ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ինչպէս ընթերցողը գիտէ, 2009-2019 թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Տոնըլտ Թրամփ (իր նախորդին հետեւողութեամբ ու բանագողութեամբ) ամէն Ապրիլ 24ի առիթով հրապարակած են յայտարարարութիւն մը որուն մէջ ներկայ են ցեղասպանութեան սահմանումը եւ «Մեծ Եղեռն» անուանումը, թէեւ, ի մեծ յուսախաբութիւն հայ քաղաքական գործիչներու, հրապարակագիրներու եւ ընդհանուր հանրութեան, «ցեղասպանութիւն» բառը բացակայ է։
Անոնցմէ առաջ, 2003ին ու 2005ին, ԱՄՆի նախագահ Ճորճ Ու. Պուշ գործածած էր “great calamity” եւ “Great Calamity” արտայայտութիւնները (այսինքն՝ փոքրատառ եւ մեծատառ), որոնք կը թարգմանէին «Մեծ Եղեռն» հասկացողութիւնը։
Ի. դարու սկզբնաւորութեան, «Մեծ Եղեռն» յատուկ անուան գործածութիւնը սկսած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը՝ 2001ին Հայաստան կատարած այցելութեան, որուն հետեւած էին Բենեդիկտոս ԺԶ. եւ Փրանկիսկոս պապերը՝ տարբեր առիթներով, թէեւ վերջինները “Grande Male” (“Grand Mal”) թարգմանութեան կիրարկումով։ Պէտք է յիշել նաեւ Գանատայի նախկին վարչապետ Ստիվըն Հարփըրի կողմէ «Մեծ Եղեռն»ի գործածութիւնը 2006ին եւ 2011ին։
Յովհաննէս Պօղոս Բ., Փրանկիսկոս եւ Հարփըր «ցեղասպանութիւն» բառը գործածած են զանազան առիթներով, ինչ որ պարագան չէր թրքական այսպէս կոչուած «ներողութեան արշաւ»ի (Դեկտեմբեր 2008) յայտարարութեան, որ «Մեծ Եղեռն» գրած է՝ Buyuk Felaket/Grand Catastrophe եւ բազում այլ լեզուներով թարգմանութեամբ։
Վերջին դարուն, կարգ մը յօդուածագիրներ եւ թարգմանիչներ սովորութիւն ըրած են «եղեռն» բառը կիրարկել «ողբերգութիւն, աղէտ, փորձանք» իմաստներով, հիմնուելով սերունդէ սերունդ աւանդուած այն թիւր հասկացողութեան վրայ, որ «եղեռն» եւ «եղեր» արմատները (վերջինս առանձինն գործածուած չէ աշխարհաբարի մէջ, այլ միայն կ՚երեւի «եղերական» եւ «եղերամայր» բառերուն մէջ) նոյնիմաստ են։ «Նոր հայկազեան լեզուի բառարան»ին մէջ ամրագրուած ու պատշաճ հիմնաւորումէ զուրկ այս սահմանումը մանրամասն քննադատութեան ենթարկած ենք այլուր (1)։ Անոր ժառանգորդ, «լեզուագէտ» հայազգի հրապարակագիրներ վերջին երկու տասնամեակներուն ո՛չ միայն չեն վարանած վաւերացնել հայերէն չգիտցող օտարներու կողմէ կիրարկուած նմանօրինակ թարգմանութիւններ, այլեւ անարգանքի սիւնին գամել մեր լեզուն՝ «Մեծ Եղեռն» հասկացողութեան գործածութիւնը նկատելով ժխտողականութիւն, սրբապղծութիւն եւ նախատինք։
Այստեղ կ՚ուզենք միայն քանի մը դիտողութիւններ կատարել, որոնք թերեւս օգտակար ըլլան ապագային, երբ այսպէս կոչուած հայ քաղաքական միտքը փորձէ յետադարձ հայեացքով քննել, թէ ինչպէ՞ս ցեղասպանութեան յղացքի միակողմանի ու մտասեւեռ հետապնդումը յանգած էր հերթական պարտութեան Ամերիկայի մէջ, այս անգամ՝ հայոց լեզուի կալուածին մէջ, որ ենթադրաբար մե՛ր տիրոյթն է։ Այդ պարտութիւնը չի պարտկուիր նոյնիսկ ամերիկեան օրէնսդիր ժողովի երկու պալատներուն կողմէ Հոկտեմբեր եւ Դեկտեմբեր 2019ի ճանաչումի բանաձեւերուն վաւերացումով, քանի որ տակաւին ի զօրու կը մնայ գործադիր իշխանութեան խուսափողական կեցուածքին եւ անոր կողմէ մեր լեզուի շահագործումին հարցը, որ անլուծելի թնճուկ մը դարձած է մեր քաղաքական գործիչներուն եւ հանրութեան համար՝ լեզուական անգիտութեան եւ անտարբերութեան պատճառով։
Երբ այս տողերը կը գրենք, դժուար է երեւակայել, թէ Տոնըլտ Թրամփի վարչակազմը Ապրիլ 24, 2020ին իր կեցուածքը պիտի փոխէ կամ նոյնիսկ հերթական յայտարարութիւնը պիտի կատարէ։ Թագաժահրի համավարակի պատճառած գլխացաւանքը բաւարար պատրուակ մըն է, որպէսզի արդարանայ 1994էն ի վեր Քլինթըն-Պուշ-Օպամա-Թրամփ վարչակազմերու «աւանդութիւնը» մոռացութեան մատնելը (*)։
ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 1
1915ի Նոյեմբերին, Ֆրանսական Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան Լիկայի (Ligue des droits de l’homme) եւ ֆրանքեւհայկական յանձնախումբերը, ստորագրութեամբ՝ Ֆրետերիք Պիւիսոնի (Լիկայի նախագահ) եւ Վիքթոր Պէռարի (յանձնախումբերու պատուիրակ), ընդարձակ բաց նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, պահանջելով ամերիկեան միջամտութիւնը՝ հայերու դէմ գործուող ընդհանուր կոտորածը կասեցնելու համար։ Այդ բաց նամակէն կը մէջբերենք եզրափակիչ պարբերութեան հետեւեալ հատուածը՝ մեր ընդգծումներով.
