28.6.20

«Հարիւր տարուան մենութեան» խորագրին մասին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հետաքրքրութեամբ կարդացինք Ռուբինա Օհանեանի յօդուածը՝ գոլոմպիացի վիպագիր Կապրիէլ Կարսիա Մարքէսի հռչակաւոր “Hundred Years of Solitude”ի վէպի հայերէն թարգմանութեան խորագրին մասին («Նոր Օր», 10 Յունիս, 2020)։
Հայրենի տաղանդաւոր արձակագիր Ռուբէն Յովսէփեան (1939-2016) իր թարգմանութիւնը կատարած էր ռուսերէնէ, օգտագործելով 1970ին լոյս տեսած Նինա Պութիրինայի եւ Վալերի Ստոլպովի թարգմանութիւնը։ Հետագային, ան նոյնպէս ռուսերէնէ թարգմանած էր Մարքէսի ուրիշ հռչակաւոր վէպ մը՝ «Նահապետի աշունը»։ Խորհրդային ժամանակներուն սպաներէնէ հայերէն թարգմանիչները հազուագիւտ էին Հայաստանի մէջ. մեզի ծանօթ են ընդամէնը բանաստեղծներ Յովհաննէս Գրիգորեանի (1945-2012) եւ Ֆրունզիկ Կիրակոսեանի (1943-2012) անունները։  Բարեբախտաբար, անկախութեան շրջանին բազմացած է սպաներէնէ թարգմանիչներուն, ինչպէս եւ հրատարակուող գործերու թիւը։ 


