26.9.18

Հարցազրոյց երաժշտապետ Արամ Քերովբեանի հետ. պոլսահայ մը՝ Փարիզի մէջ

 ՔՈՒԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ա­րամ ­Քե­րով­բեան ծնած է ­Պո­լիս։ ­Ճար­տա­րա­գի­տա­կան ու­սու­մը ա­ւար­տե­լէ ետք, 1977ին, փո­խադ­րո­ւած է ­Փա­րիզ եւ ան­մի­ջա­պէս մտած՝ ե­րաժշ­տա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ։ ­Մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան զա­նա­զան ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ աշ­խա­տե­լէ յե­տոյ, միա­ցած է հայ­կա­կան ժո­ղովրդա­կան եւ ա­շու­ղա­կան ե­րաժշ­տու­թեան «­Կոչ­նակ» խում­բին, ա­պա ստեղ­ծած՝ «Ակն» ա­նու­նով ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կեդ­րո­նը եւ երգ­չա­խում­բը։ 1990էն ի վեր ե­րաժշ­տա­պետն է ­Փա­րի­զի «­Սուրբ ­Յով­հան­նէս Մկր­տիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ա­ւար­տած է ե­րաժշ­տա­գի­տա­կան տոք­թո­րա­կա­նը։ Իր կո­ղա­կի­ցին՝ երգ­չու­հի ­Վիր­ճի­նիա ­Փաթ­թիին հետ ու­նե­ցած են ե­րեք զա­ւակ։

— Ինչ­պէ՞ս սկսար ե­րաժշ­տու­թեամբ զբա­ղիլ, յատ­կա­պէս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշտու­թեամբ։
— ­Տա­րիքս քա­նի կ­’ա­ռա­ջա­նայ, ա՛լ ա­ւե­լի կը սի­րեմ նա­խա­ձե­ւո­ւած սահ­մա­նում­նե­րը տա­պա­լել։ Ե­րաժշ­տու­թեամբ զբա­ղե­լու սկսիլս ոչ թէ տա­ղան­դիս յայտ­նա­բեր­ման ար­դիւնքն է, այլ նկար­չա­կան զբա­ղու­միս դադ­րի­լը՝ պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րուս, հա­ւա­նա­բար այդ տա­րի­քին բո­լո­րին պա­տա­հող սո­վո­րա­կան տագ­նա­պին հե­տե­ւան­քով։ ­Բախ­տա­ւոր ե­ղեր եմ, ո­րով­հե­տեւ ան­գի­տակ­ցա­բար եւ կամ ը­սենք՝ բնազ­դով զգա­ցեր եմ, թէ տե­ղը բան մը պէտք է դնեմ, պա­տա­նե­կան հո­գիի վե­րի­վայ­րում­նե­րը հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար։ Իսկ ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան պա­րա­գան ա՛լ ա­ւե­լի սո­վո­րա­կան է։ Ինչ­պէս շատ մը հա­մայնք­նե­րու մէջ, բայց յատ­կա­պէս ­Պո­լիս, ա­մէն մա­նուկ գո­նէ ա­տեն մը ե­կե­ղե­ցի կը յա­ճա­խէ եւ շա­պիկ կը հագ­նի։ Ո­մանք կը սի­րեն, ո­մանք՝ ոչ։ Ո­մանք կը մնան, ո­մանք ա­տեն մը ետք կը մեկ­նին։ ­Բայց բո­լո­րին հո­գին կը դրոշ­մո­ւի ձայ­նե­րէ, գոյ­նե­րէ, խուն­կի հո­տե­րէ եւ ա­լե­ւոր դպիր­նե­րէ կազ­մո­ւած այդ աշ­խար­հով։ Ե՛ս ալ մեկ­նե­ցայ ե­կե­ղե­ցիէն, մնա­ցի նկար­չու­թեանս հետ. 1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն էր։
­Սա՝ ա­ռա­ջին շրջանն էր։
