ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ դոկտոր Վաչէ Ղազարեանի պատրաստած »Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը 1915-1916 (վաւերագրեր)» գիրքը,
բաղկացած` 480 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Ապտալեան
մշակութային հիմնադրամի միջոցներով:
Ներածականին մէջ դոկտոր Վաչէ Ղազարեան կ՛ըսէ, որ լոյսին բերուող
բանակցային արձանագրութիւնները, թղթակցութիւններն ու յուշագրերը կը
վերաբերին Ազգային Պատուիրակութեան գործունէութեան 1915-1916 տարիներու
գործունէութեան:
Պօղոս Նուպար Գէորգ Ե. կաթողիկոսին ցանկութեան ընդառաջելով մեկնած է Փարիզ իբրեւ ազգային պատուիրակութեան նախագահ:
Նուպար փաշա իբրեւ հեռաւոր ծրագիր կը ձգտէր քաղաքական անկախութեան, իսկ
իբրեւ մօտաւոր ծրագիր կը փափաքէր տեսնել հոգատարեալ կամ թեւարկեալ Հայաստան
մը: Մօտաւոր ծրագիրը կը համապատասխանէր Փեթրոկրատի ծրագիրին:
Դոկտոր Վաչէ Ղազարեան կ՛ըսէ, որ Փեթրոկրատի Ծրագրով կը նախատեսուէր
Օսմանեան Կայսրութեան կամ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ թրքական
գերիշխանութիւնը պահպանելով հանդերձ ինքնավար Հայաստանի մը ստեղծումը: Այդ
Հայաստանը պիտի դրուէր Ռուսաստանի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հաւաքական
թեւարկութեան ներքեւ եւ պիտի բաղկանար վեց նահանգներէն (բացառելով
Արեւմուտքի եւ Հարաւի շրջանակները իրենց գրեթէ ամբողջովին իսլամ
բնակչութիւն ունենալուն համար) եւ Կիլիկիայէն` Միջերկրականի վրայ Մէրսինի
նաւահանգիստով (դուրս ձգելով Ալեքսանտրէթի ծոցը եւ Եումուրթալըքը):
Ժամանակի պայմաններուն համեմատ որոշ պատշաճեցումներու կատարումով`
ինքնավարութեան որպէս հիմ պիտի ծառայէր 1913-ի Բարենորոգութիւններու
Ծրագիրը, որ կը միտէր Կարնոյ, Վանի, Բաղէշի, Տիգրանակերտի, Խարբերդի եւ
Սվազի նահանգները օժտել ինքնավարական լայն իրաւունքներով:
Փեթրոկրատի Ծրագրին վերաբերող հիմնական եւ «բոլորովին գաղտնի»
փաստաթուղթը յստակ կը դարձնէր թէ հայկական կողմին պարտականութիւնը պիտի
ըլլար Անգլիան եւ Ֆրանսան համոզելը` ապահովելու համար Կիլիկիոյ կցումը վեց
նահանգներուն:
Քիչ անդին Ղազարեան կը գրէ.
«14 Մարտ 1915-ին, Փեթրոկրատի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փալեոլոկ արդէն
Սազոնովին դիմած էր նշելով, թէ ֆրանսական կառավարութիւնը կը փափաքի
«բռնագրաւել Սուրիան, ներառեալ Ալեքսանտրէթի ծոցի շրջանը եւ կիլիկեան
շրջանները` մինչեւ Տաւրոսի լեռնաշղթան», երբ հասնի Թուրքիոյ հաշտութեան
պայմաններ պարտադրելու պահը, եւ այս ուղղութեամբ կը փափաքի ունենալ ցարին
համամտութիւնը:
Դաշնակիցները, Ա. պատերազմի հարկադրանքով գործակցելով, բայց միշտ իրարու
կասկածով մօտենալով եւ միշտ իրենք իրենց համար առաւելագոյնը կորզելու
դիտաւորութեամբ, արդէն սկսած էին առանձնաբար եւ հաւաքաբար քննարկել
Օսմանեան կայսրութեան անդամահատական խնդիրը եւ բանաձեւել իրենց
ցանկութիւնները:
Եթէ, օրինակ, անդամահատելի հողատարածութիւններէն Նեղուցներուն,
Միջագետքի եւ Պաղեստինի համար թաքնաբար տարուող աշխատանքներուն մէջ
հայկական ուղղակի մասնակցութեան մը հարկը չէր տեսնուեր, այդպէս չէր,
սակայն, պարագան Կիլիկիոյ, ուր հայերը նկատառելի թիւ մը կը ներկայացնէին եւ
ունէին զայն հայրենիք նկատելու պատմական հող:
Թերեւս ալ շահագրգիռ կողմերու յատուկ կարգադրութեամբ թոյլ կը տրուէր, որ
անդամահատման ծրագիրները իրենց արձագանգը գտնեն մամուլին մէջ` միտքեր
նախապատրաստելու, բանակցութիւններու ընթացքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու
կամ այլ նպատակներով»:
Դոկտոր Ղազարեան կը շարունակէ ըսելով.
