Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը ծանուցէ, թէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի Օշական մատենաշարէն լոյս տեսած է Կոստան Զարեանի Կղզին եւ մի մարդ եւ Լօրընս Տառէլի Պրոսպերոյի կղզին գործերը պարփակող միացեալ հատորը, Զարեան/Տառէլ ընդհանուր խորագրին տակ։
Ընդառաջելով մատենաշարի խմբագրական խորհուրդի դիմումին, հատորին կազմութիւնը, խմբագրութիւնը եւ բոլոր ծանօթագրութիւններու պատրաստութիւնը կատարած է հանրածանօթ գրականագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որու գրական վաստակին մէջ նկատառելի տեղ կը գրաւէ Զարեանի կեանքին ու գործին ուսումնասիրութիւնը։
Զարեանի գործը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1955-ին՝ Հայրենիք ամսագրին մէջ (գիրքով` 2016-ին Հայաստանի մէջ)։ Հեղինակը իր վիպակին նիւթը քաղած է իտալական Իսկիա կղզիի իր կեցութեան տարիներէն, կերպարներու շարքին ներկայացնելով իր վաղեմի բարեկամ՝ անգլիացի նշանաւոր գրագէտ Լօրընս Տառէլը։ Հատորին միւս գործը՝ Պրոսպերոյի կղզին ուղեգրութիւնը, որուն կերպարներէն մէկը
Զարեանն է, հայերէնի թարգմանած է հանգուցեալ դոկտ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան։
Զանազան ուսումնասիրութիւններ անդրադարձած են Զարեանի եւ Տառէլի բարեկամութեան, որ ծաւալած է երկու գրողներուն Յունաստանի եւ Իտալիոյ կղզիներուն վրայ իրենց կեցութիւններու շրջանին։ Ներկայ հատորը առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնէ երկու գրագէտներու յարաբերութեան ամբողջական թղթածրարը, որքան որ ցարդ հասանելի է։ Այդ նիւթերը մեծաւ մասամբ այս հատորին համար թարգմանած ու հրատարակութեան պատրաստած է դոկտ. Մատթէոսեան։
Հատորը կարելի է գտնել Համազգայինի Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի գրատարածի կրպակներուն մօտ։
* * *
Օշական մատենաշարը կը միտի հրատարակել գրականութեան բնագաւառէն ստեղծագործական թէ գրականագիտական որակաւոր գործեր: Մեր նպատակն է այս մատենաշարով լոյս ընծայել անցեալ թէ ներկայ՝ մնայուն արժէքներու վերածուած գրողներու մանաւանդ անտիպ երկերը: Մատենաշարի անդրանիկ հրատարակութենէն՝ Վազգէն Շուշանեանի Ալեկոծ տարիներ (2014) գործէն ետք, Զարեան/Տառէլ հատորը իր նորութիւններով պիտի ճոխացնէ հայ գրասէրներու գրադարանները։
Օշական մատենաշարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հարցումներու համար գրել publications@hamazkayin.ca հասցէին։
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
No comments:
Post a Comment