9.6.18

Բոպիկ քաղաքական միտքի հերթական դրսեւորումները


ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ


Վերջերս «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսան երկու յօդուածներ՝ «Ի՞նչ կրնան ըլլալ հակադաշնակցական քարոզարշաւին դրդապատճառները», հեղինակութեամբ Մելիք Գարագաւորեանի, եւ «Բաց նամակ` առ որ անկ է. գաղափարը` Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծրագիրն է. «կաղապարը»` Հ. Յ. Դաշնակցութեան կանոնագիրն է. նուիրումը` ազգին է, կեանքը` հայրենիքին Է» ԱՅԲՈՒԲԷՆ գրչանունով (*): Այս երկու գրութիւնները նորագոյն փորձերն են հակազդելու բոլոր անոնց որոնք, ըստ յօդուածագիրներուն, կը քննադատեն Դանշակցութիւնն ու անոր գործունէութիւնը: Այս երկու յօդուածները նորագոյն փորձերն են արդարացնելու Դաշնակցութեան ընտրած ճանապարհը ի գին ամէն տրամաբանութեան եւ քննական մտածողութեան: Այս երկու յօդուածները եկան կրկին հաստատելու թէ որոշ մարդոց մօտ դարպասապահութիւնը (gate keeping) դարձած է կենսաձեւ շատերու մօտ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը թէ վերոյիշեալ անձերը լիազօրուած են խօսելու, եւ արտայայտուելու ընդհանուր Դաշնակցութեան անունով: Դժբախտաբար նաեւ այս երկու յօդուածները նորագոյն ապացոյցներն են որ շատերու պարագային քաղաքական միտքը նոյնացած է լոկ ճառախօսական շարադրութեան հետ: Բառացի կը մէջբերեմ Գարագաւորեանի յօդուածէն պարբերութիւն մը. «Առաջին անգամը չէ, որ կը յայտարարուի, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ճգնաժամի մէջ է. ըստ երեւոյթին այս մարդոց յիշողութիւնը չափազանց կարճ կը թուի ըլլալ եւ պատմութենէն բնաւ դասեր չեն քաղած: Առաջին անգամը չէ, որ Դաշնակցութեան յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու մոլուցքէն տառապողները, ինչպէս միշտ, պիտի վերադառնան պատմութեան աղբանոցը»։
Ըստ երեւոյթին սոյն յօդուածագիրը չի տիրապետեր հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին ու ծաւալող քննարկումներուն որոնք լրիւ տարբեր հարթութեան վրայ են: Հակառակ անոր որ յօդուածագիրը յաճախ պատմութեան կ’ակնարկէ որպէս դասեր քաղելու եւ ըստ այնմ Դաշնակցութիւնը գովաբանելու աղբիւր, ըստ երեւոյթին ան չի գիտակցիր թէ պատմութիւնը կը զարգանայ իր իսկ նկարագրած ընթացքին ճիշդ հակառակ։ Թէ բնական է որ կուսակցութիւններ իրենց պատմութեան մէջ կ՚ունենան վերելք եւ անկում, թէ անոնք կենթարկուին գաղափարական եւ գործելաոճային փոփոխութիւններու, թէ 128 տարուան կուսակցութիւնը իր իսկ համազգային բնոյթի պատճառով կրնայ յայտնուիլ ճգնաժամերու մէջ, թէ Դաշնակցութիւնը ներկայացնել որպէս անփոփոխ շարունակականութիւն պատմական տրամաբանութեան կոպիտ խախտում է եթէ ոչ բացայայտ խեղաթիւրում:


Սկսինք քննարկել վերոյիշեալ յօդուածներէն առաջինին հատուածներն ու միտքերը: Ստորեւ կը մէջբերեմ Գարագաւորեանի գրութեան իւրաքանչիւր պարբերութիւնը:
1) «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն, համաժողովրդային շարժումին եւ անոր յաջորդող իշխանափոխութեան առընթեր, վերջերս հայկական իրականութեան մէջ ականատեսը կը դառնանք ուշագրաւ այլ երեւոյթի մը` յարաբերական, քաղաքական, լրատուական, ապատեղեկատուական սուր եւ աժան անհիմն քննադատութիւններու, հիւանդագին երեւակայութիւններով ցեխարձակումներու եւ քարոզչական արշաւի մը, որ ուղղուած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ»: Պահ մը չ’արժեր մենք մեզի հարց տանք թէ յօդուածագիրը ի՞նչ քննադատութիւններու մասին է որ կը խօսի: Չներկայացնելով որեւէ օրինակ, սոյն պարբերութիւնը միայն կ’ապակողմնորոշէ ընթերցողը: Որեւէ յղումի բացակայութեան պարագային ընթերցողին մօտ բնական է որ յառաջանայ այն հարցադրումը թէ այս քննադատութիւններուն ո՞ր մասը աժան է, իսկ ո՞ր մասը՝ սուր ապատեղեկատուական: Բնական է որ հարցնենք նաեւ թէ ի՞նչ տուեալներէ մեկնած յօդուածագիրը զանոնք կը բնութագրէ որպէս ցեխարձակում: Արդեօք կա՞յ նշաձող մը որուն հիման վրայ կարելի է զանազել ցեխարձակումն ու կառուցողական քննադատութիւնը, չնայած այն իրականութեան որ հազուադէպ են այն պարագաները երբ յօդուածագիրն ու շատերը կառուցողական որեւէ քննադատութիւն ընդունին որպէս այդպիսին ու զանոնք չնկարագրեն որպէս անհիմն զրպարտութիւններ ինչպէս կատարուած է վերոյիշեալ պարբերութեան մէջ:
2) «Յանկարծ որոշ շրջանակներ, խմբակներ, փորձագէտներ, նախկին դիւանագէտներ, վերլուծաբաններ, հայկական թէ օտար լրատուամիջոցներ, ընկերային ցանցեր եւ Դիմատետրի էջեր, մոռացութեան կը մատնեն այսօրուան համահայկական թիւ մէկ օրակարգը` ներհայաստանեան վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ ձեւաւորուող նոր քաղաքական դաշտը, իբրեւ թէ Դաշնակցութեան վարկին, հեղինակութեան եւ գործունէութեան մասին տագնապող անձեր եւ հարթակներ, բայց խորքին մէջ շատ աւելի պատուէր կատարողի տպաւորութիւնը կը ձգեն, իրենց դիտաւորեալ հպանցիկ վերլուծումներով լուսարձակի տակ բերելով հարցականի տակ կ՛առնեն»: Այս պարբերութիւնը կրկին կու գայ հաստատելու թէ յօդուածագիրը չի տիրապետեր տիրող իրավիճակի տեղեկութիւններուն: Արագ ակնարկով մը կարելի է ճշդել թէ այստեղ նշուած շրջանակներուն, խմբակներուն եւ փորձագէտներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը նոյնինքն կուսակցութեան անդամներն ու շարքայիններն են որոնք իրենց ընդիմութեան բողոքը կը յայտնեն ընդդէմ այն ճգնաժամին, որուն մէջ այսօր կը գտնուի Դաշնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ այլուր: Երկրորդ՝ յօդուածագիրը կարծես լաւ չէ սերտած վերոյիշեալ անձերու գրառումներն ու արտայայտութիւնները որոնք անմիջականօրէն կապուած են ներհայաստանեան վերջին քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ ձեւաւորուող նոր քաղաքականութեան եւ ի մասնաւորի Դաշնակցութեան կատարելիք ապագայ քայլերուն մասին: Իսկ թէ մեծամասնութեամբ Դաշնակցական դժգոհ անդամները որու պատուէրն է որ կը կատարեն, կը ձգեմ յօդուածագրին լուսաբանութեան:
3) «Հ. Յ. Դաշնակցութեան անցած ուղին, քաղաքական դիրքորոշումները, հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն մէջ անոր ունեցած դերակատարութիւնը (բնականաբար միշտ ժխտական դիտանկիւնէ), Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան հետ քոալիսիոն կառավարութեան մասնակցութիւնը, ապա սոյն կառավարութենէն դուրս գալը, ժողովուրդին կողքին կանգնիլը, նոր կառավարութեան մաս կազմելը եւ այդ կառավարութեան մէջ կարեւորագոյն նախարարութիւններ ստանձնելը, որոնք ի միջի այլոց գրաւականը կը հանդիսանան երկրի վերականգնման եւ զարգացման գործընթացը ճիշդ հունի մէջ դնելուն»։ Ասոնք բոլորը այն վարքագծային քաղաքականութիւններն են որոնք ըստ յօդուածագրին քննադատութեան թիրախ կը դառնան վերոյիշեալ բայց ցարդ անյայտ մնացած «տարրերուն» կողմէ: Յօդուածագիրը կարծես մոռցած է որ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ քաղաքական կուսակցութիւն է եւ ոչ համայնքին ենթակառոյցները պահպանող կազմակերպութիւն, ինչպէս Սփիւռքի շատ մը գաղութներու մէջ: Իսկ ի՞նչ կ’ենթադրէ քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալու հանգամանքը եւ անոր լիարժէք ըմբռնումը: Սա կը նշանակէ որ ինչպէս միւս բոլոր կուսակցութիւնները, Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցականները եւս պիտի ենթարկուին քննադատութիւններու որոնք կրնան տարբերիլ իրենց թիրախաւորումներով կամ շեշտադրումներով: Գործող հանրապետութեան մը քաղաքական մշակոյթի անբաժան մասն է իւրաքանչիւր քաղաքացիի ազատ իրաւունքը արտայայտուելու որեւէ կուսակցութեան մը քաղաքական ուղեգիծին դէմ կամ դեր: Եթէ պատրաստ չէք ընդունելու այս պարզ իրականութիւնը, կ’առաջարկեմ չյոգնեցնէք ձեր միտքերն ու գրիչները՝ փորձելով «քրէականացնել» այն ինչ հիմքն է ազատ հասարակութեան:
4) «Տուեալ շրջանակները յանկարծ չափազանց մտահոգ կը թուին ըլլալ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներքին անդորրութեան, միասնականութեան եւ ճակատագիրին նկատմամբ: Արդարեւ, ի տես յատկապէս վերջերս Դիմատետրի օգտատէրերու սոյն օրակարգերով ունեցած աննախընթաց աշխուժութեան, արուեստական եւ խիստ անհատականացած բամբասանքներու վրայ հիմնուած անոնց գրառումներուն, բնականաբար հետեւեալ հարցադրումը կը ծագի իւրաքանչիւրի մտքին մէջ: Իրապէս տուեալ հակաքարոզչութեան հիմնական դրդապատճառները ի՞նչ կրնան ըլլալ եւ ինչո՞ւ համար այսօր»: Եթէ պահ մը վերադառնանք այն իրականութեան որ «տուեալ շրջանակներուն» մեծամասնութիւնը կազմուած է կուսակցական անդամներէ, ապա անտեղի կը դառնայ սոյն պարբերութիւնը: Արդեօք Դաշնակցական անդամները մտահոգուած պէտք չէ՞ ըլլան իրենց իսկ կուսակցութեամբ: Արդեօք չ’ա՞րժեր յօդուածագրին հարցադրումը ուղղել իր իսկ անձին, հասկնալու համար թէ իսկապէս ինչո՞ւ այսօր է որ աշխուժացած են մտահոգութիւններով լի գրառումներուն հեղինակները: Միթէ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ որեւէ դժուարութիւն չի՞ դիմակայեր, որ տագնապային վիճակի մէջ չէ որ յօդուածագիրը կարծէք զարմանքով կը մօտենայ «տուեալ շրջանակներու» մտահոգութեան: Իսկ գալով մնացած փոքրամասնութեան որոնք ինչ ինչ պատճառներով կը քննադատեն կամ նոյնիսկ «կը քարկոծեն» Դաշնակցութիւնը, միթէ անոնց դէմ ուղղուած բուռն հակազդեցութիւններով կը վերահաստատե՞նք մեր արդիւնաւէտութիւնը, մոռնալով մնացած բոլոր խնդիրներն ու հարցերը: Միթէ Դաշնակցութեան տեղի կամ անտեղի գովքը հիւսելով վերահաստատա՞ծ կամ ամրագրա՞ծ կ’ըլլանք մեր հայրենասիրութիւնն ու ազգային նուիրուածութիւնը:
5) «Արդեօք որովհետեւ Դաշնակցութիւնը, հակառակ իրեն վերագրուող մեղադրանքներուն, անհիմն քննադատութիւններուն եւ ֆէյսպուքեան սին բամբասանքներուն, անդրդուելի կերպով կը շարունակէ գերադասել Հայաստանի Հանրապետութեան կայունութեան, կառուցողականութեան եւ անվտանգութեան ի խնդիր իր դերակատարութի՞ւնը. այս արշաւները կը միտին արժեզրկել եւ հարուածել այս բոլորը: Արդեօք որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը սովորական ազգային, յեղափոխական եւ ընկերվարական կուսակցութիւն մը ըլլալէ անկախ, նաեւ համահայկական կուսակցութիւն է եւ ինքնին համազգային արժէք, եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է հարուածել զայն եւ խորտակել, անոր ազդեցութեան գօտին տկարացնել, կազմակերպական եւ կարգապահական կառոյցը ջլատել եւ զայն վերածել սովորական, քաղաքական, հասարակական կամ քաղաքացիական պատահական շարժումի մը եւ զբաղեցնել երկրորդական խնդիրներո՞վ»: Սա արդէն կը հասնի վտանագաւոր մասշտաբի. Գարագաւորեանի տրամաբանութենէն թէ այս արշաւները կը միտին արժեզրկել ու հարուածել Հայաստանի Հանրապետութեան կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կու գանք հետեւցնելու թէ բոլոր անոնք որոնք նուազագոյն չափով կ’ընդդիմանան Դաշնակցութեան այս կամ այն քաղաքականութեան ինքնաբերաբար կը դառնան «ազգի դաւաճաններ»: Ըստ երեւոյթին, յօդուածագիրին մօտ անվտանգութեան գաղափարը կը սահմանափակուի միայն Արցախի սահմանագիծին ազրպէյճանական զօրքերու տեղաշարժերով, առանց նկատի ունենալու մարդկային իրաւունքներու ակնբախ ոտնահարումը, արդարատութեան համակարգի համատարած փտածութիւնը, արհեստական տնտեսական մենաշնորհներու երկիրը պատանդ պահելու ազգավնաս հանգամանքը, որոնք նոյնքան անվտանգութեան հետ առնչուող խնդիներ են որքան սահմաններու ֆիզիքական պահպանումը: Յօդուածագիրը ինքզինք կը հակասէ խախտելով քաղաքագիտական պարզ տրամաբանութիւնը: Ան կը զգուշացնէ ընթերցողը ըսելով թէ վերոյիշեալ «շրջանակները» կ՚ուզեն ազգային, ընկերվարական, յեղափոխական եղող Դաշնակցութիւնը վերածել հասարակական, քաղաքական կամ քաղաքացիական շարժումի։ Ըստ երեւոյթին պէտք է յիշեցնել որ Դաշնակցութիւնը որպէս Հայաստանի կուսակցութիւններու օրէնքի համաձայն գրանցուած կազմակերպութիւն ինքնաբերաբար քաղաքական, հասարակական եւ քաղաքացիական շարժում է, բացի եթէ յօդուածագիրը կը հաւատայ որ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան անդամները քաղաքացիներ չեն կամ մաս չեն կազմեր ընդհանուր հասարակութեան: Այս բոլորին պէտք է աւելցնել նաեւ այն իրականութիւնը որ ներկայ Հայաստանի վայրի դրամատիրական տնտեսահամակարգին մէջ Դաշնակցութեան դաւանած ընկերվարութիւնը ընդհանրապէս բացակայ է: Բայց ասոր մասին ուրիշ առթիւ:
6) “Արդեօք որովհետեւ անհերքելի փաստ է նաեւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային արժէքային համակարգին մաս կազմող երեւոյթ է իր պատմական կենսափորձով, իր նուաճումներով, իր աշխարհով մէկ տարածուած կազմակերպական կառոյցով, իր ընդհանուր ժողովներով, ծրագիրով եւ կանոնագիրո՞վ: Արդեօք անգամ մը եւս փորձ կը կատարուի թիրախ դարձնել ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութեան կալուածը, ազգային անժամանցելի արդար իրաւունքներու հետապնդման գծով կուսակցութեան ռազմավարութիւնը, ազգ-պետութիւն հասկացողութիւնը Դաշնակցութեան համար ամէն ինչէ վեր դասելու ռազմավարական յղացքը կամ հայեցակարգը, հայկական ուժեղ քաղաքական գործօնի առկայութիւնը եւ զուտ հայկական արեւելումի քաղաքականութի՞ւնը: Բան մը, որ ի յառաջագունէ ձախողութեան դատապարտուած է»։ Դաշնակցութեան այսօրուան դիմակայած մարտահրաւէրներն ու ստեղծուած ճգնաժամը լոկ քաղաքական ընտրութիւններու հետ չեն առնչուիր: Յօդուածագիրը սխալ է երբ կ՚ըսէ թէ թիրախ կը դարձուի Հ. Յ.  Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը: Սխալ է որովհետեւ այսօրուան ճգնաժամը նաեւ գաղափարական է. Ի՞նչ ազգային գաղափարախօսութեան մասին է խօսքը: 19րդ դարու ընկերվարութի՞ւնը թէ ամբոխային ու աժան ազգայնականութիւնը: Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները եկան հարցականի տակ դնելու ո՛չ միայն Դաշնակցութեան վերջին քանի մը տարիներու քաղաքական վարքագծին ամբողջ յարացուցային տրամաբանութիւնը, այլ նաեւ ամբողջ արժեհամակարգը որուն լուրջ խորքային քննարկումը անխուսափելի է: Այս պահին երբ ներկայ կառավարութիւնը կը փորձէ վերատեսութեան ենթարկել ազգ-բանակ ձախողած յղացքը որուն մասին չեն առարկեր անոր իսկ հեղինակները՝ Հանրապետական Կուսակցութիւնը, ԱԺ Դաշնակցական նորանշանակ պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեանի առաջին իսկ յայտարարութիւնը ու ազգ-բանակի սատարումը ապացոյցն է վերոյիշեալ արժեհամակարգային աններդաշնակցութեան (dissonance): Պէտք է ձեռբազատիլ ազգ- բանակ յղացքին դէմ հնչող արտայայտութիւնները բնութագրելէ որպէս բանակի մարտունակութիւնը հարուածող փորձեր, որովհետեւ իրականութիւնը լրիւ տարբեր է: Ազգ-բանակը լոկ մարտական մեքանիզմ մը չէ, այլ լի է հասարակական, քաղաքական եւ գիտակրթական լրջագոյն խնդիրներով որոնց յօդուածագիրը ոչ իսկ անդադառնալու ճիգ ըրած է: Ռազմահայրենասիրութիւն սնուցանող ծրագիրներու հանրային աջակցութիւնը անպայման չի փաստեր մեր հայրենասիրութիւնը:
7) «Արդարեւ, կ՛ուզենք միանգամայն ընդմիշտ հանգստացնել 128-ամեայ կենսափորձ ունեցող Հ. Յ. Դաշնակցութեամբ տագնապող եւ տանջուող բոլոր վերլուծաբանները, նախկին դիւանագէտները, լրատուամիջոցները, լրագրողները, ընկերային ցանցերուն աշխուժ հետեւողները եւ գրառումներ կատարողները, Դիմատետրի հանրապետութեան բնակիչները, որ ի զուր չմտահոգուին Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքով, նախ որովհետեւ իւրաքանչիւր հարց ներքին կարգով համապատասխան