«Կը հետեւի թէ Պատուիրակութեան հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլար համոզել
Ֆրանսան, որ Կիլիկիան չկցէ Սուրիոյ եւ համաձայնի անոր տալ ինքնավար
հայկական դրութիւն: Անգլիա եւ Ռուսաստան արդէն համաձայնած ըլլալով Կիլիկիան
թողուլ Ֆրանսայի, հայկական ցանկութիւնն էր որ հակընդդէմ ընթացք մը
կ՛ունենար ֆրանսական ծրագրին: Այսպիսով, Նուպար իր ճիգերը պիտի կեդրոնացնէր
Կիլիկիոյ նկատմամբ ֆրանսական շրջանակներուն մօտ հայկական շահերու
պաշտպանութեան վրայ»:
Փաստաթուղթերը կը յանգեցնեն այն եզրակացութեան, թէ ցարական Ռուսաստանը
լուրջի չէր առած Փեթրոկրատի Ծրագիրը եւ դիտումնաւոր կերպով կը փորձէր
մշուշապատ ձգել հարցը:
Պօղոս Նուպար, իր հերթին, առաջին իսկ օրէն անտեսած էր վերոյիշեալ
ծրագրին մէջ ակնարկուած թրքական գերիշխանութեան վերաբերող տրամադրութիւնը,
ինչ որ մէկէ աւելի առիթներով յայտարարած էր իր տեսակցութիւններու ընթացքին
եւ հարկ տեսած` արդարացնելու իր կեցուածքը, որմէ կարելի է կռահել, թէ նման
ընթացք մը կրնար բախած ըլլալ դիմացի կողմերուն դժգոհութեան:
Այս բոլորէն կը հետեւցուի, թէ հակադիր շահերու կծիկի մը հետ գործ ունէին
հայկական, անգլիական, ֆրանսական եւ ռուսական շահերու ներկայացուցիչներու
դերով հրապարակ իջած բանակցող կողմերը:
Այնուհետեւ Ղազարեան կ՛ըսէ, որ վաւերագիրները հետաքրքրական նիւթ կը
հայթայթեն հայկական կամաւորական շարժման, ինչպէս նաեւ հայ կամաւորներու
միջոցով աղէտը կասեցնելու, մեղմելու, կամ ինքնավարութեան ցանկութիւնները
իրականութեան վերածելու յոյսերուն գծով:
Նուպար փաստաթուղթերուն մէջ ի յայտ կու գայ իբրեւ զգուշաւոր, շրջահայեաց
գործիչ: Պատմական Հայաստանի թէ Օսմանեան կայսրութեան այլ շրջաններու մէջ
բնակող հայերու ապահովութիւնը Նուպարի համար ունէր կենսական նշանակութիւն
եւ ան իր մօտեցումը բանաձեւած էր Կիլիկիոյ Աթոռի Կաթողիկոս Սահակ Բ.
Խապայեանին ուղղելի բայց չառաքուած նամակի մը մէջ 1915-ի Ապրիլին. «…
պահպանել մեր ցեղին գոյութիւնը իր հայրենի երկրին մէջ», խուսափելով
փորձանաւոր հակազդեցութիւններէ:
Օտար քաղաքական-դիւանագիտական գործիչներու մօտ ալ չէ բացակայած հայոց
կողմէ զգուշաւոր վարքագիծ մը որդեգրելու անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը:
Յատկանշական է, օրինակ, Տելքասէի կեցուածքը ի պատասխան Միքայէլ
Վարանդեանի, որ 1915-ի Մարտին Սոֆիայի ռուս դեսպանին միջոցով
ֆրանսացիներուն առաջարկած էր Կիլիկիա ցամաքահանում կատարել եւ Կիպրոսը
իբրեւ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցիլ փափաքող հայերու մարզման վայր
նկատի ունենալ: Տելքասէ վերապահութեամբ մատնացոյց ըրած էր, թէ նման քայլ
մը պատճառ կը դառնայ որ թուրքերը «ներքին նահանգներուն մէջ մնացած հայ
բնակչութեան նկատմամբ կիրարկեն կոտորածներու քաղաքականութիւն»:
Բայց յաղթանակի յոյսերը տարբեր հոգեխառնութիւն մը յառաջ բերած էին:
Ժամանակի տրամադրութիւնները վկայագրելով, Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալաքեան, որ
Ա. Պատերազմի առաջին ամիսներուն կամաւորական հապճեպ շարժում մը յոյժ
վտանգաւոր կը գտնէր «թուրք-իթթիհատական ոճրագործ կառավարութեան» մօտ անոր
