3.5.18

Թաւշեայ յեղափոխութեան նկարիչը՝ Ռուբէն Մալայեան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Հայաստանի համար շատ կարեւոր այս օրերուն ստեղծուեցան խորհրդանիշներ, որոնք յեղափոխութեան անբաժանելի մասը դարձան: Բազում խորհրդանիշներու կարգին ինքնատիպ պաստառներ գրուեցան եւ հրապարակ հանուեցան: Պաստառը նոյնպէս թաւշեայ յեղափոխութեան անբաժանելի մասը դարձաւ այնպէս, ինչպէս պաստառները, լոզունգները, կարգախօսները անբաժան մասն են որեւէ յեղափոխութեան: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող թաշւեայ յեղափոխութեան պաստառները ինքնաբուխ էին եւ կը ծնէին շարժումին տրամաբանութենէն: Անոնք շարժման առաջնորդներուն ելոյթներէն եւ խօսքերէն կարգախօսներ էին եւ անպատրաստից ծնած արտայայտութիւններ, որոնք արագ շրջանառուեցան ընկերային ցանցերուն վրայ եւ դարձան պաստառներու գրութիւններ:
Բոլոր պաստառներուն մէջ նկատուեցան եւ առանձնացան վայելչագրութեամբ ձեւաւորուած պաստառները, որոնց հեղինակը նկարիչ Ռուբէն Մալայեանն է: Ան գեղագրական շունչ հաղորդեց յեղափոխութեան՝ այս շարժումին զուգընթաց յիշեցնելով նաեւ հայկական գրանշաններուն եւ վայելչագրական արուեստին մասին, որ մոռցուած ասպարէզ մըն էր: Երիտասարդութիւնը սիրեց Ռուբէնի ստեղծած գրութիւնները եւ ամէն առտու կը սպասէր, թէ իր արուեստանոցին նկարիչը ինչ նոր բան կը բերէ եւ կը բաժնէ ցուցարարներուն…
Ռուբէն Մալայեանի գործունէութեան կը հետեւիմ մօտաւորապէս վեց տարիէ ի վեր, երբ ան հեռուներէն եկաւ Հայաստան եւ Հայաստանի մէջ սկսաւ շարունակել օտար երկիրներու մէջ սկսած իր գործը: Ռուբէնը բազմաթիւ տարիներ նուիրած է հին հայկական ձեռագրերուն եւ վայելչագրութեան ուսումնասիրութեան եւ մեր իրականութեան մէջ դարձած է ատոր վերարթնացման առաջնորդը: Դասաւանդելով Հայաստանի պետական գեղարուեստի ակադեմիայի եւ «Թումօ» կեդրոնին մէջ, մասնակցելով շարք մը արուեստի ծրագիրներու, գիրքերու հրատարակութեան՝ Ռուբէն Մալայեան որոշեց այս օրերուն ամէն ինչ մէկդի դնել եւ իր ներդրումը բերել թաւշեայ յեղափոխութեան, յատկապէս, երբ հպարտօրէն նկատեց, որ պայքարողներու շարքերուն մէջ կան նաեւ իր ուսանողները: Ան սկսաւ գրել պաստառներ: Վայելչագիր տառերով պաստառները անմիջապէս սիրուեցան ժողովուրդին կողմէ, եւ անոնցմէ մէկը՝ «Դուխով»ը, դարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի լոկոն այն գլխարկին, որով շարժման առաջնորդը ասուլիս մը տուաւ այս օրերուն՝ օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու համար: «Դուխով» բառը խօսակցական արեւելահայերէնի մէջ արտայայտչական եւ յուզական երանգավորում ունեցող բառ մըն է, որ կու գայ ռուսերէն «ոգի» բառէն եւ կը նշանակէ՝ ոգիո՛վ, անվախ: Ռուբէն յեղափոխութեան մասնակիցները կը նկատէ անվախ եւ հպարտ է, որ անոնց