“La France est impuissante aujourd'hui devant ce crime qui, pour l’empire turc lui-même, est un désastre irreparable. (…) Votre nation, bienfaitrice et éducatrice des Arméniens, est responsable au même titre que nous, Français et Anglais, envers ses disciples qui écoutèrent ses leçons, mirent leur confiance en elle et s’éfforcèrent de devenir, sur son example, des hommes de civilisation et de progrès. Elle porterait devant l’Histoire une part de ce forfait si elle ne faisait rien pour en interrompre le cours” (2)։
Նամակին ամբողջական թարգմանութիւնն ու մեկնաբանութիւնը կատարած է Արշակ Չօպանեանը, որ այդ օրերուն կ՚աշխատակցէր Նիւ Եորք «Կոչնակ»ին (հետագային՝ «Հայաստանի Կոչնակ»)։ Ան թարգմանած է վերոյիշեալ հատուածը հետեւեալ ձեւով (ընդգծումները դարձեալ մերն են).
«Ֆրանսան այսօր անզօր է այս ոճիրին հանդէպ, որ նոյն ինքն Թուրք պետութեան համար անդարմանելի աղէտ մըն է։ (...) Ձեր ազգը, բարերար եւ դաստիարակիչ Հայոց, պատասխանատու է այն նոյն պատճառով, որոնք մենք իսկ Ֆրանսացիքս եւ Անգլիացիքս, այդ աշակերտներուն հանդէպ որք իր դասերը ընդունեցին, իր վրայ վստահացան, եւ ջանացին, իր օրինակին հետեւելով, քաղաքակրթութեան եւ յառաջդիմութեան մարդիկ ըլլալ։ Ձեր ազգը պատմութեան առջեւ բաժին մը պիտի ունենար այս եղեռնին՝ եթէ բան մը չընէր զայն կասեցնելու համար» (3)։
Ի դէպ, Չօպանեանէն առաջ, այս հատուածը նաեւ թարգմանուած էր Աղեքսանդրիոյ (այժմ՝ Գահիրէ) «Արեւ» երկօրեային կողմէ, որ forfait բառին դիմաց եղեռնագործութիւն գրած էր (4)։
Մեծ Եղեռնի ցաւագին արձագանգները դեռ ի զօրու էին 1917ին, երբ պատմաբան Լէօ (Առաքել Բաբախանեան), իր «Հայոց պատմութիւն»ի առաջին հատորին մէջ կ՚անդրադառնար հռոմայեցի եռապետ Մարկոս Անտոնիոսի կողմէ Տիգրան Մեծի որդիի՝ Արտաւազդ Բ. թագաւորի դէմ (Ք.Ա. 55-31) գործած ոճրագործութեան։ Հայոց պատմութեան ծանօթ մարդիկ գիտեն, որ Անտոնիոս նենգաբար ձերբակալած էր Արտաւազդը Ք.Ա. 34ին եւ երեք տարի զինք պահած իր սիրուհի Կղէոպատրայի մայրաքաղաք Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս), մինչեւ որ Օկտաւիանոսի կողմէ պարտութեան մատնուելով, 31ին անձնասպան կ՚ըլլար՝ նախապէս հայոց թագաւորը գլխատել տալով։ Լէօ կը գրէր. «Անտոնիոսի տմարդի վարմունքը Արտաւազդի հետ, որ հռոմայեցի երեւելի պատմագիր Տակիտոսը որակում է “եղեռն” անունով, մի ահաւոր հարուած էր տալիս Հռոմի ազդեցութեան Հայաստանում» (5)։ Իսկ ի՞նչ էր Տակիտոսի «եղեռն» կոչածը.
“(...) l’Arménie, pays alors sans maître, et dont la fois partagée flottait entre les Parthes et les Romains depuis le crime d’Antoine, qui, après avoir, sous le nom d’ami, attiré dans un piége Artavasde, roi des Arméniens, le chargea des fers et finit par le tuer” (6)։
Չօպանեանն ու Լէոն հայերէն գիտէին, ինչպէս Եղեռնէն առաջ ու ետք շատ մը ծանօթ ու նուազ ծանօթ մտաւորականներ, եւ ֆրանսերէն crime եւ forfait, ինչպէս եւ այլ լեզուներով համապատասխան արտայայտութիւնները, գիտէին ըստ պատշաճի թարգմանել եղեռն բառով։ Նմանօրինակ բազմատասնեակ նմոյշներ ունինք մեր տրամադրութեան տակ։ Անշուշտ, եղած են նաեւ անոնք, որոնք Նոր Հայկազեանի սահմանած թիւր աւանդութիւնը եւ անոր հետեւորդ կարգ մը երկլեզուեան բառարաններու, ինչպէս եւ պայմանադրական իմացութիւնը (sagesse conventionnelle) ընդունած են իբրեւ աղբիւր, ու տարբեր ձեւով վարուած են։ Այսպէս, Ենովք Արմէն 1919ին հայերէնի թարգմանած է ամերիկացի դեսպան Հենրի Մորկընթոյի յուշերը եւ անոնց կցած՝ նոյն հեղինակին The Tragedy of Armenia գրքոյկը, զոր վերնագրած է «Հայաստանի եղեռնը» (7)։ Կան, անշուշտ, այլ օրինակներ։
ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 2
