19.2.19

Սփիւռքի զարկերակը շօշափող հարցախոյզ մը

  ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Տասնամեակներէ ի վեր կը խօսուի Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը գիտական հիմքերու վրայ դնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Մամուլի որեւէ ուշադիր ընթերցող գիտէ, որ սփիւռքեան իրականութեան մասին մեր բանախօսներու թէ հրապարակագիրներու ելոյթները ընդհանրապէս համեմուած են հռետորական սաւառնումներու պղպեղով, բայց անոնց կը պակսի թիւերու եւ փաստերու իրականութեան աղը։
Վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնը, սակայն, տեսաբանական թէ գործնական զանազան միջոցներու օգտագործումով, լռիկ-մնջիկ կ՚ընթանայ՝ անկախաբար բոլոր խօսակցութիւններէն։ Տարբեր կալուածներու պատկանող մասնագէտներ հայերէնով թէ օտար լեզուներով յօդուածներ ու գիրքեր հրատարակած են այս նիւթին շուրջ։ Բայց որովհետեւ այս հետազօտական աշխատանքը անկախ է այդ խօսակցութիւններէն, անոր արդիւնքը, ինչ տեսակի որ ըլլայ, յաճախ կամայ թէ ակամայ կը մնայ պատկան մարմիններու թէ ղեկավար անհատներու տեսադաշտէն դուրս կամ կասկածի տակ կը դրուի։ Բնորոշ օրինակը անցեալ տարուան վերջաւորութեան արձանագրուեցաւ, երբ դեռ գոյութիւն ունեցող Սփիւռքի նախարարութիւնը հրապարակ հանեց Սփիւռքի քաղաքականութեան ռազմավարութեան հայեցակարգ մը, նախարարի ու խորհրդականի պատրաստութեամբ եւ Սփիւռքէն չորս մասնագէտներու խորհրդակցութեամբ։ Յատկանշական էր անոր շուրջ տիրող հրապարակային լռութիւնը, եթէ բացառենք հրապարակագրական աղմուկը, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր այդ փաստաթուղթը համայնքներուն ուշադրութեան չյանձնուիլը հրապարակումէն առաջ, ինչպէս եւ վերոյիշեալ չորս անձերուն սփիւռքագէտ ըլլալու հանգամանքը կասկածի տակ կը դնէր (չակերտներու օգտագործումով)։ Մինչ առաջինը թոյլտւութեան-քննադատութեան-գրաքննութեան-վեթոյի իրաւունքի գործադրութեան լռելեայն պահանջ էր, երկրորդը վերաբերումի անլրջութեան եւ անտեղեակութեան ցուցանիշ կարելի է համարել։
Անխուսափելի է, սակայն, որ յիշեալ մարմիններն ու անհատները հաշուի նստին իրականութեան հետ եւ սկսին անոր տուեալներուն լուրջ օգտագործումին, եթէ իրօք մտահոգուած են Սփիւռքի ներկայով եւ մա՛նաւանդ ապագայով։ Ահա այս նպատակին կը ծառայէ լուրջ եւ աննախընթաց ծրագիր մը, որ սկսած է գործադրուիլ Ապրիլ-Մայիս 2018-ին՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ու նիւթական օժանդակութեամբ, ինչպէս եւ Լոնտոնի Հայ հիմնարկի կազմակերպութեամբ։
«Հայկական սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) անունով այս նախաձեռնութեան առաջին փուլը ընդգրկած է աւելի քան 1000 հոգի՝ սփիւռքեան չորս հայաշատ համայնքներու մէջ, որոնք մանրակրկիտ հարցումներու շարքի մը պատասխանած են։ Երեք ցամաքամասերէ չորս քաղաքներու՝ Պոսթընի, Գահիրէի, Մարսիլիոյ ու Փասատինայի ընտրութիւնը պայմանաւորուած է աշխարհագրական ու քաղաքական այլազանութեամբ, ինչպէս եւ իւրաքանչիւր համայնքի պատմական անցեալով ու յատկանիշերով։
Մամլոյ հաղորդագրութենէ մը կ՚իմանանք, որ ծրագիրը, ինչպէս կարելի է ակնկալել, ամառնային գիշերուան երազ մը չէր։ Ան ընդգրկած է միջազգային խորհրդատուական յանձնախումբ մը, յատուկ խումբ մը եւ 12 դաշտային աշխատողներ։ Աւելի՛ն. ծրագրի մեթոտաբանութեան, հետազօտական գործիքներուն, դաշտային աշխատանքի նախապատրաստութեան, հարցախոյզի տնօրինումին եւ տուեալներու մշակումին զարգացումը շուրջ մէկ ու կէս տարի տեւած է։ Տեղեկատու կայքէջ մըն ալ ստեղծուած է (www.armeniandiasporasurvey.com
Ինքնութեան բազմակողմանի հարցադրումներու վրայ հիմնուած այս հարցախոյզէն քանի մը նախնական արդիւնքներ արդէն տրամադրելի են։ Ի հարկէ, շուկայի «գիտնականներ»-ը կրնան ըսել, թէ այդ բոլորը իրենց ծանօթ է, բայց իրապէ՞ս ծանօթ է։ Մինչեւ հիմա՝ անձնական տեսակէտներու վրայ հիմնուած ենթադրութիւններու շարանով մը շարժած են, այժմ՝ ժողովուրդի ձայնը սկսած է խօսիլ, քանի որ հարցախոյզ մը ուրիշ բան չէ, եթէ հանրային կարծիքի դրսեւորումը։ Լոնտոնաբնակ մարդաբան դոկտ. Շուշան Փաթթի, որ ղեկավարած է հարցախոյզը, տուած է լաւագոյն մեկնաբանութիւնը անոր մասին. «Իւրաքանչիւր համայնքէ Հայեր լսուելու կարիքը արտայայտած են։ Անոնք դրապէս ընդունած են իբրեւ անհատ եւ իբրեւ Հայ իրենց փորձառութիւնները, ակնկալութիւնները եւ յոյսերը քննարկելու առիթը»։