մեծ մասը երիտասարդներ են, խորհրդային կարգեր չտեսած մարդիկ, որոնք հին կարգերուն եւ կաղապարներուն համարձակօրէն դէմ ելան: Իր պայքարի միջոցներուն մէջ երիտասարդութիւնը սովորաբար կը գործածէ ո՛չ միայն պաշտօնական, մաքուր լեզուն, այլ գործի կը դնէ ռամիկ լեզու մը, ծածկաբառեր, կորճալեզուի արտայայտութիւններ, որոնք յաճախ փողոցներուն մէջ կը ծնին եւ աւելի բնորոշ են յեղափոխութիւններու ոգիին, քան լուսաւոր գրասենեակներու մէջ յղկուած բառերը: Նոյն այդ լեզուի արտայայտութիւններով ալ ցուցարարները կոչեր կը հնչեցնեն եւ ազատ մտածողութեան դաշտ կը փոխադրեն իրենց պայքարը:
Պաստառի արուեստը միշտ առաջնագիծի վրայ եղած է, այսօր ալ Հայաստանի մէջ անիկա առանջագիծի վրայ է, եւ այս անգամ՝ այն առաւելութեամբ, որ կենդանութիւն տրուած է գեղեցիկ գրութեան արուեստին: Ստեղծագործ ոգին երբեք չէ լքած մեր ժողովուրդը, ինչպէս ժողովուրդը ինքը ստեղծագործ է, այնպէս ալ անոր ծոցէն միշտ ելած են տաղանդաւոր արուեստագէտներ, որոնք պանծացուցած են ժողովուրդը. իսկական արուեստագէտը ան է, որուն գործը անվերապահօրէն սիրուած է ժողովուրդին կողմէ:
Ամէն առաւօտ Ռուբէն Մալայեան հրապարակ կը տանէր իր ստեղծած պաստառները եւ զանոնք կը տարածէր ցուցարարներուն մէջ: Մեծ, հսկայական պաստառները կը ծառայէին իբրեւ պատնէշներ՝ ցուցարարներուն եւ ուժայիններուն միջեւ, կը բարձրացուէին շարքերուն վրայ, երբեմն կը փակցուէին պատերուն, անոնց վրայ եղած գրութիւնները կը փոխադրուէին հագուստի, գլխարկի, պայուսակներու վրայ եւ այդպէսով աչքի համար սովորական ու սիրելի կը դառնային գրչագիր, գլխագիր, երկաթագիր, բոլորգիր, շեղագիր եւ այլ ձեւաւոր տառատեսակները:
Յեղափոխութեան ալիքը Հայաստանի մէջ տակաւին չէ աւարտած: Օրէ օր իրադարձութիւնները նոր ընթացք կը ստանան: Պայքարի ելած ժողովուրդը ամէն օր նոր ձեւեր կը փնտռէ՝ իր պայքարը աւարտին հասցնելու համար: Կրկին իրար անցած է Հանրապետութեան հրապարակը, փողոցները կրկին մարդաշատ են, ձայները եւ կոչերը չեն դադրած, Ռուբէն Մալայեան, Այգեստանի իր արուեստանոցի մէջ անդադար կը ստեղծէ մեծադիր պաստառներ եւ անոնք քաղաք կ՚իջեցնէ՝ ցուցարարներուն բաժնելու: Անոնցմէ շատեր թերեւս չեն ալ նկատէր, որ պաստառները ոչ սովորական հայերէն տառերով գրուած են: Ճերմակ թուղթերուն վրայ վայելչագիր հայերէն տառերը այս օրերուն այլ իմաստ ստացած են…
Գեղագրութիւնը, իբրեւ հին դարերէ եկած արուեստ, տարիներ շարունակ մոռացութեան մատնուած էր: Մինչ այսօր մենք չունինք գեղագրութեան՝ որպէս արուեստի ուղղութիւն, մասին բաւարար նիւթ: Թերեւս ատոր պատճառը այն է, որ մանրանկարչութիւնն ու գեղագրութիւնը հայ արուեստին մէջ փոխկապակցուած եղած են, եւ հիմնական ուսումնասիրութիւնները աւելի շատ մանրանկարչութեան վերաբերած են: Բայց եւ այնպէս, մանրանկարչութիւնը, ամէն