ՍԵԴԱ ՕՀԱՆԵԱՆ
2004 թուականին Երեւանի մէջ լոյս է տեսած
«Հայաստան-Ճապոնիա» երկլեզու (հայերէն-ճափոներէն) ժողովածուն, որ կ՚ընդգրկէ
հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդներու միջեւ եղած ամենատարբեր առնչութիւններու
վերաբերեալ մասնագէտներու յօդուածներ: Կը թուէր, թէ այդ ժողովածուէն ետք
նիւթը սպառած պիտի ըլլար, քանի որ Ճափոնի հետ հայ ժողովուրդի
յարաբերութիւններու պատմութիւնը համեմատաբար նոր է (սկիզբ կ՚առնէ ընդամէնը
19-րդ դարէն): Սակայն 2017-ին լոյս տեսած եւ 2018-ին վերահրատարակուած Արծուի Բախչինեանի «Հայ-ճապոնական պատմական եւ մշակութային առնչութիւնները»
ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ տակաւին չբացայայտուած բազմաթիւ
տեղեկութիւններ կան, որոնց շրջանառումը նորովի կը ներկայացնէ այդ կապերու
պատմութիւնը:
Գիրքին Ա. տպագրութիւնը լոյս ընծայած է
Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտը (Մեսրոպ արք.
Աշճեան մատենաշար թիւ 161): Տպագրութիւնը մասամբ հովանաւորած է Միմի
Մալայեանը (ԱՄՆ)՝ Ճափոն բնակած գրագիտուհի եւ ազգային գործիչ Դիանա Աբգարի
ծոռնուհին:
Յայտնի է, թէ Ճափոն իր պատմութեան
ընթացքին քիչ ժողովուրդներու հետ յարաբերած է եւ թէ մանաւանդ հայերուս
համար եղած է հեռաւոր եւ ամէն առումով տարաշխարհիկ, անմատչելի, առասպելական
շղարշով պատուած երկիր մը: Առաջին հայեացքէն քիչ մը դժուար էր հաւատալ, թէ
պատմութեան հոլովոյթին հայերու եւ ճափոնցիներու միջեւ այդքան
յարաբերութիւններ եղած ըլլան, որ դառնան մենագրութեան առարկայ՝ 194 էջ
ծաւալով:
Ծանօթանալով, սակայն, Արծուի Բախչինեանի
աշխատութեան, այդ կարծիքը կը փարատի: Մօտ տասնհինգ տարի աշխատելով սոյն
թեմայի վրայ՝ հեղինակը կուտակած է մեծ քանակով տեղեկատուութիւն, զոր
ամփոփելով այս աշխատութեան մէջ, առատ նիւթ կը մատուցէ հայ գաղթավայրերու,
Սփիւռքի եւ հայ ժողովուրդի՝ այլ ազգերու հետ ունեցած ամենատարբեր
առնչութիւններու պատմութեան լուսաբանման հարցերուն: Անշուշտ, եթէ չըլլար
Դիանա Աբգարի (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսուհին
Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ) պարագան, աշխատութեան ծաւալը բաւականաչափ կը
նուազէր, սակայն մնացեալ նիւթն ալ այնչափ հետաքրքրական եւ անծանօթ է, որ
նոր լոյս կը սփռէ հայ համայնքներու եւ հայ ժողովուրդի մշակութային կապերու
պատմութեան մեր իմացութեան վրայ: Աշխատութեան ստուար մէկ մասը, բնականաբար,
նուիրուած է հայոց պատմութեան այդ ականաւոր տիկնոջ՝ Դիանա Աբգարի կեանքին
եւ գործունէութեանը: Հեղինակը, առաջնորդուելով պատմութիւնն առարկայօրէն
