29.4.20

Լեւոն Ճերմակեանն ու «Ոսկեդար»ը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
 

Գրասեղանիս վրայ ամէնօրեայ ներկայութիւն է Լեւոն Ճերմակեանը, Ժընեւ հասնելէս աւելի քան վեց տարիներէ ի վեր՝ կարմիր կողքով իր հեղինակած ֆրանսերէնէ հայերէն բառարանով, որ շուրջ քառասնամեայ մեր ծանօթութեան վերջին յիշատակը եղաւ:
Արդէն տարի մը անցաւ իր անձայն ու անշշուկ մեկնումէն, ինչպէս որ Մեսրոպեան մեծ գիւտի սպասաւորը եղաւ ան քառասուն տարիներ՝ կրկին անձայն ու անշշուկ:
Մէկ տարիով կանխած էր զիս գրավաճառութիւնը որպէս ասպարէզ ընտրելու իր արկածախնդրութեան մէջ՝ 1980 թուականին Պուրճ Համուտի սրտին վրայ հիմնելով «ՈՍԿԵԴԱՐ ՀԱՅ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՏՈՒՆ»-ը, անուն մը, որ ինքնին յարգանք կը պարտադրէ եւ ճաշակ կը բուրէ:
Ժամանակաշրջանի մը, երբ ընթացք առած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Փարթամ եւ հայաբոյր գաղութը կանգնած էր հայաթափման սպառնալիքին դէմ յանդիման, իրարու ետեւէ յաջորդաբար կը փակուէին հանրածանօթ տպարան-հրատարակչատուներ՝ «Մշակ»-ն ու «Էտվան»-ը, ապա՝ «Մեսրոպ-Ալթափրէս»-ն ու «ՀայՏիպ քոմբիւկրաֆ-Թեքնոփրէս»-ը: Վաստակաշատ գրագէտ՝ Սիմոն Սիմոնեանի մահով վերջակէտը կը դրուէր նաեւ «Սեւան» հրատարակչատան լայնածաւալ գործունէութեան: Քաղաքի տարածքին բազմաթիւ հայ գրատուներ կը գործէին՝ «Պերճ», «Նուպար», «Գեղարդ», «Սեմի Կարօ», «Զարեհ», «Միշմիշեան», ոմանք գաղթեցին ծովերէն անդին, ուրիշներ ալ մեկնեցան անդէնական:
Հրապարակի վրայ ցարդ յառաջապահ գիծի վրայ կանգուն են երկու հաստատութիւններ՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի եւ Համազգային Հայ մշակութային միութեան տպարան-հրատարակչատուները, որոնք հայ գիրքի հրատարակութեան ջահը Լիբանանի մէջ վառ կը պահեն: Զարթօնք-Թէքէեանն ու Հայկազեան համալսարանը իրենց իւղէն բաժին մը կը բերեն այդ ջահի կրակին:
Տակաւին ներկայութիւն են «Տօնիկեան» եւ «Շիրակ» տպարան- հրատարակչատուները, ժառանգորդ սերունդի ճիգերով, գէթ տարիներու կուտակուած պահեստը հրապարակի վրայ պահելով:
Անհատական մատենաշարերը՝ «Աշակերտին բարեկամը», «Գառնի»-ն, Յ. Լատոյեանի, «Սիփան»-ի, «Քափիթոլ»-ը եւ դասագիրքերու հրատարակիչ՝ Կարօ Առաքելեանը իրենց վաստակը ունին լիբանանահայ հրատարակչական կեանքին մէջ։
Լեւոն Ճերմակեան այս մթնոլորտին մէջ գործեց շուրջ քառասուն տարիներ, Հալէպի մեր «Կիլիկիա» հրատարակչատան պաշտօնակից ըլլալով, զինակիցներ եղանք նոյն խրամատին մէջ, մրցակիցի հոգեբանութիւնը չկար մեր գործակցութեան ընթացքին՝ նոյնացած ըլլալով մեր դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները:
Անձնական փորձառութեամբ հաստատած եմ, որ հայ իրականութեան մէջ հրատարակչական ասպարէզը սերունդներու շղթայով մը կրնայ գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ: Սփիւռքի մէջ լոյս տեսած հայ գիրքի պահեստի սպառումը, մէկ կամ երկու սերունդի կեանքէն բաժին մըն է միայն: Աշխարհահռչակ հրատարակչատուները հաստատութիւններ են, համալսարաններ, ընկերութիւններ կամ պետական կառոյցներ, ինչպիսին էր «Հայպետհրատ»-ը Խորհրդային տիրապետութեան օրերուն եւ աւելի քան երեք դարերու ընթացքին Մխիթարեան հայրերուն տուած հայ գիրքի հունձքը:
Լեւոն Ճերմակեանին գիրքի եւ հրատարակութեան ասպարէզի հմտութիւնը իմացական պատրաստութեան մը պտուղն էր, ան ծնած էր 1937-ին, Պէյրութ, 1956-ին Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը աւարտելէ ետք, Mission Laïque Française de Beyrouth-էն կը ստանայ լիբանանեան Բ. պաքալորեան, ապա «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանէն Քաղաքական գիտութիւններու լեսանսի վկայականը, 1965-ին: Միեւնոյն ժամանակ, 3 տարի նոյն համալսարանին մէջ կը հետեւի Հայր Մսըրեանի հայագիտական դասընթացքներուն: Լոնտոնի մէջ կը յաճախէ Trinity College, եւ 1970-ին, Merit պատւոյ յիշատակութեամբ կը վկայուի:
1988-ին Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանէն կը ստանայ իմաստասիրութեան դոկտորական կոչումը՝ D.E.A., en philosophie՝ որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով՝ «Հայ համայնքի ազգային գիտակցութիւնը Լիբանանի մէջ»: 1992-ին իր մասնակցութիւնը բերած է «Ս. Հոգի» համալսարանի հրատարակած մարոնիներու համայնագիտարանին:
Իբրեւ կրթական մշակ, զինք կը տեսնենք հայերէնի եւ ֆրանսերէնի ուսուցիչ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Հազմիէի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ: Երկու տարի եղած է ֆրանսէրէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Սայտայի ու Սուրի լիբանանեան պետական երկրորդական վարժարաններու:
«Գարակէօզեան» բարեսիրական հաստատութեան մէջ 28 տարիներ (1967- 1995) վարած է փոխտնօրէնի պաշտօն՝ տնօրէն Վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի կողքին, հոն նաեւ դասաւանդած է հայերէն եւ հայոց պատմութիւն բարձրագոյն դասարանի աշակերտներուն:
«Ոսկեդար» գրատուն այցելութիւններուս ընթացքին յաճախ հանդիպած եմ ընկերային հարցերով ներկայացողներու, աշխատանքի ժամերէն դուրս այս դիմումները սիրալիր եւ համբերատար ընդունելութիւն կը գտնէին ընկ. Լեւոնին մօտ:
Լեւոն Ճերմակեանի հրատարակչական առաջին երախայրիքը՝ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի Հարսը» բանաստեղծական հատորի վերահրատարակութիւնն էր, որուն յաջորդեցին տասնեակ մը այլ հատորներ՝ Արմէն Գարոյի «Ապրուած օրեր»-ը, Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին», Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր»-ը, Աւետիք Իսահակեանի «Առակներ»-ը, Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը, Վահան Թէքէեանի «Բանաստեղծութիւններ»-ը, «Ազգային յեղափոխական եւ ժողովրդային երգարան» եւ իր տիկնոջ՝ Սիլվա Պեզիրճեանի «Արդի խոհանոց-ճաշեր» ու «Արդի խոհանոց- անուշեղէններ» հատորները:
Աստուածաշունչն ու «Նարեկ» աղօթամատեանը սփիւռքահայութեան մօտ ամենատարածուած գիրքերն են, որոնցմէ ետք մեր ժողովուրդը մեծ կարեւորութիւն կու տայ երազահաններու։ Լեւոն Ճերմակեան ձեռնարկեց արդի երազահանի մը պատրաստութեան՝ հիմք ունենալով ժամանակակից օտար հոգեբաններու հատորները եւ դասական հրատարակութիւններու մէջ երազներու մեկնութիւնները՝ «Ոսկեդար երազահան» անուան տակ՝1990-ին: Իր երկու լեզուներու հմտութեան արգասիքն էր «Ֆրանսերէնէ հայերէն բառարան»-ը, որ հրատարակեց 2009-ին, դժբախտաբար այդ բառարանի երկրորդ բաժինը՝ Հայերէնէ ֆրանսերէնը չկարողացաւ ամբողջացնել եւ մամուլին յանձնել:
Լեւոն Ճերմակեան փոքր տարիքէն իր երդումը կատարած էր, ծառայելու հայ ժողովուրդին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն ընդմէջէն, որուն հաւատաւոր եւ հաւատարիմ զինուորը մնաց ան՝ իր կազմակերպական եւ մտաւորական կարողութիւնները ի սպաս դնելով ընդհանրապէս մշակութային, ազգային, բարեսիրական եւ հայրենակցական բնոյթի գործունէութեամբ, հեռու մնալով փառքի պաշտօններ որոնելու հոգեբանութենէ:
1982-էն սկսեալ Լեւոն Ճերմակեան 18 տարի անընդմէջ եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ: Համադրած է քաղաքապետութեան եւ Եւրոպական Համայնքին միջեւ տարուող հաշմանդամներու ծրագիրը:
Լիբանանի հայոց թեմի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անսակարկօրէն ծառայած է շուրջ 50 տարիներ: Իրերայաջորդ կաթողիկոսներու եւ առաջնորդներու կողմէ նշանակուած է զանազան մարմիններու մէջ: Հիմնադիր անդամներէն էր Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, որուն յատկանշական աշխատանքներէն եղաւ Պուրճ Համուտի մէջ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Կեդրոնին բացումը, 1974-ին: Ծառայած է Դամբարաններու օրինականացման, Իրաւաբանական, Կարօտելոց եւ Բնակարանային յանձնախումբերուն ու ԱՖԷՏ-ին: Առաջնորդարանի մօտ իբրեւ գաղտնապահ խորհրդատու, 1970-էն մինչեւ 1990 գործուղուած է լիբանանեան բանտերը այցելելու եւ լսելու հայ մեղադրեալները: 1970-1986ին մասնակցած է համաշխարհային միջեկեղեցական հանդիպումներու: Եղած է Կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչ Comité Social des refugiés palestiniens-ի մօտ: «Լիբանանի ընկերային ծառայողներու միութեան» անդամագրուած առաջին լիբանանահայն էր ան:
Իր կեսարացի արմատներուն հաւատարիմ՝ բազմիցս ընտրուած է Կեսարիոյ հայրենակցական միութեան վարչական, ուր վարած է ատենադպրութիւնը մինչեւ իր մահը։
Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ընդդիմացած է լիբանանահայութեան արտագաղթին: Արտագաղթի գագաթնակէտի օրերուն՝ 1978-ին, հրաժարած կրին քարտէն, դասախօսելով երիտասարդական շրջանակներու մէջ, թէ հայը լիբանանցի քաղաքացի է, եւ ո՛չ թէ ճամբորդ: Հանգստեան տարիներուն ալ մնաց Լիբանան՝ անտեսելով կիպրական անցագիրով ապահով ծերութիւն ապրելու պատեհութիւնը:
Պարբերաբար գրած է յօդուածներ: Վերջինը՝ «Ազդակ», Հոկտեմբեր 2018-ին, Արարայի ճակատամարտի հարիւրամեակին՝ «Հարիւրամեակ Արարայի յաղթանակին. Պաղեստին (14 Սեպտեմբեր, 1918-1919 Սեպտեմբեր, 2018) Արեւելեան Լեգէոնը կը դառնայ Հայկական Լեգէոն – Légion Arménienne» խորագիրով։
1968-ին ընտանիք կազմած է կիպրահայ Սիլվա Պէզիրճեանի հետ: Ունեցած են չորս զաւակներ՝ Վազգէն, Արմինէ, Պարթեւ եւ Կասիա, ու վեց թոռներ:
18 Ապրիլ 2019-ին, Աւագ Հինգշաբթին, Լեւոն Ճերմակեան՝ կիսաւարտ ձգելով «The saga of my family» գրքոյկը եւ անտիպ թողելով նաեւ «Հայոց արքան», հոգին աւանդեց Ապու Ժաուտէ հիւանդանոցին մէջ:
Լիբանանահայութեան պատմութիւնը ոսկի տառերով պիտի արձանագրէ «Ոսկեդար Հայ գիրքերու տուն»-ը եւ անոր սեփականատէր Լեւոն Ճերմակեանի գործունէութիւնը:

«Ազդակ», 25 Ապրիլ, 2020


1 comment:

  1. Արժանի մարդու մը արդար գնահատանք:

    ReplyDelete