Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը Յուլիս 9ի իր թիւին մէջ կը հրատարակէ հետեւեալ թղթակցութիւնը, զոր ստացած է Հալէպէն վստահելի աղբիւրէ մը, ըստ որուն չափազանց լուրջ է իրավիճակը եւ Հալէպի բնակիչները այժմ հասած են սովահարութեան սեմին ու մահու կենաց պայքար կը մղեն։
Այն օրէն ասդին, երբ Սուրիոյ ներքին հակամարտութիւնը զինեալ բնոյթ ստացաւ ու փոխակերպուեցաւ երկու կողմերը դէմ յանդիման բերող կոյր պատերազմի, Հալէպ եղաւ ամենէն շատ տուժող քաղաքներէն մին։
Ճիշդ մէկ տարիէ ի վեր Արեւելքի այս հարուստ ու բերրի ոստանը, որ նաեւ իր ծոցին մէջ ունի տոհմիկ բարքերով սնած մարդաշատ հայ գաղութ մը, անդամալոյծ է։ Մէկ տարիէ ի վեր՝ անիկա անդադար կը ռմբակոծուի ցամաքէն ու երկինքէն, մէկ տարիէ ի վեր անիկա քանդումի ու մաշումի կ՚ենթարկուի տեւաբար, կը կործանին իր կենսական ենթակառոյցներն ու հարուստ, վաճառաշահ շուկաները, պատմական հնադարեան թաղամասերն ու մզկիթները, դպրոցներն ու հիւանդանոցները։ Ո՞վ կրնար հաւատալ. Հալէպը կը քանդուի ի՛ր իսկ տէրերուն կամ զաւակներուն ձեռքով։ Դաժա՛նօրէն, ամենաբիրտ միջոցներով։
Պատերազմի առաջին շրջաններուն, ամէն անգամ որ արտասահմանցիները հեռաձայնով կը փնտռէին Հալէպի իրենց ազգականներն ու բարեկամները, նախ կ՚ուղղէին սա՛ հարցումը. «Հաց ունի՞ք, ուտելիք ունի՞ք»։ Ու հալէպցիք մի՛շտ ալ կը պատասխանէին. «Անհոգ եղէք, սննդամթերքի գիները բարձրացած են, բայց ամէն ինչ առատ է։ Միայն խաղաղութիւնն է որ կը պակսի»…
Այսօր, այլեւս կացութիւնը լրիւ փոխուած է։
Վեց օրէ ի վեր՝ Հալէպ եւ հալէպցիք հաւաքաբար կ՚ապրին իրենց կեանքին թերեւս ամենէն մտահոգիչ պահերը։ Քաղաքը ամէն կողմէ շրջափակուած է։ Բանակը գոցած է դէպի քաղաք մուտքի վերջին անցքերն ալ։ Ո՛չ մէկ սննդամթերք ներս կը մտնէ։
Ժողովուրդը սաստիկ յուզուած է ու սարսափահար։ Ուտեստեղէնի բոլոր վաճառատուներուն դարանները պարպուած են, խանութպանները փակած են իրենց փեղկերը։ Հինգ օրէ ի վեր քաղաքին փուռերուն մեծ մասը չեն բանիր՝ ալիւրի չգոյութեան պատճառով։ Չկայ նաեւ վառելանիւթ եւ կազ։ Ըլլալու պարագային ալ՝ կը պահանջուին առասպելական գիներ։ Բայց ատկէ անկախ, շուկաներէն ամբողջովին անհետացած են այն բոլոր կենսական տարրական ուտեստեղէնները, որոնցմով ճաշ կը պատրաստուի կամ սեղան կը շտկուի։ Չկայ հաց, չկայ կաթ, չկան մածուն, լոլիկ, վարունգ, դդում կամ սմբուկ, չկայ պտուղի ո՛չ մէկ տեսակ։ Քաղաքացին, որ առտու շուկայ կ՚իջնէ իր տան առօրեայ պէտքերը ապահովելու համար, կը շրջի դատարկ խանութներու միջեւ ու տուն կը վերադառնայ դատարկ ձեռքերով։ Ի՞նչպէս պիտի կերակրէ ան իր զաւակները, ի՞նչպէս պիտի կշտացնէ իր փորը, ո՛չ ոք գիտէ…
Այս բոլոր արտասովոր, անհաւատալի զրկանքներուն կողքին, օրական երկա՜ր ժամեր կը խափանուին նաեւ ելեկտրական հոսանքն ու ըմպելի ջուրը։
Անվարան կարելի է ըսել, որ «Երազային Հալէպ»ը իր աւելի քան երեք միլիոն բնակիչներով կը գտնուի սովամահութեան եզրին։
Թէ տակաւին քանի՞ օր պիտի կարենայ տոկալ ան, յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան։

No comments:
Post a Comment