20.7.17

Արամ Մանուկեանը Հանրապետութեան հրապարակին պիտի մօտենա՞յ



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը առիթ պիտի ըլլայ արժեւորումներու եւ վերարժեւորումներու, որոնք մաղթելի է, որ զգացական-ենթակայական դաշտէն անդին անցնին (յուզական տարրի օգտագործումն ու շահագործումը պէտք է անխուսափելի համարել) եւ մնայուն նպաստ մը բերեն պատմական այդ վճռորոշ իրադարձութեան աւելի ճիշդ ընկալումին, յատկապէս հանրութեան կողմէ։
Անհրաժեշտ կը դառնայ կարգ մը էական հարցականներու պատասխանը գտնել։ Արդեօք թաղումը պիտի կատարուի՞ հարիւրամեակի մը ընթացքին մեր հանրային կեանքը թունաւորող քաղաքական վիճաբանութիւններուն ու խծբծանքներուն, յամեցող հատուածական հաշուեյարդարի փորձերուն ու կիրքերուն։ Արդեօք պատմագիտական լուրջ հետազօտութիւնն ու վիճարկումը պիտի դառնա՞ն պատմական դէպքին առաջնահերթ սեփականատէրը։ Արդեօք ծագման խորհրդանշող պահը՝ «Մայիս 28-ը», պիտի սկսի՞ արմատաւորուիլ հասարակական մտքին մէջ իբրեւ երեք բախտորոշ ճակատամարտերուն եւ անկախութեան յայտարարութեան ամբողջութիւնը։

ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱ՞Յ, ԹԷ՞ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՄՕՏ
Անցեալ 21 Ապրիլին, նախագահական հրամանագիր մը կը ստեղծէր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպման պետական յանձնաժողով մը, գլխաւորութեամբ՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի։ Այդ յանձնաժողովին երկու ամսուան պայմանաժամ տրուած էր՝ ձեռնարկներու նախագիծ մը ներկայացնելու։ Տեղեակ չենք, թէ այդ նախագիծը աւարտած ըլլայ ու ներկայացուած՝ հանրութեան։
Հաւանաբար բոլորովին անկախ ձեւով, երբ երկամսեայ այդ պայմանաժամը գրեթէ լրացած էր, Երեւանի քաղաքապետարանը կ՚որոշէր, ըստ «Երկիր-Մեդիա»յի 22 Յունիսի հաղորդումին, որ «Հանրապետութեան հրապարակի մուտքում վեր է խոյանալու Առաջին հանրապետութեան հիմնադիր, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի, հասարակական-քաղաքական, ռազմական, ականաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի յուշարձան-կոթողը» (ընդգծումը մերն է)։
Սակայն, «մուտք» ըսելը կրնար ենթադրել տալ, որ արձանը դրուելու է Լենինի երբեմնի արձանին տեղը, որ կը գտնուէր հրապարակի հարաւային կողմի մուտքին՝ այժմու Վ. Սարգսեանի եւ Խորհրդարանի փողոցներուն միջեւ։ Արդ, Երեւան այցելած կամ անոր քարտէսին հարեւանցիօրէն նայած ոեւէ անձ գիտէ որ, եթէ միայն դէպի հրապարակ ուղղուող երթեւեկութեան հոսքը նկատի առնենք, հրապարակը չորս մուտք ունի՝ Աբովեան, Նալբանդեան, Ամիրեան եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցներէն։ «Sputnik-Արմենիա»յի նոյն օրուան հաղորդումը կը պարունակէ խնդրոյ առարկայ նախադասութիւնը՝ մէկ բառի էական փոփոխութեամբ. «Հանրապետութեան հրապարակի մօտ»։ Հաղորդագրութիւնը աւելցուցած է նաեւ «Երկիր-Մեդիա»յին պակսած տեղեկութիւնը. «Յուշարձանի տեղադրումը նախատեսւում է Արամի եւ Նալբանդեան փողոցների խաչմերուկին յարող տարածքում»։
