16.10.17

Սփիւռքակեդրոն դաստիարակութիւն ու կրթական մօտեցումներու անհրաժեշտութիւն


ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի այս խօսքը իբրեւ դասախօսութիւն ներկայացուած է Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին (Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2017)։ Հրատարակութեան յանձնուած է մանր սրբագրութիւններէ ետք։

Այս զեկոյցը Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու նիւթին շուրջ այնպիսի մօտեցում մը պիտի ներկայացնէ, որ սոյն համաժողովին ոճէն կամ սպասուածէն կը տարբերի: Խօսքերս սահմանափակուած պիտի մնան կրթական ծիրէն ներս՝ առանց քաղաքական որեւէ հարցի անդրադառնալու: Զեկոյցիս առանցքը արեւմտահայերէնի զարգացման ու պահպանման մարտահրաւէրներն են սփիւռքեան իրականութենէն ներս:
Հիմնական դրոյթս հետեւեալն է. եթէ իսկապէս կ՚ուզենք արեւմտահայերէնը պահել, ամրապնդել եւ զարգացնել, պէտք է սփիւռքակեդրոն ըլլանք, սփիւռքակեդրոն մօտեցումներ ու ծրագիրներ մշակենք:
Աւելցնեմ, որ խօսքս աւելի շատ ուղղուած է Սփիւռքի ղեկավարութեան, մտաւորականներուն եւ լեզուով ու մշակոյթով զբաղուող անձերուն:
Արեւմտահայերէնի հիմնական հարցը ի՞նչ է: Ուղղագրութի՞ւն, քերականական կանոննե՞ր, մերձեցո՞ւմ: Ըստ իս, ասոնք կարեւոր են, բայց այս հանգրուանին մեր հիմնական հարցերը չեն: Եթէ UNESCO-ի վերլուծումը լաւ կարդանք, պիտի տեսնենք որ հիմնական հարցը լեզուն յաջորդ սերունդին փոխանցելու մարտահրաւէրն է: Հո՛ս է, որ լեզուին ամէնէ լուրջ նահանջը կը տեսնենք: Ուրեմն՝ հո՛ս է որ շեշտը պէտք է դնենք ու մեր ներդրումները կատարենք:
Տեղեակ եմ, որ մեր գաղութները փոխուած են։ Կեթթոներու մէջ չենք ապրիր եւ ազգային ինքնութիւն պահպանելու ընթացքները կը տարբերին անցեալէն: Այս ընդհանուր խնդիրներուն մասին պիտի չխօսիմ ժամանակի սղութեան պատճառով:Արեւմտահայերէնի նահանջին համար միջազգային իրողութիւններն ու ընկերային հոսանքներն այպանող շատ մելան կը հոսի, թէպէտեւ այս հարցերուն մասին լուրջ ուսունասիրութիւններ չկան առայժմ։ Սակայն, շատ քիչ կը խօսուի Սփիւռքի ղեկավարութեան դերին մասին:
Լեզուն պահելը, առաջին հերթին, բարոյական որոշում մըն է: Կ'ուզե՞նք, որ արեւմտահայերէնը գոյատեւէ թէ՞ ոչ: Ինքնախաբէութեամբ չզբաղինք՝ միասնաբար «անշո՜ւշտ» բացականչելով։ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ արդէն գոյութիւն ունի այն մտածելակերպը, թէ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ լեզուն պահելն անիմաստ է թէ ասկէ ետք մեր ինքնութիւնն ուրիշ հիմքերու վրայ պէտք է կերտենք։ Ես բացարձակապէս կը մերժեմ այս մօտեցումը ու անոր ենթադրած պարտուողականութիւնը: Թէպէտեւ միաժամանակ աւելցնեմ, որ երբեք  չեմ ըսած, թէ ազգային ինքնութիւնը միայն լեզուի վրայ խարսխուած է կամ թէ միայն լեզուով կ՚արտայայտուի։
Ուրեմն՝ խօսքս անոնց ուղղուած է, որ կը հաւատան թէ լաւ կ՚ըլլայ եթէ արեւմտահայերէնը գոյատեւէ եւ զարգանայ:
Մենք՝ Սփիւռքի կրթական ու մշակութային ծիրէն ներս գործունեայ անհատներ ու կառոյցներ, պէտք է քիչ մը ինքնաքննադատութեամբ զբաղինք։ Ու՞ր է որ ձախողած ենք ու կը շարունակենք ձախողիլ։ Սովորաբար լեզուի եւ դպրոցներուն անկումը կը վերլուծենք առանց հայելիին նայելու ու մեր թերութիւնները նշմարելու։Կ՚այպանենք համաշխարհայնացումը (globalisation), ծնողներ, մեր ապրած երկիրներուն կրթական օրէնքները եւ նոյնիսկ՝ երեխաները, բայց երբեք չե՜նք հարցներ թէ մենք՝ կրթական ծրագիրներու պատասխանատուներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, ի՞նչ սխալ ըրինք:
Չորս կէտեր մատնանշեմ: Առաջինը քննարկում մըն է հայեցի դաստիարակութեան գաղափարին, որուն ընդմէջէն հայերէնն ու հայեցին նոյնացուցած ենք մեր դպրոցներուն եւ մեր մտածելակերպին մէջ: Կը կարծեմ, որ այս միաձուլումը իր բացասական դերը սկսած է ունենալ: Լեզուն «կեթթոյացուցած» ենք եւ կեթթոյին անունը դրած ենք «հայեցի դաստիարակութիւն»: Այսինքն՝ հայերէնով հայոց պատմութիւն, գրականութիւն, լեզու ու կրօնք կը սորվեցնենք առանց աշխարհի հետ հայերէնով առնչուելու։
Այս պատճառով, առանց անդրադառնալու կ՚ամրապնդենք այն գաղափարը թէ անգլերէնը, սպաներէնը կամ ֆրանսերէնը, օրինակ, աշխարհի հետ կապուելու լեզուներ են, բայց ո՛չ՝ հայերէնը։ Այս երեւոյթը իրապէս վտանգ մըն է մեր լեզուի կենսունակութեան, որովհետեւ այն լեզուն կը նուաստացնէ ու զանիկա մէկ նիւթի՝ «հայկականութեան» լեզու կը դարձնէ, եւ այդպիսով, տարիներու ընթացքին, լեզուն կը սկսի իր այժմէականութիւնը կորսնցնել՝ դառնալով գեղեցիկ բայց սառած յուշապատկեր մը, «ծրար» մը՝ մեծ հօր ու մեծ մօր լեզուն եւ ո՛չ թէ մեր հասակակակից բարեկամներու հետ յարաբերելու լեզուն կամ նորարարութիւններու լեզուն:
Երկրորդ՝ լեզուն վերածեցինք պարտադրանքի, բեռի, գաղափարախօսութեան եւ նոյնիսկ՝ սրբութեան, երբ ան պզտիկին ու պատանիին համար պէտք է ըլլայ հաճոյքի, խաղի ու աշխարհին բացուելու լեզու: Եթէ 21-րդ դարու սկիզբը կ՚ուզենք արեւմտահայերէնը ամրապնդել ու զարգացնել, ուրեմն լեզուն պէտք է անպայման դուրս գայ պարտադրանքի կամ պարտականութեան ծիրէն ու դառնայ գրաւիչ երիտասարդ սերունդին համար: Այո՛, ասիկա կարելի է իրականացնել:
Երրորդ՝ շարունակելով վերի գաղափարը, մանկավարժական մեր մօտեցումները չկրցանք թարմացնել՝ քայլ պահելով արդի կրթական մօտեցումներու հետ: Շարունակեցինք հայերէնը սորվեցնել որպէս «մայրենի» նոյնիսկ երբ շատ տեղեր ան արդէն վերածուած էր երկրորդ լեզուի՝ պահանջելով մեթոտաբանութեան փոփոխութիւն, մասնաւորապէս՝ արեւմտեան Սփիւռքի մէջ: Կը խօսինք նահանջի մասին, կը տեսնենք դրական արդիւնքի պակասը, բայց տակաւին դասական մօտեցումներուն կառչած կը մնանք՝ պարտադրելով, որ պզտիկն ու պատանին լեզուն սորվին տափակ մթնոլորտի մը մէջ՝ փոխանակ զանիկա հաճելի պայմաններու տակ «իւրացնելու»:
Չորրորդ՝ սկսանք հաւատալ որ մեր հարցերուն լուծումը ուրիշ տեղէ, այսինքն՝ Երեւանէն պիտի գայ: (Վստահ եմ, որ այս կէտն է որ ամենէն շատ ընդվզումի պիտի առաջնորդէ այս սրահին մէջ): Հոս է, որ «սփիւռքակեդրոն»-ի գաղափարը աւելի պիտի ընդլայնեմ:
Յետեղեռնեան Սփիւռքի ղեկավարները, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մէջ, այսօրուան մեր գաղութները կերտեցին: Անոնք ո՛չ միայն հայախօսութեան կը հաւատային, այլ զանիկա իրագործեցին, իրենց ջանքերով ու իրենց գաղութներու հնարաւորութիւններով:Անոնք հիմնուեցան 19րդ դարու Զարթօնքէն բխած եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տարածուած հայկական դպրոցներու փորձառութեան ու մանկավարժական գիտելիքներու հարուստ աւանդութեան վրայ։ Ուզեցին եւ կրցան շարունակել կրթական ու լեզուական իրենց աշխատանքները՝ ապաւինելով իրենց անցեալի փորձին եւ իրենց ժամանակակից կրթական նորարարութիւններուն:

Ներկայիս, կարծէք սկսած ենք մեր հարցերուն պատասխանը փնտռել այլուր՝ երկրի մը մէջ, ուր արեւմտահայերէնը այդքան ալ կեդրոնական հարց մը չէ։ Այո՛, արեւմտահայերէնի հանդէպ որոշ հետաքրքրութիւն մը կայ այնտեղ, բայց մենք մեզ չխաբենք. փաստերը չկան թէ այդ հետաքրքրութիւնը շօշափելի արդիւնքի պիտի առաջնորդէ։

Թող սխալ չհասկցուիմ, որ հայրենիքը որեւէ դեր չունի արեւմտահայերէնի պահպանումին մէջ: Մասնագիտական ծիրէն ներս Հայաստանի համալսարանները եւ մասնագէտները որոշ դերակատարութիւն կրնան ունենալ՝ հետազօտական աշխատանքներու մէջ, բայց ո՛չ՝ մանկավարժական ծիրէն ներս, ուր մեր ներկայի կարեւորագոյն պէտքերն են:
Կը խորհիմ, որ Սփիւռքի ղեկավարներն ու մտաւորականները իրենց պատասխանատուութիւնն ուրացած եւ անկէ խուսափած կ՚ըլլան, երբ կ՚ըսեն թէ նախաձեռնութիւնները, լուծումները եւ նոյնիսկ մարդուժը Հայաստանէն պէտք է գան: (Չմոռնանք, որ մեր ներկայ ազգային ինքնութիւնը, ներառեալ` մեր երկու աշխարհաբարները, կերտուած են սփիւռքեան կեդրոններու մէջ)։
Ուստի, արեւմտահայերէնի պարագային Սփիւռքն է, որ առաջնահերթ դեր ունի իր լեզուն պահելու ու զարգացնելու համար: Հայաստանը թող օգնէ կարգ մը ծրագիրներով, բայց արեւմտահայերէնի բանալին կը մնայ արեւմտահայերու ձեռքը, եթէ անշուշտ կ՚ուզենք, որ ան գոյատեւէ որպէս իւրայատուկ լեզուական ճիւղ:

Մանկավարժական եւ մեթոտաբանական գետնի վրայ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ մօտեցումներու շատ մեծ տարբերութիւններ կան։ Հայաստանի մանկավարժական մօտեցումը չի յարմարիր յատկապէ՛ս արեւմտեան Սփիւռքին, ո՛չ ալ՝ հոգեբանութիւնը: Արեւմտեան Սփիւռքը յաջողած է լեզուն փոխանցել սերունդէ սերունդ միա՛յն երբ հիմնուած է ի՛ր տեղական մանկավարժական մօտեցումներուն վրայ եւ իր զաւակներուն կրթութեան համար օգտագործած՝ ի՛ր միջոցները։
Կը մնայ հարցնել՝ արդեօք Սփիւռքի ղեկավարները, մանաւանդ կրթական ծիրէն ներս, պատրա՞ստ են այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
Ահաւասիկ ա՛յս է սփիւռքակեդրոն ըլլալու գաղափարը։ Հարկաւ, խօսքն այստեղ դասական Սփիւռքի մասին է։ Նոր Սփիւռքը, որ կազմուեցաւ անկախութենէն ետք,  ուրիշ մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու առջեւ կը գտնուի։ Այդ պարագային, կարեւոր դեր մը վերապահուած է Հայաստանի ղեկավարութեան՝ արեւելահայերէնի ամրապնդումին ու զարգացումին մէջ։
Վերջացնեմ զեկոյցս գործնական օրինակներով: Դիւրին է խօսիլ, վերլուծել, քննադատել: Դժուար է վերլուծումը ծրագրի վերածել եւ այդ ծրագիրը իրականացնել: Այդ կապակցութեամբ խօսիմ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աշխատանքներուն մասին:
Երկու ամառէ ի վեր քառասունի շուրջ մասնագէտներ, ուսուցիչներ եւ արեւմտահայերէնով արտադրող մշակութային գործիչներ կը համախմբենք մէկ շաբաթ տեւող սեմինար-ճամբարի մը, որուն ընթացքին անոնց առիթը կ՚ունենան ստեղծելու արեւմտեան Սփիւռքին յատուկ մանկավարժական գործիքներ՝ խաղեր, երգեր ու լեզուական ծրագիրներ: Տարուան ընթացքին կը հետեւինք անոնց աշխատանքներուն եւ 2018ին պիտի սկսինք այս բոլորը հանրութեան տրամադրել՝ մասնայատուկ կայքէջի մը միջոցաւ: Ուսուցիչներ, ծնողներ եւ արտադասարանային հայերէն սորվեցնողներ պիտի կարողանան ձրիաբար օգտագործել այս բոլոր «միջոցները» կամ «գործիքները»:
Զուգահեռ այս ծրագրին, 2017ի ամրան, հարաւային Ֆրանսայի մէջ կազմակերպեցինք «Զարմանազան» անունով արեւմտահայերէնի ճամբար մը՝ 10էն 15 տարեկան պատանիներուն համար: Շուրջ քառասունի երեխաներ ու պատանիներ՝ այլազան երկիրներէ, արւմտահայերէնով տարբեր ձեռնարկներու մասնակցեցան։ Այս խումբին մէջ կային բնաւ հայերէն չխօսող, ինչպէս նաեւ քիչ կամ սահուն հայերէն խօսողներ։ Հասարակաց լեզուն արեւմտահայերէնն էր։ Պէտք է տեսնէիք, թէ այս չորս շաբթուան ընթացքին ինչպէ՛ս բարելաւուեցաւ անոնց հայերէն լեզուի իմացութիւնը։ Անոնք սկսան արեւմտահայերէնով բարդ գաղափարներ արտայայտել, ե՛ւ լեզուն սիրել, ուզելով գործածել։ Անոնք տխրութեամբ մեկնեցան ճամբարէ մը, որ հայերէնի նուիրուած եր: Երբ վերադարձան տուն, շարունակեցին խանդավառութիւնը եւ փոխադարձ կապերը պահեցին։

