ԿԱՐԱՊԵՏ ՏԱՔԷՍԵԱՆ
Խօսքս ենթակայական է եւ ընդհանրացնելու յաւակնութիւն չունիմ։ Նախ շատ արագ պիտի ներկայացնեմ հայկական աշխարհի ներկայ վիճակը, անշուշտ գիտակից եմ, թէ ո՛չ կատարեալ պատկեր մը պիտի ըլլայ ան։ Եւ յետոյ պիտի անդրադառնամ Սփիւռքի մէջ հայ անհատի ինքնութեան կերտման խնդրին եւ ի վերջոյ, այս ստեղծուած համագրին մէջ՝ պիտի փորձեմ տեղադրել արեւմտահայերէնի անհրաժեշտութեան հարցը։
Նախ երկու ընդգծումներ՝ առաջինը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին երկու տարի առաջ հեռատեսիլէն կատարած յայտարարութիւնն է, ըստ որուն՝ «Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները ռազմավարական նշանակութիւն ունին»։ Ռազմավարական կը նշանակէ տեւողականութիւն ունեցող երեւոյթի մը յառաջացուցած խնդիրներուն՝ համագործակցաբար, ներդաշնակօրէն եւ միասնաբար լուծում գտնել։ Հոս կը յառաջանայ հետեւեալ հարցումը. արդեօք Սփիւռքը պատրա՞ստ է այս ռազմավարական համագործակցութեան։ Կամ արդեօք Սփիւռքը պիտի մտածէ՞ ինքնանորոգման միջոցներ փնտռելու ուղղութեամբ։
Երկրորդ ընդգծումը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Յուլիս ամսուան ընթացքին Անթիլիասի մէջ ունեցած ելոյթին կը վերաբերի, որ ի՛մ համոզումով պատմական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ մենք իր անողոք դիտարկումով Սփիւռքի կիզիչ իրականութեան դէմ յանդիման կու գանք։ Ալպէր Գամիւ կ՚ըսէ՝ «եթէ վիճակին անունը չտաք ողբերգութիւնները ձեզի կը հետեւին»։ Մեր մէջ այս պարագան, այսինքն՝ վիճակին անուն չտալու երեւոյթը, յաճախ կը պատահի։
Ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Սփիւռքէն կ՚ուզէ, կը ցանկայ ռազմավարական մակարդակի համագործակցութիւն, իսկ միւս կողմէ Արամ Ա. Վեհափառի արտայայտութեան մէջ մենք կը տեսնենք Սփիւռքի իրական վիճակը։ Այս երկու արտայայտութիւնները, Սփիւռքի մէջ, մեր ապագայի աշխատանքի դաշտին տարածքը կը ճշդեն։ Սփիւռքի մէջ, այսօր Հայութեան ընդհանուր թիւը –ինչպէս այս համագումարին նշուեցաւ– եօթը միլիոն է։ Ասկէ 30 տարի առաջ չորս Հայէն մէկը Հայաստանէն դուրս կ՚ապրէր, իսկ ներկայիս հինգ Հայէն չորսը դուրսն է։ Այս կացութիւնը մեր պատմութեան մէջ աննախընթաց երեւոյթ է եւ եթէ այսպէս շարունակուի յիսուն տարի վերջ մեր թիւը կը նուազի մէկ միլիոնի։ Այս տուեալը կու գայ Եւրոպայի զարգացած երկիրներու վիճակագրական հիմնարկներէն։ Այս երկիրները տարիներու ընթացքին հարիւր հազարաւոր գաղթականներ կ՚ընդունին եւ բնականաբար իրենց միջոցներով կը հետեւին, թէ այդ տարագիրները որքա՞ն ժամանակ ետք կը ստանձնեն նոր ինքնութիւն։ Յիսուն տարի վերջ անոնցմէ միայն տասը առ հարիւրը իրենց լեզուով կը խօսի։ Հայութեան պարագան եւս տարբեր պիտի չըլլայ եւ յիսուն տարի վերջ մենք ալ պիտի կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը։ Արդեօք պիտի ձգե՞նք որ եօթը միլիոն Հայեր այս ճակատագրին ենթարկուին…։ Համեմատութիւնը զարհուրելի է։ Կարելի է ըսել որ Հայաստանի անկախութիւնը, Սփիւռք-Հայաստան կապերը, բնականաբար այս համեմատութիւնը կրնան