ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ստորեւ կը հրատարակենք Եւա Մկրտիչեանի հետ հարցազրոյցը,
ուր ան կը յիշէ բացառիկ անձնաւորութիւն մը՝ Վիրժինի Փեվսները (ծնեալ Չիլինկիրեան),
Ռուբէն Դարբինեանի (բուն անունով՝ Արտաշէս Չիլինկիրեան)
քոյրը։ Դարբինեան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարն էր,
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատկառելի անդամը եւ Պոսթընի «Հայրենիք»
ամսագրի հիմնադիրը։ Վիրժինի Փեվսներ-Չիլինկիրեան ձեւով մը եղբօր հակապատկերն էր։ Ան արուեստագէտի հոգի ունէր,
որ բնաւ առնչութիւն չունէր քաղաքականութեան հետ։ Հայութեան հետ իր կապը զգացական էր,
մանկութենէն մնացած՝ իր ընտանիքի ծանօթութիւններուն ընդմէջէն։ Ամուսնացած էր ռուս նշանաւոր քանդակագործ Անթուան Փեվսների հետ,
որ ռուսական կառուցողապաշտ դպրոցի յայտնի դէմքերէն էր։ Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք,
անոնք 1923-ին Մոսկուայէն հեռացած են եւ հաստատուած Փարիզ։
Վիրժինի Փեվսներ արտասովոր կեանք ունեցած է։ Ընտանիքը ծագումով Ջաւախքէն է։ Ծնողքը Ախալքալաքի Հայեր էին, իսկ ինք ռուսական արուեստին ու մշակոյթին հաղորդ, ապրած է Ռուսի մը պէս, իսկ Ֆրանսա հաստատուելէն ետք՝ սպիտակ Ռուսի մը նման։
Ռուբէն Դարբինեան իր «Կեանքիս գիրքէն»
հատորին մէջ կ՚ակնարկէ իր ընտանիքի հայկական ինքնութեան. «Ծնողներս 8
զաւակ ունէին՝ չորս մանչ եւ չորս աղջիկ։ Ես առջինեկն էի,
միաժամանակ միակը որ հայերէն գրել-կարդալ գիտէր եւ հետաքրքրուած էր հայկական գրականութեամբ ու պատմութեամբ։ Եղբայրներս ու քոյրերս մեծ հետաքրքրութիւն չէին ցուցաբերեր
հայերէն լեզուի նկատմամբ,
իսկ ծնողներս ալ ջանք չէին թափեր որպէսզի անոնք ալ ինծի պէս հայերէն սորվին»։ Ահաւասիկ նոյն ընտանիքէն քոյր մը եւ եղբայր մը,
որոնք իրենց հայկականութեան նկատմամբ բոլորովին հակոտնեայ ուղղութիւններ ընտրած են։ Արդ,
Սփիւռքի դիտանկիւնէն ինչպէ՞ս ըմբռնել Վիրժինի Փեվսներ-Չիլինկիրեանի ինքնութիւնը։ Ահաւասիկ Սփիւռքի մասնագէտ հետազօտողներուն ուղղուած հարցում մը,
որուն կրնայ որոշ պատասխան տալ Եւա Մկրտիչեանի հետ մեր հարցազրոյցը։
Յատկանշական է Վիրժինի Փեվսների՝ Փարիզի իր բնակարանին մէջ հաւաքոյթներ կազմակերպելու բնածին կարողականութիւնը,
ինչ որ անոր առիթ ընծայած է հանդիպելու՝ 1930-էն 1970
տարիներու նորարար արուեստի յառաջապահ հոսանքներուն։
Այսպէսով ան մասնակից եղած է Փարիզի ռուս արուեստագէտներու շրջանակին հետ
կամուրջներու հաստատման,
ինչպէս օրինակ՝ Տիակիլեւի ռուսական պալէները,
որոնցմէ «Կատուն» (La chatte)
ներկայացման բեմագրութեան հեղինակներն են Անթուան Փեվսներ եւ իր եղբայրը՝ Նաում Կապօ։
Եւա Մկրտիչեան հայկական ծագումով այն հազուագիւտ անձերէն է որ կանուխէն ճանչցած է Վիրժինի Փեվսներ-Չիլինկիրեանը,
շնորհիւ անոր մանկութեան ընկերներէն Երուանդ Յարութիւնեանի,
եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին յարաբերութեան մէջ մնացած է անոր հետ։ Եւան եղած է հայկական ինքնութեան հետ Վիրժինիին կապը։
Եւա Մկրտիչեան Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի (CNRS)
բնագիտութեան բաժնի հետազօտութեանց պատուոյ տնօրէնուհին է։ Հանգստեան կոչուելէ ետք,
ան Paris Ouest Nanterre-la Défense
համալսարանի արուեստի պատմութեան դասընթացքներու ամբողջ շարքին հետեւելով ներկայացուցած է՝ «Մաթեմաթիկայի նախատիպերը
20-րդ դարու արուեստին մէջ»
վերտառութեամբ իր դոկտորայի աւարտաճառը,
որուն 3-րդ բաժինը յատկացուած է Անթուան Փեվսների եւ Նաում Կապոյի հնարած երկրաչափական կաղապարներու վերլուծութեան։
* * *
«Նոր Յառաջ» -
Դուք ձեր պատանութեան շրջանին ճանչցած էք Վիրժինի Փեվսները։ Իրմէ ի՞նչ յուշեր ունիք։
Եւա Մկրտիչեան -
Վիրժինի Փեվսների հետ ծանօթացած եմ Երուանդ եւ Արաքսի Յարութիւնեաններու (1)
փարիզեան բնակարանին մէջ՝ Մոնմարթրի փէշերուն։ Երուանդը Վիրժինիին հանդիպած էր Եկատերինոտար (այսօր Ռուսաստանի հարաւը գտնուող Կրասնոտար),
ուր հաստատուած էր 1904-ին,
հեռանալով իր ծննդավայր Տրապիզոնէն։ Վիրժինին կը պատկանէր Չիլինկիրեան մեծանուն հայ ընտանիքին,
որ ապրած էր Ախալքալաք (Վրաստան),
այն քաղաքը որ հիմնադրուած է 1829-ին,
ռուս-թրքական պատերազմէն ետք Էրզրումէն գաղթած հայութեան կողմէ։ Սակայն 1883-ին,
երբ անոնց անդրանիկ զաւակը՝ Արտաշէս (Արքաշա)
հազիւ երեք տարեկան էր,
Չիլինկիրեանները հարկադրուած կը ձգեն Ախալքալաքը,
ի վերջոյ հաստատուելով Եկատերինոտար (2)։
Արտաշէս՝ Չիլինկիրեաններու ութ զաւակներէն
միակն էր որ Ախալքալաքի Հայերու հետ ապրած է եւ հետեւաբար միակը որ հայեցի
դաստիարակութիւն ստացած է։ Ան իր երիտասարդութեան պայքարելով յանուն
Հայրենիքի դատի պաշտպանութեան,
1912-ին (3)
որդեգրած է Ռուբէն Դարբինեան անունը։ Հայաստանի Ա.