Եղեռնի ոճիր-ողբերգութիւն շփոթը եւ «ցեղասպանութիւն» բառը ամէնուրեք տեսնելու մտասեւեռումը որպէս ապացոյցի գերագոյն աստիճանը նախ մղած է 1915ի դէպքերուն պատմագիտական՝ Մեծ Եղեռն անունը աստիճանաբար քօղարկելու «Հայկական/Հայոց Ցեղասպանութիւն» արուեստականօրէն գլխագրուած «անուանում»ին ետին, եւ անոր զուգահեռ՝ նոյնիսկ ողբերգա-զաւեշտական վիճակներու։
Այսպէս, Յունիս 2000ին ամերիկահայ հրապարակագիր մը կը պնդէր, որ եղեռն բառի իմաստը Աճառեանի արմատական բառարանին («փորձանք, չարիք, ոճիր, ողբ, ցաւ») եւ այլ բառարաններու մէջ («սպանդ, ջարդ, կոտորած, յանցագործութիւն»), ինչպէս եւ հայերէն-անգլերէն, անգլերէն-հայերէն բառարաններու մէջ (“crime, atrocity, murder, brutality, tragedy, massacre”) ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ էր։ Ուստի, «այսօր “Եղեռն” բառը պէտք է վերացուի հայկական հրատարակութիւններէն եւ հրապարակախօսներու բառացանկէն երբ խօսքը կը վերաբերի հայկական Ցեղասպանութեան»։ Ան կը պահանջէր, որ ա) հայ մամուլը մերժէր հրատարակել բառը գործածող գրութիւններ, բ) հեղինակները եղեռն բառը չգործածէին իրենց գործերու մէջ, գ) ձեռնարկներու, հանդէսի, հեռատեսիլի յայտագիրներու մէջ չօգտագործուէր «ցեղասպանութիւն»ի տեղ, դ) յուշակոթողներու գրութիւններէն եղեռն բառը հանուէր եւ ցեղասպանութիւն եզրով փոխարինուէր, եւ ե) Ծիծեռնակաբերդի «Մեծ Եղեռնի յուշարձան»ը դառնար «Ցեղասպանութեան յուշարձան»։ (Վերջինը իրագործուած է տարիներ ետք, երբ Ծիծեռնակաբերդի յուշամահամալիրը վերանուանուած է «Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր»)։ Այս բոլորը հետեւանք էր հետեւեալ հաստատումին. «Ուստի եթէ կ՚ուզենք որ 1915-1923ի հայկական Ցեղասպանութիւնը թուրքերու կողմէ իրականացուած, ճանչցուի օտար ազգերու եւ պետութիւններու կողմէ, նախ սկսինք այդ բառը ճշգրտօրէն մենք գործածելով՝ մոռնանք Եղեռն բառը»(8)։
(Ճորճ Օրուէլի «1984» վէպի Newspeakին վայել այս առաջարկներէն ու մտքերէն աւելի քան տասնամեակ մը ետք, նոյն հրապարակագիրը այլեւս ինքնավստահ «Մեծ Եղեռն ցեղասպանութիւն չէ» բանաձեւումով կը վերադառնար իր արշաւին, այժմ անապացոյց կերպով պնդելով (հակառակ որ «Մեծ Եղեռն» 1915-1965ին անթիւ անգամներ գործածուած է, ներառեալ՝ 23 գիրքերու վերնագիրներուն մէջ), որ «Մեծ Եղեռն» եզրի մեծագոյն տարածողը հանդիսացած էր լիբանահայ մտաւորական Գերսամ Ահարոնեանի խմբագրած «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի» հատորը, եւ որ ան կը գործածուի «ցեղասպանութիւն» փոխարէն մինչեւ օրս. «Այս ծաւալուն հատորին հրապարակումէն ետք ընդհանրացաւ «Մեծ Եղեռն»ի գործածութիւնը գրագէտներու, խմբագիրներու, կրօնականներու կողմէ Հայոց Բնաջնջումը յատկանշող եւ միջազգայնօրէն ընդունուած «Ցեղասպանութիւն» բառին փոխարէն... եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի» (9)։ Մեր ընդգծած բառերը կ՚ենթադրեն, որ մեր աչքն ու ականջը ամենայն ժամ «ցեղասպանութիւն» բառին գործածութիւնը մեր կողմէ՝ աշխարհի բոլոր լեզուներով, տեսողական ու լսողական պատրանք մըն է։ Սակայն, հետաքրքրական է նշել, բազմատասնեակ նման օրինակներու շարքին, որ նման հիմնազուրկ յայտարարութենէն տարի մը առաջ՝ 2012ին, «Ազդակ» օրաթերթի Ապրիլ 24ի բացառիկը՝ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի հետ միասին հրատարակուած, լոյս տեսած էր «Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին առիթով»՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը խորագրին մէջ ունեցող վեց յօդուածով, մինչ «Մեծ Եղեռն» բառերու խորագրային գործածութիւնը սահմանափակուած էր երկու յօդուածի։
Պիտի գոհանանք ընթերցողի ուշադրութեան յանձնելով մեր պրպտումներուն արդիւնք երկու ուշագրաւ փաստեր, որոնք արդէն բաւարար են ամբողջութեան արժէքը գնահատելու համար.
