21.1.18

Յաջողած ենք փակ սահմանադուռը հատել ակադեմական երկխօսութեան միջոցով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
  
Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հայագիտական բանախօսութիւններու շարքին, Յունուար 12-ին Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ բանախօսեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան։ Տոքթ. Զարգարեան իր բանախօսութեան մէջ նիւթ առած էր Ազգային Գրադարանի աշխատնանքները եւ մանաւանդ գրադարանի հաւաքածոյին թուայնացումը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք արժէքաւոր ակադեմականին հետ «Ակօս»-ի ունեցած հարցազրոյցը։



Բ.Է. Ողջոյն պարոն Տիգրան, բարի գալուստ քաղաքս։ Որքան որ կը հետեւինք, ծանրաբեռնուած օրեր կ՚անցընէք ձեր աս­պա­րէզի առու­մով։ Սա ձեր առա­ջին այ­ցե­լու­թի՞ւնն է Պո­լիս։
Տ.Զ. Սա եր­րորդն է։ Նա­խապէս եւ­րո­պական տար­բեր ծրագ­րե­րով եկած եմ Պո­լիս։ Հա­մաժո­ղով­ներ, հան­դի­պումներ, քննար­կումներ, այնպէս որ այս եր­րորդը լրիւ հայ­կա­կան, հա­յագի­տական բնոյ­թով է։

