15.3.20

Վահէ Օշականի շարունակական ահազանգը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Դժուար է հաւատալ, որ արդէն քսան տարի պիտի ըլլայ Վահէ Օշականի մահուան, այսինքն` այն գրական անհատականութեան, որ ինչպէս այլեւս կ՚ընդունինք` խնդրականացուց բանաստեղծութեան յղացքը, ինքնուրոյն եւ յաճախ խօսակցականի մօտ կենդանի գրական լեզու մը ստեղծեց, ցնցեց սփիւռքեան գրական միջին ճաշակը եւ երիտասարդ գրական սերունդի մը առաջնորդը հանդիսացաւ:
Վերջին տասը տարիներուն Վ. Օշականի բանաստեղծութիւնը ներկայացնող միակ լուրջ հրատարակութիւնը «Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ» հրատարակչատան «Կայաններ» (1) հատորն է, Գրիգոր Պըլտեանի խմբագրութեամբ (2): Ինչպէս նոյնօրինակ հրատարակութիւններու պարագային, այս չի նշանակեր, որ հայաստանեան գրասէր հասարակութիւնը իսկապէս ծանօթ է կամ կը ծանօթանայ սփիւռքի գրականութեան կարեւոր դէմքերուն: Մտաւորական փոքր խումբ մը բնականաբար հետաքրքրուած կ՛ըլլայ այս կամ այն սփիւռքեան գրողով, սակայն զանոնք լայն հասարակութեան ներկայացնելու մասնաւոր ճիգ մը չի տարուիր: Պէտք է նշել նաեւ, որ նման հրատարակութիւններ յաճախ լոյս կը տեսնեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժանմունքին նիւթական աջակցութեամբ, ինչ որ կը քաջալերէ հրատարակիչները նման աշխատանքներ ստանձնելու …
«Կայաններ»-ը հատընտիր մըն է, որ կեդրոնացած է հեղինակին քերթողական վաստակին վրայ:  Խմբագիրը իսկապէս խղճամիտ աշխատանք տարած է` հաւաքելով թէ՛ Օշականի հատորներուն մէջ լոյս տեսած եւ թէ՛ մամուլի էջերուն մնացած յատկանշական էջերը: Հատորը կը բացուի ատենին Գանատայի «Հորիզոն-Գրական»-ին մէջ լոյս տեսած Օշականի «Գրական հռչակագիր»-ով, ուր շեշտը կը դրուի հայ մտքի ազատագրութեան վրայ, եւ ուր արուեստի հանգանակ մը կը գտնենք` կեդրոնացած տասնհինգ հիմնական սկզբունքներու վրայ: Ասոնց մէկ մասը ընդհանուր սկզբունքներ են, ինչպէս` «Հայ միտքը պէտք է ըլլայ գերարթուն, քննական ու քննադատական»(3), սակայն նաեւ կը շեշտուի, որ հայ միտքը պէտք է հակադրուի ամէն տեսակ պաշտամունքի` հողի, ցեղի, մշակոյթի, լեզուի կամ հերոսներու եւ հետամուտ ըլլայ միայն ճշմարտութեան: Կարգ մը սկզբունքներ շատ անձնական եւ վիճելի նկարագիր ունին, ինչ որ բնական է եւ հարազատ` գրողի անհատականութեան հետ, նոյնիսկ ճշմարտութիւն բառը շատ անձնական հասկացողութիւն մըն է եւ բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ: Կարեւորը գրողին յանձնառու արուեստագէտի կեցուածքն է, զոր կը գտնենք սոյն հռչակագրին ու իր գրականութեան մէջ:
Գրիգոր Պըլտեան յաւելուած մըն ալ կցած է հատորին, ուր կը տեսնենք «Վահէ Օշական Վահէ Օշականի մասին» ինքնաքննադատական գրութիւնը, եւ իր յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ գրուած «Յոբելեանի մը առիթով» յօդուածը: Այս վերջինին մէջ շատ յստակ մեկնաբանութիւն մը կը կատարէիր գրականութեան մասին. կը մէջբերեմ.  «Ինչպէ՞ս կարելի է որ բանաստեղծական աշխարհ մը, որ առանձնութեան, անհեթեթին, Աստուծոյ բացակայութեան, մարդ էակին անգտանելիութեան եւ կեանքի անկարելիութեան թեմաներու շղթաներու կալանաւոր` յուսահատօրէն կը փորձէ որեւէ, որեւէ նշանակութիւն գտնել, յենարան մը ճարելանդունդի մը լպրծուն, մթին եզերքին վրայ, որ խլացած իր ահազանգի կոչէն` կը ջանայ լսել մարդկային սիրոյ ամէնէն նուրբ փսփսուքը, ինչպէ՞ս կարելի է թակարդին մէջ ինկած, խուճապահար ու անտրամաբանական, մէկ ձայնի վրայ «ո՞վ կայ… ո՞ւր է ամէն մարդ… ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ այս տեղը… զգո՜ւշ մարդիկ, մի՛ խաբուիք… հէ՜յ, մէկը կա՞յ տիեզերքի մէջ…» պոռացող տողերը, անթուագիր էջերը, թափառական բառերը հաւաքել, կոկել, չափի ու ձեւի բերել» (էջ 432-433):
