Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) քաջալերութեամբ, արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան եւ կէտադրութեան նուիրուած հանրամատչելի նոր ուղեցոյց մը լոյս տեսած է Հալէպի մէջ։
«Գրականաշունչ պտոյտ՝ այբուբենի տառերուն հետ» խորագիրը կրող 156 էջնոց գիրքին հեղինակն է հալէպահայ ծանօթ գրող, մամլոյ աշխատակից եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան։
Հատորը, թէեւ բնոյթով գերազանցապէս քերականական գործ մը կը նկատուի, սակայն գրի առնուած է դիւրամատչելի լեզուով եւ հեզասահ կերպով կը կարդացուի իր հայերէնը բարելաւելու եւ անոր ուղղագրական կանոններուն ծանօթանալու փափաքող ամէն հայորդիի կողմէ։ Մասնաւորաբար օգտակար պիտի ըլլայ հայերէնի ուսուցիչներուն, բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն եւ հայագիտական հիմնարկներու ուսանողներուն համար։
Յառաջաբանը ստորագրած է լիբանանահայ ծանօթ քերականագէտ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան։ Ան նկատել կու տայ, որ «ներկայ հաւաքածոն առաջին ակնարկով կը թուի ըլլալ ուղղագրական մէկ սեղմ ուղեցոյցը արեւմտահայերէնի ամենայաճախուած ու երբեմն անյաղթահարելի թուող սխալներուն, սակայն հազիւ քանի մը էջ խորացած՝ ընթերցողը կ՛անդրադառնայ, որ ուղղագրական կարեւոր գիտելիք մը իւրացնելու կողքին՝ վերահասու դարձաւ նաեւ գրական, պատմական, մշակութային բազմաթիւ գիտելիքներու, որոնց այլապէս դժուար թէ առիթը ունենար այսպէս ընտրովի ու համատեղ հանդիպելու, եւ ան ամէն քայլին պիտի վարձատրուի գեղեցիկ գիւտով մը ու խելացի առաջարկով մը»:
Լ. Շառոյեան իր նախաբանին մէջ կը բացատրէ, թէ այս գործին ձեռնարկած է, որովհետեւ ուսուցչական իր երկարամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին մի՛շտ ցաւով նկատած է, որ հայկական երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու շրջանաւարտները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայերէն անթերի ուղղագրութեամբ գրելու անկարող եղած էին։
Շառոյեան հմտօրէն սեւեռումի ենթարկած է հայոց այբուբենէն 21 տառեր՝ իրենց յարուցած ուղղագրական բարդութիւններով։ Այս երկու տասնեակ տառերը, զոյգ առ զոյգ վերցուած, այբուբենի այն գիրերն են, որոնք ուղղագրական համակարգին մէջ նմանահնչիւն են. բաղաձայններէն՝ Բ-Փ, Գ-Ք, Դ-Թ, Հ-Յ, Ձ-Ց, Չ-Ջ, Ռ-Ր, Վ-Ւ, իսկ ձայնաւորներէն՝ Ե-Է եւ Ո-Օ, որոնց վրայ իբրեւ 21րդ տառ կ՛աւելնայ «Ը» գիրը, որ շփոթի առարկայ կը դառնայ իր ստուերին՝ «սուղ ըթ»ի սարքած խաղերուն պատճառաւ։ Գործի հիմնական նպատակն է կարելի եղած չափով դարմանել մեր ուղղագրական սխալները եւ ուղիներ ցոյց տալ՝ նմանահնչիւն տառերէն ծնունդ առնող ուղղագրական դժուարութիւնները յաղթահարելու համար։
Նորատիպ գիրքը երկու այլ երեսներ եւս ունի։
Նախ՝ բառագիտութիւն։ Հեղինակը, մասնակի կերպով, բազմաթիւ նմանահնչիւն բառեր կը վերլուծէ կամ կը ստուգաբանէ, ցոյց տալով հայերէն բառերու կազմութեան գաղտնիքները, իր ընթերցողները շատ հետաքրքրական գիւտերու դէմ յանդիման դնելով։
Յետոյ՝ կէտադրութիւն։ Այս ալ ուրիշ խոցելի կէտ մըն էւն մէջ, որովհետեւ բաւարար չափով կամ կարեւորութեամբ չի դասաւանդուիր մեր վարժարաններուն մէջ։ Գիրքը շուրջ 20 էջ յատկացուցած է հայերէնի կէտադրական նշաններուն, մանրամասն բացատրելով իւրաքանչիւր նշանի գործածութեան օրէնքներն ու ոլորտները եւ բազմաթիւ տպաւորիչ օրինակներ տալով բոլորին համար։
No comments:
Post a Comment