Հանրապետութեան շրջանին (1918-1920),
ան Արդարադատութեան նախարար էր։ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Դարբինեան գաղթած է Պոսթըն (ԱՄՆ),
ուր ալ խմբագրած է «Հայրենիք»
ամսագիրը եւ հիմնած «Հայրենիք շաբաթաթերթը» (Armenian Weekly)։
Վիրժինին կը յիշէր նաեւ իր կրտսեր եղբայր՝ Միշէլը (Միշա),
որ գացած էր Լեհաստան՝ Լոծի մէջ հիւսուածեղէնի գործատուն մը ղեկավարելու նպատակով։ Բ.
աշխարհամարտի սկիզբը իբրեւ սպայ զինուորագրուելով լեհական բանակին մէջ,
ան կը զոհուի պատերազմի դաշտին վրայ՝ 1940-ին։
Վիրժինի ինծի կը պատմէր իր մանկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներու յուշերը,
որոնք անցած են Կովկասի իրենց ընտանեկան մեծ բնակարանին մէջ.
անոր դռները միշտ բաց էին բարեկամներու առջեւ,
որոնց հետ ամէն օր ի մի կու գային միասնաբար ընթրելու համար։
Ան միշտ կը յիշէր իր ծնողներու անսահման հիւրամեծարութիւնը եւ ինք ալ իր
կարգին նոյնը կ՚ընէր,
ի մեծ ցնծութիւն մեզի։ Բացատրելու համար,
թէ այդ ժամանակաշրջանին այնտեղ ինչպէ՞ս կ՚ընթանար ընկերային կեանքը՝ Վիրժինի ինծի նուիրած էր Հանրի Թրուայայի (4) «Այնքան ատեն,
որ երկրագունդը պիտի գոյատեւէ»
վէպը,
որու նիւթն էր ռուս ընտանիքի մը պատումը 1888-էն 1939։
Վիրժինի Կովկասէն եւ հօրենական բնակարանէն մեկնած էր Յեղափոխութեան ընթացքին։ Ան, 1968-ին սա ձեւով կը նկարագրէ Ռուսաստանի երկայնքին իր ուղեւորութիւնը,
արուեստի քննադատ Ժիւլիէն Ալվարին.- «Հնգօրեայ ճամբորդութիւն մը կատարեցի հարաւային ափէն մինչեւ Մոսկուա,
մինչ երկիրը լեցուն էր դասալիքներով« (5)։ Նկարիչ Անթուան Փեվսներին կը ծանօթանայ Մոսկուայի մէջ.
վերջինս այս շրջանին նկարչութեան դասեր կու տար Սվոմասի,
ապա Վխութեմասի արուեստանոցներուն մէջ։ Անթուան եւ Վիրժինի կ՚ամուսնանան 1920
Մարտին։ Աւելի վերջ,
Փարիզի մէջ,
Անթուան Փեվսներ պիտի դառնար միջազգային հռչակի տէր քանդակագործ մը։
«ՆՅ» -
Կ՚ըսէք,
որ Վիրժինին կը սերի հայ մեծ եւ շատ ուսեալ ընտանիքէ մը։
Արուեստագիտուհի է։ Կ՚ուսանի երգարուեստ եւ թատերական արուեստ։ Իր մօտ
ի՞նչն է որ ձեզ ամէնէն շատ տպաւորած է։
Ե.Մ. -
Վիրժինի զիս կը հմայէր որքան իր գեղեցկութեամբ,
նոյնքան ալ՝ իր վայելչութեամբ։ Շատ նիհար էր եւ գիտէր
հագուիլ բացառիկ ճաշակով։ Ինք կը ստեղծէր իր զգեստներն ու գլխարկները՝ ձեւի
եւ գոյնի կատարեալ ներդաշնակութեամբ։ Իր ստեղծագործ յատկութիւնները ի յայտ
կու գային նաեւ խոհանոցը.-
իր պոռչ ապուրը իմ գիտցածներու լաւագոյնն էր,
իսկ Կիրակի օրերը մեզ հիւրասիրելու համար պատրաստած իր
կարկանդակը այլ ոչ մէկ տեղ կարելի էր գտնել։ Գիտէր իր հիւրերը ընդունիլ
այնպիսի շնորհքով մը եւ այնպէս ազնուօրէն,
որ ամէն մարդ հանգիստ կը զգար ինքզինք։
Վիրժինիի շնորհիւ ծանօթացայ դասական երաժշտութեան եւ օփերայի։ Իմ պատանեկութեան տարիներուն՝ ինծի կու տար դաշնակի դասեր։ Աւելի վերջ,
ինծի առաջարկեց իրեն ընկերանալ Օփերա Կարնիէի անդրանիկ ներկայացումներուն,
ուր քով-քովի կու գային արուեստի աշխարհի փարիզեան բոլոր ծանօթ դէմքերը։ Այդ շրջանին է,
որ դարձեալ իր շնորհիւ յայտնաբերեցի օփերայի եւ երաժշտութեան նորարար շարժումը։ 1973-ին
Մշակութային գործոց նախարարութիւնը Փարիզի օփերայի ընդհանուր վարիչի
պաշտօնը
վստահած էր յօրինող եւ թատերական գործիչ զուիցերացի Ռոլֆ Լիպերմանին։ Անոր
ղեկավարութեան տակ՝ Կարնիէի պալատը դարձաւ աշխարհի լաւագոյն քնարական
բեմերէն մէկը։ Իրիկուն մը միջնարարին հանդիպեցանք դաշնակի վարպետ Արթուր
Ռուպինշթայնին,
որուն Վիրժինի դիմեց ռուսերէնով։
Վիրժինի երաժշտուհի էր։ Կը նուագէր դաշնակ ու կ՚երգէր։ Ժիւլիէն Ալվարի տուած հարցազրոյցին մէջ կը պատմէ. “Մոսկուայի երաժշտանոցի ուսանողուհի էի։
Բայց դեռ Օփերա չէի մտած։ Ասիկա արգելք չէր ըլլար,
որ երգեմ բարեկամներու համար կամ բարեսիրական երգահանդէսներու ընթացքին” (6)։ Փարիզ հաստատուելէ ետք Վիրժինի երգած էր
1927-էն 1930
Ք.Տ.