Արամ Մանուկեան ցարդ գլխաւորաբար ծանօթ է իբրեւ «առաջին ոստիկանապետ» (չակերտները՝ մեր կողմէ), քանի որ անոր կիսանդրին 2009-ին «անհատական նախաձեռնութեամբ»՝ ըստ «Երկիր-Մեդիա»յի, զետեղուած էր ՀՀ ոստիկանութեան շէնքին առջեւ։ Ուրեմն՝ կարելի է ըսել, թէ ան հիմա Նալբանդեան փողոցին վերջաւորութենէն, ուր կը գտնուի ոստիկանութեան շէնքը, խորհրդանշականօրէն պիտի հասնի նոյն փողոցին սկիզբը՝ հրապարակի հիւսիսային երկու մուտքերէն մէկուն քանի մը մեթր հեռու, գետնուղիի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանին մերձ։ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Ներքին Գործոց նախարարը վերջապէս կը նուաճէ «հիմնադիր հօր» աստիճանը։
Ի դէպ, «Ազգ»ի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան կատարած է հետեւեալ շահեկան մատնանշումը. «Իրականում Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ հարց էր ուղղել քաղաքապետարանի համապատասխան պաշտօնեաներին, թէ ո՞ւր է հասել Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին ընդառաջ Արամի եւ Նալբանդեան փողոցների հատման կէտում Արամ Մանուկեանի արձանը տեղադրելու առաջարկի ուսումնասիրութեան գործը: Թէ ի՞նչ են պատասխանել օգնականները՝ ինձ յայտնի չէ: Միայն յայտնի է, որ այդ առաջարկը դեռեւս չի քննարկուել Երեւանի աւագանիում, հետեւաբար չի հաստատուել: Սակայն դա պատճառ չէր, որ դաշնակցական լրատուամիջոցները հարցը ներկայացնէին որպէս կատարուած փաստ եւ լինէին աւելի պահանջկոտ» (1)։ Սակայն, այս բացայայտումը խնդրայարոյց կէտ մը կը պարունակէ, որովհետեւ փաստերը ցոյց կու տան, որ անոր հրապարակումէն արդէն 18 օր առաջ «առաջարկի ուսումնասիրութեան գործը» թէ՛ առաջարկ եւ թէ՛ ուսումնասիրութիւն ըլլալէ դադրած էր։ Արդարեւ, 19 Յունիսին Երեւանի քաղաքապետարանը իր կայքէջին մէջ զետեղած էր մրցոյթի պաշտօնական յայտարարութիւնը՝ բոլոր անհրաժեշտ մանրամասնութիւններով, պայմանաժամերով ու պայմաններով, ներառեալ՝ քարտէսներով ու լուսանկարներով հարստացած «տեղադրման սխեմա»ն (2)։ Մրցոյթն ու ապագայ յուշարձանի տեղադրութեան վայրը որոշուելէ ու հրապարակուելէ ետք, կարելի է ենթադրել, որ Երեւանի աւագանիին մեծամասնական ուժը կազմող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի Հ.Հ.Կ.-ի (Հանրապետական Կուսակցութիւն) կուսակիցները ուրիշ բան պիտի չընեն, քան ձեւական քննարկում ու հաստատում կատարելէ։ Այլապէս՝ դժուար թէ քաղաքապետն ու իր աշխատակիցները աւագանիին կողմէ մերժուելու հրապարակային խայտառակութեան վտանգը աչքի առնէին՝ «ժամանակաւոր քաղաքական շահերու հաշուոյն սկզբունքային զիջումներ» կատարելով «հայ ժողովուրդի ապագայի հաշուոյն» (3)։ Ուրեմն՝ խնդիրը իբրեւ «կատարուած փաստ» ներկայացուած չէ, այլ՝ կատարուած իրողութիւն մըն է։
