4.7.17

«Այս գրադարանին դերը ո՛չ միայն ժառանգութիւնը պահպանել է, այլ նաեւ՝ գործել իբրեւ գիտական հաստատութիւն»

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
Հարցազրոյց՝ պատմաբան, ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի աւանդապահ Պորիս Աճէմեանի հետ։

«Նոր Յառաջ» - Ինչպէ՞ս դրուած են ՀԲԸՄ-ի «Նուպարեան» գրադարանի հիմերը։
Պորիս Աճէմեան - Ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթ ենք գրադարանի ծննդոցին, բայց անոր պատմութիւնը տակաւին չէ գրուած եւ կը պարունակէ մութ ծալքեր։ Տեղեակ ենք որ գիրքերու մեծ մասը 1920-ին գրադարան հասած է Պոլսոյ հայ մատենագիրներու նուիրատւութեան միջոցաւ, որոնք իրենց անձնական հաւաքածոները կտակած են «Նուպարեան» գրադարանին։ Գրադարանը աչքի կ՚իյնայ իր տպագիր հաւաքածոներու հարստութեամբ (աւելի քան 43.000 գիրքեր եւ 1500 անուն թերթեր եւ հանդէսներ), ինչպէս նաեւ իր տրամադրութեան տակ գտնուող կարեւոր արխիւներով։ Սակայն մենք շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք անոնց ձեւաւորման մասին, ինչպէս է Արամ Անտոնեանի հաւաքագրած արխիւներու պարագան։ Ան առաջինն էր, որ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց կազմակերպելու «Նուպարեան» գրադարանը՝ 1928-էն մինչեւ իր մահը՝ 1951-ին։
Այս առանձնայատուկ արխիւները կ՚ամփոփեն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վկայութիւններ, որոնք բացառիկ նշանակութիւն ունին, սակայն անոնց կազմութեան փուլերը կը շարունակեն մնալ խորհրդաւոր։ Նոյնը կարելի է ըսել լուսանկարներու մասին, որոնցմէ մաս մը Ա. Աշխարհամարտէն ետք նկարուած որբերու պատկերներն են (ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան շրջանակին մէջ), իսկ մաս մըն ալ կու գայ անձնական հաւաքածոներէ։ Բայց մենք տեղեակ չենք թէ անոնք ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ հասած են մեզի։ Հետեւաբար, կը կրկնեմ թէ տակաւին պէտք է գրուի գրադարանին պատմութիւնը։

«ՆՅ» - Ներկայիս ի՞նչ ծրագրեր ունիք։
Պ.Ա. - Մենք արխիւացման եւ թուայնացման ծրագիր ունինք, որոնք մեծ ներդրումներ կը պահանջեն։ Հարցը նպաստներ ապահովելու ձեւերու մասին է։ Այս առումով կը նախատեսուին բազմաթիւ հնարաւորութիւններ։ Անշուշտ ՀԲԸՄ-ի նեցուկը հիմնական կարեւորութիւն ունի, քանի որ ան գրադարանի գոյութիւնը կ՚ապահովէ, բայց մենք պէտք է որոնենք նաեւ այլ աղբիւրներ, ըլլան անոնք մասնաւոր հաստատութիւններէ, կամ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններէ, ինչպէս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն, որուն հետ մենք արդէն կը համագործակցինք։ Ֆրանսական պետական հաստատութիւններն ալ կրնան հետաքրքրուիլ այս ծրագրով, քանի որ ան կը վերաբերի Ֆրանսայի հայ գաղթականութեան պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան։ Հաղորդակցութեան առումով եւս շատ ընելիքներ ունինք։ Մինչեւ 2000 թուականի սկիզբը գրադարանը հանդիսացած է մասնագէտներու կողմէ ծանօթ հետազօտութեան կեդրոն, բայց քիչ մը գաղտնի կերպով։ Պատմաբան Ռեմոն Գէորգեանի աշխատանքը օգնեց գրադարանը ծանօթացնելու հանրութեան: Գրադարանը իր ղեկավարութեան ներքեւ կազմակերպած է կարեւոր բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, որոնցմէ վերջինն էր «Հայաստան՝ 1915» խորագիրը կրողը, որ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ: Սակայն ատիկա կը մնայ անբաւարար։ Գրադարանը արտադրած է բազում հրատարակութիւններ, որոնք սակայն լաւապէս հասու չեն ընթերցողին, նկատի ունենալով որ նոր եւ յաճախ կարեւոր գիտելիքներ հրապարակելու ջանքերու կողքին մեզի կը պակսին համապատասխան հաղորդակցութեան միջոցները, որոնք ներկայիս էական նշանակութիւն ունին։

