձանքները եւ կը յուսայ, կ՚ակնկալէ աւելի լաւը, աւելի յաջողը, աւելի պայծառը: Կ՛ակնկալէ ու կը սպասէ: Սպասելով կ՛ապրի ու երբեմն ալ սպասելով կը մեռնի։
Ան իսկապէ՞ս կը հաւատայ, իսկապէս հաւատալո՞վ կ՚ընէ այդ, թէ՞ ինքնախաբէութեամբ պատրանքներով կը զինէ ինքզինք, պարզապէս որպէսզի անտանելին տանելի դարձնէ, թէ չէ կեանքը շարունակելը պիտի ըլլար անիմաստ քաշքշուք մը:

12.8.14

«Փթիթ». հունտ մը՝ մանկական գրականութեան մէջ


ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Շուրջ չորս տարի առաջ էր, երբ լիբանանահայ մեր սիրելի բարեկամները՝ Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեան ամոլը, բոլորովին անձնական նախաձեռնութեամբ մտադրեցին Պէյրութի մէջ հրատարակել մանկա-պատանեկան պարբերաթերթ մը։
Զայն կոչեցին «ՓԹԻԹ»։

29.6.14

Արշակ Գառնի՝ արուեստագէտ-մտաւորականը

Վ. ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
 
Բուն անու­նով Ար­շակ Գառ­նի­կեան, ծնած է 1931-ին, Պէյ­րութ։ Ծնող­քը ջար­դե­րէն ազա­տած կը հաս­տա­տուին Պէյ­րութի Քա­րան­դի­նա կո­չուած աղ­քա­տիկ թա­ղամա­սը, որ մաս կը կազ­մէր հայ­կա­կան քով-քո­վի բու­սած թի­թեղա­շէն բա­նակա­վայ­րե­րու։ Այդ տա­րինե­րուն տա­րաբախտ հա­յու­թիւնը լծո­ւած էր նոր գաղ­թաշխարհ մը կա­ռու­ցե­լու աշ­խա­տան­քին՝ եկե­ղեցի, դպրոց եւ ար­հեստա­նոց­ներ հիմ­նե­լով, վե­րապ­րե­լու հա­մար նոր կեան­քի պայ­մաններ ստեղ­ծե­լու, նոր թափ տա­լու եկող սե­րունդնե­րուն։ Այդ մթնո­լոր­տին մէջ Ար­շակ հա­սակ առած է ու կազ­մա­ւորո­ւած։

15.3.14

Մենախօս-կատակերգակ Վահէէն անդին...

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
 
Սովորական պտոյտ չէ Վահէ Պէրպէրեանին հետ Պուրճ Համուտի փողոցներէն քալելը, «կանգառ»ները շատ են, ծանօթ–անծանօթները, իսկոյն ծանօթի վերածուողները՝ բազմաթիւ, Վահէին հետ նկարուելու փափաք ունեցողներուն ուրախ ու գոհունակ դէմքերն ու մտերիմի նայուածքները՝ տիրական, տոմս ապահովելու անկարողներուն գանգատներն ու «բան մը ըրէ»ի խնդրանքները՝ Վահէն տխրեցնող եւ շփոթի մատնող, «անպայման նորէն պիտի գամ»ի խոստում տալու մղող… Տակաւին կան հեռուէն ժպտացողներն ու բարեւողները, որոնք դրական եւ լայնաժպիտ պատասխան կը ստանան անխտիր՝ իբրեւ վաղեմի «բարեկամներ»:

24.2.14

Գերմանահայ պատմաբանը կ՛ահազանգէ` Հալէպի մէջ պահուած ցեղասպանութեան հայերէն արխիւները կ'ոչնչացուին մեր աչքերուն առջեւ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Գերմանացի պատմաբան Էլքը Հարթմանի մայրը հայ է: Անոր ուսումնասիրութիւններուն գլխաւոր առանցքը Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի հատուածն է: Ան մասնագիտութեամբ իսլամագէտ-օսմանագէտ է եւ ուսանած է Պերլինի համալսարանի Իսլամագիտութեան հիմնարկին մէջ, ապա պաշտօնավարած այնտեղ` 2003-2008 շրջանին, իսկ ներկայիս կ՛աշխատի իր տոքթորական աւարտաճառին վրայ որ կը կրէ «Զինուորագրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագիրը: Էլքը Հարթմանն իր ամուսնոյն՝ Վահէ Թաշճեանի հետ, 2010 թուականին հիմնած է «Յուշամատեան» կայքը:
Հարթմանն յառաջիկայ Ապրիլէն մինչեւ Յուլիս որպէս այցելու դասախօս պիտի դասաւանդէ Գերմանիոյ Halle-ի համալսարանին մէջ նիւթ ունենալով՝ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքները» թեման:

9.2.14

Արա Օշական. «Պէյրութը Սփիւռքի սկիզբն է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
«Պէյրութը ինծի համար Սփիւռքի ծննդավայրն է ու այդ ծննդավայրին հետքերով գացի հոն: Երկու ծրագիրներ կային որոնց վրայ պիտի աշխատէի: Առաջին ծրագիրը սուրիահայերուն յատկացուած ծրագիր մըն է, որուն միտքը յղացաւ ամերիկահայ Րաֆֆի Արտալճեանը, որ նպատակ ունի Ամերիկայի մէջ սուրիահայերուն յատկացուած project մը իրականացնել, իսկ երկրորդ ծրագիրը զուտ իմս էր: Գիտե՞ս, հին երազ մըն էր լիբանանահայութեան նուիրուած գիրք մը պատրաստել: Պէյրութը Սփիւռքի ամենահին քաղաքն է այսօր: Հալէպն ալ կայ, բայց գիտես Հալէպի վիճակը»:

11.9.13

«Այսինքն՝ կոտրէք Հալէպը եւ Բէյրութը, եւ 20 տարի յետոյ...»

Հայաստանը պէտք է գործադրէ բոլոր հնարաւոր ջանքերը սուրիական ճգնաժամէն առանց կորուստներու դուրս գալու համար: Սեպտեմբեր 3ին,  լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, այս մասին նշած է քաղաքագէտ եւ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանը:

15.11.12

Յարգա՛նք եւ զարմա՛նք այդ սերունդին

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալները բարեկամ մը կը խօսէր, թէ հեռաւոր Արժանթինի մէջ վաստակաւոր կրթական մշակ մը (՚՚*)  իր մահկանացուն կնքելէ առաջ խնդրած է անմիջական իր բարեկամներէն, որ Դաշնակցութեան դրօշով ծածկուի իր դագաղը…
Յիշենք, որ տասնութ տարիներ առաջ նոյն այս մտաւորականը իր տասնեակ տարիներու ծառայութենէն ետք, կուսակցական պատիժ ստացած եւ հեռացուած էր շարքերէն: Սակայն հաւատարիմ իր կուսակցութեան, անցնող տասնամեակին միշտ ալ կարգապահ հայու իր ընթացքով եւ տարիներու իր փորձառութիւնը միշտ նորահաս սերունդին տրամադրութեան տակ դրած` ձեւով մը մղիչ ուժ մըն էր:

27.6.11

Հանդիպում՝ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԼԱ. հատորի լոյս ընծայման առիթով

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան եւ հայագիտական ամպիոնի հրաւէրով Չորեքշաբթի, 22 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԼԱ. հատորի լոյս ընծայման առիթով:

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան այցելեց «Ազդակ»


ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ արժանթինահայ բանասէր եւ պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խօսելու արժանթինահայ գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, հայկական դպրոցներու պարզած վիճակին եւ ընդհանրապէս սփիիւռքահայ կեանքի ներկայ անցուդարձերուն մասին:
«Ազդակ», Յունիս 11, 2011

Պատմաբան-բանասէր Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի այցելութիւնը «Զարթօնք»ի խմբագրատուն

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երեքշաբթի (Յունիս 7) յետմիջօրէին, խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներէն ժամանած պատմա-բանասէր դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանին, ընկերակցութեամբ Հայկազեան Համալսարանի աշխատակից, բանասէր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի։ 

Արժանթինի հայկական դպրոցներուն իրավիճակին մասին

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, երէկ` Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Հայկական դպրոցները Արժանթինի մէջ երէկ եւ այսօր»: Օրուան դասախօսն էր պատմաբան-բանասէր Վարդան Մատթէոսեան:

24.11.10

Անցեալ ժամանակներու կարօտով

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Հայ իրականութեան հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալի բաւիղներուն մէջ կորսուիլը նման է արժանթինցի գրագէտ Խորխէ Լուիս Պորխէսի այլաբանած «Բաբելոնի գրադարան»ին մէջ ճամբայ գտնելուն։ Սակայն, ի վերջոյ ամէն կորուստ կը բերէ գիւտ մը, երբեմն՝ անձնական վերյուշ մը։ Աւելի քան քսանհինգ տարի առաջ, 1982ին, ֆրանսական “Critique socialiste” պարբերաթերթը լման թիւ մը տրամադրած էր հայութեան։ Այդ թերթը տեսնելու առիթը չունեցանք, բայց Պուէնոս Այրէսի մէջ այնուհետեւ գէթ երկու յօդուած թարգմանաբար լոյս տեսան՝ սպաներէն լեզուով։ Անոնցմէ մէկը, կը յիշենք, բացառիկ տպաւորութիւն գործած էր, մօտաւոր անցեալի իր յանդուգն ու անտիպ մանրամասնութիւններով օժտուած քննարկումին համար՝ Պետրոս Թերզեանի «Հայ Դատը՝ այսօր», որ 1984ին լոյս տեսաւ Մխիթարեան Ս. Վարդան սկաուտական խմբակցութեան “Humus” պարբերաթերթին մէջ (աւելի ուշ արտատպուեցաւ «Սարտարապատ» շաբաթաթերթին մէջ)։