Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) որոշեց անտեսել
ժողովուրդին կամքը, ու շարունակելով իր ազգավնաս վարքագիծը, Մայիս 1-ին դէմ քուէարկեց
Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի
պաշտօնին:
Վարչապետ ընտրելու համար գումարուած Ազգային Ժողովի արտակարգ նիստին
վերջաւորութեան, ՀՀԿ կուսակցութեան պատգամաւորական խումբի ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը միաձայնութեամբ դէմ պիտի
քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան:
Տեղի ունեցած քուէարկութեան, Ազգային ժողովի 105 պատգամաւորներէն Փաշինեանի ի նպաստ քուէարկեցին 45 հոգի, իսկ դէմ՝ 55:
Նիկոլ Փաշինեանի դէմ քուէարկեց ՀՀԿ խմբակցութիւնը, կողմ՝ ՀՅԴ, «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւնները:
ՀՀԿ խմբակցութենէն Փաշինեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկեց միայն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախագահի նախկին տեղակալ զօրավար Ֆելիքս Ցոլակեանը: Ան իր Դիմագիրքի էջին վրայ քուէարկութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Յարգելի հայրենակիցներ,
ես քուէարկել եմ ժողովրդի թեկնածուի օգտին՝ իմ խղճի թելադրանքով»:
ՀՀԿական պատգամաւոր Գրիգոր Աւալեան
հրաժարականի դիմում ներկայացուց Ազգային Ժողովի դիւանին: Այս մասին
յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան:
Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտարարած է, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ
Դաշնակցութիւնը որոշած է քուէարկել յօգուտ Նիկոլ Փաշինեանին, ինք պիտի
չմասնակցի քուէարկութեան եւ
պատրաստ է իր պատգամաւորական լիազօրութիւնները վար դնելու, եթէ
կուսակցութիւնը այդ պահանջէ իրմէ:ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, արտայայտելով իր գնահատականը այդ յայտարարութեան:Հոն ըսուած է, թէ «Աղուան
Վարդանեանի հնչեցրած տեսակէտը անձնական որոշում է եւ չի համապատասխանում
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական դիրքորոշմանը»։ Կ՚աւելցուի, թէ «կատարուել է
կարգապահական կոպիտ խախտում, որը կը դառնայ քննութեան նիւթ: Ըստ այդմ, ՀՅԴ
Հայաստանի Գերագոյն մարմինը պահանջում է Աղուան Վարդանեանից վաղաժամ վայր
դնել պատգամաւորական մանդատը»:
Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովի բեմէն դիմելով ՀՀԿին յայտարարեց, որ ինք
արդէն իր խօսքը չ՚ուղղեր ՀՀԿին իբրեւ կուսակցութիւն, որովհետեւ որպէս
այդպիսին արդէն ան գոյութիւն չունի, այլ կը դիմէ
ՀՀԿի պատգամաւորներուն առանձին-առանձին:
Նախապէս «Ելք»ի խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանը յայտարարած
էր, որ «մի քանի հարիւր հազար մարդ նայելու է, թէ անձամբ դուք ինչպէս էք քուէարկելու, ձեր անուններն անգիր են անելու,
որովհետեւ Մեղրիից մինչեւ Աշոցք, փողոցներում, սրճարաններում նայում են
ձեզ, եւ բոլորն ուզում են մի բան, որ դուք քուէարկէք Նիկոլ Փաշինեանի
օգտին: Ասում էք՝ մի խումբ մարդ, այ ձեր ցաւը տանեմ, մի խումբ մարդ չէ, մի
խումբ մարդ դուք էք մնացել»:
Ազգային Ժողովի քուէարկութենէն ետք, Փաշինեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ իրեն սպասող բազմահազար
զօրակցողներուն միանալով, յայտարարեց, որ ի վերջոյ ժողովրդական
յեղափոխութիւնը իր յաղթական աւարտին պիտի հասնի:
Փաշինեան ընդհանուր գործադուլի ու դասադուլի կոչ ուղղեց: Ան նաեւ
յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ ժողովուրդը պիտի շրջափակէ
պետական շէնքերը՝ անդամալուծելով կառավարութեան գործունէութիւնը: Փաշինեան
նաեւ յայտարարեց, որ ցուցարարները պիտի փակեն օդակայանը:
«Ասպարէզ», 1 Մայիս 2018
No comments:
Post a Comment