ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Երկար ժամանակ է, որ կ’ուզէի այս յօդուածը գրել, բայց վերջերս քանի մը
ընկերներու հետ զրուցելէ ետք անդրադարձայ, որ պահը հասունցած է, որ միտքերս
սոյն գրութեան միջոցով ներկայացնեմ եւ դնեմ հանրութեան քննարկման հարթակի
վրայ:
16 Մարտ 2015-ին «Օսմանահայեր» խորագրով իր յօդուածին մէջ Կարօ Արմէնեան
խստիւ կը քննադատէ եւ կ’ըմբոստանայ օսմանահայեր եզրի օգտագործման դէմ`
վիճարկելով, որ այս երեւոյթը միայն օրինական շղարշ մը կը կապէ Թուրքիոյ
ցեղասպանական անցեալին եւ ժխտողապաշտ մեքենային: Կը մէջբերեմ յօդուածագիր
ընկերոջս տողերը. «Վերջերս փորձեր կ’ըլլան արեւմտահայութիւն (Western
Armenians) եզրը օսմանահայութիւն անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը
առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային
ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու
լաբիւրինթոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ
միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ
վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի
կ՛ունենայ, բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան.
ինքնութեան ջա՛րդ մը` իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով»: Այս կարճ
պարբերութեան մէջ կան կարեւոր, բայց եւ այնպէս վիճարկելի գաղափարներ, որոնց
մէկ առ մէկ պիտի անդրադառնամ` նպատակադրելով ցոյց տալ, որ Արմէնեանի այս
մօտեցումը հիմնաւորուած չէ եւ պատմաքաղաքական առումով վտանգաւոր կամ
զազրելի ոչինչ կայ օսմանահայեր եզրի օգտագործման մէջ:
Արմէնեան «պատմական ճշմարտութեան դէմ մեղանչում մը» կ՛որակէ վերոյիշեալ եզրը` առաջարկելով արեւմտահայերու տարբերակը: Սակայն առաջին հարցը, որ կը յառաջանայ, հետեւեալն է. Արեւմտահայութիւն ըսելով` աշխարհագրական ճիշդ ի՞նչ տարածութիւն է, որ կը հասկնանք: Այս հարցը ինքնին բաւականին բարդ ըլլալով` ամէնէն արագ եւ հաւանաբար բնական պատասխանը պիտի ըլլար Ա. Աշխարհամարտէն ետք Ամերիկայի նախագահ Ուիլսընի գծած եւ Սեւրի դաշնագրով վաւերացուած ամբողջական Հայաստանի արեւմտեան մասը, որ մեծ չափով կը ներառէր այսպէս կոչուած օսմանեան Վեց նահանգներու (վիլայէթի սիթթա) տարածքը: Յօդուածագրիս համեստ կարծիքով, հիմնական այս դաշնագրէն է, որ կու գայ մեր Արեւմտեան Հայաստանի ներկայ մտապատկերը: Ուրեմն եթէ նկատի առնենք միայն 1920-ին ուրուագծուած այս քարտէսը, ապա ինչպէ՞ս պէտք է նկարագրել այն հայերը, որոնք մաս չեն կազմած այս աշխարհագրութեան: Oրինակ` նո՞յն եզրով պէտք է բնութագրել Պուրսայի, Եոզկաթի կամ Թոքաթի հայերը, որոնք օսմանահայ ըլլալով հանդերձ, աշխարհագրականօրէն մաս չեն կազմած «Արեւմտեան Հայաստանի» այս հասկացողութեան: Հետեւաբար օսմանահայեր եզրը շատ աւելի համապարփակ եզր մըն է, որ թոյլ կու տայ մեզի հարցերը դիտել իրենց կայսերական սահմաններու եւ ոչ ազգ-պետութեանց պարունակին մէջ: Օսմանեան վեց դարերու պատմութիւնը դիտել յետահայեցութեամբ (hindsight)` կիրարկելով 20-րդ դարերու Արեւմտեան Հայաստանի գաղափարը, պատմագրական եւ իմացական սխալ մըն է, որ թոյլատրելի չէ: Այս հարցը աւելի պարզեցնելու համար հարկ է յիշել, որ հայ քաղաքական մտքի զարգացման պատմութեան ընթացքին, ըլլայ ան 19-րդ դարու Զարթօնքի շրջանին կամ յեղափոխական կուսակցութեանց հիմնադրութեան ժամանակ, «Հայաստան» եզրը, որ մեր հասկացողութեամբ Արեւմտեան Հայաստանի համազօր եղած է, շատ յաճախ պղտոր մնացած է աշխարհագրական առումով: Այսինքն, ո՞ւր էր Արեւմտեան Հայաստանը եւ ո՞ւր կը սկսէր կամ կը վերջանար արեւմտահայ մշակոյթը, շատ յաճախ անլուծելի վէճերու պատճառ եղած են եւ շատ աւելի դժուար ու բարդ հարցեր էին, քան` օսմանահայեր բառին փոխարինաբար գործածութիւնը:
Երկրորդ. Արմէնեան կը խօսի մշակութային ժառանգութեան մը մասին` զայն
նկարագրելով որպէս իր պատմաքաղաքական միջավայրէն անկախ զարգացող երեւոյթ
մը: Այսպէս, ան կ’ըսէ, թէ` «Արեւմտահայ գրականութիւնը կը դառնայ օսմանեան
գրականութիւն»: Հայկական մշակոյթի այս ապապատմականացումը (dehistoricize)
միայն կը խոչընդոտէ քննական եւ պատմագրական միտքի զարգացման: Ինչպէս Սեդա
Տատոյեան իր վերջին` «2015 հայ վիճակը յետահայեցութեամբ եւ
նախահայեցութեամբ. վերլուծում մը» գիրքով լաւապէս կը բացատրէ, պատմական
դէպքերու ամբողջական քննութիւնը կ’ենթադրէ, որ էապէս հասկնանք տուեալ ազգին
կամ ժողովուրդին իր ապրած միջավայրին հետ ունեցած յարաբերութիւնները, այլ
ոչ թէ խզենք զանոնք եւ ներկայացնենք որպէս ինքնաբուխ պատմական
գործընթացներ:
Այսինքն, երբ օսմանահայ մշակոյթ կամ ժառանգութիւն կ’ըսենք, անշուշտ որ
չենք ակնարկեր թուրքերու կամ արաբներու կողմէ եղած ստեղծագործութեանց, բայց
շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլար հասկնալ այն յունական, քրտական, թրքական կամ
արաբական մշակութային եւ հասարակական գործօնները, որոնք ազդեցիկ եղած են
այս ժառանգութեան ձեւաւորման եւ եղափոխութեան վրայ: Հոս կ’արժէ յստակեցնել
ուրիշ խնդիր մը եւս. ընդհանրապէս արդի հայ պատմագրական միտքը (ինչպէս է
պարագան նաեւ օսմանահպատակ այլ ժողովուրդներու, ներառեալ` թուրքերու մօտ)
«օսմանցի» պատմական իմացքը (concept) նոյնացուցած է «Թրքութեան» հետ:
Այսինքն օսմանեան պատմութիւնը շատ յաճախ եղած է Թուրքիոյ կամ թրքական
պատմութիւն: Երեւոյթ մը, որ նաեւ կ’արտացոլայ ակադեմական աշխարհի,
պատմագիտութեան եւ օսմանագիտութեան ամպիոններու ստեղծման եւ գործունէութեան
մէջ:
Միայն վերջերս է, որ այս երեւոյթը սկսած է փոխուիլ, բայց ասոր
քննարկումը` ուրիշ առիթով: Այո՛, թրքերէնը կամ, աւելի ճիշդը, օսմաներէնը
պետական լեզու ըլլալով հանդերձ, պատմական սկզբնաղբիւրները ցոյց կու տան, որ
«Թուրք» բառը ունէր նսեմացուցիչ կամ ստորացնող (derogatory) իմաստ մը`
յաճախ այս վերջինը հասկնալով որպէս իսլամ տգէտ գիւղացի կամ խոպան: Նմանատիպ
նկարագրութեան շատ յաճախ կը հանդիպինք եւրոպական 18-րդ եւ 19-րդ դարերու
գրականութեան մէջ, ուր «Թուրք» կ՛որակուի արաբ, քիւրտ կամ չերքեզ գիւղացի
դասակարգը: Օսմանեան պետութեան պաշտօնեաներն ու ազնուականութիւնը, իր մէջ
ընդգրկելով նաեւ որոշ հայեր ու քրիստոնեայ այլազգի հպատակներ, շատ յաճախ կը
ներկայանային որպէս օսմանցի: Հայերու պարագային հաւանաբար ասոր ամէնէն լաւ
օրինակը Գրիգոր Զոհրապն էր, որ իր ժամանակներուն համար կը դիտուէր որպէս
օսմանահայ խորհրդարանի պատգամաւորը «par excellence»: Միայն Թուրքիոյ
Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք է, որ «Թուրք»-ը կամ «Թրքութիւն»-ը ստացաւ
նոր, զուտ ցեղապաշտական իմաստ մը, երբ յստակ դարձաւ, որ միայն «զտարիւն»
