ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Բաւական մը ազատ ժամանակ ունէի վերջերս. ուզեցի զայն արժեւորել ազգային,
հայանպաստ, օգտաբեր աշխատանքով մը։ Արդէն եթէ աշխատանք մը հայանպաստ կամ
ազգային չէ, ուրեմն խիստ կասկածի տակ կ՚իյնայ անոր օգտաբեր
ըլլալու հանգամանքը, սակայն ասիկա ուրիշ նիւթ մըն է հարկաւ։
Ինչեւէ… Ի՞նչ ըրի։ Մէկիկ-մէկիկ հաշուեցի բոլոր այն անձերը, որոնք
շքանշան ստացած են հայապահպանութեան գործին ներդրած իրենց աւանդին
համար։ Արդիւնքները անհաւատալի՜ էին… Ուրեմն, կրնա՞ք երեւակայել,
հայապահպանութեան գործին ներդրած իրենց աւանդին համար
շքանշանատրուած անձերուն քանակը կը գերազանցէ այն հայերուն
քանակը, որոնք կարիք ունին պահպանութեան։ Այո՛, ուղղակի
ապշեցուցիչ է…
Տեսակ-տեսակ գործեր
կ՚ընեն անոնք, որո՞ւ ըսես չհանդիպեցայ հայապահպաններու ցուցակին
վրայ. կաթողիկոսներէն բռնէ մինչեւ անվարտի խմբագիրները, հսկայ
որովայնով ու հաստավիզ գործարարներէն մինչեւ խեղճ գրողներն ու
բանաստեղծները, նախորդ ամսուան ամսականը չստացած ուսուցիչներ,
որոնք շատ անգամ իրենք կարիք ունին հայապահպանութեան, նոյնիսկ
հայապաշտպանութեան… Պարոնեանի մեծապատիւ մուրացկանները
շքանշանակիր դարձած էին այլեւս, կարծես…
Զարմանալի կէտ մը
նշմարեցի. հայապահպանիչ այս անձնաւորութիւնները, գրեթէ բոլորն ալ,
միշտ սփիւռքահայ են, իսկ շքանշանատրողը՝ Հայաստանը։ Հայաստանի
նախագահէն ու կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ յետին գիւղին գիւղապետն
ու տէրտէրը հայապահպանութեան շքանշան կը պարգեւէ սփիւռքի
մեծապատի՜ւ… հայապահպաններուն։ Հարկաւ, հայապահպանիչները
այնպիսի գործեր կ՚ընեն որ անկարելի է որ աննկատելի մնայ նոյնիսկ
հայաստանցի գիւղապետի մը սուր տեսողութենէն։ Սփիւռքահայ
կաթողիկոսները լիառատ կ՚օրհնե՜ն, բանիբուն ու քաջ կը քարոզե՜ն,
խմբագիրները իրենց սուղ սիւնակները կը տրամադրեն պատմական
հանապազօրեայ իրադարձութիւններուն, գրողներն ու բանաստեղծները
հայոց լեզուն կը պանծացնեն իրենց իւրաքանչիւր տողով, իսկ
ուսուցիչները Պէրպէրեան ու Հինդլիեան էֆենտիներէն ժառանգած իրենց
մանկավարժական մեթոտներով հայ մանկտւոյն հայաշունչ ու հայադրոշմ
կրթութիւն կը ջամբեն։ Կարիք կա՞յ պատմելու ըրածները հայապահպանիչ
բարերարներուն, որոնք իրենց քսակները լա՜յն կը բանան, չեն գոհանար,
իրենց քսակներուն հետ իրենց ուղեղներն ալ լա՜յն կը բանան ու իրենց
դրամներն ու գաղափարները առատօրէն կը ծառայեցնեն
հայապահպանութեան սուրբ, սրբազնասո՛ւրբ գործին։
Եւ հայերը կը
պահպանուին… Դուն քեզ պահպանուած կը զգա՞ս, ո՜վ ընթերցող։ Ես
իրիկունները, երբ գլուխս բարձին վրայ հանգչեցնեմ, հայապահպանուած
ըլլալու երանելի ժպիտով մը հրաժեշտ կու տամ անցած օրուան եւ, վստահ
եղէք, յաջորդ առտու նոյն այդ ժպիտով կ՚արթննամ։ Հայապահպանուած
ըլլալու զգացումը կատակ չէ… Հետեւաբար հայապահպանիչ ըլլալէն
շատ աւելի առաքինի վիճակ մըն է։ Չէ՞ որ մենք ալ մեր այս քաղաքին մէջ
ունինք անոնցմէ մէկ քանին։ Երանի՜ մեզի…
Հայաստանի հայերը
զրկուած են դժբախտաբար հայապահպաններ ունենալու առաքինի այս
վիճակէն, իրենք չեն գիտեր, թէ ինչ ըսել է հայապահպանութիւն։
Իրապէ՛ս, մե՜ղք են… Սակայն ատոր ալ ճարը կայ։ Զիրենք ղեկավարող
նախագահն ու կաթողիկոսը կամ նախարարն ու գիւղապետը այնպէս մը կ՚ընեն
որ քաղաքացիները արտագաղթեն, երթան այլ երկիրներ, որպէսզի
պահպանուի հայապահպաններու ու պահպանութեան կարիք ունեցող
հայորդիներու համեմատութիւնը։ Այլապէս կը մոռցուին ու պատմութեան