Բ.Է. Անդրա­դար­ձայ, թէ այ­ցե­լած էք քա­ղաքիս հայ թեր­թե­րը եւ անոնք ար­ձա­գան­գած էին ձեր այ­ցե­լու­թեան։ Ու­րեմն մենք ալ կ՚ու­զենք «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար զրու­­ցել ձեզի հետ։ Լաւ պի­­տի ըլ­­լայ որ սկսինք նախ պատմելով իբ­­րեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նի տնօ­­րէն ձեր աշ­­խա­­­տան­­քի սահ­­մաննե­­րուն եւ պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թեան մասին։
Տ.Զ. Գրա­­դարա­­նը ստեղ­­ծուած է 1919 թուակա­­նին, առա­­ջին հան­­րա­­­պետու­­թեան շրջա­­նին։ Կա­­ռավա­­րու­­թեան առա­­ջին հրա­­ման­­նե­­­րէն մէ­­կը Ազ­­գա­­­յին Գրա­­դարա­­նի հիմ­­նադրու­­թիւնն էր։ Կոչ ուղղուեցաւ հա­­մայն հա­­յու­­թեան ինչ որ մի­­ջոցով գիր­­քեր նուիրել եւ ուղար­­կել՝ ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նի պա­­շարը հարստաց­­նե­­­լու առու­­մով։ Այդ կո­­չին պա­­տաս­­խա­­­նեցին ան­­հատ մար­­դիկ աշ­­խարհի տար­­բեր ան­­կիւննե­­րէն, եւ այդպէս սկսան ձե­­ւաւո­­րուիլ ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նի եզա­­կի հա­­ւաքա­­ծոնե­­րը։ Այսպէս ու­­նե­­­ցանք Յա­­կոբ Մե­­ղապար­­տի տպած առա­­ջին գիր­­քե­­­րը, Աս­­տուածա­­շունչեր, «Ազ­­դա­­­րար»-ը՝ մեր առա­­ջին պար­­բե­­­րակա­­նը, եւայլն։ Գրա­­դարա­­նի ամե­­նակա­­րեւոր գոր­­ծա­­­ռոյթնե­­րէն մէ­­կը հայ գրքի հա­­ւաքումն է ու եր­­կա­­­րաժամ­­կէտ պահ­­պա­­­նու­­մը։ Որով­­հե­­­տեւ կ՚անցնի հա­­րիւր տա­­րի, եր­­կու հա­­րիւր տա­­րի եւ մարդոց պիտի հե­­տաքրքրէ, թէ մար­­դիկ ինչ են գրեր Ի. դա­­րուն կամ ԻԱ. դա­­րուն։ Այ­­սինքն՝ այդ ուղղու­­թեամբ մենք շատ ընե­­լիք­­ներ ու­­նինք։ Այ­­սօր ալ կը շա­­րու­­նա­­­կենք նոյն կո­­չը յատ­­կա­­­պէս Սփիւռքի հե­­ղինակ­­նե­­­րուն կամ անոնց զա­­ւակ­­նե­­­րուն։ Եթէ գիր­­քեր ու­­նին հրա­­տարա­­կուած, գո­­նէ այդ գիր­­քե­­­րէն մէ­­կական օրի­­նակ փո­­խան­­ցեն գրա­­դարա­­նին։ Որով­­հե­­­տեւ ան միակ տեղն է ուր այդ գիր­­քե­­­րը կը պահ­­պա­­­նուին։ Տու­­նե­­­րու կամ անձնա­­կան գրա­­դարան­­նե­­­րու մէջ կրնան կո­­րսուիլ։ Կրնան փո­­շիանալ ու վնա­­սուիլ։ Մար­­դիկ կը մեռ­­նին ու յա­­ջորդ սե­­րունդը ար­­դէն ար­­ժէ­­­քը չի գի­­տեր, նոյ­­նիսկ շատ ան­­գամ հա­­յերէն ալ չի գի­­տեր որ գնա­­հատէ այդ ար­­ժէ­­­քը։ Ար­­դա­­­րեւ, ես ալ հի­­մա ահա­­գին գիր­­ք կը տա­­նիմ հետս, քա­­նի որ շատ տպագ­­րութիւններ չենք ստա­­նար։ Գա­­լով գրա­­դարա­­նի միւս առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւննե­­րուն, ամենակա­­րեւո­­րը ըսի՝ հայ գրքի հա­­ւաքու­­մը եւ պահ­­պա­­­նու­­թիւնը։ Հայ գրքի հան­­րահռչա­­կումն է նաեւ մեր երի­­տասարդնե­­րու մէջ, որ­­պէսզի երի­­տասարդնե­­րը ծա­­նօթա­­նան հայ մշա­­կոյ­­թին, գրատ­­պութեան պատ­­մութեան։ Մենք ու­­նինք նաեւ գրատպութեան թան­­գա­­­րան։ Գի­­տէք թէ ու­­նինք հինգ հա­­րիւր տա­­րուան գրատ­­պութեան պատ­­մութիւն։ Այդ առու­­մով ըսե­­լիք ու­­նինք։ Թէ՛ ըսե­­լիք եւ թէ՛ ցոյց տա­­լիք ու­­նինք աշ­­խարհին։ 2017 թուականին բա­­ցինք տպագ­­րութեան թան­­գա­­­րան, որուն հա­­մար թէ՛ ու­­րախ ենք եւ թէ՛ հպարտ։ Շատ մար­­դիկ կու գան կ՚այ­­ցե­­­լեն, ու­­սա­­­նող­­ներ, աշա­­կերտներ, զբօ­­սաշրջիկ­­ներ… Սա ար­­դէն երե­­ւոյթ է, որ մտած է մեր մշա­­կու­­թա­­­յին օրա­­կար­­գի մէջ։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ կը կազ­­մա­­­կեր­­պենք։ 2018 թուականը շատ յի­­շար­­ժան է, քա­­նի որ առա­­ջին հան­­րա­­­պետու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան հա­­րիւ­­րա­­­մեակն է։ Սար­­դա­­­րապա­­տի հե­­րոսա­­մար­­տը նշե­­լու ենք, որուն ազ­­գա­­­յին գրա­­դարանն ալ պի­­տի մաս­­նակցի այդ ժա­­մանա­­կի տպագ­­րուած նիւ­­թե­­­րով։