եւ արդար լուծումներով կը կարգաւորուի: Ապա, որովհետեւ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը հարուածուի այլազան ուժերու, անծանօթ տարրերու, հակադաշնակցական շրջանակներու կողմէ, որոնց թիրախը ամբողջ Դաշնակցութիւնն է իրականութեան մէջ: Առաջին անգամը չէ, որ կը յայտարարուի, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ճգնաժամի մէջ է. ըստ երեւոյթին այս մարդոց յիշողութիւնը չափազանց կարճ կը թուի ըլլալ եւ պատմութենէն բնաւ դասեր չեն քաղած: Առաջին անգամը չէ, որ Դաշնակցութեան յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու մոլուցքէն տառապողները, ինչպէս միշտ, պիտի վերադառնան պատմութեան աղբանոցը: Այդ իսկ պատճառով անոնք անկասկած չարաչար կը սխալին, եթէ կը խորհին, որ այս միջոցով պիտի շեղեն կուսակցութիւնը իր հիմնական խնդիրներէն: Չարաչար կը սխալին, եթէ կը կարծեն, որ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենան տկարացնել ու հարուածել զայն կազմակերպականօրէն, ինչպէս նաեւ իր ազդեցութիւնը եւ հեղինակութիւնը տկարացնել: Ընդհակառակն` որքան հալածեն, բամբասեն, անհիմն քննադատութիւններով էջեր լեցնեն Դիմատետրի աշխարհին մէջ, այդքան կ՛ուժեղանայ Դաշնակցութիւնը, որքան ճնշեն ու վարկաբեկել փորձեն, այնքան կը զօրանայ ու կը վերանորոգուի, իր բարոյական ազդեցութիւնը աւելի կը տարածուի երկրի թէ արտերկրի հայութեան մէջ հաւասարապէս: Սա է Դաշնակցութիւնը»։ Սա արդէն խելացնորութեան (paranoia) մոլուցքի բացայայտ օրինակ մըն է որուն պատուաստն է կարծէք անգլերէնով արտայայտութիւնը “what does not kill you, makes you stronger”։ Սոյն գաղափարը կը ստանայ աւելի վտանգաւոր երեւոյթ երբ հասկնանք յօդուածագիրին արտայայտութիւններու ենթաթեքստը. Ըստ առաջին մասին մէջ ըսուածին, պէտք է հասկնանք ուրեմն որ որեւէ անձ որ կուսակցականօրէն չի պատկանիր Դաշնակցութեան իրաւունք չունի մտահոգուելու կամ նոյնիսկ տանջուելու, որովհետեւ արդէն իսկ ըստ հեղինակին Դաշնակցութիւնը իր բոլոր խնդիրները ներքին կարգով կը լուծէ: Եթէ այս տրամաբանութիւնը փորձենք կիրառել աւելի լայն պարունակի մէջ, պէտք է հետեւցնել որ պէտք չէ նաեւ մտահոգ ըլլանք կամ տանջուինք Հանրապետական Կուսակցութեամբ ու անոր վարած քաղաքականութեամբ որովհետեւ ոչ միայն անդամ չենք անոր այլ վստահաբար անոնք ալ իրենց բոլոր խնդիները ներքին կարգով պէտք է որ լուծեն: Այսինքն՝ հակառակ անոր որ Դաշնակցութեան որեւէ որոշում կամ գործունէութիւն կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ազգին բոլոր տարրերուն վրայ, միայն կուսակցական տարրերն են որոնց իրաւունք տրուած է քննարկելու Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը: Գալով 128ամեայ պատմութեան ու անոր դասերուն, որպէս ձեր կրտսեր ու պատմաբան ընկերը, խնդրանքս է որ շահարկումի չենթարկէք պարզ այն յիշեցումով, որ պատմութիւնը լոկ հերոսներ փնտռելու կամ փառքեր հիւսելու գործիք չէ:
Քանի մը տող ալ երկրորդ յօդուածին մասին որ շատ աւելի ճառախօսութիւն է քան կառուցողական կամ քննական արդարացում: Կը մէջերեմ.