Ա­տեն մը յե­տոյ, երբ ու­զե­ցի ե­րաժշ­տու­թեան մօ­տե­նալ, գա­ցի քա­նո­նի վար­պետ մը գտայ՝ ­Սա­տէտ­տին Էօք­թէ­նայ։ Իր­մէ, յատ­կա­պէս բա­նա­ւոր փո­խան­ցու­մով, օս­մա­նեան դա­սա­կան ե­րաժշտու­թիւ­նը եւ ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րը, այ­սինքն՝ «մա­քամ»նե­րը սոր­վե­ցայ։ 1977ին ­Փա­րիզ հաս­տա­տուե­լովս իսկ սկսած էի հե­տաքրք­րո­ւիլ եւ հե­տա­զօ­տել, թէ ինչ­պէ՛ս տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­ներ նմա­նա­տիպ ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րը տար­բեր ձե­ւե­րով կը կի­րար­կեն։ Բ­նա­կան էր, քա­նի որ ­Փա­րի­զը տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ե­կած ե­րա­ժիշ­տե­րու հան­դիպ­ման վայրն էր միա­ժա­մա­նակ։
Ե­րաժշ­տա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեանս ալ սկիզ­բը ե­ղաւ այդ շրջա­նը։ ­Քա­նի մը տա­րի ետք ալ բախտն ու­նե­ցայ ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան վար­պետս գտնե­լու՝ Ա­րամ­նեակ Ա­րա­պեան, Էս­քի­շէ­հիր­ցի, ծնած՝ 1898ին։ Իր­մով սկսաւ երկ­րորդ շրջա­նը, որ դեռ կը շա­րու­նա­կո­ւի…։ Եւ քա­նի որ կո­ղա­կի­ցիս՝ ­Վեր­ժի­նին հետ ծա­նօ­թա­ցած օ­րեր­նէս՝ 1980էն ի վեր միա­սին կ­՚աշ­խա­տինք, մեր զա­ւակ­ներն ալ այդ մի­ջա­վայ­րին մէջ մեծ­ցան։ ­Հե­տե­ւա­բար Ակն երգ­չա­խում­բին կէ­սը ­Քե­րով­բեան­նե­րէն կազ­մո­ւած է…։
-­Վեր­ջերս լոյս տե­սաւ «­Ձայն յա­նա­պա­տի» գիրքդ, որ ան­կեղծ ը­սած՝ շատ հե­տաքքրք­րա­կան ու ցնցիչ գտայ. իսկ վեր­ջա­բանդ՝ նոյ­նիսկ յու­զիչ։
— ­Յատ­կան­շա­կան է, որ «ցնցիչ» բա­ռը կը գոր­ծա­ծես։ Այդ գիր­քին մէջ 19րդ ­դա­րու ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ան­ցու­դարձ­նե­րը կը քննեմ, նոր վա­ւե­րագ­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ։ Ա­ւե­լի քան դա­րէ մը ի վեր, այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մա­սին ը­սո­ւած­նե­րը քա­նի մը տո­ղը չեն անց­նիր, նոյ­նիսկ եր­կար յօ­դո­ւած­նե­րու մէջ…։ Ին­չո՞ւ։ Ո­րով­հե­տեւ այդ «ան­ցեա­լը» մե­զի պար­տադ­րո­ւած «ազ­գա­յին մշա­կոյթ»ին չի վա­յե­լեր։ ­Հոն ­Թուր­քեր կան, ձայ­նե­ղա­նակ­ներ կան, յե­տոյ՝ ա­րե­ւե­լեան է, այ­սինքն ո՛չ քա­ղա­քա­կիրթ…։ Երբ նիւ­թին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ման­րա­պա­տու­մի մը նման կը յայտ­նուին, ան­ցեա­լը հասկ­նա­լու մեր ճի­գերն ալ ա­ւե­լի ա­ռողջ հի­մեր կ­՚ու­նե­նան։ Ա­պա­գայ կեր­տե­լու հա­մար պէտք է ան­ցեա­լը հասկ­նալ, չէ՞։