Ակրենիեւ-Սլաւիանսքիի ղեկավարած «Ռուսական օփերա»-յին
մէջ,
որ ելոյթներ կ՚ունենար Փարիզի եւ գաւառի մէջ (7)։ «Յատկապէս կ՚երգէինք Պորիս
Կոտունով եւ Իշխան Իկոր։ Բայց նաեւ Մուսորկսքիի Ագռաւի Տիկինը (La Dame de Pique)
եւ Խովանչինան…» (8)։ Սակայն,
քիչ ժամանակ ետք ան ստիպողաբար պիտի դադրէր երգելէ,
քանի որ Անթուան չէր սիրեր,
որ ան մեկնի շրջապտոյտներու,
ինչ որ մեծ գոհացում պատճառեց իր եղբօր Միշէլ (Միշա)
Չիլինկիրեանին։ “Եղբայրս ըլլալով Փեվսների քանդակներու մեծ երկրպագու մը,
հաշտ աչքով չէր դիտեր իմ թատերական յաւակնութիւններս եւ այս հակամարտութեան մէջ՝ ամուսնոյս կողքին դիրք բռնած էր” (9)։ Միշա,
Անթուան Փեվսների ստեղծագործութիւններու հաւաքորդ մըն էր։ Ան նիւթապէս օժանդակած էր (10) «Ռուս կառուցողապաշտները՝ Կապօ եւ Փեվսներ.
Նկարներ,
կառոյցներ»
ցուցադրութիւնը,
որ տեղի ունեցաւ 1924-ին Փարիզի Փերսիէ ցուցասրահին մէջ։ Համաշխարհային Բ.
պատերազմէն առաջ Միշա յաճախ Փարիզ կու գար,
իր կնոջ՝ Իրայի հետ։ Փոխադարձաբար,
Անթուան եւ Վիրժինի ալ կ՚երթային Լոծ,
ուր կը հիւրասիրուէին ջերմօրէն։
«ՆՅ» -
Դուք գիտական աշխարհին կը պատկանէիք.
կ՚աշխատէիք CNRS-ի տարրալուծարաններէն մէկուն մէջ,
երբ Անթուան եւ Վիրժինիի շնորհիւ յայտնաբերեցիք արուեստի աշխարհը,
անոնց բնակարանին մէջ կազմակերպուած ցուցադրութիւններու ընդէջէն։ Ինչպէ՞ս կ՚ընթանային այդ հանդիպումները։
Ե.Մ. -
Անթուան եւ Վիրժինի Փեվսներ իրենց բարեկամները կ՚ընդունէին Կիրակի օրերը,
յետմիջօրէին,
Փարիզի 15-րդ թաղամասի Ժան Սիքառ փողոցի թիւ 5-ին գտնուող իրենց բնակարանին
մէջ։ Յիսուանական թուականներուն հոն կրնայիք հանդիպիլ,
ի շարս այլոց՝ բանաստեղծ,
նկարիչ,
ճարտարապետ եւ արուեստի տեսաբան Թէօ վան Տոզպուրկի այրիին՝ Նելլի վան Տոզպուրկին,
Սուզի եւ Ալպերթօ Մակնելիին,
Սիւզան եւ Ժան Կորենին,
Միշէլ Սէօֆորին,
Փիէր Փէիսիին եւ իր կնոջ,
Ռընէ Մասային,
Շառլ Տըլուայէին,
Գլօտ Պերնարին,
Ֆրանսուազ Քոէին,
Պրիժիթ Տենենկոֆին,
որ Անթուան Փեվսների օգնականը եղած էր։ Ներդաշնակութիւնը,
որ կը տիրէր այս հանդիպումներուն՝ ցոյց կու տար այն
բարեկամական կապերը որոնք առկայ էին արուեստագէտներու եւ արուեստի
պատմաբաններու միջեւ,
որոնք զիրար կը ճանչնային շա՜տ երկար ժամանակէ ի վեր,
ոմանք նոյնիսկ 1930-ին՝ «Շրջանակ եւ քառակուսի»
(«Cercle et Carré»), «Շօշափելի արուեստ» («Art Concret»), 1931-ին՝ «Վերացականութիւն-Արարչութիւն»
(«Abstraction – Création») (11) խումբերու ստեղծման օրերէն։ Անոնք նոյն պայքարները մղեր էին,
նիւթական թէ մտաւորական,
եւ ներկայիս զիրար կը վերագտնէին «Նոր ճշմարտութիւններու սրահ»-ին
(«Salon des Réalités nouvelles») մէջ,
որու պատուոյ նախագահ ընտրուեր էր Անթուան Փեվսներ, 1956-ին։ Անոնց զրոյցներէն կը ցայտային այնպիսի անուններ,
ինչպէս՝ Վասիլի Քանտինսքի,
Մարսէլ Տիւշան,
Քաթրին Տրեյեր,
Փիեթ Մոնտրիան,
Օկիւսթ Հերպէն,
Մաքս Պիլ,
Գարոլա Ժիտիոն-Ուելքեր եւ այլն,
նաեւ անշուշտ՝ Նաում Կապօ…։
1956
կամ 1957-ի Կիրակի մը,
Փեկի Կիւկենհայմ գացած է Ժան Սիքառ փողոցը՝ Անթուանին եւ Վիրժինիին տեսութեան։ Նիւ Եորքի « Art of this Century »
պատկերասրահի ընդհանուր տնօրէնուհին սեփականատէրն էր Փեվսների բազմաթիւ քանդակներուն,
որոնց կարգին «Surface développable»-ը (Օգոստոս
1938-1939), զոր անմիջապէս հրապուրած էր զինք (12)
եւ զայն գնած էր 1940-ին,
այսպէսով նպաստելով զոյգին նիւթական գոյատեւման՝ Բ.
