24.10.17

Միսաք Մեծարենցէն մասունք մը յանձնուեցաւ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գործող հայոց մշակոյթի սրբազան վայրերէն մին՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, համալրուեցաւ անգնահատելի գանձով մը: Թանգարանի ձեռագրային բազմահազար նուիրատուութիւններուն աւելցաւ Միսաք Մեծարենցին պատկանող ձեռագիր մը եւս:
Փարիզաբնակ ծանօթ մտաւորական Հրայր Հրաչեան թանգարանին նուիրաբերած է Միսաք Մեծարենցի հանրայայտ՝ «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական» աղօթք-բանաստեղծութեան ինքնագիրը: Հայ քերթողութեան այս գլուխ գործոցը Միսաք Մեծարենց գրած է կեանքին վերջին ամիսներուն՝ կոչելով զայն «Արդի մարդուն Հայր մերը»: Ծանօթ է նաեւ, որ Մեծարենց այս քերթուածը նուիրած է իր մեծանուն նախորդին՝ Պետրոս Դուրեանի եղբօրը՝ Եղիշէ արքեպիսկոպոս Դուրեանին: 
Մեծարենցի այս ձեռագիրը արեւմտահայ մեծանուն բանաստեղծէն միակ մասունքը չէ, որ տեղ գտած է Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Այստեղ, ի շարս հայ գրականութեան եւ արուեստի արեւելահայ եւ արեւմտահայ մեծերու նամակներուն, ձեռագիրներուն եւ իրերուն կողքին կը պահուին նաեւ Միսաք Մեծարենցի ձեռագիրները, իր նամակներէն, մեծ ակով մատանին, որ բանաստեղծին նուիրած է մայրը՝ Իսկուհի Մեծատուրեանը: Մատանիի քարին վրայ փորագրուած է հետեւեալ նախադասութիւնը՝ «Կատարեալ սէր մերժէ զերկիւղ»՝ Աստուածաշունչէն խօսք մը՝ առնուած «Երգ երգոց»էն: Մատանին մայրը երիտասարդ որդիին նուիրած է անոր հիւանդութեան ժամանակ: Մեծարենցի մօր մասին կը պատմուի, որ աստուածավախ կին մըն էր: Անոր աղօթքները լեցուն էին յոյսով, հաւատքով եւ ջերմ աղաչանքներով:
Երբ Միսաք մէկ տարեկան էր, շատ ծանր կը հիւանդանայ, եւ բժիշկները բուժուելու ոչ մէկ յոյս կու տան: Երբ հիւանդ երեխային անկողինին շուրջ հաւաքուած հարազատները կու լային, Տիկին Իսկուհին անոնց դիմելով կ՚ըսէ. «Տղա՛ք, ինչո՞ւ կը տխրիք եւ ինչո՞ւ կ՚արտասուէք: Աստուած տուաւ եւ Աստուած ալ կ՚առնէ, ան երկինքի հարսանիքին կ՚երթայ, դուք ալ՝ աշխարհի հարսանքին: Բայց ես յոյսս չեմ կտրած, եւ հաւատքս այնքան զօրաւոր է մանուկները սիրող Յիուսին, որ պիտի ապրեցնէ Միսաքս»: Ապա դառնալով զաւկին կ՚ըսէ. «Չէ՞, գառնո՛ւկս, չէ՞, Միսաք, պիտի ապրիս ու պիտի ապրեցնես, որպէսզի օր մը հաւատքի երգեր երգես բոլորիս»:
Այդ օրը ամբողջ գիւղը եկեղեցիներուն մէջ կ՚աղօթէ փոքրիկ Միսաքի ապաքինման համար: Միսաքը կ՚առողջանայ, կը մեծնայ եւ կը ստեղծագործէ: Դժբախտաբար ան երկար չ՚ապրիր եւ կը մահանայ քսաներկու տարեկանին, Անոր շուրթերուն վերջին բառը կը մնայ՝ «մա՜յր»ը:
Միսաք Մեծարենցի մատանիին եւ ձեռագիրներուն հետ նաեւ անոր յառաջդիմութեան թերթիկը, զոր բանաստեղծը ստացած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը յաճախած ժամանակամիջոցին, ընդգրկուած է Գրականութեան եւ արուեստի մշտական ցուցադրութեան մէջ:
Ահաւասիկ, «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական» աղօթք-բանաստեղծութեան ձեռագիրը կը համալրէ Միսաք Մեծարենցի արխիւային հիմնադրամը:
Արեւմտահայ բանաստեղծներու մասունքներով, իրերով, ձեռագիրներով հարուստ է Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի անունը կրող այս կեդրոնը կը գործէ շուրջ ինն տասնամեակէ ի վեր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մեծագոյն մշակութային օճախներէն մին է, որ կ՚ընդգրկէ 18-րդ դարէն մինչեւ նորագոյն ժամանակաշրջանի գրականութեան, թատերարուեստի, երաժշտարուեստի եւ շարժանկարային արուեստի գրեթէ բոլոր ակնառու գործիչներու արխիւները եւ այդ շրջանին գործած մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններուն վերաբերող հաւաքածոներ:
Հարուստ է մանաւանդ գրական ձեռագրային ենթաբաժինը կամ Ձեռագրատունը, ուր ներկայիս կը պահպանուի 362.536 նիւթ: Ամենահին նմոյշը Սայեաթ-Նովայի երգերու ինքնագիր տետրն է՝ Դաւթարը, ստեղծուած 1750-ականներուն: Արժէքաւոր կը նկատուի հայ նոր գրականութեան հիմնադիր, մեծ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանի արխիւը: Այստեղ, բացի «Վէրք Հայաստանի» անմահ վէպի եւ այլ գործերու սեւագիր ու մաքրագիր օրինակներէն նշանակալից են նաեւ գրողին ստացած նամակները, որոնք ան ստացած է հայ, օտարազգի անուանի գործիչներէն: Քանակով ու որակով հարուստ են նաեւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի, Թորոս Ազատեանի, Շիրվանզադէի, Գրիգոր Զօհրապի, Միսաք Մեծարենցի, Յովհաննէս Թումանեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ կարգ մը այլ գրողներու հաւաքածոները:
Յոյժ տպաւորիչ են մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ձեռագիրները, յատկապէս այն գործերը, որոնք երկար տարիներ թաղուած մնացած են հողին տակ եւ հանուելէն ետք մասամբ վերականգուած են. մինչդեռ անոնց մէկ մասը կը պահպանուի փշրուած վիճակի մէջ, որպէս գերեզման չունեցող բանաստեղծի աճիւնասափորի փոշի…
Հայ-ֆրանսական գրական ու մշակութային առընչութիւններու անսպառ գանձարան մըն է մանաւանդ Արշակ Չօպանեանի ֆոնտը, ուր բազմաթիւ այլ նիւթերու կողքին է նաեւ անոր գրած ու ստացած հարիւրաւոր հայերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով նամակները:
Թանգարանի ձեռագրատունը ժամանակագրական առումով կարելի է նկատել Մաշտոցեան Մատենադարանի շարունակութիւնը:
Գրական ֆոնտերու միւս ենթաբաժինին մէջ ընդգրկուած են գրական եւ յուշ առարկաները՝ թիւով 113.915 առարկայ՝ կերպարուեստի գործեր, անձնական իրեր, լուսանկարներ, լուսանկարներու ժապաւէններ, դրոշմաթուղթեր, տպագիր յուշեր եւ այլն:
Բացառիկ ու ինքնատիպ գեղանկարչական աշխատանք է 1830-ին Տորպատի մէջ գերմանացի նկարիչ Ֆրիտրիխ Լիւտվիկ ֆոն Մայթէլի ստեղծած Խաչատուր Աբովեանի դիմանկարը, որ մեծ գրողէն մեզի հասած միակ վաւերական դիմապատկերն է: Յիշարժան է նաեւ հայ հանճարեղ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի՝ 1923-ին վրձնած Եղիշէ Չարենցի դիմանկարը, որ մեծ բանաստեղծին կերպարը յաւերժացնող գլուխ գործոց մըն է եւ դարձած՝ այս թանգարանի այսօրուան իւրատեսակ խորհրդանիշը:
Ժամանակի գրական կեանքն ու գրողները ներկայացնող մեծարժէք գործեր են նաեւ հայ դասական արուեստագէտներ Գ. Բաշինջաղեանի, Փ. Թերլեմեզեանի, Ե. Թադէոսեանի, Վ. Սուրէնեանցի, Յ. Կիւրճեանի, Հ. Ռուխկեանի, Ե. Քոչարի, սփիւռքահայ նկարիչներ Ա. Սարուխանի, Դեւի, լուսանկարիչներ Ս. Խանդիկեանի, Պ. Գալինեանի եւ բազում այլ արուեստագէտներու աշխատանքները, որոնք կը զարդարեն Թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնն ու ժամանակաւոր ցուցահանդէսները:
Անձնական եւ ընտանեկան լուսանկարներով հարուստ են Միսաք Մեծարենցի, Ինտրայի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ շատ ուրիշներու ֆոնտերը: Ենթաբաժինը հարուստ է նաեւ գրողներու անձնական կահոյքով ու իրերով: Այս առումով հարուստ է հայ խոշորագոյն թատերագիր Գաբրիէլ Սունդուկեանի ֆոնտը, ուր եղած նիւթերով կարելի է սարքաւորել ամբողջ յուշ-թանգարան մը: Յատկանշական է, որ արեւմտահայ վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի՝ թանգարան բերուած գանգի բեկորներուն հիման վրայ, նշանաւոր գանգաբան Ա. Ճաղարեանը վերականգնած է անոր վաւերական նկատուած դիմաքանդակը:
Անհատական ֆոնտերու կազմին մէջ թանգարան մուտք գործած են նաեւ եղեռամահ գրողներու Գրիգոր Զօհրապի, Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի որոշ անձնական իրերը, որոնք այսօր կը դիտուին իբրեւ նահատակ գրողներու սրբազան նշխարներ: Անոնց մէջ է Ռուբէն Սեւակի գլխարկը:
Այս թանգարանին մէջ հանգրուանած են նաեւ հայ թատերական արուեստի գործիչներուն վերաբերող 451 ֆոնտեր ու հաւաքածոներ՝ 250.293 նիւթերու ընդգրկմամբ: Հնագոյն ֆոնտերէն է դերասան, թատերագիր, բեմադրիչ, արեւելահայ թատրոնի հիմնադիրներէն Գէորգ Չմշկեանի ֆոնտը: Այստեղ են նաեւ հայ բեմի միւս խոշոր վարպետներ Պետրոս Ադամեանի, Սիրանոյշի, Յովհաննէս Աբէլեանի, Անահիտ Ոսկանեանի, Վաղարշ Վաղարշեանի, Վահրամ Փափազեանի, անուանի բեմադրիչներ Արմէն Գուլակեանի, Արշակ Բուրջալեանի, Լեւոն Քալանթարի եւ այլոց ֆոնտերը… Թատերական ֆոնտին մէջ կարելի է տեսնել նաեւ զանազան ժամանակներու ու զանազան վայրերու մէջ ելոյթ ունեցած հայ թատերախումբերու ու թատրոններու, ինչպէս նաեւ զանազան մշակութային հիմնարկներու ֆոնտեր, ձեռագիր թատրերգութիւններ, թատերական յուշերու ու մատենագիտական նիւթերու հաւաքածոներ, դերասաններու բեմական զգեստներ ու իրեր: Թանկարժէք մասունքներ են մանաւանդ Պետրոս Ադամեանի մարմնաւորած Համլէթի, Ուրիէլ Ակոստայի, Օթելլոյի զգեստները: Պետրոս Ադամեանի ֆոնտին մէջ կը պահպանուին նաեւ անոր ստեղծած մեծարժէք գեղանկարներն ու գծանկարները, ինչպէս նաեւ անոր պատկանած կարգ մը խոշոր հեղինակներու նկարչական գործեր, որոնք իրենց վերջին ցուցադրութիւնը գտած են հոս:
Ուշագրաւ բեմական իրեր, զարդեր ու կերպարուեստի գործեր կան նաեւ այլ դերասան-դերասանուհիներու ֆոնտերուն մէջ, ուր կարելի է տեսնել նաեւ դիմաքանդակներ, մահադիմակներ, հազարաւոր լուսանկարներ, հայ թատրոնի հնագոյն շրջանին առընչուող պրոնզէ դարու արձանիկներ…
Այս նիւթերուն հիման վրայ արուեստաբաններ, տեսաբաններ եւ քննադատներ լուսաբանած են մանաւանդ 19-20-րդ դարերու հայ թատրոնի անցած ուղին, անոր հարուստ միջազգային առընչութիւնները եւ հրատարակած են գիրքեր…
Գրականութեան եւ թատերարուեստի կողքին մեծ շուքով թանգարանին մէջ կը պահուին նաեւ երաժշական արուեստին առընչուող հարիւրաւոր ֆոնտեր:
Ամենատարեցը՝ հայկական օփերային արուեստի հիմնադիր Տիգրան Չուխաճեանի ֆոնտն է, ուր առկայ են երգահանի հիմնական գործերուն ձեռագիր նոթաները:
Մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ 19-20-րդ դարերու մեծագոյն երգահաններ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի, Մակար Եկմալեանի, Կոմիտասի, Ն. Գալէնտէրեանի, Արմէն Տիգրանեանի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Ռոմանոս Մելիքեանի եւ այլոց ֆոնտերը: Ասոնց մէջ իր ծաւալով եւ արժէքով կ՚առանձնանայ հայ երաժշտարուեստի հանճարին՝ Կոմիտասի ժառանգութիւնը, ուր կան հայկական եւ եւրոպական նոթագրութեամբ ինքնագիրներ, հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու գրառումներ, ուսումնասիրութիւններ, ձեռնարկներ, բանաստեղծութիւններ, գրուած եւ ստացուած նամակներ, փաստաթուղթեր, վկայականներ, լուսանկարներ, երաժշտական գործիքներ… Կոմիտասին վերաբերող բազմաթիւ նիւթեր կան նաեւ այլ ֆոնտերու մէջ, մանաւանդ անոր մտերիմ բարեկամուհի, երգչուհի, երաժշտական գործիչ Մարգարիտ Բաբայեանի ֆոնտին մէջ: Բացի բազում այլ գործիչներու անհատական ֆոնտերուն մէջ գտնուող ինքնագիրներէն, առկայ են նաեւ լուսանկարներ, նուագարաններ ու կերպարուեստի գործեր, որոնք կը համալրուին համապատասխան հաւաքածոներու մէջ: Պահպանուող նուագարաններէն արժանայիշատակ են մանաւանդ Սայեաթ-Նովային վերագրուող քամանչան, Ջիվանիի ջութակը, Շերամի թառը, Կոմիտասի դաշնամուրը, ֆիլհարմոնն ու զանազան բնոյթի սրինգները…
Համեմատաբար աւելի փոքր է շարժանկարային արուեստին վերաբերող բածինը, ծաւալով՝ 80 ֆոնտ եւ հաւաքածոյ՝ 66 հազար նիւթերու ընդգրկմամբ: Այստեղ կը պահուին եզակի սարքաւորումներ, որոնցմով նկարահանուած են առաջին հայկական շարժանկարները:
Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ ստեղծուած է նաեւ հարուստ գրադարան մը, ուր կը պահուին թանգարան մուտք գործած գիրքերն ու պարբերական մամուլը: Գրադարանին մէջ կը պահպանուին մօտ 20 հազար ֆոնտային գիրքեր, հին ու նոր պարբերական մամուլի հազարաւոր նմոյշներ:
Չափազանց հարուստ են մանաւանդ Պոլսոյ մէջ գործած հայագէտ, խմբագիր Թորոս Ազատեանի եւ հայ գրող, հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեանի գրքային ֆոնտերը, որոնք կ՚ընդգրկեն թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ օտար լեզուներով հազարաւոր գիրքեր ու մամուլ, որոնց մեջ կան նաեւ եզակի նմոյշներ: Թորոս Ազատեանի ֆոնտին միջոցաւ է, որ մեր օրերուն հասած են Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած եւ անոր խմբագրած թերթերէն հաւաքածոներ:
Վերջին տարիներուն Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ կը գործէ տեսաձայնադարան մը, ուր կը պահուին ֆոնտերուն մէջ առկայ բոլոր ձայնային ու տեսային նիւթերը՝ հազարէ աւելի ձայներիզներ, ձայնասկաւառակներ, շարժանկարային ժապաւէններ, տեսաժապաւէններ, սկաւառակներ: Արդի սարքաւորումներու ընձեռած միջոցներով, պահպանուող բնօրինակները վերամշակուած ու վերաձայնագրուած են, եւ կը թուայնացուին, որպէսզի մասնագէտները դիւրութեամբ կարենան անոնցմէ օգտուիլ:
Արժէքաւոր են մանաւանդ Կոմիտասի եւ Արմենակ Շահմուրատեանի կատարումներով ձայնասկաւառակները, նշանաւոր դերասաններ Վահրամ Փափազեանի, Իսահակ Ալիխանեանի, Հրաչեայ Ներսիսեանի, Օլկա Գուլազեանի, Գարեգին Գաբրիէլեանի, Յասմիկի, Արմէն Արմէնեանի, Անահիտ Ոսկանեանի, Սուրէն Քոչարեանի եւ շատ ուրիշներու դերակատարումներուն եւ ասմունքային համարներուն ձայնագրութիւնները: Ժապաւէններու վրայ ամրագրուած են նաեւ որոշ խորհրդահայ ու սփիւռքահայ գրողներու ելոյթներ ու հարցազրոյցներ:
1921 թուականէն սկիզբ առնող այս թանգարանի պատմութիւնը իր մէջ կ՚ամփոփէ հայոց գրականութեան, թատրոնի եւ միւս արուեստներու եւ անոնց նուիրեալ գործիչներուն փառաւոր պատմութիւնը:

No comments:

Post a Comment