ա) «Եղեռն» բառը 1965ին սկսած է գործածուիլ յուշարձաններու մէջ։ 1965-2000 թուականներուն, աշխարհի 13 երկիրներու մէջ կառուցուած 52 յուշարձաններու արձանագրութիւններէն միայն 17 (տասնեօթը), այսինքն՝ 32.69 առ հարիւրը «Մեծ Եղեռն», «Ապրիլեան Եղեռն» կամ «Եղեռն» անուանումները կը պարունակեն։ Այդ արձանագրութիւններէն վեցը Եղեռն բառը թարգմանած են Genocide, Génocide կամ Holocaust ձեւով։ Միւս կողմէ, 41 (քառասունմէկ) արձանագրութիւններ, այսինքն՝ 80.39 առ հարիւրը, ցեղասպանութիւն եւ իր թարգմանութիւնները կը պարունակեն՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, յունարէն, պուլկարերէն եւ ֆլամաներէն։
Ի դէպ, 2001-2018ին 16 երկիրներու մէջ կառուցուած 57 յուշարձաններու արձանագրութիւններուն 89.47 առ հարիւրը (51 անգամ) ցեղասպանութիւն բառը ունի, իսկ Եղեռն կամ Մեծ Եղեռն դարձեալ գործածուած է 16 արձանագրութիւններու մէջ (28.07 առ հարիւր), որոնցմէ ութը «եղեռն» թարգմանած են «ցեղասպանութիւն» ձեւով՝ անգլերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ ռումաներէն, եւ այլն։
Ո՛չ մէկ արձանագրութեան մէջ եղեռն բառը այլ ձեւով (օրինակ՝ tragédie, crime, եւ այլն) թարգմանուած է։
բ) Մէկ կողմ պիտի ձգենք այն իրողութիւնները, որ 1944ին Մալխասեանցի քառահատոր բառարանը «հնացած» նշանը դրած է «եղեռն» բառի առաջին նշանակութեան քով՝ «չարիք, աղէտ, փորձանք» (10), եւ որ յօդուածագիրը ի զուր «ցեղասպանութիւն» բառը փնտռած է թէ՛ հոն եւ թէ՛ Գայայեանի հոմանիշներու բառարանի 1967ի հրատարակութեան մէջ։ Ըստ երեւոյթին, անտեղեակ էր, որ 1944-1945ին Մալխասեանց չէր կրնար ընդգրկել բառ մը, զոր Շաւարշ Միսաքեան առաջին անգամ Դեկտեմբեր 1945ին պիտի գործածէր եւ որ Գայայեանի բառարանը նոյնութեամբ վերատպուած էր 1934ի հրատարակութենէն, երբ Ռաֆայէլ Լեմքին տակաւին հնարած չէր իր բառը։ Ի դէպ, Աճառեանի արմատական բառարանը կը յայտնէ, թէ բառին իմաստները «փորձանք, չարիք» են՝ գրաբարի՛ մէջ, եւ «նոր գրական» (=աշխարհաբար) լեզուի մէջ՝ «ոճիր» (11)։ Ո՛չ «ցաւ» կայ հոն, ո՛չ ալ «ողբ»։
Աւելի կարեւոր է դիտել տալ՝ ի պէտս զարգացելոց եւ անգիտաց անպէտ, ինչպէս պիտի ըսէին հիները, որ ցարդ 1996-2015 թուականներուն լոյս տեսած տասնմէկ երկլեզու կամ եռալեզու բառարաններու հանդիպած ենք, ուր «եղեռն» բառի թարգմանութիւնը génocide է կամ holocauste (12).
Հեղինակ
|
Եղեռն
|
Genocide
|
Ցեղասպանութիւն
|
Հ. Վահան Օհանեան
|
crimine,
genocìdio
|
genocìdio
|
|
Խ. Գրիգորեան
|
genocide; crime
|
-----------------------
|
|
Նելլի Բարաթեան
|
slaughter, carnage, genocide; (heinous)
crime, evil deed
|
genocide, massacre, pogrom, holocaust
|
|
Ֆիլիփ Գ. Մեսրոպ
|
Геноцид (Genotsid)
|
Геноцид (Genotsid)
|
|
Awde and Davidian
|
Holocaust
[holocaust = tseghasbanootioon, yeghern]
|
Tseghasbanootioon
|
genocide, holocaust
|
Սամուէլ Գասպարեան
|
génocide,
massacre, carnage
|
եղեռն, ցեղասպանութիւն
|
Génocide
|
Խ. Գրիգորեան
|
genocide; crime
|
-----------------------
|
|
Սոնա Սեֆերեան եւ այլք
|
Genocide
|
Ցեղասպանութիւն
|
Genocide
|
Արամ Բարլեզիզեան
|
génocide; massacre
|
génocide; ethnocide
|
|
Մայրանուշ Տէյիրմէնճեան
|
kıtal-li,
soykırım
|
----------------------
|
|
Դ. Չիլինգարեան եւ Ե. Երզնկեան
|
Տե՜ս ցեղասպանութիւն. յանցագործութիւն, ոճիր
|
genocide = ցեղասպանութիւն
геноцид
(genotsid)= ցեղասպանութիւն.
Եղեռն
|
genocide
|
ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
ԹԻՒ 3
Եղեռն բառը «ոճիր, գազանային ոճիր» (crime, forfait) անհատական սահմանումէն հասած է հաւաքական իմաստներու։ 1965ին, արդէն անգլերէնի կը թարգմանուէր թէ՛ «կոտորած, ջարդ» (massacre) եւ թէ՛ «ցեղասպանութիւն» (génocide) իմաստով։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հովանիին տակ կազմուած «Եղեռնի 50-ամեակի Կեդր. Յանձնախումբը» անգլերէնով հրատարակած է վեց գրքոյկներ։ Առաջին երեքի հրատարակիչը անգլերէնով կոչուած է “Commemorative Committee on the 50th Anniversary of the Turkish Massacres of Armenians”, իսկ մնացեալ երեքի պարագային՝ “Commemorative Committee on the 50th Anniversary of the Turkish Genocide of the Armenians”։ Յանձնախումբը նաեւ հրատարակած է նամակադրոշմ մը (առանց առեւտրական արժէքի դրոշմաթուղթ), ուր հայերէն «Հայկական Եղեռնի 50ամեակ» տողին համապատասխան անգլերէն տողն էր “50th anniversary of the Turkish genocide of the Armenians” (13)։ Նոյն տարին Լիբանան ու Ֆրանսա լոյս տեսած նմանօրինակ նամակադրոշները նոյնպէս հայերէն «Եղեռն» բառին զուգադրած են genocide անգլերէն եւ génocide ֆրանսերէն բառերը յաջորդաբար։
Պէտք է ենթադրել, որ այդ երկիրներուն համայնքային պատասխանատուները գիտէին, որ «ցեղասպանութիւն» բառը գոյութիւն ունէր եւ որ արդէն 1950ին եւ 1961ին Մեսրոպ Գույումճեանի երկլեզու (հայերէն-անգլերէն, անգլերէն-հայերէն) բառարանները մտած էր (14)։ Սակայն, գերադասած էին եղեռն բառը օգտագործել որպէս genocideի համարժէք։
Հայաստանի մէջ միեւնոյն հոլովոյթը կ՚ընթանար։ 1965-1966ին լոյս տեսած քանի մը գիտական յօդուածներու ռուսերէն ամփոփումները եղեռն բառը թարգմանած են геноцид (genotsid) բառով (15)։ 1975ին, Գիտութիւններու Ակադեմիայի «Պատմա-բանասիրական հանդէս» պարբերականը հրատարակած է «Եղեռն եւ վերածնունդ. 1915-1975» խորագրով բաժինը, ընդգրկելով այդ տարուան Ապրիլ 24ի խորհրդահայ քաղաքական աւագանիի առաջին պաշտօնական ոգեկոչումը Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր վերնագրի եղեռն բառը թէ՛ անգլերէն եւ թէ՛ ռուսերէն թարգմանուած էր genocide (геноцид) բառով (16)։
1985ին, «Էջմիածին» ամսագիրը լոյս ընծայած է Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոնդակը, որ կ՚ոգեկոչէր «Ապրիլեան Եղեռնի նահատակները», ինչպէս եւ անոր նամակը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ քոյր եկեղեցիներու՝ «Մեծ Եղեռնի 70ամեակին», եւ զեկոյց մը «Մեծ Եղեռնի 70ամեակի ոգեկոչում»ին մասին Մայր Աթոռի մէջ։ Պաշտօնաթերթի բովանդակութեան ցանկը, որ չորս լեզուներով լոյս կը տեսնէր, «Ապրիլեան Եղեռն» եւ «Մեծ Եղեռն» անունները հետեւեալ թարգմանութեամբ տուած է (17).