Բ.Է. Երբ ակ­­նարկե­­ցիք զբօ­­սաշրջիկ­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թեան եւ խօ­­սեցաք այս հսկայ պա­­շարը ցու­­ցադրե­­լու մա­­սին, յի­­շեցի պա­­տահար մը։ Նա­­խան­­ցեալ տա­­րի գրքոյկ մը՝ Ռո­­զա Լիւքսեմ­­պուրկի Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին մէկ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը փնտռե­­լու հա­­մար այ­­ցե­­­լած էի Ազ­­գա­­­յին գրա­­դարան, բայց ան­­դա­­­մակ­­ցութեան տոմս չու­­նե­­­նալով չէի կրցած ներս մտնել։ Ապա պաշ­­տօ­­­նեանե­­րէն կին մը բա­­րի գտնուեցաւ իր տոմ­­սով գտնել իմ փնտռած գիր­­քը, զոր դիւ­­րաւ պատ­­ճէ­­­նահա­­նեցինք եւ իմ գոր­­ծս տես­­նուեցաւ։ Ու­­րեմն հի­­մա աւե­­լի հե՞շտ է գրա­­դարան մուտքը։
Տ.Զ. Տե­­սէք, աշ­­խարհի ո՛չ մէկ ազ­­գա­­­յին գրա­­դարան կա­­րելի է առանց տոմ­­սի մտնել։ Ազ­­գա­­­յին գրա­­դարան­­նե­­­րը այն եզա­­կի կա­­ռոյցնե­­րէն են, որոնք ոս­­տի­­­կանա­­կան հսկո­­ղու­­թեամբ կը պահ­­պա­­­նուին։ Հոն տուեալ ազ­­գի գրա­­ւոր ժա­­ռան­­գութիւնն է, որ կը պահ­­պա­­­նուի։ Մեր մօտ տոմս ստա­­նալը անվճար է։ Կա­­րող էք դիւ­­րաւ տոմս վերցնել ու գիր­­քե­­­րը անվճար կար­­դալ։ Այդ առու­­մով ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նը զբօ­­սաշրջիկ­­նե­­­րու հա­­մար բաց չէ։ Բայց գրատ­­պութեան թան­­գա­­­րանը, որ ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նի մուտքե­­րէն մէկն է, ան ազատ է։ Տպագ­­րութեան թան­­գա­­­րան ազատ կրնաք մտնել, բայց Ազ­­գա­­­յին գրա­­դարան՝ ո՛չ։ Կրկնեմ թէ աշ­­խարհի ոչ մէկ գրա­­դարան դուք չէք կրնար ազա­­տօրէն մտնել։ Նոյ­­նիսկ այ­­սօր ես գա­­ցի Աթա­­թիւրքի անուան գրա­­դարա­­նը, այնտեղ ալ անձնա­­գիր պա­­հան­­ջե­­­ցին։ Անվտան­­գութեան հա­­մակար­­գը այս է որ կը պա­­հան­­ջէ։ Բայց երբ դուք մաս­­նա­­­ւոր այ­­ցով կու գաք, կ՚ու­­զէք գրա­­դարա­­նը տես­­նել, դար­­ձեալ խնդիր չկայ։ Տնօ­­րէնին կամ փոխ տնօ­­րէնին կը դի­­մէք եւ մենք մեծ սի­­րով կ՚ըն­­դունինք հիւ­­րե­­­րը։ Յա­­ջորդ այ­­ցին երբ որ գաք, խնդրեմ նա­­խապէս զգու­­շա­­­ցու­­ցէք, մենք ձեզ կ՚ըն­­դունինք սի­­րով։ Ամէն պարագայի, ու­­րախ եմ որ ձեր խնդի­­րը լու­­ծուած է եւ ստա­­ցած էք ձեր պա­­հան­­ջած գիր­­քը։
Նման է նաեւ Մա­­տենա­­դարա­­նի դրու­­թիւնը։ Թան­­գա­­­րանա­­յին բա­­ժինը բաց է բո­­լորին, բայց կան բա­­ժին­­ներ ուր չէք կրնար մտնել։ Մենք նոյ­­նիսկ ու­­նինք բա­­ժան­­մունքներ, ուր ըն­­թերցող­­ներն ալ չեն կրնար մտնել։ Հոն կը մտնեն աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րը միայն, այն ալ եր­­կու հո­­գիով, որ­­պէսզի իրար հսկեն։

