2.3.17

Ուիքին գիտութիւնը կը սիրէ

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Կո­տայ­քի մարզ, Ա­ղուե­րան, լեռ­նե­րուն գա­գաթ­նե­րով շրջա­պա­տուած գողտ­րիկ, իւ­րա­յա­տուկ գե­ղեց­կու­թեամբ վայր մը: Ձիւ­նը սպի­տակ քօ­ղով հար­սի պէս շող­շո­ղուն զգեստ­ներ հագ­ցու­ցած է գա­գաթ­նե­րուն, ա­րեւն ալ կը զմայ­լի կար­ծես ու իր ժպի­տով ա­նոնց փայլ­քին շո­ղը կը կրկնապատ­կէ: Մինչ ե­ղեւ­նի­նե­րը կը պար­ծե­նան ի­րենց կա­նա­չա­պատ տե­րեւ­նե­րով ու կը յոխորտան ի­րենց չորս բո­լո­րը տա­րա­ծուած, չոր­ցած ճիւ­ղե­րով ծա­ռե­րուն ի տես, ո­րոնք գար­նան գա­լուս­տին կը սպա­սեն, որ­պէս­զի թարմ կա­նա­չու­թեամբ ու ծի­լե­րով պա­տուին:
Այս­պի­սի սքան­չե­լի բնու­թեան գիրկն ենք ա­հա ու կը հա­ղոր­դակ­ցինք բնու­թեան գե­ղեց­կու­թեան հետ, բարձ­րէն կը դի­տենք ա­մէն ինչ: Ձեռքդ եր­կա­րես՝ կը դպչիս լե­րան գա­գա­թին, ո­րուն ձիւ­նէ ծած­կո­ցին տակ քնա­ցած ես կար­ծես ու չես մսիր: Ե­րե­ւա­նը հոս­կէ ցուրտ է, կը խոր­հիս:
Ըն­կե­րու­հիիս՝ Ազ­նիւ Ստե­փա­նեա­նի ա­ռա­ջարկ-հրա­ւէ­րին ան­սա­լով մաս կազ­մե­ցի այս ամսուան հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի ճամ­բա­րին: Այս ամ­սուան ը­սի, ա­յո, Ո­ւի­քի­փե­տիան ա­մէն ամ­սու վեր­ջին շա­բա­թա­վեր­ջին կը հրա­ւի­րէ իր խմբա­գիր աշ­խա­տա­կից­նե­րը այս­տեղ ու ա­նոնք հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նին հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի յա­ռա­ջաց­ման նպաս­տե­լու համար: Այս ամ­սա­կան ճամ­բար­նե­րը կը կո­չուին ՎՍԳ՝ «Վի­քին սի­րում է գի­տու­թիւ­նը»:
Ազ­նի­ւը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի հա­մա­կար­գողն է: Ան կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ Ուիքիփետիա­յէն ներս 2015-ի Յու­նուա­րէն ի վեր: Այս ամ­սուան ճամ­բա­րին ա­նոր ա­ռա­ջար­կին ըն­դա­ռա­ջե­լով պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը հա­մա­ձայն գտնուած են ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն խմբագրողնե­րու խմբա­կի մը մաս­նակ­ցու­թեան: Ստուա­րա­թիւ խմբա­կով մենք եւս մասնակցութիւն բե­րինք սոյն ճամ­բա­րին: Մենք՝ սկսնակ­ներս սոր­վե­ցանք ու խմբագ­րե­ցինք քա­նի մը նիւթ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծե­ցինք ու ըմ­բոշխ­նե­ցինք Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի մեծ ընտանի­քին հա­րա­զա­տու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:
Պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նեա­նե­րը ներ­կա­նե­րէն մէկ քա­նին են միայն, մնա­ցեալ­նե­րը սրտաբուխ աշ­խա­տա­կից-խմբագ­րող­ներ են, ո­րոնք սի­րով ու Հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի ծաղկման ու զար­գաց­ման հա­մար կը զո­հեն ի­րենց ար­ձա­կուր­դը, նպաստ մըն ալ ի­րենք բե­րե­լու այս հա­մաշ­խար­հա­յին հռչակ վա­յե­լող կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­յե­րէն բաժ­նին:
«Վի­քի­մե­դիա Հա­յաս­տա­ն»ի հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն՝ Մհեր Պէ­քա­րեա­նի ազ­նիւ ու հա­մեստ վե­րա­բեր­մուն­քը կը հա­մա­կէր բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ա­ռի­թը ու­նե­ցայ իր­մէ, մտքիս մէջ ծա­գած հարցերուն, պա­տաս­խան­ներ ստա­նա­լու.