յառաջացնելիք աղիտաբեր հակազդեցութիւնը նկատի ունենալով, պիտի մատնանշէր թէ
մինչ զանազան ազգեր խոհեմութեամբ ու անձկանօք սկսած էին լուրջ միջոցներ
ձեռք առնել, հայեր հաշուի չառնելով դատողութեամբ եւ հեռատեսութեամբ
շարժելու հրամայողական պահանջը, բռնած էին կործանարար ուղի մը` գրգռելով
դարաւոր թուրք թշնամին:
Ղազարեան կը շարունակէ ըսելով, որ եթէ սկզբնական շրջանին զգուշաւոր
շրջանակներուն մօտ տիրապետող էր կամաւորական շարժման նկատմամբ վերապահ կամ
տատամսուն ընթացք մը, նոյնը կարելի չէ ըսել յատկապէս Վանի
ինքնապաշտպանութեան յաջորդած շրջանին վերաբերեալ: Այս առումով յատկանշական
է, օրինակ, Այվազեանի 8 Յուլիս 1915 թուակիրը, ուր կ՛ըսուի. «Հիմա որ մեր
դիմակը պատռած է եւ գործողութեան սեղանին վրայ դրուած ենք, արդեօ՞ք աւելի
ազատօրէն եւ աւելի բացայայտ կերպով մը ինքզինքնիս պաշտպանած չպիտի
ըլլայինք` Դաշնակիցներուն օգնելով եւ անոնց օգնութեան առարկայ դառնալով:
… Կը խորհիմ թէ,- ենթադրելով որ ճիշդ ըլլան պատճառաբանութիւններս,
իրաւունք ձեռք բերած ենք Դաշնակիցներէն պահանջելու որ մեզի օժանդակեն
Ատանայի շրջանին մէջ գործելու սահմանուած կամաւորական խումբերու կազմութեան
համար… որովհետեւ Կիլիկիան միակ վայրն է, զոր պահանջելու փորձը կրնանք
ընել մեր ցեղին պահպանութեան համար, տեղին վրայ եւ տեղին համար իսկ
զոհողութիւններ ընելով»:
1915-ի Օգոստոսին Նուպար կը յայտնուի արդէն բոլորովին թօթափած ամէն
երկմտանք կամաւորական շարժման նկատմամբ, երբ յաջորդաբար կը հաստատէ, «…
հիմա Դաշնակիցները իրենցմէ կը նկատեն մեզ: Ասիկա կը պարտինք… մանաւանդ
Վանայ մեր կամաւորներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է մեր ամբողջ կրցածը ընենք
անոնց թիւը աւելցնելու համար կամ` «Ազգային Հանգանակութեան բոլոր
գումարները կը ղրկեմ կաթողիկոսին, որպէսզի աւելցուին Վանայ եւ Մուշի
կողմերը գտնուող կամաւորները: Միակ յոյսն է ասիկա` հնարաւոր եղածին չափ
Հայեր կարենալ փրկելու համար», կամ` «Կիլիկիոյ հայ բնակչութիւններու
փրկութեան համար միակ յոյս մը կը մնայ մեզի, այն է` Հայաստանի մէջէն
արագօրէն յառաջխաղացումը այն կամաւորներուն, որոնք ներկայիս կը գործեն
Վանայ շրջանակին մէջ: Այս գործին դիւրացման համար, մեր պարտքն է բոլոր մեր
ջանքերն ու միջոցները նուիրել որպէսզի կարելի եղածին չափ քիչ ժամանակուան
մէջ աւելնայ անոնց թիւը»:
Դոկտոր Վաչէ Ղազարեան կ՛եզրափակէ ըսելով, որ Նուպար շարունակած է
պահպանել նոյն զգուշաւորութիւնն ու շրջահայեցութիւնը, որոնք իրենց
դրսեւորումը գտած են կամաւորներու արձանագրութեան համար Ֆրանսայի արտաքին
գործոց նախարարութենէն ձեռք բերուած ծանուցագրին մէջ, ուր կ՛ըսուի. «… Մեր
թշնամիներու ուշադրութիւնը չգրաւելու եւ Թուրքիոյ մէջ մնացած հայերն ու
սուրիացիները վրիժառութեան չենթարկելու համար, փափաքելի պիտի ըլլար որ
աշխատութիւնը առաջ տարուէր ամենածայրայեղ խոհեմութեամբ…»: Գաղտնապահութեամբ
եւ խոհեմութեամբ գործելու անհրաժեշտութիւնը Նուպար շեշտած է նաեւ
Ժորժ-Փիքոյի հետ իր հանդիպման ընթացքին սուրիացի ներկայացուցչին անխոհեմ
ընթացքին նկատմամբ իր դժգոհութիւնը բանաձեւելու պահուն:
«Ազդակ», 13 Դեկտեմբեր 2017
No comments:
Post a Comment