Բ.Է. Որ­­քան որ գի­­տեմ, ձեր կա­­րեւոր զբա­­ղումնե­­րէն մէկն ալ գրա­­ւոր ժա­­ռան­­գի թուայ­­նացման եւ այսպի­­սով աւե­­լի դիւ­­րաւ հա­­սանե­­լի դառ­­նա­­­լուն գոր­­ծընթացն է։ Եւ աւե­­լին՝ այս դրու­­թիւնը կ՚ու­­սուցա­­նէք երի­­տասարդ մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րուն։ Կրնա՞ք ման­­րա­­­մաս­­նել ձեր այս աշ­­խա­­­տու­­թիւնը։
Տ.Զ. Տպագ­­րութեան պատ­­մութիւ­­նը երեք փուլ ու­­նի։ Առա­­ջինը ձե­­ռագիրն են, երկրոր­­դը՝ Կու­­թենպեր­­կի շար­­ժա­­­կան տպագ­­րա­­­կան հաս­­տո­­­ցը, որ բե­­րուած է հե­­ռաւոր արե­­ւել­­քէն՝ Քո­­րէայէն, եւ Մար­­քօ Փո­­լոյի հետ այդ հաս­­տո­­­ցը բե­­րող­­նե­­­րէն մէ­­կը հայ եղած է, անու­­նը Ան­­տոն Հայ։ Գրա­­կան աղ­­բիւրնե­­րուն մէջ նշուած է այս անու­­նը, որ կ՚երե­­ւի կա­­թողի­­կէ հայ մըն էր։ Կու­­թենպեր­­կի գիւ­­տը մեծ աղ­­մուկ բարձրա­­ցուց։ Մար­­դիկ մեր­­ժե­­­ցին տպագ­­րութիւ­­նը, պնդե­­լով թէ գիր­­քը գրել է պէտք, ի՞նչ ըսել է տպագ­­րութիւն։ Բայց փաստ է թէ տպագ­­րութեան շնոր­­հիւ կրթու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը կտրուկ աճած է։

Բ.Է. Կ՚ար­­ժէ յստա­­կաց­­նել, ի՞նչ էր Քո­­րէայէն եկա­­ծը։
Տ.Զ. Ժա­­մանա­­կակից տպագ­­րութեան շար­­ժա­­­կան սար­­քե­­­րը առա­­ջին ան­­գամ Քո­­րէայի մէջ ստեղ­­ծուած են 1370-ական թուական­­նե­­­րուն։ Կու­­թենպեր­­կի գիւ­­տէն մօ­­տաւո­­րապէս 70 տա­­րի առաջ տպագ­­րած են «Ճիկ­­ճի» անուն գիր­­քը, որուն աշ­­խարհի միակ օրի­­նակը կը պահ­­պա­­­նուի Ֆրան­­սա­­­յի ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նը։ ԻՒՆԵՍՔՕ այդ «Ճիկ­­ճի»ն ըն­­դունած է որ­­պէս աշ­­խարհի առա­­ջին տպագ­­րուած գիր­­քը։ Սա ոչ թէ փայ­­տա­­­փորա­­գիր է, այլ կա­­պարէ տա­­րերով, հա­­զարա­­ւոր օրի­­նակ­­ներ տպագ­­րե­­­լու յար­­մար շար­­ժա­­­կան սար­­քի մա­­սին է խօս­­քը։ Այ­­սինքն՝ հա­­մակարգչա­­յին փու­­լին նա­­խոր­­դող տպագ­­րութեան դրու­­թիւնը Քո­­րէա ծնած է։ Բե­­րուած է Մար­­քօ Փո­­լոյի ար­­շա­­­ւախումբին հետ Եւ­­րո­­­պա եւ ապա Կու­­թենպերկ ինք սար­­քեց իր տպագ­­րա­­­կան գոր­­ծի­­­քը։ Ան­­շուշտ՝ շատ քի­­չեր գի­­տեն այս պատ­­մութիւ­­նը, որով­­հե­­­տեւ Եւ­­րո­­­պան կը սի­­րէ իր ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը վեր առ­­նել։
Շա­­րու­­նա­­­կենք մեր թուար­­կումնե­­րը։ Երկրորդ փու­­լը տպագ­­րութիւնն էր, որ մեծ նպաստ բե­­րաւ մարդկու­­թեան զար­­գացման։ Հա­­սանք եր­­րորդ փուլ։ Եր­­րորդ փու­­լը թուային թեքնո­­­լոկիաներն են։ Տպա­­գիր գիր­­քը ինչ որ տեղ ար­­դէն յատ­­կա­­­պէս գի­­տական, ու­­սումնա­­կան հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու առու­­մով մրցու­­նակ չէ, արագ կը հին­­նայ։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ մենք պէտք է պատ­­րաստ ըլ­­լանք ԻԱ. դա­­րու մար­­տահրա­­ւէրին։ Հա­­յաս­­տա­­­նի զա­­նազան գրա­­դարան­­նե­­­րու կող­­քին ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նէն ներս ալ մեծ աշ­­խա­­­տանք կը տա­­րուի թուայ­­նացման ուղղու­­թեամբ։ Որ­­պէսզի աշ­­խարհով մէկ սփռուած մեր հա­­յագէտ­­նե­­­րուն, մեր երի­­տասարդնե­­րուն կա­­րողա­­նանք հա­­սանե­­լի դարձնել մեր գիր­­քե­­­րը եւ մա­­մու­­լը։ Այժմ մենք ու­­նինք թէ՛ հայ մա­­մու­­լի եւ թէ՛ հայ գիր­­քի թուայ­­նա­­­ցած շտե­­մարան։ Մեր նպա­­տակը հա­­մահայ­­կա­­­կան թուայ­­նա­­­ցուած գրա­­դարան կեր­­տելն է։