Արամ Մանուկեանի բնակած երբեմնի տան (Արամի փողոց 9, այսինքն՝ ապագայ արձանէն երկու-երեք տնաշար հեռու) կիսաքանդ վիճակը երկու տարի առաջ մեծ աղմուկ յարուցած էր։ Յուշարձանի յայտարարութիւնը ի հարկէ այդ շինութեան անմխիթար վիճակին հարցը չի փարատեր, եթէ ենթադրենք, որ արձանի կառուցումը տեսակ մը փոխհատուցում է կառավարական կոալիցիայի կրտսեր գործընկերոջ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան նկատմամբ։ Բոլոր պարագաներուն, ուշադրութեան արժանի է այն փաստը, որ մրցոյթի հրապարակումէն շաբաթ մը ետք, ՀՀ քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը Ազգային Ժողովին յայտնած է, թէ Արամ Մանուկեանի տունը պիտի պահպանուի՝ «Հին Երեւան» ծրագրի գործադրութեան ծիրին մէջ (4)։

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ ԵՒ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Արդ, կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք Արամ Մանուկեանի արձանը զետեղելու առաջարկը վերոյիշեալ պետական յանձնաժողովին պարտականութիւնը պէտք չէ՞ ըլլար, իսկ անոր վաւերացումը պէտք չէ՞ կատարուէր համապետական բանաձեւով՝ նախագահական հրամանագրով ու Ազգային Ժողովի բանաձեւով. «Ինչո՞ւ բացակայ են այս նախաձեռնութենէն հայոց պետութեան առաջին դէմքերը, ՀՀ Ազգային ակադեմիայի, մտաւորականութեան, մշակոյթի բերդերու, աշխատաւորութեան, երիտասարդութեան շերտերը: Ինչո՞ւ ներառուած չէ Սփիւռքը իր ողջ հասակով» (5):
Բաղդատականի կարգով, կ՚արժէ յիշել, թէ Լենինի արձանը կազմաքանդելու (ապամոնտաժելու) որոշումը Փետրուար 1991-ին տրուած էր Երեւանի երբեմնի Քաղաքային Խորհուրդի մեծամասնութեան քուէարկութեամբ, իսկ պատուանդանը քանդելու որոշումը (1996) տրուած էր Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ պատուանդանը պատմա-ճարտարապետական յուշարձան մըն էր։
2000-ական թուականներու առաջին տարիներուն արձանը փոխարինուած էր... հեռատեսիլի պաստառով մը, ուր տեսերիզներ կը ցուցադրուէին։ Ուրեմն, կրնանք պատկերացնել, որ Հանրապետութեան հրապարակը նոր յուշարձանով յարդարելու գաղափարը պատկան իշխանութիւններուն միտքը գործնապէս զբաղեցուցած չէ տարիներու երկայնքին, իսկ հանրային միտքը, մերթ ընդ մերթ բանավէճերէ անդին, որոնք դադրած են գէթ տասնամեակէ մը ի վեր, որեւէ փոխհամաձայնութեան յանգած չէ։ Առնուազն միամտութիւն պիտի ըլլար ենթադրել, որ կուսակցութեան մը այլախոհական ու արդէն լրիւ խամրած մէկ թեւէն անուղղակի գաղափարախօսական ծնունդ ու սնունդ ստացած կառավարող կուսակցութիւնը մայրաքաղաքի ամենէն խորհրդանշական վայրը՝ կեդրոնական հրապարակը, «այդ» կուսակցութեան (այսօր՝ իր կոալիցիոն կրտսեր գործընկերը) պատկանած խորհրդանշական անձնաւորութեան պիտի «յանձնէր»։ Այդ ալ՝ աշխարհատարած փողով ու թմբուկով։
Ի դէպ, աշխարհագրական լուսաբանութիւններէն ետք, «Առաւօտ» օրաթերթի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի այն պնդումները, թէ «առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով Հանրապետութեան հրապարակում ուզում են դնել այդ հանրապետութիւնը կերտողներից մէկի՝ Արամ Մանուկեանի արձանը» եւ թէ «այդ արձանը պատրաստւում են դնել պետականութիւնը խորհրդանշող կենտրոնական հրապարակում» (6), վրիպում մը պէտք է նկատել:
Ինչպէս ըսինք, Գարեգին Նժդեհի 70-80ամեայ վաղեմութիւն ունեցող ու կարեւոր մէկ մասով ժամանակավրէպ հռետորականութեան ծանրութեան տակ ճզմուող ցեղակրօնական գաղափարները Հ.Հ.Կ.-ի գաղափարախօսական ձեւական (սակաւապետութիւնը Նժդեհի ջատագոված գաղափարներէն մէկը չէր) ստնտուն են։ Արդարեւ, Երեւանի քաղաքապետարանի որոշումով ու նախաձեռնութեամբ, Մայիս 28, 2016-ին տեղի ունեցաւ Նժդեհի արձանին բացումը Վերնիսաժի եւ պետական պատկերասրահի միջեւ գտնուող տարածքին մէջ։ Ոեւէ անձնաւորութեան արձանի բնական հասցէն անոր անունը կրող հրապարակը կ՚ըլլայ, եթէ այդպիսին գոյութիւն ունի։ Սակայն, ո՞վ պիտի համարձակէր այդ արձանը քաղաքի ծայրամասը ուղարկել՝ Երրորդ մաս գտնուող Գարեգին Նժդեհի հրապարակը, խորհրդային վարչակարգի հոգեվարքի օրերուն՝ 1990-ին հոն կանգնած Սուրէն Սպանդարեանի արձանին տեղը։ 1905-1913-ին բոլշեւիկեան ընթացիկ գործունէութիւն ըրած, ապա Սիպերիա աքսորուած ու 34 տարեկանին (1916) հոն մեռած Սպանդարեանի արձանին ցարդ գոյատեւած ըլլալու միակ արժանիքը Նժդեհի չգոյ արձանին տեղը (յաճախ՝ անոր հետ շփոթուելով) քառորդ դարու «վարձակալութիւն»ը եղած է։
Արամի ապագայ արձանին վայրը պատահական չի թուիր։ Փաստօրէն Նժդեհի դրացի դառնալը կրնայ արդարանալ այն իրողութեամբ, որ երկուքն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարիներու կարեւոր գործիչներ եղած են՝ Նժդեհի ցեղակրօնական մարզանքներէն շատ առաջ, ու այսպէսով հաւասարութեան գիծ մը կը ստեղծուի, որ նաեւ Նժդեհը «կ՚ապահովագրէ» ապագայ քննադատութիւններէ, նման՝ արձանի բացումին առիթով Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի կատարածին. «Մոսկուան զարմացած է Երեւանում Վերմախտի “Հայկական լեգէոնի” հիմնադիրներից մէկի՝ գեներալ Գարեգին Նժդեհի արձանի տեղադրմամբ» (7)։ Սակայն, Հ.Հ.Կ.-ի ձեռքը գտնուող քաղաքապետարանը՝ Նժդեհը իր ներկայ վայրը տեղադրելէ ետք, դժուար թէ Արամ Մանուկեանը, որ հանրապետականներու աչքին Նժդեհին չի բաղդատուիր (8), աւելի բարձր պատիւի, այսինքն՝ հրապարակին կեդրոնը զետեղուելու արժանի դառնար։

ԱՄԲՈՂՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՅՏԱԳԼՈՒԽՆԵՐԸ
Միւս կողմէ, խոցելի է Աբրահամեանի այն հաստատումը, որ «այդ հրապարակում Լենինի արձանը դնելը նշանակում էր, որ երկրորդ հանրապետութիւնն ամբողջութեամբ եւ անվերապահ ընդունում է այն գաղափարախօսութիւնը, որի կրողն էր “պրոլետարիատի առաջնորդը”»(9)։ Այդ պնդումը միայն ճիշդ կրնայ սեպուիլ «երկրորդ հանրապետութեան» կուսակցա-վարչական աւագորեարին համար, որ բռնի ուժով պարտադրուած օտարամուտ գաղափարախօսութիւնն ու զայն կրող ռուս «պրոլետարիատի առաջնորդը» ամբողջութեամբ եւ, մանաւանդ, անվերապահ ընդունած է՝ 1920-ական թուականներու վերջերուն Ալեքսանդր Թամանեանի երեւանեան նախագիծին մէջ ընդգրկելու եւ Նոյեմբեր 1940-ին արձանը բանալու աստիճան։ Արդեօք «երկրորդ հանրապետութիւնն ամբողջութեամբ եւ անվերապահ» ընդունա՞ծ էր «պրոլետարիատի առաջնորդ»ի գաղափարախօսութեան կրողի պատուանշաններով զարդարուած «ժողովուրդների հայր» Ստալինը, որ այդ նոյն աւագորեարին որոշումով 1950-1962-ին իր շուքին տակ պահած էր Երեւանն ու Լենինը։