Աշխարհամարտի ընթացքին,
անոնց Փարիզ գտնուած օրերուն։
Տարիներու ընթացքին աւելի ու աւելի կ՚ընդլայնուէր Կիրակի օրերը Սիքառ փողոցը համախմբուող բարեկամներու շրջանակը,
յատկապէս Թոքիօ պալատին մէջ՝ Անթուան Փեվսների գործերու յետահայեաց ցուցադրութենէն յետոյ, 1956-1957
ձմռան ընթացքին։
1960-ին Վիրժինի եւ Անթուան Փեվսներ փոխադրուեցան աւելի ընդարձակ յարկաբաժնի մը մէջ
–3 rue Viète– 17-րդ թաղամասը,
ուր կը յիշեմ տեղի ունեցած երկու կարեւոր ընդունելութիւնները.
մէկը՝ 1961-ին,
Անթուան Փեվսների գիրքին հրատարակութեան (Կրիֆոն հրատարակչատուն),
եւ միւսը՝ անոր պատուոյ լեգէոնի ասպետի խաչ շքանշանի տուչութեան առիթներով, 1961
Ապրիլ 12-ին,
Փեվսների մահէն ճիշդ մէկ տարի առաջ։ Այդ առիթով արտասանած իր
խօսքին մէջ Ազգային թանգարաններու ժողովի գեղարուեստական խորհուրդի
նախագահ Ժորժ Սալ վերապրեցուց Փեվսներներու տան յուշերը.
«Իրենց պատուանդաններէն՝ տարածութեան մէջ սլացող
կերպարանքներու աշխարհը։ Ոմանք կը նետուէին ականջ ծակող հրթիռի մը նման։
Ուրիշներ՝ կը թռթռային շառաչող թեւերով։ Դեռ ուրիշներ ունէին աշխատող
մարմնական գործարանի մը կանոնաւոր տրոփիւնը։ Եւ վերջապէս ոմանք
կը խոյանային վերամբարձ ուժի մը անդիմադրելի գալարումներով։ Եւ այս բոլոր
համատեղ աղմուկները կը ստեղծէին եզակի լռութիւն մը,
որ կը կլանէ աղմուկները,
երբ մեր ընկալումներէն վեր մուտք կը գործենք տարրի մը կուսական բիւրեղութեան մէջ» (13)։
Սոյն ընդունելութիւնը մտերիմ բարեկամներու կողքին կը համախմբէր բազմաթիւ անձնաւորութիւններ,
ինչպէս՝ Ազգային թանգարանի ժամանակակից արուեստի (MNAM)
գլխաւոր վերակացու Ժան Գասու, MNAM-ի վերահսկիչ Պերնար Տորիվալ,
Ռոտեն թանգարանի գլխաւոր վերակացու Սէսիլ Կոլտշէյտէր,
Զուիցերիոյ Նէօշաթէլի Կրիֆոն հրատարակչատան տնօրէն Մարսել Ժոռէ,
մաթեմաթիկոս Ֆրանսուա Լըլիոնէ,
ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ Ռիշառ Լոս,
Ժան Տուան եւ ուրիշներ…
Անթուան Փեվսներ մահացաւ 1962
Ապրիլ 12-ին Օթէօյի Ժոֆրուա բուժարանին մէջ։ Վիրժինիի պահանջով հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ իր բնակարանը։ Սէնթ Ժընվիեւ-տէ-Պուայի
ռուսական գերեզմանատան մէջ անոր յուղարկաւորութեան նախորդող երեք օրերուն ընթացքին,
կը յիշեմ արուեստագէտներու շարունակական շքերթը,
լրագրողներ ու արուեստի աշխարհի անհատականութիւններ եկան յարգելու մեծ քանդակագործին յիշատակը։
«ՆՅ» -
Անթուան Փեվսների մահէն ետք,
Վիրժինին պէտք էր վերակազմակերպէր իր կեանքը։ Փարիզի մէջ ան
ամբողջովին մերուած էր ռուսական եւ փարիզեան արուեստագէտներու շրջանակին
մէջ։ Հակառակ անոր որ Ախալքալաքի հայ մեծ ընտանիքէն էր,
սակայն հայկական միջավայրէն հեռու մնաց,
բացի Երուանդ Յարութիւնեանի ընտանիքէն եւ ձեզմէ,
որ իր շրջապատին կը ներկայացնէր իբրեւ իր սանիկը։ Վիրժինին ինչպէ՞ս կ՚ընկալէր իր ինքնութիւնը։
Ե.Մ. -
Շիքակոյի Իրաւաբանութեան դպրոցին (Law School)
մէջ իր ամուսնոյն ստեղծագործութեան բացման արարողութեան ատեն,
Վիրժինին վերագտաւ իր ընտանիքը,
որ գաղթած էր Ամերիկա։
Շիքակոյի Իրաւաբանութեան դպրոցին ճարտարապետը Էրօ Սարինէն (14)
փափաքած էր որ Փեվսների քանդակի հոյակերտ տարբերակը՝ «Construction spatiale aux troisième et quatrième dimensions »
անուանումով,
զետեղուի իր կերտած շէնքին դիմաց։ Իր մահէն կարճ ժամանակ առաջ 1962-ին Անթուան զբաղած էր սոյն քանդակը մեծցնելու աշխատանքով,
որուն իրագործումը վստահուած էր ձուլորդ Անտրէ Սիւսին։ Բացումը նախատեսուած էր 1963
Օգոստոսի սկիզբը,
եւ Վիրժինին դպրոցին կողմէ հրաւիրուած էր արարողութեան՝
ներկայացնելու իր ամուսինը։ Ան սիրով ընդառաջած էր հրաւէրին։ Առաջին անգամն
էր որ ան Ամերիկա կը մեկնէր եւ զիս կը հրաւիրէր ընկերակցելու իրեն։ Այս
ճամբորդութիւնը նաեւ առիթ էր՝ մօտաւորապէս կէս դար