Հայերէն
|
Ռուսերէն
|
Անգլերէն
|
Ֆրանսերէն
|
Ապրիլեան Եղեռն
|
геноцид армян (genotsid
armyan, «հայոց ցեղասպանութիւն»)
|
1915 genocide
|
génocide de 1915
|
Մեծ Եղեռն
|
великого геноцид (velikogo genotsid, «մեծ ցեղասպանութիւն»)
|
Great Genocide
|
génocide de 1915
|
Եղեռն բառի «ցեղասպանութիւն» իմաստի աւելի յստակացած ու համապարփակ որդեգրումը սկսած է 1988ի արցախեան շարժումով, ուր ցուցադրուած պաստառները յիշած են «հոգեւոր եղեռն»ը, «սպիտակ եղեռն»ը եւ «Նայիրիտի եղեռն»ը, ի շարս այլոց։ Ցոյցերուն ականատեսի մը՝ ամերիկացի մարդաբան Նորա Տատուիքի տուած անգլերէն թարգմանութեամբ (բնականաբար՝ հայ տեղեկաբերներէ ստացած), նմանօրինակ արտայայտութիւններ կը նշանակէին “génocide culturel”, “génocide blanche” եւ “génocide écologique” (18)։ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի այժմու տնօրէն, ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեան այդ պաստառներուն գրութիւններն ալ անգլերէնի թարգմանած է “genocide” բառը գործածելով (19)։
Այստեղ պիտի չծանրանանք վերջին տասնամեակներուն արձանագրուած բազմաթիւ պարագաներուն վրայ, երբ անկախ Հայաստանի պաշտօնական գրութիւններու հայերէն Մեծ Եղեռն եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են, միատեղ, Armenian Genocide ձեւով։ Սակայն, պիտի անդրադառնանք խորհրդային վերջին տարիներու թարգմանութեան մը, որուն գիւտը կատարեցինք թագավարակի պարտադրած տնային կալանքի այս շաբաթներուն, համացանցի անսահման կարելիութիւններուն շնորհիւ, եւ որուն տպագիր բնօրինակի ճշդումը պիտի սպասէ բնականոն վիճակի վերադարձին։
Այստեղ պիտի չծանրանանք վերջին տասնամեակներուն արձանագրուած բազմաթիւ պարագաներուն վրայ, երբ անկախ Հայաստանի պաշտօնական գրութիւններու հայերէն Մեծ Եղեռն եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են, միատեղ, Armenian Genocide ձեւով։ Սակայն, պիտի անդրադառնանք խորհրդային վերջին տարիներու թարգմանութեան մը, որուն գիւտը կատարեցինք թագավարակի պարտադրած տնային կալանքի այս շաբաթներուն, համացանցի անսահման կարելիութիւններուն շնորհիւ, եւ որուն տպագիր բնօրինակի ճշդումը պիտի սպասէ բնականոն վիճակի վերադարձին։
Եղեռն բառի վկայութիւններու հերթական որոնումի մը ընթացքին, grapaharan.org կայքէջին մէջ հանդիպեցանք վերոյիշեալ թարգմանութեան դպրոցական միջին եւ բարձր տարիքի համար հրատարակուած գեղարուեստական գրականութեան մէջ։ Արդարեւ, 1984ին «Սովետական գրող» (այժմ՝ «Նայիրի) հրատարակչատունը Երեւանի մէջ լոյս ընծայած է գիտա-երեւակայական գրականութեան ամերիկացի հռչակաւոր հեղինակ Ռոպըրթ Շէքլիի ժողովածու մը՝ «Մտքի բուրմունքը» խորագրով։ Ան կ՚ընդգրկէր «Մի քիչ զրուցե՞նք» վիպակը (“Shall We Have a Little Talk?”), որ առաջին անգամ հրատարակուած էր 1965ին եւ նոյն տարին լաւագոյն վիպակի «Նեպուլա» մրցանակին (գիտա-երեւակայական գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը) թեկնածու հռչակուած։ Անոր գլխաւոր կերպարին՝ Ճէքսընի միջոցով (Երկիր մոլորակի դեսպան մը, որ միջաստղային քաղաքակրթութիւններու հետ առաջին կապը հաստատելու պատասխանատուութիւնը ունի), Շէքլի երեւակայած էր ապագայ մը, ուր երկրագունդը կ՚ապրէր օրէնքի սահմաններուն մէջ։ Բայց այդ ապագան, ինչպէս յաճախ կը պատահի գիտա-երեւակայական գրականութեան մէջ, նաեւ տեղ ունէր ներկայի ընկերա-քաղաքական իրավիճակի անդրադարձներու համար.