Եթէ Լենինը «որեւէ մէկ այլ իրական անձով, մահկանացուով՝ լինի դա Արամ Մանուկեանը, Գարեգին Նժդեհը, կամ թէկուզ Քըրք Քըրքորեանը (10), Շառլ Ազնաւուրը» (վերջին երկուքը յիշելը երգիծանքի փորձ պէտք է համարել) փոխարինելու եւ «նոր կուռք, նոր փայտագլուխ» երկրպագելու ժամանակը չէ (11), պէտք է շեշտել, որ Մարքս-Էնգելս-Լենին-Ստալին ուրուականներու կամ փայտագլուխներու (totem) պարտադիր պաշտամունքը ամբողջատիրական պայմաններու մէջ ո՛չ մէկ ձեւով համեմատելի է ժողովրդավարական կարգուսարքի մէջ ազատութեան ու անկախութեան քաղաքացիական խորհրդանիշերու մշակումին, որ երբեւէ կուռքի երկրպագութեան նմանելու անհրաժեշտութիւնը չունի։

ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԳՈՐԾՕՆԸ
Համաձայն ենք, որ «Արամով մարմնաւորուած մեր ազգային կենսափիլիսոփայութեան վերահռչակո՛ւմը որպէս ազգային գերակշիռ ուխտ» (12) կամ որեւէ այլ անունով մարմնաւորուած գաղափար կուսակցական պատկանելիութենէ վեր պէտք է քննուի։ Սակայն, ժամանակային գործօնը մեր դէմ կը գործէ այսօր։ Վերջին տասնամեակին արձանագրուած գաղափարախօսական-կուսակցական «հրադադար»ը դժուար թէ բաւարար ըլլայ ժամանակի գորգին տակ աւլելու աւելի քան եօթանասուն տարիներու անզիջում վէճերու ու կռիւներու հետքը, որ տակաւին պատմութիւն դարձած չէ, նոյնիսկ եթէ արդէն սերունդ մը կայ, որ այդ վէճերուն միայն լսովի ծանօթ կրնայ ըլլալ (եթէ կ՚ուզէ ծանօթ ըլլալ)։ Արդարեւ, Աբրահամեան վերոյիշեալ յօդուածին մէջ կը հարցնէ. «Առաջին հանրապետութեան ժամանակ չե՞ն եղել “աւազակապետական դրսեւորումներ”, Արամ Մանուկեանը չի՞ ունեցել սխալներ եւ մոլորութիւններ» (13)։ Բնականաբար, անցանկալի դրսեւորումներ, սխալներ ու մոլորութիւններ եղած են, քանի որ առաջին հանրապետութեան դերակատարները մարդ էին եւ ո՛չ աստուած։ (Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հնգահատոր, աւելի քան 2.500 էջնոց անգլերէն աշխատութիւնը --մասամբ միայն հայերէնի թարգմանուած-- բաւականաչափ անկողմնակալ պատկերը ցոյց կու տայ)։ Ի դէպ, Ֆրանսական Յեղափոխութեան տարիներուն եղած չե՞ն անցանկալի դրսեւորումներ, անոր դէմքերը սխալներ ու մոլորութիւններ ունեցած չե՞ն։ Սակայն, այսօր աւելի յիշատակելի է 1789-ի մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու յայտարարութիւնը, քան Ռոպեսփիէռի արեան բաղնիքը՝ Terreur-ը։