բաժանումէն ետք Պոսթըն վերագտնելու Արտաշէս (Արքաշա)
եղբայրը՝ իմա՛ Ռուբէն Դարբինեանը,
եւ զարմիկը՝ Վարոս Չիլինկիրեանը՝ Լոս Անճըլըսի մէջ։
Ռուբէն Դարբինեան եւ կինը մեծ
խանդավառութեամբ դիմաւորեցին մեզ։ Վիրժինին շատ յուզուած էր տեսնելով
Արքաշա եղբայրը։ Դարբինեան բարձրակարգ մարդ մըն էր,
տպաւորիչ՝ իր համեստութեամբ։ Առաջին անգամն էր որ անձնապէս
անոր կը հանդիպէի։ Սակայն զինք արդէն շատոնց կը ճանչնայի Վիրժինիի
ընտանեկան պատմութենէն,
ինչպէս նաեւ դաշնակցական զինուորագրեալներու պատումներէն փոխանցուած՝ Երուանդ Յարութիւնեանի միջոցաւ,
որ միաժամանակ կը պատմէր Եկատերինոտարի մէջ Չիլինկիրեաններու
ընտանիքին հետ անցուցած իր հաճելի յուշերուն մասին։ Ի միջի այլոց Երուանդ
կանոնաւոր կերպով կը ստանար «Հայրենիք»
ամսագիրը,
որուն բաժանորդագրուած էր։
«ՆՅ» -
Վիրժինին ի՞նչ լեզուով կը խօսէր եղբօրը եւ եղբօր կնոջ հետ։
Ե.Մ. -
Իր պատանութեան՝ Եկատերինոտարի եւ ամռան արձակուրդը Կելենճիքի մէջ անցուցած օրերու սովորութեան համաձայն,
Վիրժինին անոնց հետ ռուսերէն կը խօսէր։ Նկատի ունենալով որ ես ռուսերէն չէի գիտեր,
հետեւաբար հայերէնով խօսք կ՚ուղղէի անոնց եւ երբեմն ալ փախուստ կու տայի Գեղեցիկ արուեստից թանգարանը այցելելու համար։ Ըսեմ,
թէ Ռուբէն Դարբինեան եւ կինը կը բնակէին 10, Museum Road,
այսինքն հոն ուր կը գտնուէր Պոսթընի Գեղեցիկ արուեստից
թանգարանը։ Այդ քաղաքին մէջ մեր մէկշաբաթեայ կեցութեան ընթացքին ամէն օր
այցելեցինք թանգարանը։ Վերջին օրը,
Արքաշան մեզի ճաշարան հրաւիրեց եւ ծանօթացուց իր հոգեւոր որդին,
որուն անունը չեմ յիշեր։ Մեծ տխրութեամբ իրարմէ բաժնուեցանք,
սակայն գիտէինք որ կրկին պիտի հանդիպէինք Փարիզ՝ Վիրժինիի բնակարանը,
ինչ որ պատահեցաւ 1965-ին։
Շիքակոյի մէջ դիմաւորուեցանք Իրաւաբանութեան դպրոցին տնօրէնութեան կողմէ,
սակայն բացումը 1963
Օգոստոսին տեղի չունեցաւ,
որովհետեւ Փեվսների քանդակը շատ ուշ տեղ հասաւ։ Ան զետեղուեցաւ 1964-ին (15),
կառոյցին դիմացը,
ջուրով լեցուն աւազանին մէջտեղը։
Լոս Անճըլըսի մէջ մենք ջերմօրէն ընդունուեցանք Վարոս Չիլինկիրեանի եւ անոր տիկնոջ կողմէ,
որոնք մեզի ներկայացուցին իրենց աղջկան՝ Իրինա Կիպընզի եւ տղուն՝ Ժորժ Չիլինկարի ընտանիքները։ Ժորժը Գալիֆորնիոյ Սաութըն համալսարանի (USC) (16)
դասախօս էր։ Այս ընտանիքի բոլոր անդամները իրենք զիրենք մեր տրամադրութեան տակ դրին,
որպէսզի ծանօթանանք եւ վայելենք Լոս Անճըլըսի եւ շրջակայքի
հետաքրքրաշարժ գեղեցկութիւնները։ Հետագայ տարիներուն մենք կրկին իրարու
հանդիպեցանք,
այս անգամ Փարիզ,
Վիրժինիի տան մէջ։
Ամերիկացի որոշ հաւաքորդներ լսելով,
որ Վիրժինի Փեվսներ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի,
ուզեր էին զինք մեծարել՝ մեզ հրաւիրելով իրենց տուները։ Կը
յիշեմ յատկապէս Ալեքս Հիլմանի շքեղ բնակարանը՝ Նիւ Եորքի Փարք Ավընիւին
վրայ։ Տպաւորիչ այս քաղաքը յայտնաբերով վերջ գտաւ Նոր Աշխարհի մէջ մեր
շրջապտոյտը։ Վիրժինիի ընկերակցութեամբ է,
որ առաջին անգամ այցելեցի Սալոմոն Կուկընհայմ թանգարանը,
ինչպէս նաեւ Արդիական արուեստի թանգարանը (MoMA),
ուր կը ցուցադրուէին Փեվսների քանդակները,
որոնք մաս կը կազմէին իրենց մնայուն հաւաքածոներուն։ Այդ քանդակները անհետացեր էին,
երբ քանի մը տարի ետք կրկին այցելեցի Նիւ Եորք։ Արդարեւ,
թանգարանները կանոնաւորապէս պէտք է վերանորոգեն այն հաւաքածոները,
զորս կը ներկայացնեն հանրութեան։
«ՆՅ» -
Վիրժինիին շնորհիւ՝ յայտնաբերեցիք արդիական արուեստի աշխարհը։ Բայց դուք CNRS-ի մէջ հետազօտող էիք։ Այդ ճամբորդութեան ընթացքին արդեօք առիթը ունեցա՞ք հանդիպելու
նաեւ ամերիկացի գիտնականներու։
Ե.Մ. - 1963-ին,
Օռսէի համալսարանի գիտութեանց բաժնին մէջ՝ դոկտորութեան աւարտաճառ մը վերջացնելու վրայ էի։ Աւարտաճառի ղեկավարս՝ դոկտ.