1) «Դաշնակցական մարմիններ կամ անհատներ երբեմն յուսախաբ կ՛ընեն, բայց ո՛չ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցականներ սխալեցան, թերացան, բայց ո՛չ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցականներ թերացան, պատժուեցան եւ… նեղացան: Բայց… ինչո՞ւ նեղացան, արդեօք որովհետեւ շա՜տ կը սիրէին Դաշնակցութի՞ւնը: Եւ կամ արդեօք շա՜տ կարեւոր էր իրենց համար Դաշնակցական ըլլա՞լը: Թերեւս իրենց ինքնութիւնն էր, իրենց վարկը, եւ երբ հեռացան Դաշնակցութենէն, կորսնցուցին իրենց ինքնութիւնն ու վա՞րկը»։ Այս կարծէք վերջին շրջանի նորագոյն ստեղծագործութիւնը կամ գիւտն է որ բաւական լայն տարածում գտած է: Սակայն, ո՛չ միայն բովանդակութենէ զուրկ է այլ նաեւ անիմաստ: Դաշնակցութիւնը ի՞նչ է եթէ ոչ դաշնակցական անդամներու միատեղումը: Կարծես շատոնց արդէն մոռցած ենք որ Դաշնակցութիւնը որպէս որեւէ ուրիշ սովորական կուսակցութիւն կամ կազմակերպութիւն քաղաքական գործիք կամ միջոց մըն է տուեալ մարդկային հասարակութիւն մը կամ պետութիւն մը առաջնորդելու “ա” կէտէն “բ” կէտը: Բայց հարցը պարզ տրամաբանութեան լոյսի տակ դիտելու փոխարէն հոս արդէն փորձ առուած է սրբադասելու կուսակցութիւնը ՝ խնդիրը տանելով մինչեւ ինքնութեան կորուստ կամ վարկազրկում: Հոս արդէն ուրիշ նորելուկ երեւոյթ մըն է որ «օգնութեան» կը փութայ վերոյիշեալ գաղափարը արդարացնելու: Յղում կատարելով Դաշնակցական պատմական որոշ կերպարներու որոնցմէ հիմնականը կը հանդիսանան Շահան Նաթալին եւ Գարեգին Նժդեհը, արդէն իսկ տեսանելի են գրառումներ ուր ներկայ ճգնաժամը կը գտնէ իր արդարացումը «Դաշնակցութենէն շատ մեծեր են հեռացուած» ձեւակերպումով. Սա արդէն տրամաբանութիւնը անխոցելի կը դարձնէ ո՛չ այն պատճառով որ ամուր հիմքերու վրայ դրուած է այլ որովհետեւ շրջանաձեւ է եթէ ոչ ուղիղ նոյնաբանութիւն (tautology): Այսինքն կը հասնինք այն կէտին ուր կը բացատրենք որոշ անձերու կուսակցութենէն հեռացումը ըսելով «Էհ Հա՝ Դաշնակցութեան շարքերէն շատ մեծեր հեռացուած են»։
2) «Մտահոգուիլը դեռ ոչինչ… հապա՞ դաւաճանել անոր… ազատ էք, կրնաք ուրիշ կուսակցութեան մը անդամագրուիլ եւ գործել (ինչպէս կարգ մը նախկին դաշնակցականներ ըրած են) եւ հագնիլ այդ կուսակցութեան պատկանելիութեան պատմուճանը: Նոյնիսկ կրնաք «արժէք» դառնալ նորին մէջ. «արժէք», որ կը ստանաք, որովհետեւ նախկին դաշնակցական էիք, այլապէս ձեզ իր մէջ ընդունող կուսակցութիւնը պէտք է մտահոգուի, որովհետեւ օր մը իր պատմուճանն ալ կը հանէք»։ Հոս արդէն երեւոյթի կրկնութիւն է ինչ կատարուած էր վերեւը նշուած յօդուածին՝ անձերը պիտակաւորել որպէս դաւաճաններ ու քննարկումը տանիլ հերոսի ու դաւաճանի հարթութեան, որ ո՛չ միայն ինքնակազդուրուելու ձախող միջոց է այլ քաղաքական մտքի անգրագիտութեան նշան: Երբ կուսակցական պատկանելիութեան հարցը կը դարձնենք արժէքային քննարկումի առարկայ, ինչպէս կատարուած է այստեղ, կրնանք հետեւցնել որ տուեալ անձը արժէքաւոր է (կամ ոչ) որովհետեւ կուսակցութեան անդամ է առանց իսկ հպանցիկ կերպով անդրադառնալու որ քննական միտքն ու մտածողութիւնը, պարկեշտութիւնն ու ճշմարիտ կեցուածքն են որ տուեալ անձը պէտք է դարձնեն «արժէքաւոր« եթէ կարելի է այդ եզրերով խօսիլ եւ ոչ լոկ կուսակցական պատկանելիութիւնը:
Նմանօրինակ ինքնաշնորհաւորումներով ու ամբոխային ինքնարդարացումներով է որ Դաշնակցութիւնը կը հեղինակազրկուի եւ կը կորսնցնէ իր վարկը դառնալով անցեալին վրայ յենող ու ապագայի տեսլականէ զուրկ կառոյց մը:
Ո՛չ, ընկերներ, սա է ՁԵՐ Դաշնակցութիւնը:
----------------------------

(*) «Ազդակ», 25 Մայիս 2018։ 

«Եռագոյն» (www.yerakouyn.com), 8 Յունիս 2018

No comments:

Post a Comment