Ռ. Օհանեանի դիտողութիւնը, որ «հաւանաբար Ռ. Յովսէփեանի գրքի թարգմանութիւնը կատարել է միջնորդ լեզուից. ամենայն հաւանականութեամբ՝ ռուսերէնից», ցոյց կու տայ, որ յօդուածագիրը թարգմանութիւնը կարդացած չէ, ինչ որ կ՚երկրորդուի այն փաստով, որ անոր ծանօթ չէ հրատարակութեան բուն թուականը, որ 1979 է եւ ո՛չ թէ 1973։
Վէպին սպաներէն խորագիրը “Cien años de soledad” է։ Կրեկըրի Ռապասա իր անգլերէն թարգմանութիւնը (1970) բառացիօրէն թարգմանած է “One Hundred Years of Solitude” խորագրով (եւ ո՛չ թէ “The Hundred Years of Solitude”, ինչպէս Ռ. Օհանեան կը գրէ)։ Ի տարբերութիւն սպաներէնի կամ անգլերէնի, հայերէնը կարիքը չունի յոգնակիին («տարիներ»), որուն քննարկումը աւելորդ է, ինչպէս եւ «տարի/տարիներ» բառի յօդ ունենալու կամ չունենալու հարցը, քանի որ սպաներէն խորագիրը յօդ չունի։
Ռ. Օհանեան յանգած է այն եզրակացութեան, որ վէպին խորագիրը «Հարիւր տարի մենութիւն» կամ, ազատ թարգմանութեամբ, «Մենութեան մէջ՝ հարիւր տարի» պէտք է ըլլար, քանի որ անգլերէն, պարսկերէն եւ, աւելցնենք, սպաներէն խորագիրներուն բառացի թարգմանութիւնը, իբրեւ թէ, «Հարիւր տարի մենութիւն» է, իսկ այդ բառացի թարգմանութեան մէջ ենթական «տարի» է, իսկ «հարիւր տարուայ մենութիւն» ըլլալու պարագային՝ ենթական «մենութիւն» կը դառնայ։
Այստեղ, մեր համեստ կարծիքով, քերականական շփոթ մը կայ, քանի որ սպաներէնի de-ն եւ անգլերէնի of-ը, որոնք զանց առնուած են այդ բացատրութեան մէջ, պատկանելիութիւն ցոյց կու տան (երկու լեզուները հոլով չունին)։ Բոլոր պարագաներուն, «հարիւր տարի»ն կը պատկանի «մենութեան»։ Կը խաղայ ճիշդ այն դերը, զոր «հարիւրամեակ» բառը պիտի կատարէր, եթէ, օրինակ, Կարսիա Մարքէսի վէպին խորագիրը “Centuria de soledad” ըլլար (սպաներէն centuria = անգլերէն centennial)։
Հետեւաբար, այդ բառացի թարգմանութիւնը պիտի ըլլար «Հարիւր (one hundred) տարի (years) մենութեան (of solitude)» (կամ՝ «Մենութեան հարիւր տարի»), որ, ի դէպ, ռուսերէն թարգմանութեան Сто лет одиночества խորագրին բառացի թարգմանութիւնն է նաեւ։ Բայց Ռուբէն Յովսէփեան բաւականաչափ հայերէն գիտէր, որ հասկնար, թէ լեզուականօրէն ճիշդ թարգմանութիւնը «Հարիւր տարուայ մենութիւն» էր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ արեւելահայերէնը կ՚ըսէ «հարիւրամեայ պատերազմ» (1337-1453ի անգլեւֆրանսական պատերազմը՝ Hundred Years War), «հարիւր տարուայ երկխօսութիւն» (Բակուր Կարապետեանի փորձագրութեան խորագիրը), «հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քար» (Եղիշէ Չարենց, «Ես իմ անոյշ Հայաստանի») եւ այլն, օգտագործելով սեռական հոլովը եւ ո՛չ թէ ուղղականը։ (Արեւմտահայերէնն նոյն սկզբունքին կը հետեւի)։ Ո՛չ «հարիւր տարի պատերազմ», ո՛չ «հարիւր տարի երկխօսութիւն», ո՛չ ալ «հնամ քաղաքների հազարամ քար» կ՚ըսենք։ «Հարիւր տարի պատերազմ մղուեցաւ» կ՚ըսենք, ինչ որ «հարիւրամեայ պատերազմ մղուեցաւ» ըսելէ տարբեր բան է։  
Պէտք է ափսոսալ, որ Ռուբինա Օհանեան 1992-2016ին առիթ ունեցած չըլլայ Ռուբէն Յովսէփեանի հետ կապուելու եւ խորագրի վերաբերեալ իր տարակարծութիւնը յայտնելու, որպէսզի անհրաժեշտ բացատրութիւնը ստանար, որմէ հաւանաբար բոլորս պիտի շահէինք։
Արդարեւ, մեզի կը թուի, որ Ռ. Յովսէփեան, բացի ճշգիրտ հայերէն գործածելէ, միաժամանակ կապած է խորագիրն ու անոր իմաստը վէպին մէջ։ Արդարեւ, վէպի վերջին նախադասութիւնը կը բացայայտէ «հարիւր տարուայ մենութիւն» խօսքին իմաստը։ Մէջբերումին շեղատառով աւելցուցած ենք բնագրային տող մը, որ զանց առնուած է հայերէն թարգմանութեան մէջ, եւ թաւատառով ընդգծած՝ հարիւր տարուան իմաստը ցոյց տուող տողը.