Սիտնէ Լիչ այցելելու համար ինծի տուեր էր Լոս Անճըլըսի եւ շրջանի տարրալուծարաններու ցանկ մը։ Փասատենա,
անոնցմէ մէկուն մէջ հանդիպեցայ UCLA
համալսարանի քիմիագիտութեան բաժնէն փրոֆ.
Էլ Սայէտին,
որ փափաք յայտնեց Օռսէի մեր խումբին հետ գիտական կապ հաստատել։ 1968-ին զիս հրաւիրեց յետ աւարտաճառի վարժընթացս կատարելու համար
UCLA-ի մէջ։ Ատիկա հանդիսացաւ մեր տարրալուծարաններուն միջեւ երկա՜ր գործակցութեան մը սկիզբը։
«ՆՅ» -
Անթուանի մահէն ետք՝ Վիրժինի վերագտաւ արուեստագիտուհիի իր
ինքնութիւնը։ Իր շրջապատը անոր մէջ յայտնաբերեց բոլորովին նոր կերպար մը։
Վերանորոգեց իր յարաբերութիւնները։ Այնուհետեւ,
կերպարուեստի աշխարհը իր տեղը զիջեցաւ երաժշտականին։
Ե.Մ. -
Վիրժինի իր կեանքին վերջին քսան տարիները յատկացուց երաժշտութեան։ Գնեց Փլեյէլ մակնիշի պոչաւոր դաշնակ մը եւ վարձեց ընկերացող մը,
որ իրեն օգնէ՝ ձայնը մարզելու համար,
գրեթէ յիսնամեայ ընդմիջումէ մը ետք։ Կ՚երգէր ռուսական երաժշտութեան մեղեդիներ (Ռախմանինով,
Չայքովսքի եւ այլն),
բարեկամներու նեղ շրջանակի յատուկ՝ փոքր հաւաքներու
ընթացքին։ Բայց ան կը կազմակերպէր նաեւ աւելի լայն հանրութեան բաց
համերգներ իր բնակարանին մէջ,
որ կը բաղկանար իրարու կցուած միասենեակ երկու յարկաբաժնէ։ Անոնցմէ մէկը աւելի մեծ էր,
ունէր շատ բարձր առաստաղ եւ վերնատուն,
ուր Վիրժինի կրնար ընդունիլ իր հիւրերը։ Կը յիշեմ համերգը ամերիկացի երիտասարդ դաշնակահարի մը,
զոր Ժիւլիէն Ալվար կ՚ուզէր ծանօթացնել եւ այդ նպատակով ալ հրաւիրած էր փիլիսոփայ,
երաժշտաբան Վլատիմիր Եանքելեւիչը։ Վիրժինիի բարեկամուհիներէն
դաշնակահարուհի Թամարա Սոպառ ալ երբեմն լարային քառեակի մը հետ համերգներ
կու տար։ Վիրժինի կը ճանչնար նաեւ էմփրէզարիօներ,
որոնք իր բնակարանին մէջ համերգներ կը կազմակերպէին՝
երիտասարդ երաժիշտներ ներկայացնելու նպատակով։ Այս բոլորը Վիրժինիի համար
առիթներ էին իր բարեկամներուն պարգեւելու հրաշալի երեկոյթներ,
ուր զիրար վերագտնելու հաճոյքը կ՚ունենայինք։ Յաճախ կը հրաւիրէի գործընկերներ,
գիտական աշխարհի այրեր ու կիներ,
որոնք կ՚աշխատէին Օռսէի Հարաւային Փարիզի համալսարանին մէջ,
ինչպէս նաեւ մեր տարրալուծարանը այցելելու եկած օտար դասախօսներ.
այդպէսով՝ կը գրգռէի հանդիպումներ գիտնականներու,
արուեստագէտներու եւ արուեստի պատմաբաններու միջեւ։ Բոլորն ալ հմայուած էին Վիրժինիի անձով։ Բոլորս ալ գիտակից էինք,
որ կ՚ապրինք բացառիկ պահեր աշխարհի մը մէջ որ սկսած է անհետանալ,
ինչպէս Չեխովի թատրոնին մէջ։
Վիրժինի զիս հրաւիրած էր նաեւ իրեն ընկերակցելու «Փալէ Ռուայալի հանդիպումներ»-ուն,
զորս կը կազմակերպէր «Ֆիկառօ»-ի երաժշտական քննադատը՝ Պերնար Կաւոթի։
Այդ հանդիպումներէն մէկը,–
թերեւս այն որ կը կրէր «Պարի փարիզեան դէմքերը»
տիտղոսը,–
նուիրուած էր Սերժ Տիակիլեւի եւ ռուսական պալէին, 1973-ին Պորիս Քոշնոյի (17)
հատորին հրատարակութեան առթիւ։ Այդ հեղինակը եւ պարող Սերժ Լիֆար կը գտնուէին սրահին մէջ,
ի մեծ գոհունակութիւն Վիրժինիի,
քանի որ ան կը վերագտնէր իր երիտասարդութեան բարեկամները։ Արդարեւ, 1924-ին Փարիզի Փերսիէ ցուցասրահին մէջ Փեվսների եւ Կապոյի ստեղծագործութիւնները յայտնաբերելէ
ետք՝ ռուսական պալէի ղեկավար Տիակիլեւ նշեալ քանդակագործներէն խնդրած էր պատրաստել Պորիս Քոշնոյի մէկ գրքոյկէն առնուած՝ մէկ արարնոց «Կատուն»
(«La Chatte») պալէի բեմայարդարումն ու զգեստաւորումը,
եւ որուն երաժշտութիւնը կը պատկանէր Հանրի Սոկէի,
իսկ պարագրութիւնը՝ Ժորժ Պալանշինի։ Այս պալէն ստեղծուած էր Մոնթէ-Գարլոյի օփերային մէջ,