­Գա­լով վեր­ջա­բա­նին յու­զիչ ըլ­լա­լուն… եր­բեմն կը խոր­հիմ՝ թե­րեւս քիչ մը չա­փը ան­ցու­ցած եմ, բայց «զոր ինչ գրե­ցի՝ գրե­ցի»։ ­Յա­մե­նայն դէպս ու­րիշ կերպ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւ ե­րաժշ­տա­գի­տու­թիւ­նը եր­բեք չեմ բաժ­նած ի­րար­մէ։ ­Միշտ մէ­կը միւ­սին սնունդ կու տայ. այդ­պէ՛ս կ­՚աշ­խա­տիմ։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մար­զին մէջ ո՞ւր էինք մէկ ու կէս դար ա­ռաջ, ո՞ւր ենք հի­մա։ Ի­րո­ղու­թիւն մը կայ, ո­րուն մա­սին չի խօ­սո­ւիր, նոյ­նիսկ ա­մէն ջանք կը թա­փո­ւի վրան ծած­կե­լու հա­մար։ Այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ ա­ւան­դու­թեան մը ողջ-ողջ թա­ղո­ւիլն է, իր՝ տա­կա­ւին յայտ­նա­բե­րե­լի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րով միա­սին։ Այս ա­րար­քը կա­րե­լի չէ ար­դա­րաց­նել՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած ըլ­լալ­նիս պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ­քան ալ հիմ­նա­կան ե­ղած ըլ­լայ ա­նոր դե­րը։ Եւ ոչ ալ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րով։ «Ո՞ւր էինք, ո՞ւր հա­սանք»ը բա­ցատ­րե­լու հա­մար զուտ ե­րաժշ­տա­գի­տա­կան օ­րի­նակ մը բե­րեմ. առ­նենք ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կարգ­նե­րուն հա­յոց կող­մէ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը։

— Կր­նա՞ս ամ­փոփ ձե­ւով ա­սոնք մե­զի հասկ­նա­լի դարձ­նել։
— ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս 9-10րդ ­դա­րե­րուն, թէ՛ Եւ­րո­պա­յի եւ թէ ­Բիւ­զան­դա­կան աշ­խար­հի մէջ ե­կե­ղե­ցա­կան եր­գե­ցո­ղու­թեան հա­մար կը սկսին գոր­ծա­ծել շարք մը նշան­ներ. ա­սոնք բա­ռե­րուն վրայ դրուե­լով՝ ցոյց կու տան շեշ­տա­ւոր­ման, ե­ղա­նա­կա­ւոր­ման, զար­դա­րան­քա­յին զա­նա­զան ձե­ւեր։ Այս գրու­թիւ­նը «նո­թա» մը չէր՝ մեր այ­սօր հասկ­ցա­ծին պէս։ ­Յի­շո­ղու­թեան օգ­նա­կան մըն էր ա­նի­կա, ե­ղա­նակ­նե­րուն ծայ­րը-պո­չը ճիշդ ար­տադ­րե­լու հա­մար։ Երբ կը հաս­նինք 19րդ ­դար, հա­յոց կող­մէ խա­զագ­րու­թիւն կո­չո­ւած, մինչ այդ բա­ւա­կան ալ զար­գա­ցած այս գոր­ծի­քը այ­լեւս չի բա­նիր։ Առ­նո­ւազն քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Այս­պէս կ­՚ը­սեմ, ո­րով­հե­տեւ չենք գի­տեր, թէ տա­կա­ւին գոր­ծող վան­քե­րուն մէջ ի՛նչ գի­տէին այս մա­սին. այն ա­տեն նման հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ չկա­յին տա­կա­ւին։ ­Զա­նա­զան այլ, մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­ներ ալ կան, բայց հոս պի­տի չնշեմ զա­նոնք։ ­Յա­մե­նայն դէպս, մար­դիկ խա­զագ­րու­թիւ­նը կը կար­դա­յին՝ ինչ­պէս որ կրնա­յին, եւ ի­րա­րու հետ ալ հա­մա­ձայն չէին ան­շուշտ։ ­Փո­խան­ցու­մը կ­՚ըլ­լար մի­միայն բա­նա­ւոր ա­ւան­դու­թեամբ, ինչ­պէս միշտ ե­ղած էր, բայց գրա­ւոր մի­ջո­ցը այ­լեւս չէր կրնար հաս­տա­տել կամ ամ­րաց­նել զայն։ Այս վի­ճա­կին լու­ծում բե­րե­լու հա­մար, 19րդ ­դա­րու սկիզ­բը, չորս հայ ե­րա­ժիշտ­ներ նոր հա­մա­կարգ մը կը ստեղ­ծեն։ ­Նախ՝ «ե­կե­ղե­ցա­կան ձայ­նագ­րու­թիւն» կը կո­չո­ւէր ան, յե­տոյ՝ «­Հայ ար­դի ձայ­նագ­րու­թիւն» կո­չո­ւե­ցաւ, իսկ ­Թուր­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն զայն կա­պել ­Պա­պա ­Համ­բար­ձու­մի ա­նու­նին հետ, քա­նի որ ի­րենց ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ մըն էր ան եւ մաս­նակ­ցած էր նոր հա­մա­կար­գի կազ­մու­թեան։ Այս նոր գրու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած էր ա­րեւմ­տեան ձայ­նագ­րու­թեան սկզբուն­քին վրայ, այ­սինքն՝ իւ­րա­քան­չիւր ձայ­նաս­տի­ճա­նի հա­մար նշա­նա­կուած էր ձայ­նա­նիշ մը, սա­կայն ա­րե­ւե­լեան ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րուն բո­լոր նրբու­թիւն­նե­րը չէր կրնար ար­տա­յայ­տել ան։ ­Հե­տե­ւա­բար՝ ա­նոր ճշգրի­տօ­րէն գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէր ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րու լաւ ճա­նա­չո­ղու­թիւն։ Այ­սինքն՝ թե­րու­թիւն մը չէր ա­սի­կա. պարզ գրու­թիւն մը պէտք էր, ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րը գիտ­ցող մար­դոց, մա­նա­ւանդ ե­կե­ղե­ցա­կան եր­գիչ­նե­րուն՝ դպիր­նե­րուն հա­մար։

— Ու­րեմն՝ ո՞ւր էինք, ո՞ւր հա­սանք։
— Ա­ռանց ման­րա­մա­նու­թիւն­նե­րու մէջ մտնե­լու, պի­տի նշեմ հե­տե­ւեա­լը.- Եր­կու հա­մա­կարգ­ներն ալ ստեղ­ծո­ւած եւ գոր­ծա­ծո­ւած են բա­նա­ւոր փո­խան­ցու­մի ծի­րին մէջ։ ­Նո­թա սոր­վե­լով՝ ե­րաժշտու­թիւն սոր­ված չ­՚ըլ­լար մարդ, ճիշդ այն­պէս՝ ինչ­պէս յու­նա­կան այ­բու­բե­նը սոր­վե­լով յու­նա­րէն սոր­ված չ­’ըլ­լար։ Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ, մար­դիկ ի­րենց՝ բա­նա­ւոր ա­ւան­դու­թեամբ սոր­վա­ծը կը ջա­նա­յին լա­ւա­գոյն ձե­ւով գրել, գիտ­նա­լով որ բո­լոր ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կարգ­նե­րը թե­րի են՝ ի դի­մաց եր­գե­ցո­ղու­թեան նրբու­թիւն­նե­րուն։
Եւ ի՞նչ կ­՚ը­նենք հի­մա։