-Շատ հե­տաքրք­րա­կան էր այս նա­խա­գի­ծը, ո­րուն մենք այս ան­գամ ա­ռիթ ու­նե­ցանք մաս­նակ­ցե­լու. ե՞րբ սկսած էք այս­պի­սի նա­խա­գի­ծե­րու կազ­մա­կերպ­ման:
-Նմա­նօ­րի­նակ նա­խա­գի­ծեր ու­նինք մենք, տար­բեր ձե­ւա­չա­փե­րով, բայց այս նա­խա­գի­ծը, որ կը կո­չուի «Վի­քին Սի­րում է Գի­տու­թիւ­նը ՎՍԳ» ուղ­ղուած է զուտ գի­տա­կան յօ­դուած­ներ ստեղծելու, քա­նի որ ա­նոնց կա­րի­քը մեծ է եւ կը փոր­ձենք այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տիլ ընտրելով այն մար­դի­կը, ո­րոնք սի­րով կ­­՚աշ­խա­տին այդ բնա­գա­ւա­ռին մէջ: Ճամ­բար­նե­րու ստեղծ­ման տա­րիէն տա­րի մը ետք ստեղ­ծե­ցինք այս ա­նուա­նու­մով ճամ­բա­րը եւս, այ­սինքն՝ 2014 թուա­կա­նէն ի վեր մենք կը կազ­մա­կեր­պենք այս ճամ­բա­րը:

-Իսկ ի՞նչ կ­­՚ը­նէք, որ ներգ­րա­ւէք այս­քան աշ­խա­տա­կից­ներ:
-Քա­նի մը տար­բե­րակ­նե­րու մէջ կրնամ ամ­փո­փել պա­տաս­խանս: Նախ ճա­նա­չե­լի դարձ­նել Ուիքի­փե­տիան, այ­սինքն հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել մար­դոց մէջ. հոս մեր աշ­խա­տան­քը կը կա­յա­նայ ընտ­րե­լով այն մար­դի­կը, ո­րոնք ու­նին տար­բեր հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ եւ մենք վստահ ենք, որ ի­րենք հե­տաքրք­րուած են ու կ՚աշ­խա­տին: Ինչ­պէս, օ­րի­նակ, կան խմբագ­րող պատանիներ, ո­րոնք ու­նին տար­բեր հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ ու կ՚աշ­խա­տին. մենք ի­րենք ճամբար­նե­րու կը տա­նինք, որ­պէս քա­ջա­լե­րանք: Մար­դիկ կան, ո­րոնք կը սի­րեն լու­սան­կա­րել, ա­նոնք ա­ռիթ կ՚ու­նե­նան մաս­նակ­ցե­լու մեր լու­սան­կար­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն: Կան ո­մանք, որոնք զուտ գի­տա­կան յօ­դուած­նե­րու խմբագ­րու­մով կը զբա­ղին, մենք կը ճանչ­նանք այս անհատ­նե­րը ի­րենց աշ­խա­տան­քի պա­հուն, կը դի­տենք ի­րենց խմբագ­րում­նե­րը ու բաժանումներ կ՚ը­նենք այդ ա­ռու­մով եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խմբագ­րա­կան կազ­մը կը յառաջանայ ու զա­նոնք կ՚ընդգր­կենք այս ձեռ­նարկ­նե­րուն մէջ: Իսկ երկ­րորդ տար­բե­րակն այն է, որ մենք ճամ­բար­նե­րէն ո­րոշ ժա­մա­նակ ա­ռաջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կը հրա­պա­րա­կենք, հետաքրք­րուող­նե­րը կ՚ար­ձա­գան­գեն մեր յայ­տա­րա­րու­թեանց ու մենք, ըստ այնմ, կը կատարենք մեր ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

-Թե­րեւս ա­նոր կը նպաս­տէ Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի հա­մաշ­խար­հա­յին հռչա­կը եւս:
-Ա­յո, ան­շուշտ եւ մենք միշտ կը փոր­ձենք մեր այս աշ­խա­տան­քով այդ հա­մաշ­խար­հա­յին հռչակին մէջ լու­մայ մը դնել, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ ակ­նարկ մը նե­տենք մեր ան­ցեալ եր­կու նախագիծե­րուն՝ ճամ­բար­նե­րուն, ո­րոնք հա­մա­րուե­ցան the coolest project ինչ­պէս կը կո­չեն անգ­լե­րէ­նով, այ­սինքն դար­ձան այդ տա­րուան ա­մե­նէն յա­ռա­ջա­դէմ ճամ­բար­նե­րը: Այս տարբերա­կը՝ ճամ­բար­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման,  իս­կա­պէս ար­դիւ­նա­ւէտ է, այ­սինքն երբ մարդիկը կ՚ա­ռանձ­նաց­նես եւ դուրս կը բե­րես ի­րենց ա­ռօ­րեա­յէն, կը տրա­մադ­րես տարածութիւն, նպաս­տա­ւոր մթնո­լորտ ու հան­գիստ մի­ջա­վայր, այդ մէ­կը կը նպաս­տէ ի­րենց աշ­խա­տան­քին ու Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան: Այս աշ­խա­տան­քա­յին տար­բե­րա­կը նա­խա­պէս գո­յու­թիւն չու­նէր, ու­րիշ եր­կիր­ներ այս փոր­ձը մեզ­մէ վեր­ցու­ցին ու ի­րենք նոյն­պէս սկսան կի­րար­կել:

-Այ­սօր ա­կա­նա­տես ե­ղանք շատ ու­րա­խա­լի պա­տա­հա­րի մը, կը շնոր­հա­ւո­րեմ Ո­ւի­քի­փե­տիան այդ առու­մով ու կը կի­սեմ ձեր ու­րա­խու­թիւ­նը: Իսկ այս պա­տա­հա­ծը ի՞նչ նպաստ կը բե­րէ հա­յե­րէն Ուիքի­փե­տիա­յին:
-Ա­յո, այ­սօ­րուան թուա­կա­նը պէտք է նշել, այ­սինքն՝ 26 Փետ­րուար, 2017. մե­զի հա­մար այս օ­րը շատ յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ, քա­նի որ մենք աս­տի­ճան մը եւս բարձ­րա­ցանք: Ո­ւի­քի­փե­տիան ընդհան­րա­պէս գո­յու­թիւն ու­նի տար­բեր լե­զու­նե­րով, լե­զու­նե­րը 300 են, ո­րոնք կը դասակարգուին ի­րենց տե­ղադ­րած յօ­դուած­նե­րու քա­նա­կով: Մենք աշ­խար­հի մէջ այս 300 լեզու­նե­րու դա­սա­կար­գու­մով մին­չեւ այ­սօր կը գրա­ւէինք 38-րդ դիր­քը, այ­սօ­րուան մեր յօդուածնե­րէն մէ­կուն տե­ղադ­րու­մին ըն­թաց­քին, մենք բարձ­րա­ցանք աս­տի­ճան մը եւս, այ­սինքն այժմ կը գրա­ւենք 37-րդ դիր­քը: Ու քա­նի որ միշտ մրցա­վազք կայ, այ­սինքն բո­լոր եր­կիր­նե­րը կ՚աշ­խա­տին, կը խմբագ­րեն, բո­լո­րը կը հե­տե­ւին աշ­խա­տան­քին, ա­մէն օր նո­րու­թիւն­ներ կան, միշտ կը թար­մա­ցուին ցու­ցակ­նե­րը ու մար­դիկ կը տես­նեն, թէ ի­րենց եր­կի­րը ո՞ր դիր­քը կը գրաւէ. այդ պա­րա­գա­յին մենք կ՚աշ­խա­տինք չթու­լաց­նել մեր դիր­քե­րը, քա­նի որ բո­լոր երկիրները կ՚աշ­խա­տին, ե­թէ դուն քիչ մը թու­լա­ցու­ցիր դիրքդ եւ ա­ւե­լի քիչ խմբագ­րե­ցիր, միւսնե­րը կը յա­ռա­ջա­նան եւ դուն ետ կը մնաս: Հի­մա հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիան բա­ւա­կան յառաջա­ցած է: Աշ­խու­ժա­ցու­մը սկսաւ տե­ղի ու­նե­նալ, երբ ստեղ­ծուե­ցաւ հա­յե­րէն Ուիքիփետիա­յի «Ո­ւի­քի­մե­տիա» հիմ­նադ­րա­մը, մենք բա­ւա­կան ետ էինք: Նախ­կին տարիներուն մենք հա­րիւր­քա­նիե­րորդ դիր­քը կը գրա­ւէինք, մեր դրա­ցի եր­կիր­նե­րը մեզ­մէ շատ յա­ռա­ջա­ցած էին: Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ, ու­րա­խու­թեամբ կը տե­ղե­կաց­նենք, որ մենք կը գրաւենք 37-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը եւ կ­­՚աշ­խա­տինք մեր դիր­քը բարձ­րաց­նել ոչ միայն քա­նա­կով, այլ նաեւ՝ ո­րա­կով:

-Իսկ դուք ե՞րբ սկսաք մաս կազ­մել այս խում­բին:
-Ես որ­պէս խմբագ­րող սկսած եմ աշ­խա­տիլ 25 Սեպ­տեմ­բեր, 2008 թուա­կա­նէն ի վեր:

Ան­կա­րե­լի է չմտա­պա­հել ցնծու­թեան պատ­կե­րը: Մրջնա­նո­ցի մրջիւն­նե­րուն նման լուռ աշխատան­քի ըն­թաց­քին, երբ ա­մէն ոք կը փոր­ձէր հա­տիկ մը զե­տե­ղել, բառ մը, տառ մը, լու­մայ մը ա­ւելց­նել, յան­կարծ սրա­հին մէջ բարձ­րա­ցան ու­րախ բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ, կար­ծես ընտանի­քի ան­դամ­նե­րէն մէ­կուն նուա­ճու­մով կը ցնծար ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը: Մենք՝ արեւմտահա­յերս, բա­նէ ան­տե­ղեակ, հար­ցա­կան հա­յեացք­նե­րով կը հե­տե­ւէինք, ու ա­հա պրն. Մհեր ե­կաւ ու մե­զի դի­մե­լով յայտ­նեց ա­ւե­տի­սը ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի դիք­րի բարձ­րա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն յօ­դուա­ծի մը տե­ղադր­ման պա­հուն: Յօ­դուա­ծը կը կրէ «Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր Ե­կե­ղե­ցի» խո­րա­գի­րը:

«Ժամանակ», 2 Մարտ 2017

No comments:

Post a Comment