«Եթէ կապաւորը սպանւում էր, հատուցումը վրայ է հասնում արագ ու սարսափելի անխուսափելիութեամբ։ Նաեւ ցաւով, ի հարկէ, քանի որ Երկիրը ծայրաստիճան քաղաքակրթուած վայր էր եւ սովոր էր ապրել ըստ օրէնքների։ Ոչ մի քաղաքակրթուած, օրէնք յարգող ցեղ եղեռն չի գործի։ Եթէ ուզում էք իմանալ, Երկրի բնակիչները եղեռնը շատ տհաճ բան են համարում, եւ նրանք չեն սիրում առաւօտեան լրագրերում դրա կամ դրան նման մի այլ բանի մասին կարդալ։ Ի հարկէ, դեսպանորդները պետք է պրոտեկցիա ունենան եւ սպանութիւնը պետք է պատժուի, բոլորը դա գիտեն։ Բայց այնուհանդերձ մարդ լաւ չի զգում, երբ առաւօտեան սուրճը խմելիս եղեռնի մասին է կարդում։ Այդպիսի լուրը կարող է մարդու ամբողջ օրը փչացնել։ Երեք-֊չորս եղեռն եւ մարդ կարող է այնքան զայրանալ, որ ընտրութիւններին կառավարութեան օգտին չի քուէարկի»։
Հեռաւոր ապագային մէջ, ի՞նչ էր այն եղեռնը, որ «ոչ մի քաղաքակրթուած, օրէնք յարգող ցեղ ... չի գործի»։ «Եղեռն» բառը չգտանք նոյնպէս 1984ին Երեւան հրատարակուած անգլերէն-հայերէն մեծածաւալ բառարանի atrocity, calamity, cataclysm, catastrophe, crime, disaster, massacre, murder, tragedy անգլերէն բառերուն դիմաց (20)։ Զարմանալիօրէն, այս բառարանը genocide բառը չունէր։
Տեղեակ չենք, թէ Շէքլիի այս վիպակին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը գոյութիւն ունի։ Հետեւաբար, «առեղծուած»ը պիտի լուծենք դիմելով անգլերէն բնագրի մէջբերումին, ուր ընդգծած ենք թարգմանութեան եղեռնի համապատասխան բառը.
“Whenever the contactor was killed, retribution followed with swift and terrible inevitability. Also with regret, of course, because Earth was an extremely civilized place and accustomed to living within the law. No civilized, law-abiding race likes to commit genocide. In fact, the folks on Earth consider genocide a very unpleasant matter, and they don't like to read about it or anything like it in their morning papers. Envoys must be protected, of course, and murder must be punished; everybody knows that. But it still doesn't feel nice to read about a genocide over your morning coffee. News like that can spoil a man's entire day. Three or four genocides and a man just might get angry enough to switch his vote” (21).
Ուրեմն, գիրքին հայերէն թարգմանիչը՝ Ռուբէն Աւետիսեան, անգլերէն genocideը թարգմանած է եղեռն, հակառակ անոր, որ ցեղասպանութիւն բառը արդէն 1967ին Աշոտ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանին մէջ մտած էր, իսկ 1976ին՝ Էդուարդ Աղայեանի հայերէն երկհատոր բառարանին մէջ (22)։ Արդեօք կրնա՞նք ենթադրել, որ ինչպէս Սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ, հայերէն գրող ու մտածող մարդիկ վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին «եղեռն» բառի «ոճիր» նշանակութիւն ընդլայնած են՝ անհատականէն դէպի հաւաքականը, եւ աստիճանաբար հայերէն ինքնուրոյն բառին նոր նշանակութիւն մը տուած, նախ իբրեւ ջարդ ու կոտորած բառերու եւ ապա՝ բառային պատճէնաւորում հանդիսացող «ցեղասպանութիւն» բառի հոմանիշ։
Իսկ եթէ այդպէս է, եւ իրաւամբ այդպէս է՛, ինչո՞ւ չենք կրնար ընդունիլ, որ օտարին կողմէ գործածուած եղեռն բառը «ցեղասպանութիւն» նշանակէ, իսկ եթէ ան գործածուած է ժխտողական կամ խուսափողական նպատակներով, նման շահագործում չենք կրնար ենթարկել պատշաճ հակադարձութեան։
Չենք կրնար, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէր, որ քաղաքական գործունէութիւն յառաջ տանելու համար, նաեւ անհրաժեշտ է... հայերէնագէտ ըլլալ։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Դեկտեմբեր 2013ին Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին մէջ՝ թրքական ժխտողականութեան պարագլուխներէն Տողան Փերինչէքի հետ կապուած յայտնի դատավարութեան առաջին փուլին, Փերինչէքին նպաստող վճիռին տարակարծիք տեսակէտը, զոր բանաձեւած են դատաւորներ Վուճինիչ եւ Փինթօ տէ Ալպուքերքէ, կը պարունակէ հետեւեալ պարբերութիւնը.
“Comme l’a dit la Cour dans l’affaire Garaudy, accuser les victimes elles-mêmes de falsifier l’histoire est « une des formes les plus aigües de diffamation raciale envers [elles] et d’incitation à la haine à leur égard » et, partant, est « de nature à troubler gravement l’ordre public » et à porter atteinte aux droits d’autrui. Cette considération doit s’appliquer également aux Arméniens. Les souffrances subies par un Arménien du fait de la politique génocidaire de l’Empire Ottoman ne valent pas moins que celles d’un Juif sous la politique génocidaire nazie. Et la négation du Hayots Tseghaspanutyun (Հայոց Ցեղասպանութիւն) ou Meds Yeghern (Մեծ Եղեռն) n’est pas moins dangereuse que la négation de la Shoah” (23).
“Comme l’a dit la Cour dans l’affaire Garaudy, accuser les victimes elles-mêmes de falsifier l’histoire est « une des formes les plus aigües de diffamation raciale envers [elles] et d’incitation à la haine à leur égard » et, partant, est « de nature à troubler gravement l’ordre public » et à porter atteinte aux droits d’autrui. Cette considération doit s’appliquer également aux Arméniens. Les souffrances subies par un Arménien du fait de la politique génocidaire de l’Empire Ottoman ne valent pas moins que celles d’un Juif sous la politique génocidaire nazie. Et la négation du Hayots Tseghaspanutyun (Հայոց Ցեղասպանութիւն) ou Meds Yeghern (Մեծ Եղեռն) n’est pas moins dangereuse que la négation de la Shoah” (23).
Վերջին նախադասութեան մէջ, կ՚արժէ ուշադրութիւն դարձնել մեր լեզուի հանդէպ կիրարկուած կրկնակի յարգանքի մը.