շարադրելու սկզբունքով, կը ժխտէ մեր ժողովուրդի մէջ տարածուած եւ
չարչրկուած այն կարծիքը, թէ իբր Աբգարը աշխարհի մէջ դիւանագիտական պաշտօն
զբաղեցուցած առաջին կինն է, միաժամանակ իրաւամբ կը նշէ, թէ ան իրականին
եղած է պատուաւոր հիւպատոս նշանակուած առաջին կինը: Աւելին, յենուելով
ճափոներէն աղբիւրներու վրայ, ան ցոյց կու տայ, որ Դիանա Աբգարին Հայաստանի
կառավարութեան կողմէ պատուաւոր հիւպատոս նշանակելը եղած է միակողմանի
գործողութիւն մը, քանի որ Ճափոնի կառավարութիւնը չէ կրցած ճանչնալ անոր
նշանակումը:
Հազիւ թէ մեր տարածաշրջանի մէկ այլ
ժողովուրդ Ճափոնի հետ ունեցած ըլլայ այնքան բազմազան յարաբերութիւններ,
ինչպիսին ունեցած է հայ ազգը: Հայ եւ այլալեզու աղբիւրներու առատ
գործածութեամբ Արծուի Բախչինեան կը փորձէ տալ հայ-ճափոն պատմամշակութային
առնչութիւններու հնարաւորինս ամբողջական պատկերը՝ ըլլան Ճափոնին անուան
առաջին հայատառ յիշատակութիւնը 1695-ին «Համատարած աշխարհացոյց» առաջին
հայերէն տպագիր քարտէզին մէջ, ճափոնցի գրողներու հայերէն
թարգմանութիւններու յիշատակումները, ճափոնցի արուեստագէտներու ելոյթները
Հայաստանի մէջ կամ միջպետական յարաբերութիւններու տարբեր դրսեւորումները:
Մինչեւ անգամ կը պարզուի, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ սուշիի եւ սաշիմիի
առաջին պատրաստողներէն մէկը եղած է Ճափոն ծնած Միքայէլ Աբգարը, «այն
դէպքում, երբ երկար ժամանակ յետոյ ճապոնական այդ ուտեստները զանգուածային
տարածում ստացան ԱՄՆ-ում» (էջ 58): Չտիրապետելով հանդերձ ճափոներէնին՝ իր
ճափոնագէտ բարեկամներու օգնութեամբ Բախչինեան գործածած է նաեւ ճափոներէն
սկզբնաղբիւրներ՝ աշխատութիւնը հարստացնելով նորանոր փաստական տուեալներով:
Հեղինակը
իրաւամբ կը նկատէ, թէ «Ճապոնիայում հայերի պատմութիւնը անհատների
պատմութիւն է» (էջ 163): Եւ այդ անհատներն ուշագրաւ գործեր կատարած են
Ծագող արեւի երկիրին մէջ՝ ըլլայ լուցկիի առաջին գործարաններէն մէկուն
հիմնադրումը (Մարթին), ըլլայ ճափոնցիներու համար «մելոնփան» կոչուող նոր
հացատեսակը ստեղծելը (Իվան Ղեւենեան Սագոյեան), ռահվիրայ ըլլալը կանանց
եւրոպական երգեցողութեան ուսուցման մէջ (ռուսահայ տիկին մը՝ Օլկա
Կարասուլովա), ճափոնցիներու մարտարուեստն առաջին անգամ Արեւմուտքի մէջ
ներկայացնելը (ամերիկահայեր Էնթընի Միրաքեան եւ Լինտի Աւագեան): Կը
պարզուի, թէ այսօր ալ Ճափոնի մէջ կան հայեր, որոնք յառաջդիմած են
ճափոնցիներուն խիստ յատուկ մասնագիտութիւններու մէջ (ինչպէս՝ գիւմրեցի
Արթուր Յովհաննիսեանը, որ Ճափոնի քարաթէ-տոյի դպրոցին առաջին ոչ ճափոնցի
մարզիչն է) եւ մինչեւ անգամ ունինք այնքան հմուտ ճափոնագէտներ՝ Հայաստան թէ
