12.4.17

Սերգէյ Վարդանեան. «Ե՛ւ քրիստոնեայ, ե՛ւ մահմեդական համշէնցիներն ունեն մէկ ընդհանուր խնդիր` ազգային ինքնութիւնը պահպանելու խնդիրը»

8-րդ դարուն Համամ Ամատունի նախարարին հիմնադրած Համամաշէն-Համշէնը 1489-ին գրաւուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: 18-րդ դարուն համշէնահայերուն մէկ մասը բռնի մահմեդականացուեցաւ, իսկ մեծամասնութիւնը, պահպանելու համար քրիստոնէական հաւատքը, փախուստի դիմեց եւ բնակութիւն հաստատեց Սեւ ծովու հարաւային ափերուն, իսկ 19-րդ դարու վերջերուն՝ համիտեան ջարդերու օրերուն,  եւ 20-րդ դարու սկիզբին՝ Մեծ Եղեռնի օրերուն, նաւերով տեղափոխուեցաւ Սեւ ծովու հիւսիսային կողմը՝ Աբխազիա եւ Կրասնոդարի երկրամաս:

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Հիմնարկի գիտաշխատող, համշէնագէտ, «Համշէն» հայրենակցական-բարեգործական հասարակակական կազմակերպութեան փոխնախագահ, «Ձայն համշենական» ամսաթերթին գլխավոր խմբագիր Սերգէյ Վարդանեանը «Հայ ձայնի» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ հնարաւոր չէ յստակօրէն իմանալ՝ իրականութեան մէջ այսօր որքա՞ն համշէնցի կայ: Ըստ անոր կատարած ուսումնասիրութիւններուն, ենթադրաբար Աբխազիոյ 42.000 հայերէն աւելի քան 30.000-ը ծագումով համշենահայ է, իսկ Կրասնոդարի երկրամասի 282.000 հայերէն հաւանաբար  շուրջ 150.000-ը։ Ըստ Վարդանեանի հաշուարկներուն, Թուրքիոյ մէջ այսօր շուրջ 35.000 հայախօս մահմետական համշէնահայ կ՚ապրի, ինչպէս եւ շուրջ 200.000 թրքախօս համշէնցիներ, որոնց գերակշիռ մասը չ՚ընդունիր իր հայկական ծագումը: Կարասնոդարի երկրամասին մէջ ալ շուրջ 3 հազար մահմետական համշէնցի հայեր կան: «Ե՛ւ քրիստոնեայ, ե՛ւ մահմեդական համշէնցիները այժմ ունեն մէկ ընդհանուր խնդիր` իրենց ազգային ինքնութիւնը պահպանելու խնդիրը, քանի որ նրանց մեծ մասը ռուսախօս կամ թուրքախօս է դառնում, եւ իրենց պատմութիւնը միայն բանահիւսութեան մակարդակով գիտեն»:
Ինչպես նշուեցաւ, համշէնահայերը մեծամասնութիւն կը կազմեն Ռուսաստանի Կրասնոդարի երկրամասի հայ բնակչութեան մէջ, իսկ շատերը Աբխազիա կ՚ապրին։ Ի. դարու կէսին հայերը Կրասնոդարի երկրամասին մէջ շուրջ  140 հայկական դպրոց ունէին, իսկ Աբխազիոյ մէջ 128 դպրոց ալ կար։ Սակայն, ազգային դպրոցներու թիւը աստիճանաբար  նվազած է, եւ այժմ, ըստ Վարդանեանի տեղեկութիւններուն, Աբխազիոյ մէջ մնացած է շուրջ 20-25 դպրոց, որոնք պետության հովանիի տակ կը գտնուին եւ ընդհանուր առմամբ 2000-էն քիչ մը աւելի աշակերտ ունին։ Իսկ Կրասնոդարի երկրամասին մէջ բառի բուն իմաստով որեւէ հայկական դպրոց չկայ, միայն որոշ ռուսական դպրոցներու մէջ շաբաթական 2 ժամ հայերէն կը դասաւանդուի:
Խօսելով համշէնահայերու ստեղծած գրականութեան մասին, Սերգէյ Վարդանեան նշեց, որ Աբխազիոյ համշէնահայերը գրական երկեր, բնականաբար, ստեղծած են եւ կը ստեղծեն գրական հայերէնով, սակայն, երբ հետաքրքրութիւն յառաջացած է Համշէնի բարբառի նկատմամբ՝ քրիստոնյա համշէնահայերից ոմանք  սկսած են գրել նաեւ բարբառով. Աբխազիոյ մէջ կայ «Սեւծովեան այգաբաց» գրական միաւորումը: «Այժմ, ցաւօք, Աբխազիայի եւ Կրասնոդարի երկրամասի հայկական մամուլն աւելի յաճախ  լոյս տեսնում է  ռուսերէն, օրինակ, Նովոռոսիյսկի «Լոյս», Մայկոպի «Լուսաւորիչ», Սուխումի «Համշէն», Կրասնոդարի «Երկրամաս» թերթերը, որոնց նիւթերը ամբողջութեամբ կամ մեծամասամբ ռուսաց լեզուով են»: 
Մեր զրուցակիցը նաև նշեց, որ Թուրքիոյ իսլամացած համշէնցի հայերը, քանի որ հայերէն տառերը չեն գիտեր, կը գրեն Համշէնի բարբառի Խոփայի խօսուածքով, բայց լատինատառ: Անոնք Իսթանպուլի մէջ կը տպագրեն «Գոր» ամսագիրը, արդէն հրատարակուած է է 6 համար, ուր իրենց բարբառով  կը հրատարակուին անոնց պատմուածքները, բանաստեղծութիւնները, բանահիւսութեան նմոյշները, որոնք կը ցոլացնեն տեղի հայութեան սովորոյթները, աւանդութիւնները, կենցաղը եւ այլն:

«Հայ ձայն» (haydzayn.am), 11 Ապրիլ 2017 (արեւմտահայերէնի վերածուած)

No comments:

Post a Comment