գիրկը կ՚անցնին շքանշանատրումի արարողութիւնները, առողջ
սերնդափոխութիւն մը չի կայանար հայապահպանիչներու դասակարգի
շարքերէն ներս։ Չէք գիտեր անշուշտ թէ ասիկա, այսինքն՝ առողջ
սերնդափոխութեան մը բացակայութիւնը, ի՜նչ մեծ փորձանք մըն է…
Ուրեմն՝ «Արտագաղթեցո՛ւր որ հայապահպանես»… «Սփիւռքացնել՝ յանուն
հայապահպանութեան»… Ահա՛ կարգախօսը… Սքանչելի՜ի՜ է, չէ՞…
Յամենայնդէպս, միայն Հայաստանը կրնայ գնահատել հայապահպանութիւնը։
Դուք բնաւ տեսա՞ծ էք սփիւռքահայ կազմակերպութիւն մը որ շքանշան տայ
հայապահպանութեան համար։ Ըլլալի՞ք բան է։ Օրինակ, ի՞նչ կ՚ըլլար
եթէ սփիւռքահայ կազմակերպութիւն մը, ըսենք մեր Պէզճեան Սանուց
Միութիւնը, հայապահպանութեան շքանշան մը տար Հայաստանի
նախագահին կամ կաթողիկոսին, որ կրցած են գոնէ այդքան մը հայ պահել
Հայաստանի մէջ։ Ըլլալիք բան չէ անշուշտ, քանի որ
հայապահպանութիւնը Սփիւռքին մէջ կ՚ըլլայ, Հայաստանի մէջ եղածը
ուրիշ բան է. հայալլկո՞ւմ, հայահալածո՞ւմ, հայաչեմգիտերինչո՞ւմ…
Կայ
կէտ մը, որ անհասկնալի կը մնայ ինծի. հայապահպանութեան համար կը
շքանշանատրուին անո՞նք՝ որոնք հայապահպանուած են, թէ անո՞նք՝ որոնք
կը հայապահպանեն։ Անոնցմէ ո՞ր մէկը պէտք է պահել որ արժէք մը
ունենայ։ Ինծի եթէ հարցնէք՝ հարկ է պահպանել այն հայը որ կը
հայապահպանէ։ Ես որպէս հայապահպանուող հայ մը հայապահպանութեան
ախոյեաններուն պիտի առաջարկեմ իրենք զիրենք պահպանելու համար
հետեւիլ մեծմօրս խրատներուն, որ շատ լաւ գիտէր թթու դնել, կամ, ինչպէս
մաքուր հայերէնով կ՚ըսեն՝ թուրշի պատրաստել։
Խոհագիր հայապահպանութեան
Նախ լաւ մը եփել հայը։ (Եթէ բարերար է՝ կէս ժամ, եթէ խմբագիր կամ գրոց-բրոց մէկն է՝ 10 վայրկեանն ալ բաւ է)։
Ետքը զանոնք դնել ապակեայ անօթի մը մէջ։ Մէջտեղները հայապահպանուող հայիկներ ալ կրնաք ցանել։
Լեմոնով, քացախով փափկացնել ու դնել ջուրը. ուշադիր պէտք է ըլլալ որ վրայի շքանշանը մէկէն վար չիյնայ։
Եւ
ահա հայապահպան հայ մը որ կը պահպանուի դարեր շարունակ։ Ա՛լ կրնաք
ապահով ըլլալ որ ազգին ապագան երաշխաւորուած է։ Միայն պէտք է լաւ
որոշել, թէ ինչ տեսակ հայապահպան հայ մը կը փափաքիք պահպանել՝
բարերար մը որ Պէզճեանի՞ ձեւերը ունի թէ Ալեք Մանուկեանի, խմբագիր
մը որ Մամուրեանի՞ն կը հետեւի թէ Սվաճեանին։ Սխալ ընտրութիւնը
փորձանքներու դուռ կրնայ բանալ։
Հեռաձայնս հնչեց, երբ կը պատրաստուէի գրութիւնս աւարտել եւ ուղարկել թերթիս։
-Կ՚ուզե՞ս որ սիւնակներս լայն բանամ քու առջեւդ, ըսաւ դիմացինս։
Ճանչցայ. հայապահպանութեան գործին նուիրուած շքանշանակիր խմբագիր մըն էր։
-Չէ, շնորհակալ եմ, գիտեմ որքան լայն, այնքան ալ սուղ են անոնք։
-Ուրեմն ձգէ որ զաւկիդ մասին «Մեր շրջանաւարտները» մը պատրաստեմ։
-Ամառ
ըլլալուն գրելիք բան չունիս երեւի... Կարծեմ հայապահպանութեան
շքանշան մը տուին քեզի, չե՞ս ուզեր գրել թէ ինչպէս կը հայապահպանես,
որպէսզի նոր սերունդը օգտուի փորձառութենէդ։
-Հայապահպանութիւնը
դժուար գործ է, գիտես… Մահուան դուռը հասած վերջին բաժանորդներս
պահպանելու համար մեծ ճիգ կը թափեմ։
-Այո՛, այո՛, ամէն օր
մեռածներու մասին գրած գովեստներդ յուզումով կը կարդամ։
Հայապահպանումն ալ մինչեւ տեղ մըն է, անշուշտ…
-Հասկցայ, քեզմէ խեր չկայ…, ըսաւ ու երեսիս գոցեց հեռաձայնը։
Երկարեցա՜ւ…
Այսքան հայերէն գրել կարենալուս համար վախնամ շքանշան մըն ալ իմ լամբակիս
անցընեն Հայաստանի նախագահն ու կաթողիկոսը… «Չեմ ուզեր» ալ չըսուիր որ
հիմա…
«Ակօս», 7 Յուլիս 2017
No comments:
Post a Comment