թեթեւցնել, բայց ճակատագիրը չե՛ն փոխեր։ Մենք մեր ներկայ կառոյցներով եւ ներկայ մտածողութեամբ, առաւելագոյնը պիտի մնանք երկու միլիոն, որովհետեւ Սփիւռքը չ՚արտադրեր, իսկ չարտադրող ամէն մէկ հաւաքականութիւն միա՛յն եւ միա՛յն մահուան կը դատապարտուի։ Ահաւասիկ ա՛յս է իրականութիւնը։ Ես դիտաւորեալ կերպով «պահպանել» բառը չեմ ուզեր գործածել, որովհետեւ «պահպանել» կը նշանակէ մեռնիլ, իսկ «կերտել» եւ «ստեղծել»-ն է, որ հաւաքականութիւնը կենսունակ կը պահեն։ Ժամանակին թերեւս «հայապահպանում» արտայայտութիւնը նշանակութիւն մը ունէր, բայց այսօր ան իմաստ չունի։ Հետեւաբար ես պիտի գործածեմ՝ «հայեցի ինքնութեան կերտումը» կամ «հայաստեղծումը» բառակապակցութիւնները։
Վեհափառ Տիրոջ ներկայացուցած խօսքին մէջ ես գտայ 37 բառեր, որոնք Սփիւռքի ներկայ վիճակը կը բնութագրեն, կը նկարագրեն եւ երբեմն ալ կացութեան լուծում կ՚առաջարկեն։ Ուրեմն 37 բառով նկարագրուած հաւաքական կեանք մը չի կրնար գոյութիւն ունենալ եւ կամ մենք չենք կրնար լուծում գտնել…։ Այս բարդ եւ խրթին վիճակը պէտք է յստակացնել մտածողութեան ա՛յն ուղղութեամբ, որուն հիմնադրոյթը մեր միտքը կը շարժէ եւ մեր վիճակին մասին ստեղծագործ գաղափարներու կ՚առաջնորդէ։ Ասիկա անհատի ինքնութեան կերտման աշխատանքն է։ Հետեւաբար սփիւռքահայ իւրաքանչիւր անհատի կերտման խնդիրը մե՛ր խնդիրն է, որովհետեւ մենք երկու անհատականութիւն չենք կրնար ունենալ եւ ինչպէս կ՚ըսէ Շահան Շահնուր՝ «մարդը մէկ է»։ Մենք ունինք մէ՛կ անհատականութիւն, մէ՛կ ինքնութիւն եւ այդ ինքնութեան կերտումին մէջ կը տեսնենք նաեւ հայ աշխարհի, հայ իրականութեան տարրերը, զորս անհատը իւրացնելով կը ստեղծէ իր իսկ ինքնութիւնը։ Պարզ խօսքով ինքնութիւնը գումարում չէ, ինքնութիւնը զգայնութիւն մըն է, որ իմաստ կու տայ հայութեան։ Գըրգ Գրիգորեանի օրինակը ծանօթ է բոլորին. ան միա՛յն տասը բառ հայերէն գիտէր եւ 240 միլիոն տոլար նուիրեց Հայաստանին, որովհետեւ իր մայրը իրեն ըսած էր՝ «երբ Հայաստան անկախանայ պիտի նուիրես հայրենիքիդ»։ Հետեւաբար ինչպէ՞ս կարելի է տասը բառ գիտնալով այդքան յանձնառու ըլլալ։ Իսկ միւս կողմէ, դարձեալ ինչպէ՞ս կարելի է մէկը որ հեղեղահոս հայերէնով կ՚արտայայտուի, կը մտնէ խորհրդարան եւ 8 հոգի կը սպաննէ…։

Ուրեմն մենք ինչպէ՞ս պիտի բացատրենք եւ սահմանենք Հայու ինքնութեան իմաստը։ Սփիւռք-Հայաստան վերջին համաժողովին մարդիկ եղան որոնք ըսին թէ քանի մը բաղադրիչներ ունենալով Հայ կը դառնանք։ Այսպիսի իրականութիւն գոյութիւն չունի։ Ատիկա գոյութիւն ունէր այն ժամանակ երբ Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ հողային տարածքի մը ընկալումը կար, այսինքն անհատը, երախան հաւաքական կեանքի մը պատկերացումը ունէին։ Աւելի՛ն, անհատի զարգացման համար կառոյցները զիրար կ՚ամբողջացնէին՝ նոյնիսկ միջկուսակցական ոչ ցանկալի յարաբերութիւններու մէջ, որովհետեւ անհատը ինքզինք կը պատկերացնէր ա՛յն հաւաքականութեան մէջ ուր ինք կ՚ապրէր։ Բայց այսօր Ֆրանսա, Ամերիկա կամ այլուր ո՞ւր է այդ վայրը, ինչպէ՞ս մենք պիտի ներկայացնենք մեր