«ՆՅ» - Կարելի՞ է ձեր հրատարակութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ։
Պ.Ա. - Ռեմոն Գէորգեան երբ գրադարանի պատասխանատուն էր հրատարակեց երկու հանդէսներ։ Առաջինը կը կոչուէր «Հայկական ժամանակակից պատմութեան հանդէս» (Revue d’histoire arménienne contemporaine), որ հրատարակուեցաւ բազմաթիւ հատորներով, նիւթ ունենալով մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ եօթը հատոր լոյս տեսաւ, 300-էն 400 էջերով, 1995-էն 2009-ի ընթացքին։ Ան միաժամանակ հրատարակեց «Ժամանակակից հարցերու հայկական հանդէս»-ը (Revue arménienne des questions contemporaines), որուն 15 թիւերը հրատարակուեցան 2004-էն 2012-ի ընթացքին։ Անոնք լոյս տեսան գրքոյկներու ձեւով, ուր կ՚արծարծուէին Հայաստանին առնչուած այժմէական եւ աշխարհաքաղաքական հարցեր՝ ժողովրդական եւ երբեմն ալ լրագրական փորձաքննութեան ոճով։ 2012-ին երբ ես միացայ գրադարանի խումբին, քանի մը գործակիցներով, որոնց կարգին Ռ. Գէորգեան, որոշեցինք հիմնել գիտութեան մարզին վերաբերող նոր պարբերաթերթ մը, որ կը կոչուի «Հայկական ժամանակակից ուսումնասիրութիւն» (Études arméniennes contemporaines)։ Ան ընթերցող խումբի մը հանդէսն է, այսինքն նախքան հրատարակուիլը բոլոր յօդուածները ուշադրութեամբ կը վերընթերցուին անանուն ընթերցողներու կողմէ, որոնք ծանօթ չեն հեղինակի ինքնութեան եւ այս մեթոտը կը համապատասխանէ մարդասիրական եւ ընկերային գիտութիւններու նիւթով լաւագոյն պարբերաթերթերու չափանիշերուն։ Սոյն հանդէսը կը հրատարակուի նաեւ համացանցով՝ Revues.org հասցէով։ Ասիկա առցանց գիտական ամսագրերու աղբիւր մըն է, որ արդէն 300 ամսագիր կը հաշուէր եւ այսօր այդ թիւը հասած է 400-ի։ Որոշ չափով այս դրուածքը մեզի առիթ կու տար դուրս ելլելու ներհայկական շրջանակէն եւ հասնելու հանդէսին պարտադրած մակարդակին։ Հայկական հետազօտութեանց կալուածին մէջ մենք յաճախ կը հանդիպինք նոյն հեղինակին, նոյն նիւթին, իսկ մենք կ՚ուզէինք դուրս ելլել այդ շրջանակէն։ Ասիկա բազմամասնագիտական ամսագիր մըն է, որ բաց է բաղդատականին առջեւ։ Կը հրատարակենք պատմաբաններու, քաղաքագէտներու, աշխարհագէտներու, ընկերաբաններու, մարդաբաններու եւ փիլիսոփաներու գործերը, որոնք միշտ չէ որ ուղղակի առնչուած են Հայութեան, բայց որ կ՚արծարծեն հայկական աշխարհին ալ պատշաճող խնդիրներ։

