20.5.25

Դուրեանի գանկին ուղեւորութիւնը դէպի Երեւան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ


1959-ին Պոլսոյ Պաղլարպաշըի գերեզմանատան հանդիպակաց փողոցը լայնցնելու պատրուակով քաղաքային իշխանութիւնները կը պետականացնեն գերեզմանատան այն հատուածը, ուր բազմաթիւ շիրիմներու շարքին կը գտնուէր նաեւ Պետրոս Դուրեանի՝ Աբովեանի, Քուչակի, Սայեաթ-Նովայի, Նարեկացիի, Շնորհալիի համահաւասար ուժով այս հանճարի (փոխ կ՚առնեմ Օշականէն) գերեզմանը։

Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան հիմնադիր-անդամ, ճարտարապետ Ստեփան Ոսկեանի վկայութեամբ, 1959-ին, Պաղլարպաշըի գերեզմանատան ապասեփականացման շրջանին, երբ առջեւի շարքի շիրիմները կը տեղափոխուէին աւելի խորերը, Պետրոս Դուրեանի առաջին կարգին վրայ գտնուող գերեզմանէն դուրս կը հանուին ոսկորները ու կ՚ամփոփուին մաքուր տոպրակի մը մէջ, կրկին խնամքով թաղուելու համար։

Ոսկեան այս աշխատանքի ժամանակ գերեզմանափոր Միհրան Աքտաղի ձեռքին կը նկատէ գանկը, զոր կ'առնէ ու ցոյց տալով ժամանակուան պատրիարքին՝ Գարեգին արք. Խաչատուրեանի (որ ներկայ է ու կը հետեւի մասունքներու տեղափոխման աշխատանքին), կ՚առաջարկէ «այս գանկը փոխանակ փոսին մէջ լքեալ փոշիացնելու» յաւերժացնել՝ նուիրելով Ս. Խաչ դպրեվանքի գրադարանին, որպէսզի նոր սերունդը ունենայ «շօշափելի փառասիրական պարծանքը իր հոգեկան աշխարհին մէջ»։

«Պսա՛կ ընդունելի գտայ խոհուն բաղձանքդ...», կը պատասխանէ ալեհեր պատրիարքը ու իր մօտ կանգնած բարապան Կարպիս Տողրամաճեանին կը պատուիրէ գանկը թանկագին մասունքի մը նման պահել մեծ զգուշաւորութեամբ։ Գանկը կը դրուի տուփի մը մէջ։ 1950 թուականէն ի վեր որպէս բարապան պատրիարքարանի մէջ պաշտօնավարող Կարպիս Տողրամաճեան տուփը կը տանի դպրեվանք, ուր կը մնայ քանի մը ամիս եւ ապա կը փոխադրուի պատրիարքարան։

Դուրեանի գանկը երկար ժամանակ մոռացութեան կը մատնուի։ 1961-ին կը վախճանի Գարեգին արք. Խաչատուրեան պատրիարքը, նոյն թուականին կը գահակալէ Շնորհք արք. Գալուստեանը։ Գանկը այդպէս ալ կորստեան մատնուէր թերեւս, եթէ օր մը Թեհրանէն Պոլիս չժամանէր լուսանկարիչ Արսէն Տէր-Յարութիւնեան, որու «Արսէն» նկարչատունը Թեհրանի մէջ եղած է ժամանակի իրանահայ արուեստագէտներու, բանաստեղծներու եւ մտաւորականներու ժամադրավայրը՝ «վերնատուն»ը:

Լուսանկարիչը, որ Պոլսոյ «Քուլիս» պարբերականի ներկայացուցիչն էր Իրանի մէջ, 1950-ականներու վերջին եւ 60-ականներու սկզբին, իրանահայ կերպարուեստը ծանօթացնելու նպատակով ցուցահանդէսներ կազմակերպած էր Եւրոպայի քանի մը քաղաքներուն, նաեւ Պոլսոյ մէջ:

Ստեփան Ոսկեան հաւանաբար իրանահայ հիւրին կը պատմէ գանկին մասին։ Անոնք անմիջապէս կը փութան պատրիարքարան, կը ներկայանան պատրիարքին, որու արտօնութիւնը կը խնդրեն գանկի լուսանկարման համար։ Արտօնութիւն ստանալէ ետք Արսէն Տէր-Յարութիւնեան կը լուսանկարէ Դուրեանի գանկը եւ այդ լուսանկարները Թեհրան բերելով նամակագրական կապ կը հաստատէ հայրենի անուանի արուեստաբան Մանիա Ղազարեանի հետ, որու ջանքերով հնարաւոր կը դառնայ Հայաստանի պետական շրջանակին նիւթը ծանօթացնել եւ գանգին փոխադրումը կազմակերպել:

1969-ին Շնորհք արք. Գալուստեան Պետրոս Դուրեանի գանկը Պոլիսէն ծածկաբար կը տեղափոխէ Հայաստան, կը յանձնէ Երանաշնորհ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին։ Վերջինս ալ զայն կը փոխանցէ Գրականութեան թանգարանին (տնօրէն՝ Սարգիս Մելիքսեթեան), ուր կը մնայ երկար ժամանակ։ Այս գանկոսկրով ակադեմիկոս, գանկաբան փրոֆ. Անդրանիկ Ճաղարեան կը վերականգնէ Պետրոս Դուրեանի դէմքը, կը շինէ քանդակը։ Պետրոս Դուրեանի գանկը 1 փետրուար 2012-ին կ՚ամփոփուի Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնի յուշապատին վրայ։

(Հեղինակի Դիմագիրքի էջէն)

 


No comments:

Post a Comment