աշակերտներուն, որ հայկական իրականութիւնը այդ վայրին մէջ կը կերտուի։ Ասիկա մարդաբանական հարց է, որովհետեւ ինքնութեան կերտման խնդիրը եւ հաւաքական կեանքի ստեղծումը իրարու հետ փոխկապակցութիւն ունին, այսինքն անհատը անհատ չի կրնար ըլլալ եթէ հաւաքականութիւնը չկայ։ Այս երկուքը (անհատ եւ հաւաքականութիւն) առերեւոյթ իրարու հակադրուող, բայց իրար ամբողջացնող անանցելի այն երկու տարրերն են, որոնց մէջ կը ստեղծուի նաեւ մշակոյթը։ Ա՛յս է Սփիւռքի մէջ Հայ դպրոցի անանցելիութեան հիմքը։
Հայաստանի մէջ, վերջին համագումարին թուայնացման հնարաւորութիւնները ներկայացան որպէս հրաշք լուծում առաջադրող։ Շփոթ կար նպատակի եւ միջոցի միջեւ։ Երբ երախան համակարգիչին առջեւ կը կոխէ ստեղնաշարին, այդ պահուն իր մտքին մէջ հարցումը արդէն ձեւաւորուած է։ Հետեւաբար մտքի ձեւաւորման հարցը դպրոցի հարց է, իսկ համակարգիչը՝ միջոց։ Ուրեմն մենք չենք կրնար դպրոցը բացառել, որովհետեւ այդ պարագային ինչպէ՞ս պիտի ձեւաւորենք միտքը, որպէսզի այդ միտքը ի՛նք ստեղծէ հարցումը եւ գործիքը օգտագործէ նպատակայարմար։ Հոս էականը ինքնութեան կերտումն է։ Ստեղծարար գոյատեւման երաշխիքը։
Ինչ կը վերաբերի Հայոց լեզուի պարագային. լեզուն «էքոկրաֆի»-ն է, լեզուն մեզի ցոյց կու տայ թէ մեր սիրտը լաւ կ՚աշխատի՞ թէ՝ ոչ։ Լեզուն օգտագործող հաւաքականութիւնը կ՚ունենայ կենսունակութիւն։ Իսկ ինքնութեան կերտման խնդիրները ուղղակի լեզուի հետ կապ չունին, որովհետեւ եթէ սիրտը չկայ «էքոկրաֆի»-ն ինչի՞ պիտի ծառայէ…։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ լեզուն անկարեւոր է, որովհետեւ լեզուի հանդէպ մեր մերձեցումը ընդհանրապէս քերականութիւն է, ուղղագրութիւն է, բայց ես երբեք չեմ նկատած, որ ուրիշ լեզուներու մէջ քերականութիւնը նոյնանայ լեզուին հետ։ Լեզուն մշակոյթ կը փոխանցէ։ Այս երկա՜ր ներածականը ըրի հասնելու համար արեւմտահայերէնի հարցին։
Արեւմտահայերէնի պատմութիւնը Արեւմտահայութեան պատմութիւնն է, իսկ արեւմտահայերէնը այդ պատմութեան դրսեւորումը։ 1699-ին Օսմանեան կայսրութիւնը առաջին անգամ պատերազմ կորսնցուց, սկսաւ նահանջել եւ չկարողացաւ զաւթումը շարունակել ու պարտադրաբար, զգաց որ եւրոպական քաղաքակրթութենէն պէտք է բաներ մը առնէ, որպէսզի բանակը ուժեղանայ եւ շարունակէ իր նուաճումները։ Այդ միջոցին Անգլիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող լարումին հետեւանքով Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ զիջիլ։ 1838-ին՝ Թանզիմաթով՝ Հայերը, օտարները, այլազգիները կրցան շունչ մը առնել եւ մենք այդ պահուն յեղափոխութիւն կատարեցինք եւ մեր ուղեղի դռները բացինք լուսաւորութեան շարժման առջեւ։ Երբ այս էր իրադրութիւնը Պոլսոյ մէջ՝ Վանէն, Կարսէն եկած բեռնակիրներ, որոնք իրենց հացը վաստկելու համար կ՚աշխատէին, իրենց առօրեայ յոգնատանջ աշխատանքէն ետք սկսան հայերէն սորվիլ միայն երազի մը համար՝ որ վաղը պիտի ապրէին նո՛ր Հայաստանի մէջ։ Հետեւաբար մենք մտանք յոյսի ճամբան եւ ստեղծեցինք Սահմանադրութիւն, որ մեր մշակութային կեանքի ամենէն