«ՆՅ» - Հայաստանի հետազօտողներու գործերն ալ կը հրատարակէ՞ք։
Պ.Ա. - Այս գրադարանին դերը ո՛չ միայն ժառանգութիւնը պահպանել է, այլ նաեւ՝ գործել իբրեւ գիտական հաստատութիւն։ Ասիկա 1980-ական թուականներուն Ռ. Գէորգեանի կողմէ տրուած ուղղութիւնն է, որ օրին կ՚աշխատակցէր Հայաստանի հետազօտողներուն հետ։ Մենք պէտք էր այդ ուղղութեամբ քալէինք, նոյնիսկ եթէ դիւրին չէր, որովհետեւ ակադեմական մշակոյթները տարբեր էին։ Կայ տեսակ մը մշակութային սահմանում, որ անշուշտ անյաղթահարելի չէ, բայց կողմերէն ճկունութիւն կը պահանջէ՝ փոխըմբռնումի արդիւնքի մը յանգելու համար։ Կը յուսամ՝ ապագային պիտի կարենանք հայրենի երիտասարդ ուսումնասիրողներէն աւելի շատ յօդուածներ հրատարակել, որովհետեւ կարեւոր է, որ անոնց գործերը միայն հայ կամ ռուս մասնագէտներուն կողմէ չկարդացուին։ Հայ հեղինակներուն գործերը միշտ չէ, որ կը համապատասխանեն արեւմտեան չափանիշերուն, որոնք յամենայն դէպս յաճախ որակաւոր հրապարակումներու երաշխիք կը հանդիսանան։ Մենք կը փափաքինք, որ գրադարանի փորձառութիւնը եւ եւրոպական ակադեմական շրջանակի հետ անմիջական դրացիութիւնը առիթ կը հանդիսանան զարգացնելու Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը։ Օրինակի համար գրադարանը կրնայ համագործակցութեան կամուրջ մը ըլլալ՝ Հայաստանի եւ արեւմտեան գիտական հաստատութիւններու միջեւ, առիթ տալով հայրենի երիտասարդ հետազօտողներուն իրենց ուսումը կատարելագործելու Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ։

«ՆՅ» - Որո՞նք են գրադարանի տարբեր հիմնարկները։
Պ.Ա. - Անտոնեան հիմնարկը կը համախմբէ ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները։ Մենք զայն այդպէս կոչած ենք, քանի որ ան հիմնականին մէջ կազմուած է Արամ Անտոնեանի այն փաստաթուղթերէն, զորս վերջինս հաւաքագրած է, ինչպէս նաեւ՝ պատճէնահանած տարբեր հաստատութիւններու վկայագրերը, որոնք իր կարծիքով կրնային օգտագործուիլ իբրեւ ապացոյց։ Իր արխիւներէն յաճախ օգտուած են պատմաբանները։ Գոյութիւն ունին նաեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութեան արխիւները, հիմնուած՝ 1912-ին Պօղոս Նուպար փաշայի կողմէ, որոնք իր նախաձեռնութեամբ կազմուած են Փարիզի մէջ։ Այս փաստաթուղթերուն մէկ մասը 1980-ական թուականներուն սկիզբը փոխադրուած է Հայաստան։ Անոնք ներկայիս կը պահպանուին Հայաստանի ազգային արխիւներուն մէջ։ Ինչ կը վերաբերի «Նուպարեան» գրադարանը գտնուող ՀԲԸՄ-ի արխիւներուն, անոնք կը վերաբերին այն շրջանին երբ կազմակերպութեան Կեդրոնական Խորհուրդը հաստատուած էր Փարիզ, մինչեւ 1940 թուականը։ Անկէ ետք այդ արխիւները ամբողջովին փոխադրուեցան Միացեալ Նահանգներ։ ՀԲԸՄ-ի արխիւներէն մաս մը կը գտնուի Եգիպտոս, ուր երկու պատերազմներու միջեւ հաստատուեցաւ գործադիր կոմիտէն՝ կեդրոնական խորհուրդի Փարիզ փոխադրուելէ ետք։ Արեւելք հաստատուած որբանոցներու վերաբերեալ բոլոր արխիւները տակաւին Եգիպտոս կը գտնուին։