Ինչ­պէս 19րդ ­դա­րուն սկիզ­բը՝ խա­զագ­րու­թեան հա­մար, հի­մա ալ կը ջա­նանք լա­ւա­գոյնս կար­դալ ար­դի ձայ­նագ­րու­թիւ­նը. այն ինչ որ կրցած­նուն չա­փով գրած էին՝ հի­մա կրցած­նուս — 2 — չա­փով կը կար­դանք։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­հեր­քե­լի դե­րը այս կո­րուս­տին մէջ, յատ­կա­պէս ա­մէն ինչ ա­րա­գա­ցու­ցած ըլ­լա­լո­վը, ա­ւե­լի ցայ­տուն կը դառ­նայ։ ­Ժո­ղո­վուր­դը եւ իր մշա­կոյ­թը ոչն­չա­ցո­ւած, եր­կի­րը մնա­ցորդ­նե­րուն ոտ­քին տա­կէն քա­շո­ւած ըլ­լա­լով՝ կո­րուս­տը ա­ւե­լի ա­րագ կ­՚ըն­թա­նայ։ ­Խա­զագ­րու­թեան 19րդ ­դա­րու սկիզ­բին վի­ճա­կը եւ մեր այ­սօ­րո­ւան վի­ճա­կը նոյ­նը չէ։
Այն ժա­մա­նակ եր­կիրն էին, ցան­ցը կար, քիչ թէ շատ կը բա­նէր, կոր­սո­ւա­ծին տե­ղը նո­րը կը յայտ­նո­ւէր։ Ինչ­պէս որ ե­ղաւ ար­դի ձայ­նագ­րու­թեան գիւ­տով։ Այ­սօր ար­դի ձայ­նագ­րու­թիւ­նը ան­ծա­նօթ հա­մար­կարգ մը չէ՛ բնաւ, շա­տեր գի­տեն զայն ճիշդ կար­դա­լը։ ­Հար­ցը հոն չէ։ ­Ձայ­նագ­րու­թիւ­նը պարզ օ­րի­նակ մըն է, որ վի­ճա­կը ցոյց կու տայ։ ­Քիչ ա­ռաջ ը­սի, թէ ա­ւան­դու­թիւն մը ողջ-ողջ կը թա­ղո­ւի։ Այդ ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րը գիտ­ցող, բա­նա­ւոր ա­ւան­դու­թեան մէջ հա­սած ան­ձերն են, որ եր­կար ա­տե­նէ ի վեր մէկ­դի կը դրո­ւին, եւ ա­նոնց տե­ղը դրո­ւածն ալ եւ­րո­պա­կան ձե­ւե­րու որ­դեգ­րու­մէն ու­րիշ բան չէ։

— Ու­րեմն կրնա՞նք հա­րա­զա­տի, ա­ւան­դա­կա­նի մա­սին խօ­սիլ, թէ օ­տա­րա­մու­տը, ա­ղա­ւա­ղու­մը կը տի­րէ։
— Այս վէ­ճը գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նար, ե­թէ «ազ­գա­յին»ի ա­րեւմ­տեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը այս­քան մեծ սի­րով ըն­դու­նած չըլ­լա­յինք։ ­Դար­ձեալ օ­րի­նա­կով եր­թանք։ Ը­սենք որ դուն, ման­կու­թեան շրջա­նիդ, հայ­րի­կէդ երգ մը սոր­ված ես, այսինքն՝ քե­զի ա­ւան­դո­ւա՛ծ է այդ եր­գը։ Այն­քան լսած ես, եւ այն­պի­սի՛ մթնո­լոր­տի մէջ, որ ա­նի­կա այ­լեւս քու երգդ է, քե­զի հա­րա­զատ։ ­Հի­մա, «վե­րէն» տե­ղէ մը կ­՚ո­րո­շո­ւի, որ այդ եր­գը «ազ­գա­յին ո­գիին» չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, հե­տե­ւա­բար հա­րա­զատ չէ։ Ու­րեմն դուն, յա­նուն «ազ­գա­յին»ին պէտք է ըն­դու­նիս, որ հայ­րի­կէդ այդ յա­տուկ մի­ջա­վայ­րին մէջ սոր­ված երգդ, որ յի­շո­ղու­թեանդ մէջ դրոշ­մուած է, հա­րա­զատ չէ, «օ­տա­րա­մուտ» կամ «ա­ղա­ւա­ղո­ւած» երգ մը կը սի­րես եւ կ­՚եր­գես։ Երբ խոր­հինք թէ նման պա­րա­գա­նե­րը որ­քա՛ն բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­զան կրնան ըլ­լալ բո­լո­րիս կեան­քին մէջ՝ կը տես­նենք, թէ «ազ­գա­յին»ը ո՛ւր կրնայ տա­նիլ բո­լորս։ ­Նուրբ հարց է, չէ՞։