Բ.Է. Մօտ ան­­ցեալին Հա­­յաս­­տա­­­նէն եր­­կու երի­­տասարդ գիտ­­նա­­­կան­­ներ որոշ շրջան մը աշ­­խա­­­տած էին Իս­­թանպուլ, Աթա­­թիւրքի անուան գրա­­դարա­­նին մէջ։ Ինչպէ՞ս կը գնա­­հատէք Թուրքիոյ գրա­­դարան­­նե­­­րուն մէջ նման բնոյ­­թի աշ­­խա­­­տանքները։
Տ.Զ. Մենք շատ լաւ շփումներ ու­­նինք աշ­­խարհի բո­­լոր եւ­­րո­­­պական եւ ամե­­րիկեան գրա­­դարան­­նե­­­րու, յատ­­կա­­­պէս ազ­­գա­­­յին գրա­­դարան­­նե­­­րու հետ։ Դժբախ­­տա­­­բար, Թուրքիոյ գրա­­դարան­­նե­­­րուն հետ բազ­­մա­­­թիւ պատ­­ճառնե­­րու բեր­­մամբ կա­­պէր չենք կրցած հաս­­տա­­­տել։ Շնոր­­հա­­­կալ ենք «Հրանդ Տինք» հիմ­­նարկին, որ իր այս ճա­­նապար­­հորդա­­կան դրա­­մաշ­­նորհի մի­­ջոցով կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ Թուրքիոյ եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րուն փո­­խադարձ այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րը։ Մշա­­կու­­թա­­­յին երկխօ­­սու­­թիւնը այս կը պա­­հան­­ջէ։ Աս­­կէ մէկ, եր­­կու ամիս առաջ ազ­գա­յին գրա­դարա­նէն եր­կու հե­տազօ­տող երի­տասարդ աղ­ջիկներ, «Հրանդ Տինք» հիմ­նարկի դրա­մաշ­նորհով եկան այ­ցե­լեցին Աթա­թիւրքի գրա­դարա­նը։ Ու­րա­խու­թեամբ կը ցան­կա­մ նշել թէ վե­րադար­ձան շատ բարձր տրա­մադ­րութեամբ։ Շատ լաւ ըն­դունած էին զի­րենք, օգ­նած, օժան­դա­կած էին եւ իրենց այդ մէկ ամ­սուան այ­ցի ըն­թացքին ու­սումնա­սիրած էին հայ գիր­քը։ Ու­սումնա­սիրուելիք աղ­բիւրնե­րուն կէ­սին հա­սած էին, երբ յայտնա­բերե­ցին 58 գիր­քեր, որոնք մա­տենա­գիտա­կան ոչ մէկ ցան­կի վրայ նշուած են։ Այ­սինքն մենք այդ գիր­քե­րը ո՛չ տե­սած եւ ո՛չ ալ լսած էինք։ Իրենք մին­չեւ 1930 թիւը ու­սումնա­սած էին։ Սա շատ բեղմնա­ւոր ար­դիւնք է, գտնել 58 ան­յայտ գիրք մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Մենք երբ մէկ-եր­կու գիրք կը գտնենք, մեծ ու­րա­խու­թիւն կ՚ապ­րինք։ Ես վստահ եմ որ այդպի­սի գիր­քեր դեռ կան Թուրքիոյ մէջ։ Ես վստահ եմ նաեւ որ դեռ բազ­մա­թիւ մա­մուլ կայ նաեւ, որուն մենք տե­ղեակ չենք։ Մշա­կոյ­թի, տպագ­րութեան ոս­կի շրջա­նը Պո­լիս ապ­րուեցաւ։ Սա գաղտնիք չէ։ Մօտ 750 պար­բե­րական հրա­տարա­կուած է, թեր­թեր, ամ­սա­գիր­ներ, եւ այլն։ Բնա­կան է նաեւ, որ բազ­մա­թիւ ան­յայտ անուններ կան։ Այնպէս որ այս փոխայ­ցե­րը շատ կա­րեւոր են։ Ես այդ գրա­դարա­նի վար­չութեան հետ հան­դի­պեցայ եւ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­ցի իրենց վե­րաբե­րու­մին հա­մար։ Զի­րենք Հա­յաս­տան հրա­ւիրե­ցի, քա­նի որ մենք ալ որոշ քա­նակի օս­մա­ներէն հա­ւաքա­ծոյ ու­նինք։ Կրնայ ըլլալ որ մեր ու­նե­ցած­նե­րէն զիրենք հե­տաքրքրող նիւ­թեր գտնեն։ Սի­րով ըն­դունե­ցին իմ հրա­ւէրս։ Հի­մա կը մնայ, որ «Հրանդ Տինք» հիմ­նարկը դա­սաւո­րէ անոնց ու­ղե­ւորու­թիւնը։ Եւ ես յոյս ու­նիմ որ մեր մա­տենա­գէտ­նե­րը, հե­տազօ­տող­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն այս այ­ցե­րը, քա­նի որ այստեղ կան գրա­դարան­ներ, որոնք եզա­կի հա­յերէն գրա­կանու­թիւն ու­նին։ Ես նաեւ շնոր­հա­կալ եմ այստե­ղի մեր պաշ­տօ­նակից­նե­րուն, որոնք խնամ­քով պա­հած են այդ ժո­ղովա­ծու­նե­րը, չեն ոչնչա­ցու­ցած։
Նշեմ որ Թուրքիայէն շա­տեր կու գան ազ­գա­յին գրա­դարան աշ­խա­տելու։ Նոյնպէս Երե­ւանի պե­տական հա­մալ­սա­րանի, մեր արե­ւելա­գիտու­թեան ինստի­տու­տի մէջ աշ­խա­տասի­րող­ներ կան որոնք եկած են Թուրքիայէն։