Ո՛չ մէկը անոնց հայկականութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն քարոզեց։ Ո՛չ մէկը անոնց լեզու պարտադրեց, ո՛չ ալ անընդհատ սրբագրեց անոնց սխալները: Բայց անոնք ինքնաբերաբար սորվեցան, որովհետեւ սիրեցին մթնոլորտը եւ առիթը ունեցան իրենց այժմէական մշակոյթը ստեղծելու. լեզուական կամ մշակութային «ծրար» մը չստացան որպէս բեռ կամ պարտականութիւն:
«Զարմանազան» ճամբարը կը բաղկանար երկու մասէ. մէկը վերը յիշուած պատանեկան բաժինն էր, միւսը վերաորակաւորման խտացուած դասընթացք մըն էր հայկական դպրոցներու 15 ուսուցիչներու՝ Փարիզի INALCO համալսարանի հետ գործակցաբար։ Ուսուցիչները պատրաստուեցան երեխաներուն հետ առնչուելով, անոնց պէտքերն ու կարողութիւնները դիտելով։ Ուրիշ նորութիւն մը. ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մէկ մասն էր նաեւ ուրիշ լեզու մը սորվիլ. այսինքն՝ նիւթը դիտել ո՛չ թէ միայն սորվեցնողի տեսանկիւնէն, այլ նաեւ՝ սորվողի։ 
Այս մանրամասնութիւնները կը յիշեմ միայն մանկավարժական փոփոխութիւններու եւ նորարարութիւններու օրինակներ ցոյց տալու համար:
Աւելի մեծահասակներուն համար (16էն 24 տարեկան), դարձեալ մէկ շաբաթ երկարող ճամբար մը կազմակերպեցինք, նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ, «Վիքիմետիա Հայաստան»-ի հետ գործակցելով Վիքիփետիայի (կամ Ուիքիփետիայի) յօդուածներ գրելու համար: Միա՛յն յօդուածներու թիւը չէր կարեւորը, այլ նաեւ՝ գրելու եւ կարդալու սէր ու խանդավառութիւն ստեղծելը: Ճամբարին մասնակցողները հայերէնով կարդացին արդի գրականութիւն ու ստեղծագործական եւ խմբային աշխատանքներու մէջ մխրճուեցան:
Ամէնքս գիտենք ելեկտրոնային գործիքներու կարեւորութիւնն ու կը խօսինք անոր մասին: Արեւմտահայերէնի ուղղագրութիւնվ սրբագրելու ծրագիրը յառաջիկայ տարի պատրաստ պիտի ըլլայ այլազան խելախօսներու (smartphone) եւ համակարգիչի ծրագիրներու համար: Կը հաւատանք, որ ասիկա թափ պիտի տայ աւելի հայատառ գրելու:
Հայկազեան Համալսարանին հետ, 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին, Լիբանանի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն համար մասնայատուկ վերաորակաւորման ծրագիր մը կ՚իրականացնենք։ 
Եզրափակեմ։ Չյուսահատինք՝ ըսելով, որ արեւմտահայերէնը կը մաշի։ Այո՛, անիկա վտանգուած է, բայց անոր վտանգէն դուրս գալու բանալին մեր ձեռքն է։ Մարդո՛ւժ, մարդո՛ւժ եւ մարդո՛ւժ պէտք է պատրաստել՝ Սփիւռքի մէջ, Սփիւռքի յատուկ եւ Սփիւռքի համար: Մարտահրաւէրը մեծ է, բայց յաղթահարելի: Անշուշտ՝ նիւթական ներդրում կը պահանջէ, բայց անկէ աւելի կարեւոր՝ տեսլական մը կը պահանջէ, որ պետականութեամբ տարուած չէ եւ կը հաւատայ ինքն իրեն:
Եթէ արեւմտահայերէնը պիտի ամրապնդենք ու զարգացնենք – վստահ եմ, որ նշմարեցիք թէ միա՛յն պահպանումի մասին չեմ խօսիր – սփիւռքակեդրոն շարժումի մը պէտք ունինք, որ կը հաւատայ այս տեսլականին, կը հաւատայ իր լեզուին, եւ պատրաստ է վերլուծումէն անցնելու գործի եւ միջոցներ որոնելու։

19րդ դարու սկիզբը, խումբ մը «գրոց բրոց» մտաւորականներ ու վարդապետներ, Պոլիս, Թիֆլիս ու Վենետիկ նստած, մեր երկու աշխարհաբարները ստեղծեցին ու տարածեցին. հայերէնը վերականգնեցին որպէս ամէնօրեայ լեզու առանց պետութեան մը ներդրումին, առանց կեդրոնական եւ կեդրոնացնող մարմիններու: 21րդ դարու սկիզբը, օժտուած համացանցային բոլոր դիւրութիւններով, աշխարհասփիւռ հայերս պիտի չկարենա՞նք արեւմտահայերէնը զարգացնել եթէ ջանք թափենք ու մենք մեր ուժերուն ապաւինինք:
Ափսո՛ս եթէ չփորձենք:

gulbenkian.pt/armeniancommunities

No comments:

Post a Comment