ա) Մէկ կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ Մեծ Եղեռն բառերը գրուած են հայատառ (ի դէպ՝ դասական ուղղագրութեամբ), այսինքն՝ զոհին լեզուով եւ այբուբենով, եւ առանց ֆրանսերէն թարգմանութեան։
բ) Միւս կողմէ՝ “… Hayots Tseghaspanutyun ou Meds Yeghern” ֆրանսերէն բառակապակցութիւնը (այսինքն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն կամ Մեծ Եղեռն) կը փաստարկէ, որ Մեծ Եղեռն եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն նոյն պատմական դէպքին միեւնոյն անուանումներն են, այսինքն՝ հոմանիշ (Մեծ Եղեռն = Հայոց Ցեղասպանութիւն)։
Թերեւս պիտի արժէր գիտնալ, թէ ինչո՞ւ հայերէն տառերով գրուած են այդ բառերը եւ թէ ի՞նչ աղբիւր օգտագործած են այդ նախադասութիւնը շարադրութիւնը։ Բայց քանի որ մենք սովորաբար օտարներէն կը ներշնչուինք, ամէն բանէ վեր պէտք է ափսոսալ, որ այդ նախադասութիւնը ուշ հասած է, որպէսզի մերազն Հայ Դատի գործիչներ՝ կազմակերպութիւններ, մարմիններ եւ անհատներ, տասը տարի չաղաղակէին, որ Միացեալ Նահանգները ցեղասպանութիւն ճանչցած չեն, հալած իւղի տեղ ընդունելով, որ «Մեծ Եղեռն» կը նշանակէ “Grande Calamité” կամ “Grand Catastrophe”։
Ի դէպ, նոյն դատարանի Փերինչէքի ջաղացքին ջուր տանող վճիռը վեց անգամ «Մեծ Եղեռն»ը թարգմանած էր le Grand Crime (24)։ Ուրեմն՝ այս թարգմանութիւնը ամրագրուած է միջազգային իրաւագիտութեան փաստաթուղթի մը մէջ, ի գիտութիւն նման թուղթեր ամբարողներու։
Մեր խորին համոզումով, նման անփութութեան հիմնական պատճառը մէկ է. յարգանքի ամբողջական պակասը հանդէպ մեր «Մեծասքանչ»ին, մեր «սրբազան լեզու»ին, մեր «մեսրոպեան քաղցրահնչիւն բարբառ»ին...։ Թող թոյլ տրուի մեզի քաղուածաբար կրկնել 2017ին բանաձեւուած եզրակացութիւնը. «1894-1922ի գլխագիր Աղէտին զոհերէն մէկը՝ հայերէնը, այսօր կրկին զոհ դարձած է. ցաւօք, ինչպէս Պետրոս առաքեալ երեք անգամ ժխտած էր ինքզինք՝ իր Տէրը ժխտելով, վերջին տարիներուն ականատես դարձանք, թէ ինչպէս սկսած ենք մենք մեզ ժխտել՝ մեր չգիտցած լեզուն ժխտելով, ամէն տեղ մեր գիտցած մէկ ու նոյն բառը տեսնելու մտասեւեռումին սիրոյն» (25)։
Նիւ Ճըրզի, 18-21 Ապրիլ, 2020
-----------------------------------
(*) Ի դէպ, Ապրիլ 24, 2020ին, Թրամփ չէ մոռցած հրապարակել հերթական յայտարարութիւնը՝ «Մեծ Եղեռն»ի գործածութեամբ, առանց «ցեղասպանութիւն» գործածելու (Վ.Մ.)։
(1) Վարդան
Մատթէոսեան, «Մեծ ոճիրը կամ “Մեծ Եղեռն”ի նշանակութիւնը», տե՛ս Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան
(խմբ.), Ներելու խնդիրը, Մոնթրէալ,
2017, էջ 114-117։
(2) “Pour les Arméniens”, Le Temps, 4 novembre 1915, p. 3.
(3) Արշակ Չօպանեան, «Ֆրանսական կոչ մը առ
Ամերիկա», Կոչնակ, 11 Դեկտեմբեր, 1915,
էջ 1113-1114։
(4) «Ֆրանսա Ամերիկային հայոց համար», Արեւ, 22 Նոյեմբեր, 1915, էջ 2։
(5) Լէօ, Հայոց պատմութիւն, հատոր 1, Թիֆլիս, 1917, էջ 436։
(6) Oeuvres
complétes de Tacite, traduites en français avec une introduction et des
notes par J. L. Bournouf, Paris, 1869, p. 50.