Ցաւօք, տակաւին մեզի կը պակսի հարկ եղած հասունութիւնը, որպէսզի ազգային երեւոյթ մը վեր առնենք առանց հատուածականութեան, ինչպէս Միացեալ Նահանգները կ՚ընեն Ապրահամ Լինքընի մը պարագային, օրինակ։ Անիմաստ է վիճարկել, թէ հիմա խորհրդանիշ մը զետեղելու ժամանակն է կամ չէ՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի կամ Գերմանիոյ պէս «կայացած պետութիւններ»ու օրինակը բերելով, «որտեղ հասարակական մակարդակով ձեւակերպուած է ազգային շահը» (14)։ Միացեալ Նահանգներու «կայացած պետութիւն»ը իր անկախութենէն ճիշդ 85 տարի ետք՝ 1861-ին, եղբայրասպան քառամեայ քաղաքացիական պատերազմի մատնուեցաւ՝ սեւամորթերու ստրկատիրութեան հարցին շուրջ։ Աւարտէն ետք, տասնամեակներ շարունակ, ջախջախիչ պարտութիւն կրած հարաւային նահանգները անջատողական համադաշնակցութիւնը (Confederate States of America) փառաբանող վիթխարի արձաններ կը զետեղէին եւ ամերիկեան պետական դրօշակի կողքին նոյն համադաշնակցութեան դրօշակը կը բարձրացնէին։ Վերջին ամիսներուն, այդ արձաններէն ու դրօշակներէն մէկ քանին սկսած են վար առնուիլ՝ վէճով ու աղմուկով, կարծէք պատերազմի աւարտէն աւելի քան 150 անցած չըլլար եւ հարաւային նահանգներու համադաշնակցութիւնը ազգային շահի դէմ գործած չըլլար։ Նման երեւոյթներու դէմ յանդիման, չկան պնդողներ, թէ Ուաշինկթընի կեդրոնական մէկ վայրին մէջ Լինքընի յուշարձանին բացումը վրիպում մըն էր 95 տարի առաջ, եւ թէ նախընտրելի էր սպասել «կայացում»ի, թերեւս 2115-ին՝ Լինքընի մահուան 250-ամեակին։
Ինչպէս Ապրիլ 24-ի 50-ամեակին առիթով Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը եկաւ դառնալու ցեղասպանութեան խորհրդանիշը, պատճառ չկայ, որ Մայիս 28-ի 100-ամեակին անկախութեան գաղափարը չամրագրուի խորհրդանիշով մը։ Միացեալ Նահանգներու «կայացած պետութիւնը» իր պետականութեան 99-ամեակին (1875) կը սկսէր զարգացնել Ազատութեան արձանի գաղափարը՝ ֆրանսացի քանդակագործ Ֆրետերիք Պարթոլտիի յղացումով (բացումը պիտի կատարուէր 110-ամեակին՝ 1886-ին)։ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պետականութեան 99-ամեակին կը գտնուի, գոնէ բոլոր անոնց համար, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն խօսիլ երեք հանրապետութիւններու մասին։
Խորհրդանիշերը կը ստեղծուին ժամանակի ընթացքին եւ ո՛չ թէ ժամանակէն դուրս։ Ահա՛ մօտեցող յոբելեանին բուն մարտահրաւէրը. հաւաքական գիտակցութիւն ստեղծել անկախութեան գաղափարին շուրջ, որուն խորհրդանիշերէն մէկը Արամ Մանուկեանի կերպարն է։ Այսինքն՝ ազգային երեւոյթ մը վեր առնել իր ամբողջութեան մէջ, առանց հատուածական կամ ենթակայական կեցուածքներու։

-----------------------------------
(1) Յակոբ Աւետիքեան, «Անառարկելիութեան արձան»,Ազգ, 7 Յուլիս 2017։
(2) www.yerevan.am/am/announcement/haytararowt-yown-87/։
(3) Աշոտ Աբրահամեանի «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ» յօդուածին արտատպումին կցուած խմբագրական ծանօթութիւն, Պայքար, 9 Յուլիս 2017։
(4) «Արամ Մանուկեանի շէնքը կը պահպանուի, Աֆրիկեանների շէնքը՝ կը վերանորոգուի», yerkirmedia.am, 27 Յունիս 2017։
(5) Կարօ Արմէնեան, «Մեր անժամանցելի պարտաւորութիւնը», Ասպարէզ, 26 Յունիս 2017։