իսկ անոր առաջին ներկայացումը Փարիզի մէջ տեղի ունեցած էր 27
Մայիս 1927-ին «Սարահ Պերնար»
թատերասրահին մէջ։ Այս ներկայացումը շատ մեծ յաջողութիւն արձանագրած էր շնորհիւ Պալանշինի գիւտարար պարագրութեան,
պարողներ՝ Օլկա Սփեսիվցեւայի եւ Սերժ Լիֆարի գերազանց մեկնաբանութեան,
բայց նաեւ Փեվսների եւ Կապոյի իւրայատուկ բեմայարդարման։
«ՆՅ» -
Արդեօք կը յիշէ՞ք փարիզեան բացառիկ երեկոյթներ,
որոնց հրաւիրուած էիք Վիրժինիին հետ։
Ե.Մ. -
Կը յիշեմ յատկապէս երկու երեկոյթ։ Առաջինը ցուցասրահի տնօրէն
Գլօտ Պերնար Հեյմի տուած սքանչելի ընդունելութիւնն էր՝ ռուս վիրթիւոզ
Սվիաթոսլաւ Ռիշթերի իր տան մէջ տուած բացառիկ համերգին առթիւ։
Հրաւիրեալներուն մէջէն ճանչցայ հայ դաշնակահար Սեդրակը,
որ արդէն ունկնդրեր էի համերգի մը։ Այսպէսով,
Վիրժինիին հետ առիթը ունեցանք անոր հետ աւելի մօտէն ծանօթանալու…
Երկրորդը՝ Տէր եւ Տիկին Քոէի տուած ընթրիքն էր 1970-ական թուականներուն։ Հրաւիրեալները բաժնուած էին չորսական հոգինոց սեղաններու եւ տիկին Քոէ յարմար
դատեր էր զիս նստեցնել արդիական երաժշտութեան յօրինող Եանիս Զենաքիսի քով։ Բացատրելու համար այս ընտրութեան պատճառը՝ պէտք է նշել,
որ Զենաքիս ոչ միայն երաժիշտ էր,
այլ նաեւ՝ մաթեմաթիկոս եւ ճարտարապետ։ Ան գործակցած էր Գորպիւզիէի հետ Ֆիլիփսի տաղաւարի (18)
շինութեան առթիւ,
որ 1958-ին ներկայացուեցաւ Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային ցուցահանդէսին։ Այդ ցուցահանդէսին առիթով է,
որ յայտնաբերած էի Ֆիլիփսի տաղաւարը.
ի դէպ, CNRS
ինծի վստահած էր փրոֆ.
Մակայի տարրալուծարանին մէջ կատարուած՝ փոլիմերներու պատուաստումի փորձառութեան հոն ներկայացումը։ Ատենին,
Կիրակի յետմիջօրէներուն Ժան Սիքառ փողոցը քով-քովի եկող արուեստագէտներու եւ արուեստի պատմաբաններու ուշադրութիւնը գրաւած էր Ֆիլիփսի տաղաւարի կառոյցին եւ Փեվսների
քանդակներուն միջեւ նմանութիւնը։ Արդարեւ,
Ֆիլիփսի տաղաւարին տանիքը եւ պատերը կառուցուած էին չափազանցօրէն կորագիծ բարակ խաւերով։ Հիմա ծանօթ է,
որ մաթեմաթիկական այս ձեւը յաճախ ներշնչած է Փեվսները եւ Կապօն իրենց քանդակներու իրագործման ատեն (19)։ Ֆիլիփս տաղաւարը յատկացուած էր Ելեկտրոնային բանաստեղծութեան
ներկայացման,
որ ըստ Գորպիւզէի կը մէկտեղէր «յարակից ամբողջութեան մը մէջ՝ արձանագրուած երաժշտութիւնը,
գոյնը,
խօսքը,
աղմուկը եւ լռութիւնը,
որոնք մինչեւ այդ անջատաբար կը ներկայանային»։ Զենաքիս պատրաստած էր տաղաւարին զարդանկարումները,
նաեւ՝ հետեւած էր շինարարութեան։ Երաժշտական ալիքաւորումը իրագործած էր Էտկար Վարեզ։
-----------------------
(1) -
Դարբինեան Ռուբէն «Կեանքիս գիրքէն» (1972),
թարգմանուած Աշոտ Փափազեանի կողմէ «Նոր Յառաջ»-ի մէջ,
Փարիզ, 2019
Դեկտեմբեր 19։
(2) -
Մկրտիչեան Եւա «Երուանդ Յարութիւնեանի յիշատակին»,
հարցազրոյց Ժիրայր Չոլաքեանի հետ, «Նոր Յառաջ»,
Փարիզ 2018
Փետրուար 22։
(3) -
Իբրեւ քաղաքական վերապրող,
առանց անձնագրի Պերլին հասնելով,
ան կը յաջողի պարսկական դեսպանատունէն անձնագիր ստանալ,
ձեռամբ՝ Գերմանիոյ մէջ Պարսկաստանի դեսպան,
Շեյքսփիրի ողբերգութիւնները հայերէնի թարգմանած իր բարեկամ՝ Յովհաննէս Խան Մասեհեանի։
(4)
Հանրի Թրուայա,
ծագումով հայ վիպագիր,
ծնած է 1911-ին Մոսկուայի մէջ։ Սովետական յեղափոխութեան կողմէ հալածուելէ ետք,
իր ընտանիքին հետ Ֆրանսա հասած է 1919-ին։ Թրուայա իր առաջին վէպը կը հրատարակէ 1935-ին…
եւ աւելի ուշ՝ Araigne
վէպը,
որ 1938-ին կ՚արժանանայ Կոնքուռ մրցանակին։ Համաշխարհային Բ.