Ճափոն, որոնք ճափոներէնով յօդուածներ եւ գիտական աշխատութիւններ հեղինակած
են (Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպան Հրանտ Պօղոսեան, Մելանեա Բաղդասարեան, Ռուզան
Խոջիկեան, Աստղիկ Յովհաննիսեան, Մելինէ Մեսրոպեան, բոլորն ալ՝ հայաստանցիներ):
Հեղինակն արժէքաւոր տեղեկութիւններ
կու տայ նաեւ ճափոնցի սակաւաթիւ հայագէտներու, հայ մշակոյթով հետաքրքրուող
ճափոնցի արուեստագէտներու մասին (հետաքրքրական էր իմանալ, որ տակաւին
1902-ին Էջմիածին այցելած է ճափոնցի հետազօտող եւ ականաւոր լեզուաբան մը՝ Մինակատա, որոշ չափով սորված է նաեւ հայերէն): Ան կը ստեղծէ հայ-ճափոնական
մշակութային կապերու (գրական, երաժշտական, կերպարուեստի, անգամ՝ թատրոնի եւ
շարժանկարի) եւ 1992-էն ի վեր միջպետական յարաբերութիւններու տեսակ մը
ժամանակագրութիւն՝ խտրութիւն չդնելով առաջնային եւ երկրորդական
առնչութիւններու միջեւ: Ըլլալով կրթութեամբ բանասէր՝ Բախչինեան համոզիչ
կերպով կը ժխտէ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի թողած մէկ վկայութիւնը իբրեւ թէ Ճափոնի
մէջ միջնադարուն քրիստոնէութիւն քարոզած հայ վարդապետի մը մասին՝ ցոյց
տալով հմուտ հայագէտին թիւրըմբռնումը իտալական աղբիւրի մը մէջ յիշուած
աշխարհագրական անունի եւ պատմական անձնանունի մը միջեւ:
Հատորը
կ"ընդգրկէ 286 էջ, քանի որ հարստացած է նաեւ գունաւոր լուսանկարներու
պատկերազարդումներով, ճափոներէն, անգլերէն եւ ռուսերէն ընդարձակ
ամփոփումներով:
ՀՀ անկախացումէն ի վեր մեր երկրին
կապերը Ճափոնի հետ տարեցտարի աւելի կը զարգանան, կ՚աճի ճափոնագէտ հայերու
թիւը (Բախչինեան կը մէջբերէ ՀՀ Ճափոնի դեսպանին յայտարարութիւնը, թէ այսօր
Հայաստանի մէջ 200-է աւելի մարդ ճափոներէն կը սորվի, էջ 137): Միաժամանակ
Ճափոնի մէջ հայկական փոքրաթիւ համայնքի ստեղծման զուգահեռ որոշակի
հետաքրքրութիւն կը ստեղծուի Հայաստանի ու անոր ժողովուրդին հանդէպ:
Վստահաբար, անոնց եւ առհասարակ Ճափոնով, հայ Սփիւռքով, հայ ժողովուրդի
պատմամշակութային կապերով հետաքրքրուող ամէն ընթերցող՝ ըլլայ մասնագէտ թէ
ոչ, շահեկան պիտի գտնէ «Հայ-ճապոնական պատմական եւ մշակութային
առնչութիւնները» հատորը: Եւ շատ կարեւոր պիտի ըլլայ նման աշխատութիւն մը
ճափոներէն թարգմանութեամբ հրատարակելը:
Յ.Գ. -
Յօդուածը պատրաստ էր, երբ Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտը հրատարակեց
նաեւ Արծուի Բախչինեանի՝ տարիներու պրպտումներու արդիւնք հանդիսացող մէկ
այլ աշխատութիւնՙ «Հայերը Չինաստանում. հայ-չինական պատմամշակութային
կապերը»...
«Ազգ-Մշակոյթ», 19 Յունուար 2018
No comments:
Post a Comment