պարագայի, աւելի շատ տառը գեղեցկացնելու կը վերաբերէր, իսկ գեղագրութիւնը կ՚ուսումնասիրէ տառին ծաւալը, ձեւը, գեղագիտութիւնը: Դասական հայկական կրթական համակարգին մէջ գեղագրութիւնը եղած է դասաւանդուող նիւթ եւ մեծ ուշադրութիւն դարձուած է անոր: Սակայն ժամանակի ընթացքին դուրս մղուած է կրթական համակարգէն: Մանաւանդ խորհրդային համակարգը չէ ընդունած զայն, նկատելով անհատական արուեստ մը: Այսօր, նկարիչ Ռուբէն Մալայեանի կազմած գիրքերուն, ուսումնական ձեռնարկներուն եւ անոր դասաւանդումներուն շնորհիւ գեղագրութիւնը իր երկրորդ կեանքին վերադարձած է, իսկ թաւշեայ յեղափոխութիւնը ա՛լ աւելի նպաստեց, որ մարդիկ ճանչնան ոչ միայն տաղանդաւոր նկարիչը, այլեւ անոր ստեղծածը: Շատեր անդրադարձան, որ գեղագրութիւնը նոյն գիրն է՝ իր մաքրագոյն ձեւին մէջ։ Այն կը մարմնաւորէ այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են՝ յստակութիւնը, գեղեցկութիւնը, ճշգրտութիւնը, պարզութիւնը, իւրօրինակութիւնը, համաչափութիւնն ու կատարեալ միասնութիւնը, վարպետութիւնն ու ազատութիւնը: Ռուբէն Մալայեանի՝ իբրեւ յեղափոխութեան նկարիչի մասին այս օրերուն հաղորդումներ պատրաստած են «Պի. Պի. Սի.»ին, եւրոպական, ռուսական, արեւմտեան լրատումիջոցները, որոնք այս օրերու իրադարձութիւնները լուսաբանելու համար թղթակիցներ ղրկած են Հայաստան: Ռուբէն, որ կը տիրապետէ լեզուներու, սահուն միտքերով իր ըսելիքը փոխանցած է լրատուամիջոցներուն՝ պատմելով, թէ որքան երջանիկ է մասնակից եւ ականատես ըլլալով նոր Հայաստանի կերտումին: Տաղանդաւոր նկարչի միջոցաւ նաեւ օտարներ ծանօթացան հայաստանեան կեանքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Իրադարձութիւններ, որոնք իրենց աննախադէպ ծաւալով գրաւած են ողջ աշխարհի ուշադրութիւնը եւ զարմանք պատճառած են այն կամքի շնորհիւ, որ շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր որդեգրած են խաղաղ ցոյցի մասնակիցներն ու շարժումի առաջնորդները:
Նոյնիսկ օտար լրատուամիջոցներու մէջ արտայայտութիւններ յայտնուած են, թէ Հայաստանը կը զարմացնէ իբրեւ աշխարհի մէջ բնակչութեան ընդհանուր թուաքանակի համեմատութեամբ, ամենամեծ հանրահաւաքի վայր... Բոլորը անվերապահօրէն զարթօնք անուանած են Հայաստանի մէջ ալիքուած շարժումը:
Ռուբէն վստահ է, որ զարթօնքը եւ յեղափոխութիւնը, զորս այսօր կ՚ապրի մեր ժողովուրդը, ոչ միայն քաղաքական դաշտի մէջ պէտք է ըլլայ, այլ անոր ալիքը պիտի տարածուի նաեւ միւս ասպարէզներուն մէջ եւ ամենէն առաջինը՝ մշակոյթին, արուեստին մէջ, քանի որ մշակոյթն ու արուեստը բոլոր օրհասական պահերուն առաջ տարած են ժողովուրդը եւ հոգեւոր ուժ հաղորդած են անոր զաւակներուն:
«Հիմա սերմերը դրած ենք հողին մէջ, պէտք է փայփայենք, խնամենք, որպէսզի ճիշդ պտուղներ քաղենք: Ես երջանիկ եմ, որ հոս եմ՝ Հայաստանի մէջ եմ: Այդ օրը՝ յաղթանակի օրը ես այնքան անծանօթ մարդիկ գրկեցի փողոցին մէջ: Բոլորը զիրար կը սիրէին եւ ամենէն կարեւորը՝ չկար բռնութիւն: Այդպիսի ուժ չէի տեսած երբեւէ», եւրոպացի լրագրողին ըսած է Ռուբէն Մալայեան, որուն ստեղծած նշանաւոր պաստառներէն է «Ո՛չ բռնութեան» պաստառը: Այս մէկը թերեւս ամենէն յատկանշական կոչն է, որ հնչեց օրեր շարունակ եւ տակաւին կը հնչէ: Սիրոյ, համերաշխութեան, հանդուրժողականութեան յեղափոխութիւն է այս մէկը։ Այս միտքը հնչեցուցած են նաեւ շարժումի առաջնորդները եւ վստահեցուցած՝ որ յաղթանակի պարագային ոչ մէկ բռնութիւն պիտի ըլլայ, Հայաստանի մէջ այսուհետեւ պէտք է տիրէ սիրոյ միջավայրը:
Անդրադառնալով Ռուբէն Մալայեանի պաստառային արուեստին, մամուլը յիշեց, որ ան որդին է հայ անուանի նկարիչ Պետրոս Մալայեանին, որ եղած է բազմաժանր նկարիչ: Ծնած ըլլալով Պաքու, Պետրոս Մալայեան ուսանած է Ռուսաստան, ստեղծագործած է Հայաստանի մէջ, իսկ կեանքի աւարտին գտնուած է Իսրայէլ, ուր նաեւ որոշ ժամանակ ապրած եւ աշխատած է որդին՝ Ռուբէն Մալայեանը: Մեծնալով նկարիչի ընտանիքէն ներս, Ռուբէն Մալայեան միշտ գտնուած է արուեստի միջավայրին մէջ: Յետագային ան արուեստի միջավայրեր փնտռած է այլ երկիրներու մէջ՝ Հնդկաստան, Հոլանտա, Իսրայէլ… Հայաստանէն մեկնած է ստիպուած, երբ կարիք եղած է հօր բուժումը շարունակել արտերկրի մէջ, իսկ ատկէ ետք իր ստեղծագործական ուղին գծած է այլ երկիրներու մէջ՝ հանդէս գալով ցուցահանդէսներով, դասախօսութիւններով: Նկարիչ-ձեւաւորողի մեծ փորձ ձեռք ձգելով՝ Ռուբէն Մալայեան 2010 թուականին, շուրջ քսան տարուան բացակայութենէ ետք վերադարձած է Հայաստան եւ սկսած վերականգնել գեղագրութիւնը իբրեւ արուեստ: Հայաստանի մէջ այդ առումով մեծ բաց տեսնելով՝ Ռուբէն Մալայեան որոշած է իր քայլերուն պատանիներէն, դպրոցականներէն սկսիլ՝ համոզուած ըլլալով, որ եթէ անոնք սիրեն եւ հաճոյք ստանան իրենց առօրեայ դասերուն մէջ վայելչագրութիւնը գործածելէ, ապա այդ արուեստը իր տեղը կը գտնէ կրթական համակարգէն ներս: Այդ առումով տակաւին մեծ աշխատանք կայ կատարելիք, քանի որ մեր կրթական համակարգը շատ աւանդական է եւ դժուարութեամբ կը հրաժարի հինէն ու արմատացած սովորոյթներէն: Մինչ այդ՝ Ռուբէն Մալայեանի ստեղծած գեղագրական տառերով սկսած էին հետաքրքրուիլ դուրսը: Նիւեորքեան հրատարակիչները անոր առաջարկած են նպաստ բերել «Վայելչագրութեան համաշխարհային համայնագիտարան»ին: Եւ հակառակ որ այդ ժամանակ Ռուբէն Մալայեան տակաւին քիչ գործեր ունէր հայկական տառերուն շուրջ, բայց իսկոյն կ՚ընդունի հրատարակչութեան առաջարկը՝ գիտակցելով, որ եթէ մերժէ, ապա կա՛մ այդ գործը կը ստանձնէ հայ մշակոյթին, աւանդոյթներուն եւ գիրերուն ոչ այդքան լաւ ծանօթ օտարերկրացի մասնագէտ մը, կա՛մ այդ ալ չ՚ըլլար եւ միջազգային այդ համայնագիտարանին մէջ առհասարակ բացակայ կ՚ըլլայ հայկական գեղագրութեան մասին բաժինը: Այդ մէկը, տեղ մը, նաեւ պատիւի հարց էր եւ Ռուբէն Մալայեան կը սկսի հետազօտութիւններու: Ան այցելած է հայկական մշակոյթի քանի մը կեդրոններ, առաջինը՝ Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանը, ուր ան հնարաւորութիւն ունեցած է ուսումնասիրելու միայն տպագիր գիրքերուն մէջ եղած տառատեսակները, քանի որ թանգարանը ձեռագիր գիրքերուն հետ աշխատելու հնարաւորութիւն չէր տրամադրեր ո՛չ միայն օտարերկրացի մասնագէտներուն, այլ նաեւ հայ ուսանողներուն։ Նկարիչին հետազօտութեան համար անհրաժեշտ էին ձեռագրով գրուած հին հայկական գիրքեր, որոնց մէջ ան կը կարողանար գտնել հայկական տառատեսակներու իւրօրինակ եւ գեղեցիկ նմոյշներ։
2010 թուականին Ռուբէն կը վերադառնայ Հայաստան եւ այստեղ կը շարունակէ փնտռել գեղագրութեան նմոյշներ: Հայաստանի թանգարաններուն եւ գրադարաններուն մէջ նկարիչը կը յաջողի ամբողջացնել իր աշխատանքը: Եւ ութ ամիս տեւած աշխատանքներէ ետք լոյս կը տեսնէ միջազգային համայնագիտարանը, ուր բաժին կայ նաեւ հայկական գեղագրական արուեստին վերաբերող:
Համայնագիտարանը լոյս տեսած է 2011 թուականին Նիւ Եորք։ Իր սկսած հետազօտութիւնը, սակայն, Ռուբէն այսքանով չէ աւարտած: Ան նպատակ ունի ուսումնասիրելու նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան՝ Վենետիկի եւ Վիեննայի մէջ գտնուող արխիւները։
Ան մեծ սպասելիք ունի Մխիթարեաններու արխիւներուն ուսումնասիրութենէն, միաբանութիւնը եղած է ոչ միայն միջնադարեան գեղագրութեան, այլեւ տպագրութեան արուեստի մեծագոյն կեդրոն։ Մխիթարեաններուն քով այսօր կը պահուին այս նիւթին վերաբերող բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքեր եւ ձեռագրեր։
Իր ուսումնասիրութիւնները Ռուբէն Մալայեան մտադիր է ամբողջացնել «Հայկական գեղագրութեան արուեստ» (The Art of Armenian Calligraphy) նախագիծի մէջ, որու նիւթը կրկին գեղագրական աւանդոյթի զարգացումն է, իսկ նպատակը՝ այդ արուեստը դնել այնպիսի հարթութեան վրայ, որ հնարաւորութիւն կու տայ ուսումնասիրել զայն՝ որպէս ինքնուրոյն արուեստի ճիւղ։ Նախագիծը կոչուած է երեւան հանելու գեղագրական արուեստի ոգեշնչող օրինակներ, լուսաւորելու այս արուեստի ապագայ ուղին՝ միեւնոյն ժամանակ ծառայելով որպէս տեղեկատուութեան աղբիւր եւ ոգեշնչանք անոնց համար, որոնց կը հետաքրքրէ այս թեման։
Միաժամանակ նկարիչ Մալայեան «Հայոց Եղեռնը ժամանակակից գծանկարչական արուեստի եւ արուեստի ցուցապաստառներու մէջ» նախագծի հիմնադիրն է, որ արժանացած է միջազգային մամուլի բուռն արձագանգին՝ համաշխարհային մակարդակով տպագրուած գիրքերու եւ ամսագրերու ուսումնասիրութեան շնորհիւ…։

«Ժամանակ», 3 Մայիս 2018

No comments:

Post a Comment