«ՆՅ» - Գրադարանը կը պահպանէ նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի արխիւները։ Անոնք ինչպէ՞ս ձեր քով հասած են։
Պ.Ա. - Ասիկա քիչ մը բարդ խնդիր է։ Պատրիարքարանի լուծարումէն եւ 1916-ին Զաւէն Տէր Եղիայեանի վտարումէն ետք, պատրիարքարանը վերահաստատուեցաւ Դեկտեմբեր 1918-ին։ Այդ միջոցին Տէր Եղիայեան պատրիարքը հաստատեց Տեղեկատուական Դիւանը, որու նպատակն էր հաւաքել պատերազմի ընթացքին պատահած դէպքերու փաստաթուղթերը, որպէսզի զօրավիգ կանգնի Հայ Դատին եւ հատուցման պահանջներուն։ Այս արխիւները 1922-ին դուրս հանուեցան, որպէսզի գէշ ձեռքերու մէջ չիյնան, նկատի ունենալով որ քեմալականներու յաղթանակը մօտալուտ էր։ Անոնք ղրկուեցան Մանչեսթըր՝ Գրիգորիս Պալաքեան Սրբազանին, որ իր կարգին զանոնք փոխադրեց Փարիզ։ 1938-ին, նախկին պատրիարք Զաւէն Տէր Եղիայեան որ արտաքսուած էր Պաղտատ, պահանջեց որ այդ արխիւներու մէկ մասը ուղարկուի Երուսաղէմի պատրիարքարանը, որպէսզի ինք կարենայ զանոնք ուսումնասիրել իր յուշերու գրառման համար։ Անկէ ի վեր այդ արխիւները Երուսաղէմ մնացած են եւ դժբախտաբար երկար ժամանակ անհասանելի եղած են հետազօտողներուն։ Իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանէն հասած նախապատերազմեան շրջանի արխիւները մնացած են Փարիզ։ Անոնք կը վերաբերին 18-րդ դարու վերջերէն մինչեւ Ա. Աշխարհամարտին նախորդող ժամանակաշրջանին։ Հոն կը գտնենք պատրիարքարանի եւ գաւառներու միջեւ թղթակցութիւնները, դիւանագիտական թղթակցութիւնները, ինչպէս՝ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքին եւ Պոլսոյ մէջ եւրոպական գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ, նաեւ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու մարդահամարի բնօրինակը, որ պատրաստուած է պատրիարքարանին կողմէ 1913-1914 թուականներուն։

«ՆՅ» - Դուք ունիք նաեւ լուսանկարներու կարեւոր հաւաքածոյ մը։ Ինչպէ՞ս ձեռք ձգած էք զանոնք։
Պ.Ա. - Անձնական հաւաքածոներէ, բայց մանաւանդ՝ ՀԲԸՄ-ի լուսանկարչական արխիւներէն, այսինքն այն ինչ կը վերաբերի որբանոցներուն, ՀԲԸՄ-ի տեղական կոմիտէներուն, Խորհրդային Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄ-ի կազմութեան եւ այլն։ Ունինք Ցեղասպանութենէն առաջ լուսանկարուած՝ օսմանեան հայերու բազմաթիւ նկարներ, որոնց մեծ մասը դիմանկարներ են։ Մեր հաւաքածոն կը շարունակէ հարստանալ կանոնաւոր նուիրատուութիւններու շնորհիւ։ Կը ծրագրենք ստեղծել համակարգչային տուեալներու շտեմարան մը՝ նկարներու պարզ բացատրութեամբ, որպէսզի դիւրացնենք ուսումնասիրական աշխատանքը։ Լուսանկարներու մէկ մասը արդէն համացանցի վրայ է։ Զանոնք կարելի է ազատօրէն դիտել եւ խորհրդակցիլ մեզի հետ՝ որոշ պայմաններով հաւանական վերարտադրութեան թոյլտուութիւն ստանալու համար։ Արխիւներն ու լուսանկարները կը կազմեն եզակի ժառանգութիւն մը, այդ պատճառով ալ մենք պէտք է հսկենք անոնց վրայ, որպէսզի գնահատուին ըստ արժանւոյն, առանց թալանի ենթարկուելու։ Այս մտավախութիւնը արդար է յատկապէս թուայնացման այս ժամանակաշրջանին։
«Նոր Յառաջ» - Գրադարանը նուիրատուութեանց եւ գիրքեր գնելու առումով ի՞նչ քաղաքականութիւն կը վարէ։
Պորիս Աճէմեան. - «Նուպարեան» գրադարանը շատ նուիրատւութիւններ կը ստանայ։ Ան հայկական Սփիւռքի մէջ այնպիսի ժառանգութիւն մըն է, որ կարելի է ազգային արժէք նկատել, այդ պատճառով ալ աշխարհի չորս կողմերէն մարդիկ բնական կը համարեն մեզի գիրք նուիրելը, անոնք ըլլան իրենց կողմէ գրուած կամ ժառանգուած։ Սակայն մենք կ՚ընդունինք ա՛յն գիրքերը, որոնք լաւ վիճակի մէջ են եւ որոնցմէ օրինակներ չունինք։ Նկատի ունենալով, որ գրադարանի տարողութիւնը սահմանափակ է, գիրքերու ընտրութեան հարցը մեզի համար առաջնահերթութիւն է։ Այս առումով կրկնակի օգտակար է գրադարանի ընթացիկ տարուան վերանորոգման աշխատանքը, որ մեզի թոյլատրեց մեր սարքաւորումները յարմարցնել օրինական չափանիշերուն եւ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող տարածութիւնը լաւագոյնս օգտագործել։ Ո՛չ մէկ գրադարան կրնայ կուտակել նուիրատուութիւններ եւ գնումներ եթէ չորդեգրէ պատշաճ քաղաքականութիւն մը։ Այլ խօսքով ան դատապարտուած է շնչահեղձ ըլլալու եւ ոչնչանալու։ Ատոր համար ալ տնօրէնի մը դերը ստացուածքի առաջնահերթութիւնները ճշդելն է։ «Նուպարեան» գրադարանի պատմութիւնը, «դիմագիծ»-ը եւ նախորդ տնօրէն Ռեմոն Գէորգեանի վարած քաղաքականութիւնը նկատի առնելով, ինծի համար փափաքելի է պատմական (յատկապէս ժամանակակից պատմութեան), ընկերային գիտութիւններու եւ արեւմտահայ գրականութեան հատորներու ձեռքբերումը։ Հետեւաբար կը քաջալերեմ անոնք, որոնք կ՚ուզեն իրենց գիրքերը փոխ տալ կամ նուիրել՝ անպայման նախապէս կապ հաստատել մեզի հետ։