կարեւոր երեւոյթներէն մէկն էր։ Այդ Սահմանադրութիւնը ստեղծեցինք, հոն ուր խաւարամտութիւն կար։ Եւ մենք որպէս Հայ առաջին անգամ կապ հաստատեցինք այն յեղափոխականներուն հետ, որոնք ունէին այն գաղափարը, թէ մարդը մտածելու համար ո՛չ թէ խնամակալի պէտք ունի, այլ ան կրնայ ինքնուրոյն մտածել իր իմացական կարողութիւններով։ Եւ մենք ստեղծեցինք դպրոցներ։ Համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ շատ հազուադէպ է որ առանց պետութիւն ունենալու կարելի ըլլայ 1700 դպրոց կառուցանել։ Յետագային մենք տեսանք այդ մտածողական շարժման կատարելիութիւնը։ Հոս երկու անուն պիտի յիշեմ միայն. Ռ. Պէրպէրեանը երբ իր դպրոցին կը տնօրինէր, իրեն գանգատ կու գայ ըսելով թէ՝ «այս ի՞նչ տեսակ դպրոց է, ուրկէ շրջանաւարտ աշակերտները պազարին մէջ ո՛չ ֆրանսերէնով նամակ գրել գիտեն եւ ո՛չ ալ հաշուապահութիւն»։ Ռ. Պէրպէրեան կը պատասխանէ. «Ես երախան պէտք է բազմակողմանի զարգացնեմ, այսինքն՝ նախ պէտք է անոնց բազմակողմանի ընդունակութիւնները յայտնաբերեմ, որպէսզի կարողանամ իմ ուսուցչական առաքելութիւնս իրականացնել, քանի որ երախան յետոյ շատ արագ կը սորվի ձեր ուզածները»։ Մեր երկրորդ մեծ մշակը՝ Յովհաննէս Հինդլեան, 1901-ին ուսուցիչներուն ուղղուած իր դասախօսութիւններէն մէկուն կ՚ըսէ հետեւեալը. «Մանկավարժական մեթոտաբանութիւնները սորվեցէ՛ք, քերականութի՛ւնն ալ սորվեցէք, բայց որպէս ուսուցիչ երբ որ գործի պիտի անցնիք՝ նախ երախա՛ն ճանչցէք»։ Ասիկա յեղափոխութիւն մըն էր, որովհետեւ անհատի ճանաչումէն մեկնելով է որ պէտք է միջոցներ փնտռել եւ ո՛չ թէ հակառակը։ 120-130 տարի առաջ արտայայտուած եւ մա՛նաւանդ՝ կիրարկուած գաղափարներ, որոնք այսօր եւս ունին արդիական հնչեղութիւն։ 19-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ դիտարկուած փոխակերպման աննախընթաց հեւքին մէջ զարգացաւ արեւմտահայերէնը։ Լեզուի մը զարգացման միակ պայմանն է հասարակական կեանքին ժամանակակից դառնալու, ստեղծագործելու եւ արտադրելու ուժականութիւնը։ Կարելի չէ լեզուէն ակնկալել այն, ինչ որ ան մեզի չի կրնար տալ։ Սփիւռքի մէջ լեզուն մեր անկազմակերպուածութիւնը քօղարկելու պէտք չէ որ ծառայէ։
Այսօր մեր երախաները զանազան մակարդակներ ունին եւ ուսուցիչներն ալ պէտք է ունենան բազմակողմանի զարգացում։ Անոնք պէտք է գիտակցին մեր առջեւ ցցուած մարտահրաւէրներուն։ Բայց նաեւ հայերէնի ուսուցիչը պէտք է ըստ արժանւոյն վարձատրուի։ Մենք վերջին 50 տարուան ընթացքին նիւթական արժէքը երկու միլիառ տոլարի հասնող դպրոցներ փակեցինք։
Կ՚աւարտեմ։ Մեր առջեւ գտնուող մարտահրաւէրները աննախընթաց են։ Նորովի մտածելու դատապարտուած ենք։ Նոյնիսկ կրնանք ըսել թէ նոր մշակոյթ մը պէտք է ստեղծենք, որպէսզի Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները կարողանանք բարձրացնել «ռազմավարական» մակարդակի։

-----------------------------------
(*) Խօսուած՝ եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարին (Պրիւքսէլ, 18-19 Հոկտեմբեր)
«Նոր Յառաջ», 18 Նոյեմբեր 2017
No comments:
Post a Comment