թուրքերն էին, որոնք լիարժէք քաղաքացի կրնային դառնալ նորաստեղծ
հանրապետութեան:
Հետեւաբար վերադառնալով մշակոյթի հարցին` օսմանահայ որակելը շատ աւելի
բացատրողական ուժ ունի, քան լոկ` արեւմտահայը: Հսկայական գրականութիւն
գոյութիւն ունի, որ կ’ապացուցէ օսմանեան քաղաքակրթական զարգացման տարբեր
հատուածները, հետեւաբար պարզապէս սխալ է ըսել, թէ` «Օսմանեան
բռնապետութիւնը ոչինչ ունէր քաղաքակրթական եւ ոչինչ տուած է մեր մշակոյթին:
Ան միայն խլած է, քանդած եւ շնչահեղձ ըրած է մեր ստեղծագործական
կարելիութիւնները»: Պարզ օրինակով մը` Երուանդ Օտեանի եւ Յակոբ Պարոնեանի
երգիծական գործերը անկարելի է հասկնալ առանց յստակ պատկերացում մը
ունենալու 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն Պոլսոյ հայ համայնքին քաղքենի
դասակարգին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի, Հայոց Ազգային սահմանադրութեան եւ
օսմանեան պետութեան միջեւ եղող յարաբերութեանց մասին: Պարոնեանի
գրականութեան ամբողջ շարժառիթը եղած է օսմանեան հասարակութեան եւ հայ
համայնքի մէջ 19-րդ դարուն հետզհետէ ակներեւ դարձող հասարակական, քաղաքական
եւ տնտեսական զարգացումները: Ինչպէս որ կարելի չէ Թումանեան մը հասկնալ
առանց 19-րդ դարու Թիֆլիսի եւ Ռուսական կայսրութեան մշակութային եւ
հասարակական շինուածքին, նոյնպէս արեւմտահայ մշակոյթը կարելի չէ տարանջատել
օսմանեան միջավայրէն` հակառակ իր հայեցի պատկանելիութեան:
Երրորդ. չխորանալով աւելի, սակայն իրաւական առումով հարկ է հարց տալ
յօդուածագիր ընկերոջս, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նկարագրել օսմանեան անձնաթուղթը
կրող անձ մը, եթէ ոչ` օսմանահայ. հպատակ տարրերը օսմանցի քաղաքացի
դարձնելու պետական այս ծրագիրը իր առաջին քայլերը նետեց 19-րդ դարուն, երբ
ֆրանսական եւ եւրոպական յեղափոխութիւններէն բխած «քաղաքացի» (citizen,
citoyen) իրաւաքաղաքական միտքը հասաւ նաեւ օսմանեան մայրաքաղաք: Անշուշտ
հպատակներու քաղաքացիութիւն շնորհելու ետին կար ժողովուրդը աւելի
արհեստավարժ եւ արդի ձեւերով կառավարելու եւ հսկելու գաղափարը:
Ամենայնդէպս, իրաւական գետնի վրայ նաեւ ճիշդ որակում է օսմանահայեր
եզրը, յատկապէս երբ կը խօսինք արդի պատմութեան մասին: Վերջապէս օսմանցի այս
տարբերակը շինծու չէ եւ ոչ ալ ստեղծուած է թրքական իշխանութիւններուն
կողմէ, ինչպէս կ’ըսէ Արմէնեան, այլ պարզապէս վեց դարերու վրայ երկարող
կայսրութեան մը վերնախաւի ինքնակոչումն է:
Չորրորդ. Արմէնեան կը խօսի շահագործումի եւ խեղաթիւրուած պատմութեան մը
հարազատագրման (legitimize) մասին, որ նոյնպէս կը կրկնէ իր 19 մարտ 2016-ին
հրապարակած մէկ արձագանգով մը, ուր ան կը գրէ. «Գոյութիւն ունի Օսմանեան
կայսրութիւնը հարազատագրելու յստակ քաղաքականութիւն մը եւ այդ գործին մէջ
որոշիչ դերակատարութիւն ունի Թուրքիոյ ակադեմական ոլորտը»: Անշուշտ որ
թրքական ներկայ իշխանութիւնները շատ յաճախ կ’օգտագործեն օսմանականութեան
խաղաքարտը ներքին եւ արտաքին խնդիրներ լուծելու, դիտարկում մը, որուն
համակարծիք եմ Արմէնեանին, սակայն հոս հարցը ունի տարբեր նրբերանգ մը: Նախ
պէտք է վերստին շեշտել այն, ինչպէս ըսած եմ նախորդ գրութիւններուս մէջ, թէ
խօսիլ կայսրութիւններու օրինականացման մասին` պատմականօրէն անհեթեթ է եւ