«ՆՅ» - Ներկայիս գրադարաններուն մեծ մասը կը թուայնացնէ իր ունեցուածքը։ Դուք ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այս ծրագիրը։
Պ.Ա. - Եթէ դուք այցելէք մեր կայքէջը հոն պիտի տեսնէք թուայնացման մեծ ջանքերը։ Մենք համացանցի վրայ դրած ենք լուսանկարներ, արխիւներ եւ «Renaissance»-ի ամբողջական հաւաքածոն, որ Պոլսոյ մէջ 1919-էն 1920 լոյս տեսած ֆրանսերէն լեզուով հայկական օրաթերթ մըն է եւ մեր գրադարանը այն քիչերէն է, որ իր տրամադրութեան տակ ունի նշեալ օրաթերթին բոլոր թիւերը: Անոնցմէ շատեր կ՚օգտուին, ոչ միայն որովհետեւ ֆրանսերէն լեզուով են, այլ նաեւ կը վերաբերին Հայոց պատմութեան ծանրակշիռ եւ բախտորոշ ժամանակաշրջանին։ Արդարեւ լայնածաւալ թուայնացումը մարդուժի եւ սարքերու կը կարօտի, որոնք տակաւին մեզի կը պակսին։ Միւս կողմէ, պէտք է ճշդել թուայնացման յստակ քաղաքականութիւն մը, նկատի ունենալով, որ մենք չենք կրնար ամէն ինչ թուայնացնել եւ համացանցի վրայ դնել՝ օրինական եւ արհեստագիտական պատճառներով։ Թուայնացումը անհրաժեշտ է երկու պատճառներով. նախ եւ առաջ ան արդիւնաւէտ միջոց մըն է փաստաթուղթերը պահպանելու առումով՝ ֆիզիքական շփման հետեւանքով փճացումը սահմանափակելով։ Թուայնացման գործընթացը թոյլ կու տայ նաեւ զանոնք աւելի՛ հասանելի դարձնել՝ թուային հարթակներու ընդմէջէն։ Միաժամանակ, ես քիչ մը զգոյշ եմ՝ թուայնացումը պարտադրելու առումով, որովհետեւ գրադարանի մը դերը — ինչպէս մեր պարագային — հետազօտութեան կեդրոն մը ըլլալն է։ Այստեղ ուսումնասիրողները կը հանդիպին, գաղափարներ կը փոխանակեն, եւ այս դրուածքը պէտք է անպայման պահպանուի։ Ներկայիս թուայնացումը կ՚օգտագործենք իբրեւ հրապուրման միջոց եւ հաղորդակցութեան ձեւ։ Մենք առցանց կը ներկայացնենք հաւաքածոներու նմոյշներ, որպէսզի ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը շարժենք։ Արդէն համացանցի վրայ զետեղած ենք բազմաթիւ հաւաքածոներու արխիւներէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ հրատարակուած հայկական պարբերաթերթերը։