(6) Արամ Աբրահամեան, «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ», Առաւօտ, 28 Յունիս 2017։ Այս յօդուածը քննադատող ելոյթներու համար, տե՛ս Կարօ Արմէնեան, «Համակարգը կը խօսի», Ասպարէզ, 29 Յունիս 2017. Վաչէ Բրուտեան, «Ո՛չ պրն. Աբրահամեան, հիմա՛ է “խորհրդանիշ դնելու” ժամանակը», Հայրենիք, 30 Յունիս 2017. Էդիկ Անդրէասեան, «Հանրապետութեան հիմնադրի յուշարձանը մէկ գրանցում ունի», Հրապարակ, 1 Յուլիս 2017. Սեդօ Պոյաճեան, «Արամ Մանուկեանը եւ ապազգայնացման մունետիկները», Ազդակ, 3 Յուլիս 2017. Սարգիս Տաղտէվիրեան, «Արամ Մանուկեան (Սերգէյ)՝ հայութեան զարկերակի արիւնատուն», Հայրենիք, 8 Յուլիս 2017։
(7) Տաթեւ Յարութիւնեան, «“Մոսկուան զարմացած է Երեւանում Նժդեհի արձանի տեղադրմամբ”. Մարիա Զախարովա», Առաւօտ, 10 Յունիս 2016։
(8) Արձանի բացումի օրերուն, Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ եւ Հ.Հ.Կ.-ի խօսնակ Էդուարդ Շիրմազանովը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին կը յայտնէր, թէ «յամենայն դէպս, գնում ենք այդ ուղղութեամբ, եւ անկախ պետականութեան գոյութիւնը, Արցախեան հերոսամարտում մեր յաղթանակը, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմում մեր երիտասարդների յաղթանակը ցոյց տուեց, որ նրանք ցեղակրօն, տարօնական եւ առաքելական քրիստոնէական գաղափարախօսութեան կրողներն են, այդ ամէն ինչը իր վրայ է վերցրել Գարեգին Նժդեհը․․․» («Երեւանում բացուեց Գարեգին Նժդեհի արձանը», azatutyun.am, 28 Մայիս 2016): Այսինքն՝ արձանի բացումէն ամիս ու կէս առաջ Ատրպէյճանի ներխուժումին դէմ կռուող ու իրենց կեանքը զոհաբերող երիտասարդ զինուորները «կրող»ն էին Հանրապետական կուսակցութեան (= Նժդեհի) գաղափարախօսութեան՝ ցեղակրօնութիւն, տարօնականութիւն եւ առաքելական քրիստոնէութիւն։ Երկրորդ անկախութենէն մինչեւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմը ընդգրկող նման տպաւորիչ ցանկի մը դիմաց, Արամ Մանուկեանին շատ բան չի մնար «իր վրայ վերցնելու»։
(9) Աբրահամեան, «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ»։
(10) Միջանկեալ, կ՚արժէ հարցնել, թէ արդեօք այժմու հայաստանեան արեւելահայերէնը երբեւէ վերջ պիտի տա՞յ հայերէն անունները աղաւաղելու անորակելի սովորութեան։ Այս պարագային, գիտենք, որ ամերիկահայ հանգուցեալ միլիառատէրը Kirk Kerkorian կը կոչուէր, բայց ամենէն անգրագէտ հայն իսկ կրնայ Krikorian-ի աղաւաղումը գուշակել անոր ետին։ Ուրեմն՝ բացարձակապէս պատճառ չկայ, որ Kerkorian-ը «Քըրքորեան» գրուի եւ անոր օտարահունչ աղաւաղումը մեր ձեռքով յաւերժանայ։ Ահա թէ ինչու արեւմտահայերէնը ռուսական անձնագիր ունեցող ոեւէ Оганесян-ի (Oganesyan) անունը «Օկանէսեան» չի գրեր։
(11) Աբրահամեան, «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ»։
(12) Արմէնեան, «Մեր անժամանցելի պարտաւորութիւնը»։
(13) Աբրահամեան, «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ»։
(14) Անդ։

«Նոր Յառաջ», 20 Յուլիս 2017

No comments:

Post a Comment