­Միւս կող­մա­նէ՝ ե­թէ հարց­նես, թէ ի՛նչ է «հա­րա­զատ»ը կամ «ազ­գա­յին»ը, եր­կու հո­գի նոյն պա­տաս­խա­նը չեն կրնար տալ…։ Ն­կա­տի առ­նե­լով մե՛ր իսկ այ­լա­սե­լու­մը, ա­ւե­լի լաւ կ­՚ըլ­լայ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ քիչ ա­ծա­կան­ներ գոր­ծա­ծել։

— Ան­ցեալ ա­մառ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ վա­յե­լե­ցինք ­Լե­հաս­տա­նի «­Զար» թա­տե­րա­խում­բին եր­կու տպա­ւո­րիչ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը՝ «Ար­մի­նէ քոյր» եւ «­Մէ­տէաս»։ Ա­սոնց զու­գա­հեռ լոյս տե­սաւ «Երգ աք­սո­րեալ» վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը՝ ըն­տա­նի­քիդ ու «­Զար» թա­տե­րա­խում­բին ան­դամ­նե­րով ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը դէ­պի Ա­րե­ւե­լեան ­Թուր­քիա։ ­Պատ­մէ՛, խնդրեմ, այս բո­լո­րին մա­սին։
— ­Տա­րի­նե­րէ ի վեր, ե­րաժշ­տա­կան աշ­խա­տա­նոց­նե­րու մի­ջո­ցաւ կը ջա­նանք փո­խան­ցել ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րու աշ­խար­հը։ ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ոչ-հա­յեր են։ ­Կարճ խօս­քով՝ ը­սենք, որ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը նա­խա­պա­շա­րում­նե­րէ ձեր­բա­զա­տո­ւած ան­ձեր են ընդ­հան­րա­պէս։ ­Փո­խան­ցու­մի շղթան, ընդ­լայ­նե­լով, բնա­կա­նա­բար կը հաս­նի ա­րո­ւես­տի աշ­խար­հին։ «­Զար» թա­տե­րա­խում­բի պա­րա­գան ա­ռա­ջի­նը չէր ին­ծի հա­մար, բայց կրնամ ը­սել, որ ա­մէ­նէն խիտ, ան­կեղծ եւ խոր փոր­ձա­ռու­թիւնս էր։ «­Զար»ի իւ­րա­յատ­կու­թիւնն է՝ բո­լոր խա­ղե­րը ե­րաժշ­տու­թեամբ հիւ­սել, մա­նա­ւանդ քրիս­տո­նեայ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով։ ­Դար­ձեալ կարճ խօս­քով՝ ա­նոնք կ­՚ու­զէին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին թա­տե­րա­խաղ մը ստեղ­ծել՝ հիմք ու­նե­նա­լով ի­րենց՝ որ­պէս եւ­րո­պա­ցի դիր­քը, կա­րե­լի հար­ցադ­րու­մը նման դէպ­քի մը առ­ջեւ։ Այ­սինքն՝ ի­րենց նպա­տա­կը չէր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը «բա­ցատ­րել» եւ միա­ժա­մա­նակ ցոյց տալ, թէ հա­յե­րը ի՜նչ գե­ղե­ցիկ ե­րաժշտու­թիւն ու­նին։ ­Յայտ­նի ե­ղաւ, որ ի­րենց փնտռա­ծը ե՛ս եմ ե­ղեր…։

-­Դե­րա­սան­նե­րը հա­յե­րէն կ­՚եր­գէին «Ար­մի­նէ քոյր»ին մէջ…։