«ՆՅ» - Քիչ մըն ալ խօսինք ձեր հայագիտական ուսումնառութեան մասին։
Պ.Ա. - Իբրեւ պատմագէտ, ես համեմատաբար ուշ թաթխուեցայ հայկականին մէջ, քանի որ սկիզբը կ՚աշխատէի Ափրիկէի, Եթովպիոյ պատմութեան վրայ, յետոյ ժամանակի ընթացքին՝ սփիւռքներու եւ գաղթականութեան պատմութիւնը ուսումնասիրեցի։ Եւ քանի որ պէտք էր մասնագիտութիւն մը, ուրեմն ես դարձայ Եթովպիոյ հայոց պատմութեան մասնագէտ։ Գիրք մը գրած եմ «La fanfare du négus» անունով, որ կը պատմէ՝ ապագայ Հայլէ Սէլասիէի կողմէ Եթովպիա բերուած խումբ մը հայ որբերու շեփորախումբին մասին, որ նուագած է Եթովպիոյ առաջին փառերգը՝ յօրինուած հայ երաժիշտի մը կողմէ։ Ատիկա Սփիւռքի եւ խարսխաւորման պատմութիւնն է։ Խորապէս կը հաւատամ Սփիւռքի մէջ արմատ նետած մշակութային հարստութեան։ Այդ պատճառով ալ այս գրադարանը իբրեւ սփիւռքեան հաստատութիւն սրտիս կը խօսի։ Ան կը ցոլացնէ Սփիւռքներուն յատուկ՝ մշակութային խառնասերումը (hybridation)։ Ասիկա ժառագութիւն մըն է որ ամէն գնով պէտք է պահպանուի եւ շարունակուի, որովհետեւ հարստութիւն մըն է թէ՛ հիւրընկալ ընկերութեան եւ թէ՛ տեղացի ժողովուրդին համար։

«ՆՅ» - Ինչո՞ւ գրադարանապետ դարձաք։
Պ.Ա. - Իրականութեան մէջ ես գրադարանապետ չեղայ եւ երբեք ալ չեմ եղած։ Ի մէջ այլոց Ռեմոն Գէորգեանն ալ նոյնպէս։ Բայց եթէ Նուպարեանը սովորական գրադարանէ մը աւելին է, պատճառը՝ պատմաբաններու կողմէ ղեկավարուիլն է։ Մենք միայն հաւաքածոներու կառավարումով չենք զբաղիր, այլ հրատարակչական աշխատանք կը տանինք, կը կազմակերպենք դասախօսութիւններ եւ ցուցահանդէսներ։ Ասիկա գրադարանի գիտական, բայց նաեւ դաստիարակչական դերակատարութեան մաս կը կազմէ։ Այս հաստատութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի գիտական ծանօթութիւններու կուտակումով, այլ հարկ է ատակ ըլլայ զանոնք տարածելու։ Ճիշդ այդ պատճառով է, որ կը կազմակերպենք դասախօսութիւններ, զորս օրինակ կը զետեղենք մեր կայքէջին վրայ։ Մեր նպատակն է հեղինակները կամ «Նուպարեան» գրադարանի հանդէսին՝ «Études arméniennes contemporaines»-ի մէջ տեղ գտած նիւթերը արժեւորել, այդպէսով արժեւորել նաեւ գրադարանին աշխատանքները։ Վերջերս կազմակերպեցինք Միշէլ Պրիւնոյի գործերուն շուրջ առաջին դասախօսութիւնը, որ կը վերաբերէր Փոքր Ասիոյ՝ ժամանակակից Թուրքիոյ փոխակերպումին եւ այդ տարածաշրջանի դաւանական ու ցեղային միատարրութեան։ Մենք նաեւ հրաւիրեցինք մարդաբան Ատնան Չելիքը, որ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան քրտական յիշողութեան մասին։ Յաջորդին շատ կ՚ուզեմ խորհրդակցութիւն մը կազմակերպել՝ Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ճողոպրած թութցի վերապրողներու վկայութիւններուն շուրջ։