ապարդիւն: Բռնագրաւման գաղափարը ինքնին արդիական պատմաքաղաքական եզր մըն է,
որ կարելի չէ կիրարկել վաղ-ժամանակակից (early modern) շրջանի պատմութեան
քննարկման համար: Առ այդ, պատմագրական սխալ է ներկայացնել եւ վերլուծել
Օսմանեան կայսրութեան կազմութեան պատմութիւնը 21-րդ դարու քաղաքական եւ
երկիրներու զարգացման գործընթացներու հասկացողութեամբ:
Հետեւաբար այս կէտէն մեկնած` կարելի չէ նաեւ խօսիլ կայսրութիւններու
օրինականութեան կամ ապօրինի գոյութեան մասին: Եթէ այս տրամաբանութեան
համակարծիք ըլլանք, պարտաւոր ենք նաեւ ընդունիլ ոչ միայն օսմանեան, այլ
մինչեւ 20-րդ դարու պատմութեան բեմէն անցած բոլոր միւս կայսրութիւնները`
ըլլան անոնք հայկական, բիւզանդական, հունգարական կամ պարսկական: Ուստի,
հակառակ անոր որ անկախ պետականութիւններու կազմաւորման
քաղաքա-փիլիսոփայական տրամաբանութիւնը եւ ընթացքը կ’ենթադրէ փլուզուող
կայսրութեան, որ կը ծնի ազգ-պետութիւնը, ապօրինի գոյութիւնը տուեալ
ժողովուրդին համար, պատմագրականօրէն ճիշդ պիտի չըլլայ այս եզրաբանութեան
առաջնորդուիլ:
Պատմականօրէն կայսրութիւնները իբրեւ քաղաքա-տնտեսական եւ վարչական
միաւորներ` իրենց արժէքը կորսնցուցին միայն 20-րդ դարուն, երբ երկիրներու
եւ ազգերու կազմութեան եւ զարգացման ընթացքը որդեգրեց նոր քաղաքական
վարդապետութիւններ, ինչպէս` ազգ-պետութիւն, ազգայնականութիւն, ազգերու
ինքնորոշման իրաւունք եւ այլն… Հետեւաբար Օսմանեան կայսրութիւնը
քաղաքակրթական օրրանի մը վերածելու եւ արեւմտահայութիւնն ալ անոր
բաղկացուցիչ մասը ցոյց տալու որեւէ խնդիր չեմ տեսներ հոս: Նաեւ պէտք է
նշել, որ ինչպէս Տատոյեան կը բացատրէ, Եղեռնը պէտք չէ վերածել նախատիպարի
(paradigm) մը, որուն ընդմէջէն կարելի է բացատրել ամէն ինչ, իսկ այս
պարագային` Օսմանեան կայսրութեան «ապօրինի» կարգավիճակը կամ բազմազգ
պետականութիւն մը ըլլալու պատմական ճշմարտութեան ժխտումը: Նախքան
եզրափակելս` պարզ հարցադրումով մը կ’ուզեմ յօդուածագիր ընկերոջս
ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտը: Օսմանահայեր եզրը օգտագործելով`
իսկապէ՞ս ջուր լեցուցած կ’ըլլանք թրքական ժխտողական մեքենային, այսինքն
ժխտա՞ծ կ’ըլլանք Ցեղասպանութեան եղելութեան պատմական փաստը:
Եզրափակելու համար պէտք է յայտնել, թէ ուրախ եմ, որ կան տակաւին
ընկերներ, յօդուածագիրներ եւ հետաքրքրուողներ, որոնք այս հարցերու
արծարծման համար ժամանակ կը տրամադրեն: Կարճ ըսած, պէտք չէ վարանիլ կամ
վտանգ մը տեսնել օսմանահայեր եզրի օգտագործման մէջ, ըլլայ մեր քաղաքական,
պատմական կամ առօրեայ զրոյցներու մէջ: Անշուշտ այս քննարկումը կարելի է
աւելի երկարել ու յիշել պատմական այլ տուեալներ, որոնք տարբեր ձեւաչափով
առնչութիւն մը ունին վերոյիշեալ խնդիրին հետ, սակայն այսքանով կ’ուզեմ
բաւարարուիլ: Բարձրացուցած հարցս հաւանաբար շատերու մօտ դժգոհութիւն
յառաջացնէ կամ ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, որ յօդուածագիրս կայսրութեան
պաշտպան փաստաբանն է, սակայն պատմական ճշմարտութիւնները չխախտելու
բարոյական հրամայականէն մեկնած` ուզեցի սկսիլ քննարկում մը, որ շատ յաճախ
կը պակսի հայկական մամլոյ էջերուն մէջ, եւ որ պէտք է խթան հանդիսանայ հայ
քաղաքական, պատմագրական եւ հասարակական միտքի զարգացման:
«Ազդակ», 9 Մարտ 2017
No comments:
Post a Comment