Բ.Է. Ըստ երե­ւոյ­թին, ձեր ղե­կավա­րած հաս­տա­տու­թիւնը յա­ջողած է փակ սահ­մաննե­րը հա­տել գի­տաշ­խա­տող­նե­րու երկխօ­սու­թեան առու­մով։ Իսկ ի՞նչ ըսել կ՚ու­զէիք իբ­րեւ այս զրոյ­ցի աւար­տը։
Տ.Զ. Կ՚ու­զեմ նշել թէ շատ տպա­ւորուած եմ Պո­լիս այս վեր­ջին այ­ցե­լու­թեամբ։ Ի վեր­ջոյ, այս քա­ղաքը մեր մշա­կու­թա­յին պատ­մութեան մէջ իր եկե­ղեցի­ներով, դպրոց­նե­րով, հրա­տարա­կու­թիւննե­րով ու­նի իւ­րա­յատուկ նշա­նակու­թիւն։ Առի­թը ու­նե­ցայ այ­ցե­լել Կեդ­րո­նական ազ­գա­յին վար­ժա­րան։ Հիացած եմ այնտե­ղի պա­տանի­ներուն մեր պատ­մութեան եւ մշա­կոյ­թի նկատ­մամբ գի­տելիք­նե­րուն։ Ան­շուշտ՝ կը տես­նեմ ու­սուցիչ­նե­րու նուիրեալ աշ­խա­տան­քը։ Այ­ցե­լեցի մեր մա­մու­լը, որ նոյնպէս մեծ նուիրու­մով կը գոր­ծէ։ Բո­լորս գի­տենք թէ ներ­կայ պայ­մաննե­րու տակ շա­հու­թա­բեր գործ մը չէ թերթ կամ գիրք հրա­տարա­կել, բայց այդ մար­դիկ մեծ սի­րով կը կա­տարեն այդ աշ­խա­տան­քը։ Պո­լիսը ին­ծի հա­մար շատ հա­րազատ քա­ղաք է այս բոլորով ու ես նորէն կու գամ ձեր մօտ։
  
«Ակօս», 19 Յունուար 2017

No comments:

Post a Comment