ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Վերջերս
փորձեր կ՛ըլլան «արեւմտահայութիւն» (Western Armenians) եզրը
«օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս
երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային
ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու
լաբիւրինդոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ
միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ
վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի
կ՛ունենայ, բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան.
ինքնութեան ջա՛րդ մը` իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով:
Երեւի հեղինակները չեն անդրադառնար, որ «օսմանահայութիւն» պիտակով
ինքնաբերաբար կը հարազատագրեն (legitimize) շահագործումի եւ ցեղասպանութեան
այն մեքենան, որ օսմանեան բռնատիրութիւնն է եղած իր ամբողջ պատմութեան
ընթացքին: Զայն ինքնաբերաբար կը վերածեն քաղաքակրթական օրրանի մը`
արեւմտահայութիւնն ալ միամտօրէն ցոյց տալով որպէս անոր բաղկացուցիչ մասը:
Այսպէս է, որ ինքնաբերաբար կը սկսին աղաւաղելու մեր ժողովուրդին կողմէ
բծախնդրօրէն նուիրագործուած իմացութիւնները: Արեւմտահայ գրականութիւնը կը
դառնայ օսմանահայ գրականութիւն, արեւմտահայ լեզուն` օսմանահայ լեզու,
արեւմտահայ մշակոյթը` օսմանահայ մշակոյթ… Համատարած օսմանացում մը հայեցի
արժէքներու` 21-րդ դարու այս սահմանակէտին վրայ:
Ասիկա անորակելի մտայնութիւն մըն է, զոր կարելի չէ անտեսել: Օսմանեան
արիւնածարաւ իշխանութեան տակ ապրող մեր հայրերը այնուամենայնիւ կրցան
դիմադրել այսպիսի ոտնձգութիւններու եւ համարձակութիւնը ունեցան (իրենց
կեանքի գնով) արեւմտահայ գրականութիւնը անուանելու հայաստանեա՛յց
գրականութիւն: Ժամանակակից կեանքի կաղապարները կարելի չէ այսպէս անփութօրէն
եւ անգրագէտ կիրառումներով հրել հանրութեան կոկորդն ի վար: Օսմանեան
բռնատիրութիւնը ոչինչ ունէր քաղաքակրթական եւ ոչինչ տուած է մեր մշակոյթին:
Ան միայն խլած է, քանդած է եւ շնչահեղձ ըրած է մեր ստեղծագործական
կարելիութիւները: Ան ամէն ինչ ըրած է` ոչնչացնելու մեր քաղաքակրթութիւնը:
Իր գոյութեան վերջին քսան տարիներուն միայն ան կազմակերպած է երեք
ցեղասպանական եղեռնագործութիւններ մեր ժողովուրդին դէմ եւ ներշնչած
չորրորդը` քեմալական իշխանութեան ձեռքով: Հետեւաբար ոչ ոք իրաւունք ունի
այս զազրելի օսմանեան լաչակը փաթթելու մեր մշակոյթի գլխուն:
Օսմանականութեան այս շինծու տարատեսակը ստեղծողը այսօրուան թուրք
իշխանութիւններն են: Պատահականութիւն չէ, որ Թուրքիոյ նախագահն ու
վարչապետը հետեւողականօրէն կը պնդեն, որ հայոց սփիւռքը… նոյն ինքն Թուրքիոյ
սփիւռքն է: Ահաւասիկ հարիւր տարի ետք, փանթուրքիզմով սնած Թուրքիոյ
վարչապետը հայ ժողովուրդը ընդունելու միայն մէկ ձեւ ունի` զայն անգամ մը
եւս «իւրացնելու», զայն օսմանացնելու, զայն թրքացնելու ձեւը: Հասկնալի է
թրքական այս խաղը որպէս համաթրքական քաղաքականութիւն, եւ անշուշտ
տրամաբանութեան չափանիշներով` բացարձակապէս ծիծաղելի: Արեւմուտքի մէջ հասակ
առած սփիւռքահայ գիտաշխատողները իրե՛նք ինչո՞ւ կ՛իյնան այս խաղին մէջ:
«Ազդակ», 16 Մարտ 2015
No comments:
Post a Comment