Անհեթեթին զարնուող, շրջապատէն ընդվզած, սփիւռքեան միջին գրական ճաշակին հակադրուող եւ զայն յեղաշրջելու ելած բանաստեղծն է Վահէ Օշական, որ «Ահազանգ»-ի քնարական հերոսին (կամ երբեմն` հակահերոսին) պէս պիտի ըսէ.
«հօրմէս մօրմէս ողբերգական տխրութիւն մը /  կրակ ու բոց երեւակայութիւն ու հսկայ բարկութիւն ժառանգած եմ / «արուեստագէտ պիտի ըլլայ իմ տղաս» կ՛ըսէր հայրս / «մահուան հոտը կ՛առնեմ շունչէն ու ճամբաներու փոշին, /  Մհերի պէս կաթիլ մը արիւն կայ ափին մէջ ու հօրը դէմ պիտի ելլէ», / ահազանգը կը հնչէ» (էջ 213): Այս տիպարը հակահերոս կոչեցի, որովհետեւ ճիշդ է որ ափին մէջ արիւն ծնած է եւ Փոքր Մհերի պէս հօրը դէմ պիտի ծառանայ եւ երեւակայութեան ետեւէն կը վազէ, սակայն ընկերային իմաստով լուսանցքային կերպար է: Գրիգոր Պըլըտեան իր «Այս հրատարակութիւնը» խորագրով յետ գրութեան մէջ արդարօրէն կը նշէ. «Ընթերցողը դիւրաւ կը նշմարէ ո՛չ միայն արձակ հատուածներու մուտքը երկար քերթուածներուն մէջ, այլեւ` առօրեայ կեանքի զանգուածեղ կիրարկումը, գռեհիկի, հասարակի, տգեղի գրեթէ ճոյսեան-պեքեթեան կերպերուն տակ. կարծէք բանաստեղծը ուզէր քերթուածը քայքայել (ու պատուաստել) իր հակադիրով» (էջ 445): Եւ իսկապէս, Օշականի «հերոս»ը պեքեթեան կերպերը կը յիշեցնէ:
«Կայաններ»-ուն մէջ միմիայն 1963-ին լոյս տեսած «Քաղաք»ը, որ Օշական իբրեւ դիւցազներգութիւն մը կը սահմանէ, ամբողջութեամբ կը տրուի եւ տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ մուտք եւ միտք բաժիններէն ետք իր ստեղծած եսը կամ մենքը կ՛անցնի ընկերութեան մէջ բնակող անհատին ամէնէն յաճախուած վայրերէն` փողոց, սրճարան, սինեմա, քապարէ, սենեակ եւ եկեղեցի` միշտ զարնուելով նոյն անհեթեթին, մարդու եւ Աստուծոյ փնտռտուքին, վերջաւորութեան յայտարարելու համար. «Այսպէս կ՛ապրի քաղաքը,  / մեր հարցական հոգիները պատանդ առած / որ ասպատակները երբ պարտուին` / հերոսներու չփոխուին ու չծնի / առասպելը / ըմբոստին» (էջ 183): Եւ իր հերոսը կ՛ուզէ այն կերպարին պէս, որ «խելագարած,/ մատնուած / առանձնութեան սարսափելի քրքիջէն / նուաստացած, խաբուած մարդու / ճիչովը` / որ Աստուած լսէ ու վար իջնէ, /  քովը նստի … (էջ 184), մարդը ըլլալ, ոտքի ելլել ու քալել:
Գիտեմ, որ այսօր երիտասարդ սերունդ մը կայ, որուն համար Վահէ Օշական անուն է միայն կամ պարագայաբար մէկ կամ երկու բանաստեղծութիւն կարդացած է իրմէ. առաւել, իր շատ մը գործերը հրապարակի վրայ չկան, մանաւանդ` առաջին հատորները: Այս մէկը ամբողջական գաղափար մը կու տայ իր մասին:  Սկսելով բանաստեղծին կարճ քերթուածներէն, ուր կը գտնենք քաղքենիացող եւ իր իտէալներէն պարպուած հայ մարդուն դէմ ըմբոստացող «Նոր մանչուկը», եւ ուր առօրեայ լեզուն, օտար բառերով, առօրեայ հոգերով, «բանաստեղծական լեզուի» անտեսումով Օշական մանչուկին բերնով իր ընդվզումը կը դրսեւորէ ի՛ր իսկ սերունդին դէմ, որուն մէկ մասնիկն է: Նոյն ուժականութեամբ կը պայթին «Քառուղի»-ի «Պէյրութ Փարիզ»-ն ու «Խուճապ»-ի «Տարեդարձ»-ը, որոնք հայ հասարակութեան կենցաղին, մարդու ըմբռնումին ու ընկերային արժէքներուն ուղղուած պոռթկացող կանչեր են: Այս գործերէն, «Պատուհան»-ի ընտրուած բանաստեղծութիւններէն, «Լճակ» կամ «Մահեր» քերթուածներէն ետք կարելի է անցնիլ աւելի երկար ստեղծագործութիւններուն, որոնցմէ հատուածներ ընտրուած են:
«Կայաններ»-ուն մէջ Գրիգոր Պըլըտեան ամբողջ բաժին մը յատկացուցած է Աստուծոյ կամ Աստուծոյ բացակայութեան նուիրուած բանաստեղծութիւններու, որոնք հատորի մէջ չեն անցած կամ մնացած են անտիպ: Ասոնցմէ առաջինը «Բագին» ամսագրի առաջին թիւին մէջ (1962) լոյս տեսած «Փոխան աղօթքի» բանաստեղծութիւնն է, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ այս հարցադրումը շատ կանուխէն ներկայ էր Օշականի մտածողութեան մէջ: Ասոր կը յաջորդէ «Իսկ որք ասեն» շարքը, որուն իւրաքանչիւր խորագիրը կը կրէ Տէրունական աղօթքի մէկ տողը,  եւ ինչպէս հատորի ծանօթագրութիւններուն մէջ կը կարդանք, գրուած է 1985-ին եւ լոյս տեսած է միայն «Ասպարէզ-Հորիզոն»-ի գրական յաւելուածին մէջ 1987-ին: Հոս պէտք է նշել, որ սոյն ստեղծագործութիւնը ատենին բուռն հակազդեցութիւն ստեղծեց, յատկապէս` կրօնական շրջանակներու մէջ: Այս տասնհինգ բանաստեղծութիւնները «Պատգամը»-ին գալուստը կ՛աւետեն: Ասոր կը յաջորդէ «Նոր պատարագ»-ը, որ ատենին հեղինակին կողմէ Գրիգոր Պըլտեանին ղրկուած է «Կայք» տարեգրքին մէջ տպուելու համար. «Պատգամը» գրութեան երկրորդ բաժինն է եւ գրուած է բանաստեղծին մահէն տասը տարի առաջ: Գործը բանաստեղծական-թատերական բնոյթ ունի, ուր տարբեր ձայներու կը հանդիպինք` Քրիստոնէութեան Աստուածը, Արդի Արուեստագէտը, Մարդկութիւնը, որ երեք տարբեր ձայներով կը ներկայանայ, Երիտասարդ սերունդը, Միսթիքը եւ Տիեզերական Աստուածը, որ ձայնագիր մեքենայի մը միջոցով կ՛արտայայտուի: Քրիստոնէական Աստուածը առաջին իսկ պահէն կը խոստովանի իր ձախողութիւնը, մարդկութիւնը խաբած ըլլալը, որ մարդկութենէն ներում ու թողութիւն կը խնդրէ, եւ երբ երիտասարդութիւնը պատգամ կը պահանջէ, Քրիստոնէական Աստուածը կ՚ըսէ, որ պատգամ չկայ, սկիզբէն ալ չէ եղած: Գլխաւոր հարցադրումները կատարողը, մտածողը, Արուեստագէտն է, որ ունի նաեւ իր նորօրեայ աղօթքը: Քիչ մը զարմանալին, այս համամարդկային հարցերուն մէջ, հեղինակին կողմէ, գործի սկզբնաւորութեան եւ վերջաւորութեան, հայութիւնը մտցնելն է:
Ինչպէս կը տեսնենք, իր գրական հրապարակ իջնելու առաջին օրէն Վահէ Օշական կը մնայ սփիւռքի հայութեան մտածողութիւնը հարցադրող, ցնցող, Աստուծոյ եւ մարդու ներկայութիւնը փնտռող, բանաստեղծութեան յղացքը հարցադրող, գրական աւելի կենդանի լեզու մը ստեղծող եւ մեր սովորամոլութեան, լճացման, քաղքենիացող կենցաղին եւ մտային ծուլութեան դէմ ահազանգ հնչեցնող տագնապող ձայնը:

—————-

(1) Վահէ Օշական, Կայաններ, Երեւան, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ հրատ., Երեւան, 2017, 460 էջ:
(2) Պարզապէս տեղեակ եմ, որ վերջին ամիսներուն Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսած է Վահէ Օշականի «Օծումը» գործին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը. թարգմանիչ` Անահիտ Տէր Մինասեան (Onction, éditions Parenthèses, 128 p., 2020):
(3) Կայաններ, էջ 15: Բոլոր հետագայ մէջբերումները պիտի կատարուին սոյն հատորէն:

«Ազդակ», 14 Մարտ 2020

No comments:

Post a Comment