«ՆՅ» - Ինչպէ՞ս կը տեսնէք ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորաբար երիտասարդութեան մէջ պատմութեան վերաբերեալ ծանօթութիւնը։
Պ.Ա. - Ինծի ցաւ պատճառողը այն է, որ հայկական շրջանակին մէջ յաճախ այնպէս կը թուի թէ պաշտամունք մը կայ պատմութեան նկատմամբ, բայց որ ի վերջոյ պատմութիւն չէ, այլ աւելի շատ՝ Հայոց պատմութեան առասպելաբանութիւնը, որ աստուածացուած է։ Հետեւաբար, շատ ալ գէշ չէ եթէ Սփիւռքի երիտասարդութիւնը այսօր ծանօթ չէ այդ առասպելաբանութեան։ Չեմ կարծեր որ նոր սերունդը հիներէն աւելի քիչ ծանօթ է Հայոց պատմութեան։ Մեր պատմութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր եւ դասախօսութիւններ կը հաստատեն անցեալի մասին այն տեսակէտը, որ յառաջ քշուած շատ մը պնդումներ իրականութեան մէջ գիտական հիմք չունին։ Պատմաբաններուն —իսկականներուն— կը մնայ մտածելու մղել եւ հարցականի տակ առնել իւրացուած որոշ ընկալումներ։

«ՆՅ» - Առասպելաբանութիւն ըսելով ի՞նչ կը հասկնաք։
Պ.Ա. - Առասպելաբանութիւնը ինծի համար այն հաւաստիքն է, որ հիմնուած է պատմութեան ազգայնական հայեացքին վրայ, սկսելով Տիգրան Մեծէն մինչեւ ներկայի Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Մենք պատմական բարդ գործընթացի մը արդիւնքն ենք՝ խառնուրդներու, անակնկալ դէպքերու, ճիւղաւորումներու, սակայն շատ կը սիրենք պատմութիւնը պատմել այնպէս ինչպէս կը պատմեն երախաներուն, այսինքն իտէալացած ձեւով։

«ՆՅ» - Ուրեմն, դուք ի՞նչ ձեւով պիտի պատմէիք Հայոց պատմութիւնը։
Պ.Ա. - Ես հայոց պատմութեան փորձագէտ մը չեմ, բայց կ՚ուզեմ որ մասնագէտները աւելի բաց ձեւով պատմէին եւ ո՛չ թէ այնպէս իբրեւ թէ Հայերը առանձին կղզիի մը մէջ կ՚ապրէին շրջապատուած տարբեր կամ հակառակորդ տարրերով։ Պատմութիւնը պէտք է ամբողջական (global) ձեւով ներկայացուի, ինչպէս կ՚ըսեն այսօրուան պատմաբանները —եւ ո՛չ թէ շրջանաձեւ եղանակով, փակուած ինքն իր մէջ– հետաքրքրուելով արտաքին այն բոլոր ազդակներով, որոնք կրնային կշռել պատմութեան ընթացքին վրայ։ Բազմաթիւ պատմաբաններ ներկայիս այս ուղղութեամբ կ՚աշխատին, ինչպէս օրինակ Սեպուհ Ասլանեանը, որ այս նոր մօտեցումով մեծ ներդրում ունի հայկական ուսումնասիրութիւններուն եւ ընդհանրապէս՝ արդի աշխարհի պատմագրութեան մէջ։ Հայկական հարցերու բազում մասնագէտներ կան, բայց անոնք ընդհանրապէս կը մնան իրենց նախասիրած նիւթի շրջանակին մէջ։ Անոնց գիրքերը կարդալով երբեմն այն տպաւորութիւնը կ՚ունենանք որ հայերը միշտ ապրած են մեկուսացման մէջ։ Բարեբախտաբար ականատես ենք նոր պատմաբաններու սերունդի մը վերելքին, որ կը հրաժարի փակուած մնալէ մասնագիտութեան մը մէջ եւ կը մշակէ աւելի բաց մօտեցում մը, որ միաժամանակ թէ՛ բազմամասնագիտական է եւ թէ՛ բաղդատական։ Եւ ճիշդ այս մօտեցումն է, որ կը քաջալերենք մեր «Հայկական ժամանակակից ուսումնասիրութեան» մէջ, ինչպէս օրինակ կը վկայէ Վազգէն Դաւիթեանի ղեկավարութեամբ 2015-ին հրատարակուած յատուկ թիւը, ուր ան համախմբած է նորարարական արուեստի երիտասարդ պատմաբաններու հրաշալի խումբ մը։

«Նոր Յառաջ», 22 եւ 24 Յունիս 2017

No comments:

Post a Comment