ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Մուրատ Պելկէի «Հայերը գրականութեան մէջ» (“Edebiyatta Ermeniler”, İletişim, 2013, 252 էջ) հատորը կ՚ամփոփէ յայտնի մտաւորականին այս նիւթին շուրջ նախապէս գրած ծաւալուն յօդուածները (2006-2007 թուականներու միջեւ հրատարակուած «Պիրիքիմ» հանդէսին մէջ), որոնց աւելցուած են նորերը։ Պելկէին մասին խօսելու առիթը դեռ պիտի ներկայանայ, սակայն այժմէն կարելի է ըսել, թէ հայերու (եւ առհասարակ երկրի փոքրամասնութեանց) հանդէպ իր մշտական հետաքրքրութեան ցոլացումն է այս գիրքը, իբր այդ՝ ոչ պատահական հրատարակութիւն մը։