— Ա­յո՛, եւ գրա­բա՛ր։ Ե­րեք տա­րի աշ­խա­տե­ցանք միա­սին, մի­միայն ձայ­նե­ղա­նակ­նե­րը զգա­լու, ճիշդ ար­տադ­րե­լու հա­մար։ Այդ­քան լուրջ, ու­շա­դիր եւ պա­հանջ­կոտ ա­շա­կերտ­ներ չէի ու­նե­ցած եր­բեք։ ­Թա­տե­րա­խա­ղէն զատ, ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մերգ­ներ ալ կա­տա­րե­ցինք միա­սին։ Կր­նամ ը­սել, թէ ի­րենց բան մը փո­խան­ցած եմ վեր­ջա­պէս։ Ան­շուշտ պի­տի փա­փա­քէի, որ հա­յեր ալ ըլ­լան այս­պէս աշ­խա­տող, բայց «Ակն»ի շրջա­նա­կէն դուրս ո՛չ ոք կը հե­տաքրք­րո­ւի, ո՛չ իսկ ­Փա­րի­զի ե­կե­ղե­ցիէն, ուր ե­րաժշ­տա­պետ եմ 28 տա­րիէ ի վեր։ ­Բայց այս նիւ­թը չբա­նանք հի­մա։

— Իսկ «Երգ աք­սո­րեալ» ժա­պա­ւէ­նը…։
— ­Պել­ճի­քա ապ­րող ի­տա­լա­ցի զոյգ մը, ո­րուն մաս­նա­գի­տու­թիւնն է վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն պատ­րաս­տե­լը, կը փա­փա­քէր հա­յոց մէջ ե­րաժշտա­կան փո­խան­ցու­մին մա­սին աշ­խա­տանք մը կա­տա­րել։ Եօ­թը տա­րի հե­տե­ւե­ցան մե­զի՝ ո՛ւր որ գա­ցինք. հա­մերգ­ներ, աշ­խա­տա­նոց­ներ, ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ…։ Երբ 2010 թո­ւա­կա­նին սկսանք կա­նո­նա­ւոր կեր­պով ­Լե­հաս­տան եր­թա­լու, «­Զար» խում­բին հետ աշ­խա­տե­լու, ժա­պա­ւէ­նին ըն­թացքն ալ յստա­կա­ցաւ։ 2015ին հրա­պա­րակ ե­լաւ ժա­պա­ւէ­նը։ 20է ա­ւե­լի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօն­նե­րու մաս­նակ­ցե­ցաւ եւ չորս մրցա­նակ շա­հե­ցաւ։ Ա­ռանց դե­րա­սա­նու­թեան, իս­կա­կան վա­ւե­րագ­րա­կան մ­’ըլ­լա­լով հան­դերձ, գե­ղե­ցիկ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք մը կա­տա­րե­ցին։ ­Դեռ ցոյց կը տրո­ւի զա­նա­զան տե­ղեր։ ­Յոյս ու­նիմ, որ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ալ կազ­մա­կեր­պո­ւի, մա­նա­ւանդ որ թէ՛ հա­յե­րէն եւ թէ յու­նա­րէն են­թա­գի­րով տրա­մադ­րե­լի է ա­նի­կա։ ­Դէ­պի Եր­կիր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, որ կը տես­նո­ւի ժա­պա­ւէ­նին մէջ, կա­տա­րե­ցինք «­Զար» խում­բին հետ, թա­տե­րա­խա­ղի պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին։ Ցն­ցիչ էր ան­շո՛ւշտ։ ­Թա­տե­րա­խում­բը պէտք ու­նէր այդ փլա­տակ­նե­րուն դպչե­լու, մար­դոց հետ շփո­ւե­լու։ ­Ժա­պա­ւէնն ալ այդ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ դար­ձաւ ա­ւե­լի տպա­ւո­րիչ՝ շօ­շա­փե­լի դարձ­նե­լով Երկ­րի կո­րուս­տին եւ ե­րաժշ­տու­թեան փո­խան­ցու­մի հար­ցե­րուն մի­ջեւ ե­ղող կա­պը։

«Ազատ օր», 24 Սեպտեմբեր 2018

No comments:

Post a Comment