պատերազմէն ետք Թրուայա կը ձեռնարկէ երկար վէպերու,
որոնցմէ է «Այնքան ատեն,
որ երկրագունդը պիտի գոյատեւէ» (1947-50)։ Միաժամանակ գրի կ՚առնէ մեծերու կենսագրութիւններ,
ինչպէս Տոսթոեւսքի (1961),
Մեծն Պետրոս (1979),
Մոփասան (1989)…։ Ֆրանսական կաճառի անդամ ընտրուած է 1959-ին։
(5)
Վիրժինի Փեվսներ, «Անթուան եւ Վիրժինի»,
Հարցազրոյց արուեստի քննադատ Ժիւլէն Ալվարի հետ, Cahier Pevsner 1,
Փարիզ,
Անթուան Փեվսների բարեկամները, 2014,
էջ 69։
(6)
Վիրժինի Փեվսներ, «Անթուան եւ Վիրժինի»,
Հարցազրոյց արուեստի քննադատ Ժիւլէն Ալվարի հետ, Cahier Pevsner 1,
Փարիզ,
Անթուան Փեվսների բարեկամները, 2014,
էջ 72։
(7)
Ժան-Գլօտ Մարքատ, «Մոսկուայէն Փարիզ.
Փիոթր Թեփերի զրոյցը Վիրժինի Փեվսների հետ 1978
Հոկտեմբեր 20-ին»
հարցազրոյցի թիւ 17
նօթը, Cahier Pevsner 1,
Փարիզ,
Անթուան Փեվսների բարեկամները, 2014,
էջ 61։
(8)
Վիրժինի Փեվսներ, «Անթուան եւ Վիրժինի»,
Հարցազրոյց արուեստի քննադատ Ժիւլէն Ալվարի հետ, Cahier Pevsner 1,
Փարիզ,
Անթուան Փեվսների բարեկամները, 2014,
էջ 72։
(9)
Վիրժինի Փեվսներ, «Մոսկուայէն Փարիզ.
Փիոթր Թեփերի զրոյցը Վիրժինի Փեվսների հետ 1978
Հոկտեմբեր 20-ին», Cahier Pevsner 1,
Փարիզ,
Անթուան Փեվսների բարեկամները, 2014,
էջ 61։
(10)
Փիէր Պրիւլէ, «Կենսագրութիւն»,
Էլիզապէթ Լըպոնի եւ Փիէր Պրիւլէի՝ «Անթուան Փեվսներ.
քանդակուած ստեղծագործութեան համայնապատկերը»
հատորին մէջ,
Փիէր Պրիւլէ հրատ., 2002,
էջ 228։
(11) «Շրջանակ եւ քառակուսի»՝ արուեստագէտներու խումբ,
ստեղծուած՝ 1930-ին բանաստեղծ Միշէլ Սէօֆորի եւ ուրուկուայցի նկարիչ Թորես-Կարսիայի
կողմէ։ Խումբը կը հրատարակէր նաեւ նոյնանուն հանդէս մը։ Կազմակերպած են ցուցադրութիւն մը ռիւ լա Պոէսիի « Galerie 23 »-ին մէջ։
«Շօշափելի արուեստ»-ը շարժում մըն է,
զոր Թէօ վան Տոզպուրկ հիմնած է 1931-ին,
Օթթօ Կուսթաւ Գարլսունտի,
Ժան Հելիոնի,
Լեւոն Թիւթիւնճեանի եւ Մարսէլ Ուանցի հետ։
1931-ին «Շրջանակ եւ քառակուսի»-ն
ու «Շօշափելի արուեստ»-ը կը միանան ու կը կազմեն
«Վերացականութիւն-Արարչութիւն.
Ոչ-կերպարանական (non-figuratif)
արուեստ»-ը։
(12) - Էլիզապէթ
Լըպոն
եւ
Փիէր
Պրիւլէ,
Անթուան
Փեվսներ. Catalogue raisonné de l’œuvre sculptée,
Փարիզ,
Փիէր
Պրիւլէ
հրատարակչատուն, 2002,
էջ 124։
(13) -
Ժորժ Սալ, «Ճառ»՝ Անթուան Փեվսների,
Նէօշաթէլ,
Զուիցերիա,
Կրիֆոն հրատարակչատուն, 1961,
էջ 5։
(14) -
Էրօ Սարինեն (1873-1950),
Ամերիկա բնակող ֆինլանտացի ճարտարապետ մը,
որ բազմաթիւ շէնքեր կառուցած է,
որոնց կարգին՝ Ժեներալ մոթորզի ճարտարագիտական կեդրոնը 1955-ին՝ Տիթրոյիթ,
Փեվսների հոյակերտ քանդակի տարբերակով՝ La Colonne développable de la Victoire
անուանումով,
զետեղուած՝ կառոյցին դիմացը, le TWA Air Terminal (1956-1962)
Քենետի օդակայանը, le Dulles
Ուաշինկթընի միջազգային օդակայանը (1958-1963)
եւ այլն։
(15) - Էլիզապէթ
Լըպոն
եւ
Փիէր
Պրիւլէ,
Անթուան
Փեվսներ. Catalogue raisonné de l’œuvre sculptée,
Փարիզ,
Փիէր
Պրիւլէ
հրատարակչատուն, 2002,
էջ 210։
(16) - 1974-ին Պարսկաստանի Շահը մէկ միլիոն տոլարի նուիրատւութիւն ըրած էր
USC համալսարանին՝ « Petroleum Ingeneering »-ի ամպիոն մը հիմնելու նպատակով։ Ժորժ Չիլինկար սոյն ամպիոնի հարցով զբաղող առաջին դասախօսն էր։
(17)
Պորիս Քոշնօ,
Տիակիլեւ եւ ռուսական պալէն,
Փարիզ,
Ֆայառ (1973)։
(18) Լը
Գորպիւզիէ, Textes et planches,
նախաբան՝
Մօրիս
Ժարտօ,
Փարիզ,
Վենսան
հրատ., 1960,
էջ 186։
(19) Եւա
Մկրտիչեան, « Le paraboloïde hyperbolique : figure emblématique du mouvement dans l’art du XXe siècle » Cahier Pevsner 1,
Փարիզ,
Անթուան
Փեվսների
բարեկամները, 2014,
էջ 154։
«Նոր Յառաջ», 19 Մարտ 2020
Ջորջ Չիլինգարն այս նոյն մարդը չէ՞
ReplyDeletehttps://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D6%87%D5%B8%D6%80%D5%A3_(%D5%8B%D5%B8%D6%80%D5%BB)_%D5%89%D5%AB%D5%AC%D5%AB%D5%B6%D5%A3%D5%A1%D6%80%D5%B5%D5%A1%D5%B6