Հետաքրքրական է նկատել, որ, հակառակ վերջին շրջանին որոշ ղեկավարութեան կողմէ Սփիւռքը թողլքումի մատնելու եւ անոր նիւթական ու բարոյական արժէքները ո՛չ միայն կասկածի, այլեւ լուծարքի ենթարկելու դատապարտելի գործընթացի մը ձեռնարկումին, հարցախոյզը տարբեր բան մը կ՚ըսէ։ Արդարեւ, ճնշող մեծամասնութիւնը Սփիւռքի շարունակութեան կարեւորութիւը ընդգծած է. 94 առ հարիւրը նշան դրած է «բաւական» եւ «շատ» բառերուն դիմաց։ Միւս կողմէ, ի տարբերութիւն Միջին Արեւելքի համայնքներուն վրայ խաչ քաշելու որոշ տրամադրութիւններու, պատասխանողներուն 84 առ հարիւրը զգացած է, որ կարեւոր է անոնց օժանդակել։ Ըստ հաղորդագրութեան, պատասխաններէն կը հետեւցնենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր են, բայց Սփիւռքն ալ հաւասար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ի դէպ, Հայաստանը «բաւական» ու «շատ» կարեւոր է պատասխանողներու 90 առ հարիւրին համար, եւ անոնց 75 առ հարիւրը առնուազն մէկ անգամ այցելած է հայրենիքը (93 առ հարիւրը այցելելու նպատակ ունի, թէեւ յստակ չեղաւ մեզի, թէ այս թիւը արդէն այցելողները կ՚ընդգրկէ՞, թէ պատասխանանողներուն ամբողջութիւնը, ինչ որ երկրորդական հարց մըն է)։
Ըստ երեւոյթին, հայ ժողովուրդի անունով յայտարարութիւններ, դասեր կամ պատգամներ տուող մեր կուսակցութիւնները պարտին լրջութեամբ ընկալել պատահականութեան արդիւնք չեղող այն տուեալը, որ պատասխանողներուն 73 առ հարիւրը որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան անդամ չէ։ Այսինքն՝ տասնամեակներ առաջ արդէն ահազանգուած ապակուսակցականացումի հոլովոյթը ջախջախիչ մեծամասնութեան հասած է։ Ի դէպ, ըստ կազմակերպիչներուն, չորս քաղաքներուն մասնակիցները աւելի գործօն կ՚երեւին հայ իրականութեան մէջ։ Սակայն, մեծամասնութիւնը ոչ-քաղաքական կամ անուղղակի քաղաքական պատկանելիութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու անդամ է (ՀԲԸՄ, Համազգային, եւ այլն)։ Սակայն, չենք գիտեր, թէ պատասխանողներուն ո՞ր համեմատութիւնը քաղաքական կազմակերպութեան մը համակիր է՝ առանց անդամ ըլլալու։
Հարցախոյզը փաստական հիմնաւորում կը բերէ յաճախակի այն գանգատին, թէ եկեղեցիները միայն կը լեցուին Զատկուան, Ծննդեան կամ Հոգեհանգիստի ժամանակ եւ թէ Եկեղեցւոյ դերը ծիսական է։ Առաքելական, Աւետարանական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն պատկանող պատասխանողներուն միայն 14-16 առ հարիւրը շաբաթական կամ ամսական կերպով եկեղեցի կը յաճախէ (այսինքն՝ շաբաթէ-շաբաթ եկեղեցի յաճախողներու թիւը ա՛լ աւելի չնչին է)։ Միւս կողմէ, 70 առ հարիւրը կը հաւատայ, որ կարեւոր է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ամուսնանալ։ Հետաքրքրական տուեալ մըն է, որ 43 առ հարիւրը համաձայն է, որ կիները պէտք է եկեղեցական ձեռնադրութեան արժանանան, իսկ 30 առ հարիւրը կարծիք չունի, ինչ որ ի հարկէ կրնայ համաձայնութեան կամ անհամաձայնութեան վերածուիլ։
Ինչպէս հասկցանք, այս կարեւոր հարցախոյզը հոս չի վերջանար։ Անոր արդիւնքները դեռ կ՚ուսումնասիրուին եւ կը սպասուի, որ յաջորդ ամիսներուն այդ բոլորը պիտի հրապարակուի։ Մինչ այդ, այս տարի հարցախոյզը պիտի ներկայացուի շարք մը այլ համայնքներու մէջ։
Վստահ ենք, որ այս բոլորը գիտնականներու համար շատ կարեւոր նախանիւթ պիտի կազմեն։ Բայց, ամենէն աւելի, այս տեղեկութիւններուն ու վերլուծումներուն թէ՛ հանրութիւնը եւ թէ՛, մանաւանդ, ղեկավարութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, պէտք է իրազեկ դառնան։ Սփիւռքի բազկերակը շօշափող եւ իրականութենէն մեկնող որոշումներ տալու ժամանակն է։
Քանի որ, սպաներէն պատկերաւոր խօսքով, «երկինքը ձեռքերով ծածկելու» ատենը շատոնց անցած է...։

«Նոր Յառաջ», 19 Փետրուար 2019

No comments:

Post a Comment