«Բայց դեռ վերջին տողին չհասած նա հասկացաւ, որ իրեն վիճակուած չէ դուրս գալ այս սենեակից որովհետեւ ըստ մագաղաթների մարգարէութեան փոթորիկը պիտի հողին հաւասարեցնի ու ջնջի մարդկանց յիշողութիւնից թափանցիկ (եւ կամ ցնորական) քաղաքը այն պահին, երբ Աուրելիանօ Բաբիլոնիա աւարտի մագաղաթների վերծանումը [en el instante en que Aureliano Babilonia acabara de descifrar los pergaminos], եւ որ մագաղաթներում գրի առած ամէն ինչը երբեք եւ ոչ մի դէպքում չի կրկնուելու այլեւս, քանզի մարդկային այն տոհմերը որոնք դատապարտուած են հարիւր տարուայ մենութեան, երկրորդ անգամ չեն յայտնւում երկրի երեսին»[1] (ընդգծումը մերն է. Վ.Մ.)։
Մեր նիւթին հետ ուղղակի առնչութիւն ունի Յակոբ Օշականի «Հաճի Մուրատ», «Հաճի Ապտուլլահ» եւ «Սիւլէյման էֆէնտի» վէպերուն կազմած եռապատումը, զոր հեղինակը կոչած է «Հարիւր մէկ տարուան»։ Ինչո՞ւ այս անունը։ Որովհետեւ վէպերուն հերոսները մարդիկ են, որոնց հանդիպած է բանտին մէջ եւ որոնք դատապարտուած էին հարիւր մէկ տարուան բանտարկութեան։ Անշուշտ՝ Օշական կրնար շարքին խորագիրը «Հարիւր մէկ տարի» դրած ըլլալ, բայց ընտրած է միւս ձեւը շեշտելու համար, որ նիւթը հարիւր մէկ տարուան բանտարկութիւնն է։
Կրկնենք. Օշական իր վիպաշարքին խորագիրը կապած է հարիւր մէկ տարուան բանտարկութեան դատապարտուելուն հետ, իսկ Մարքէս՝ հարիւր տարուան մենութեան դատապարտուելուն հետ։ Եթէ ասիկա հասկնալի է, ուրեմն պատճառ չկայ մատիտ խաղալու Ռուբէն Յովսէփեանի թարգմանութեան խորագրին մէջ։
Ռուբինա Օհանեան իրաւացիօրէն դիտել կու տայ, թէ «Մարկեսի այս գիրքն ու ամբողջը ճիշտ թարգմանելու համար, պէտք է տեսնել բնագիրը՝ իսպաներէն բնագիրը, եւ համեմատութիւններ անցկացնել հենց բնագրին հետ»։
1990ական թուականներուն, մենք առիթը ունեցած էինք կարճ ժանամակով մեր ձեռքը ունենալ Յովսէփեանի թարգմանութիւնը եւ համեմատել անոր առաջին 40-50 էջերը սպաներէն բնագրին հետ։ Այդ ժամանակ, զարմանքով նկատած էինք, որ թարգմանիչը, լեզուական իր անուրանալի ձիրքերուն առընթեր, յաջողած էր յաղթահարել միջնորդ լեզուի գործածութիւնը եւ արտադրել թարգմանութիւն մը, որ մեծաւ մասամբ զանցած է միջնորդութեան վնասները։ Կ՚ենթադրենք, սակայն, որ Յովսէփեանի թարգմանութիւնը իր բնագրի կրճատումներուն հետեւած է, քանի որ տեղեակ ենք, թէ գրաքննութիւնը (կամ թարգմանիչները) կատարած էին անհրաժեշտ մկրատումներ՝ ռուսերէն Մարքէսը Խորհրդային Միութեան բարոյական հասկացողութիւններուն պատշաճեցնելու համար[2]։
Այս յօդուածը գրելու ժամանակ, բախտը ունեցանք առաջին հրատարակութեան ելեկտրոնային տարբերակը գտնելու, թէեւ առայժմ ժամանակին մեր սկսած բաղդատականը շարունակելու միջոցը չունինք։
Սակայն, թերեւս ապագային պէտք է ձեռնարկել Ռ. Յովսէփեանի թարգմանութեան խմբագրումին՝ հնարաւոր պակասներն ու շեղումները դարմանելու համար։ Օրինակը կարելի է վերցնել Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը»ի անգլերէն թարգմանութենէն, որ 1935ին կատարուած էր՝ տասնեակ էջերու կրճատումներով, ըստ թարգմանիչ Ճէֆրի Տընլոփի քմայքին, մինչեւ որ 2012ին ուրիշ թարգմանիչ մը՝ Ճէյմզ Ռայտըլ, վերականգնեց պակսող հատուածները՝ վէպին վերադարձնելով գերմաներէն բնագրին համազօր թարգմանութիւն մը։
Կամ թերեւս գտնուի տաղանդաշատ թարգմանիչ մը, որ համարձակի Մարքէսի այս գլուխ գործոցին հայերէն երկրորդ կեանք մը տալ՝ բնագրային թարգմանութեամբ...։


[1] Գաբրիէլ Գարսիա Մարկես, Հարիւր տարուայ մենութիւն, Երեւան, «Սովետական գրող», 1979, էջ 438։ Սպաներէն բնագրին համար, օգտագործած ենք վէպի քննական բնագրի չորրորդ հրատարակութիւնը (Gabriel García Márquez, Cien años de soledad, edición de Jacquet Joset, Madrid, Cátedra, 1991, p. 559)։
[2] Տե՛ս García Márquez, Cien años de soledad, p. 57։
«Նոր Յառաջ», 27 Յունիս, 2020

1 comment:

  1. Օհանեանին սաւանածաըալ գրութիւնը կարդացած ատենս միտքէս կ'անցնէր որ Վարդանը պէտք է պատասխանէ ասոր. Կարճ, կտրուկ.

    ReplyDelete