(7) Ամերիկեան
դեսպան Մր. Մորկանթաուի յիշատակները եւ հայկական եղեռնի գաղտնիքները, թարգմանութիւն՝
Ենովք Արմէն, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 342։ Նոյն տարին, ուրիշ վերապրող գրագէտ մը՝ Միքայէլ
Շամտանճեան, Մորկընթաուի յուշերու այլ թարգմանութիւն մը հրատարակած է։ Թէ ինչո՞ւ երկու
թարգմանութիւն նոյն քաղաքին մէջ եւ նոյն տարին. ահա բանասիրական փոքրիկ առեղծուած մը,
զոր չենք յաջողած լուծել տակաւին։
(8) Յակոբ Այնթապլեան, «Եղե՞ռն թէ ցեղասպանութիւն»,
Նոր Օր, 3 Յունիս 2000, էջ 3։
(9) Յակոբ Այնթապլեան, «“Մեծ Եղեռն”ը “Ցեղասպանութիւն” չի նշանակեր», Նոր Օր, 28 Փետրուար 2013, էջ 3։
(10) Ստեփանոս Մալխասեանց, Հայերէն լեզուի բացատրական բառարան, հատոր
I, Երեւան, 1944, էջ 559։
(11) Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէն արմատական բառարան, Բ. հատոր, Երեւան,
1973, էջ 17։
(12) Հ. Վահան Օհանեան, Հայերէն-իտալերէն
բառարան, Վենետիկ, 1996, էջ 125, 424. Խ. Գրիգորեան, Անգլերէն-հայերէն հայերէն-անգլերէն համառօտ բառարան, Երեւան, 1999, էջ
291. Ն. Բարաթեան, Հայերէն-անգլերէն
բառարան, Երեւան, 2002, էջ 158, 539. Ֆիլիփ Գ. Մեսրոպ, Համառօտ հայերէն-պուլկարերէն պուլկարերէն-հայերէն բառարան, Սոֆիա,
2005, էջ 50, 174. Nicholas
Awde and Vazken-Khatchig Davidian, Western Armenian Dictionary and
Phrasebook, New York, 2006, p. 56, 72, 74. Սամուէլ Գասպարեան, Հայերէն-ֆրանսերէն
ֆրանսերէն-հայերէն բառարան, Երեւան, 2007, էջ 149, 435, 648. Խ. Գրիգորեան, Հայերէն-անգլերէն
համառօտ բառարան, Երեւան, 2009, էջ 60. Սոնա Սեֆերեան եւ այլք, Անգլերէն-հայերէն, հայերէն անգլերէն բառարան, Երեւան,
2009, էջ 83, 456, 569. Արամ Բարլեզիզեան, Հայերէն-ֆրանսերէն
բառարան, Երեւան, 2009, էջ 275, 893. Մայրանուշ Տէյիրմենճեան, Հայերէն-թուրքերէն բառարան, Երեւան, 2013,
էջ 111. Դ. Չիլինգարեան եւ Ե. Երզնկեան, Պաշտպանական-անվտանգային
տերմինների բացատրական հայերէն-ռուսերէն-անգլերէն, ռուսերէն-հայերէն,
անգլերէն-հայերէն մեծ բառարան, Երեւան, 2015, էջ 174, 685, 1040։
(13) «Եղեռնի
յիսնամեակի յիշատակի նամակադրոշմները», Հայրենիք,
3 Մայիս, 1965։
(14) Մեսրոպ Կ. Գույումճեան, Ընդարձակ բառարան հայերէնէ անգլիերէն, Գահիրէ, 1950, էջ 827.
նոյն, Ընդարձակ բառարան անգլիերէնէ
հայերէն, Գահիրէ, 1961, էջ 568։ Կ՚արժէ յիշել, որ ցեղասպանութիւն բառը 1953ին
եւ 1955ին յաջորդաբար մտած է ֆրանսերէն (Encyclopédie
Larousse) եւ անգլերէն (Oxford English
Dictionary) բառարաններուն մէջ (Samantha Power, “A Problem from Hell”: America and the Age of
Genocide, New York, 2002, p. 526)։
(15) Հ. Գ.
Վարդանեան, «Մեծ Եղեռնի պատմութեան էջերից», Տեղեկագիր
Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւնների Ակադեմիայի. հասարակական գիտութիւններ, 4, 1965,
էջ 60. Մ. Հ. Մխիթարեան, «Չեխ ժողովրդի ազատագրական պայքարի արտացոլումը հայ
մամուլի էջերում», Լրաբեր հասարակական
գիտութիւնների, 9, 1966, էջ 99, 103։
(16) Տե՛ս Պատմա-բանասիրական հանդէս, 2, 1975, էջ 264,
267։
(17) Տե՛ս Էջմիածին, Ապրիլ 1985, էջ 77-80։
(18) Nora
Dudwick, “The Karabagh Movement: An Old Scenario Gets Rewritten”, Armenian Review, Autumn 1989, p. 64.
(19) Մարութեանի
լուսանկարներու հաւաքածոյէն քաղուած գրութիւններու օրինակներու համար, տե՛ս
Յարութիւն Մարութեան, «Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը որպէս նոր ինքնութեան
ձեւաւորիչ (1980 թուականների վերջ – 1990 թուականների սկիզբ), Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1, 2005, էջ 59-63։
Անգլերէն թարգմանութիւններու համար, տե՛ս Harutiun Marutyan, Iconography of
Armenian Identity, vol. 1: The Memory of Genocide and the Karabagh
Movement, translated by Nune Torosyan, Yerevan, 2009, p. 198, 255, 259, 265։
(20) Տե՛ս Յ. Ա. Ասմանգուլեան եւ Մ. Ի. Յովհաննիսեան, Անգլերէն-հայերէն բառարան, Երեւան, 1984, էջ 64, 120, 131, 141, 210, 257, 576, 608, 1011։
(21) Robert Sheckley, The People’s Trap, New York, 1968, p. 49-50.
(20) Տե՛ս Յ. Ա. Ասմանգուլեան եւ Մ. Ի. Յովհաննիսեան, Անգլերէն-հայերէն բառարան, Երեւան, 1984, էջ 64, 120, 131, 141, 210, 257, 576, 608, 1011։
(21) Robert Sheckley, The People’s Trap, New York, 1968, p. 49-50.
(22) Աշոտ Սուքիասեան, Հայոց լեզուի հոմանիշների բառարան, Երեւան,
1967, էջ 637. Էդուարդ Աղայեան, Արդի
հայերէնի բացատրական բառարան, հատոր 2, Երեւան, 1976, էջ 1434։
(24) Անդ։
(25) Մատթէոսեան,
«Մեծ ոճիրը», էջ 126։
norharatch.org, Ապրիլ 24, 2020
«Նոր Յառաջ», Ապրիլ 30 եւ Մայիս 7, 2020
«Նոր Յառաջ», Ապրիլ 30 եւ Մայիս 7, 2020
Յետագայ բառը յ-ով կը գրուի, ոչ թէ հ-ով:
ReplyDeleteԱրմենակ Եղիայեանը լեզուական հիմնաւորումով ցոյց տուած է, որ «հայերէնը յետագայ չունի. եթէ նման բառ մը ունենայինք,– եթէ՜՜՜ ունենայինք,– ապա ան պիտի նշանակէր "ետեւ եկող", ինչպէս յետադարձ կը նշանակէ "ետեւ դարձած", յետամնաց կը նշանակէ "ետեւ մնացած", յետընթաց կը նշանակէ "ետեւ ընթացող" եւ այլն»:
ReplyDeleteԵւ պարզ է, որ «հետագային» «ետեւ եկող» չի նշանակեր...։
ReplyDelete