23.12.16

Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 90ամեակը տօնուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ


Նիւ Եորքի Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան (ԷԿՍՄ) կողմէ Զարեհ Խրախունիի (բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան) ծննդեան 90ամեակին առթիւ կազմակերպուած գրական ձեռնարկը փառաւոր հանդիսութեամբ մը տօնուեցաւ մշակութասէր խուռներամ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, Լիտլ Նէքի Հայոց Միութեան «Յարութիւնեան» սրահին մէջ, Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016ին:
Յայտագիրը սկսաւ ԷԿՍՄ ատենապետ Արթօ Խրիմեանի ողջոյնի խօսքով, որուն ընթացքին ան նշեց որ Զ. Խրախունիի մանչը՝ Յարօ Ճիւմպիւշեան, որ Զուիցերիա կը բնակի, անակնկալօրէն Նիւ Եորք ժամանած էր այդ հանդիսւթեան ներկայ ըլլալու համար: Նաեւ Խրախունիի թոռնիկը Անի Համբարձումեան, որ Գօլումպիա Համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղին վերջընթեր տարեշրջանին կ'աշակերտէ, իր մօրեղբօր՝ Յարոյի քով նստած էր որպէս պատուիրակ իր մօր՝ Նորայի եւ մեծ մօր՝ Մառլէնի:

Այս պատկերը արդէն պատճառ դարձաւ որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուի սրահին մէջ: Խրիմեան նաեւ նշեց որ պրն. Արթօ Ճիւմպիւշեան 1957-1958 տարեշրջանին Կեդրոնական վարժարանին մէջ հայերէնի ուսուցիչը եղած էր իրեն եւ իր դասընկերներուն՝ տոքթ. Րաֆֆի Սաաթճեանին եւ Աւետիս Էօզչէթինքայային, որոնք ներկայ են այս հանդիսութեան իրենց երէց «ջահակիր»ին հետ՝ Շահան Ածրունիին, որուն տրամաբանութեան դասի ուսուցիչը եղած էր պրն. Ճիւմպիւշեան:
Արթօ Խրիմեան ըսաւ, թէ հիմա Զարեհ Խրախունի իր կենսագրութիւնը անձամբ պիտի ներկայացնէ 2004 թուականին արձանագրուած շարժանկարի մը միջոցաւ: Նաեւ շեշտեց որ շարժանկարին մէջ նշմարելի Խրախունիի տիպար նկարագիրը, իր ուսուցչութեան տարիներուն ալ նոյնն էր. ժպտուն, նրբագեղ, ջերմ, եւ հմուտ:
Օրուան բանախօսն էր հայագէտ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան: Տոքթ. Մատթէոսեան յայտնեց, թէ «Զարեհ Խրախունի երեւոյթ մըն է 20րդ դարու երկրորդ կէսի բովանդակ հայ բանաստեղծութեան մէջ՝ Սփիւռք թէ Հայաստան»։ Ան համառօտ կերպով անդրադարձաւ իսթանպուլահայ բանաստեղծութեան վերանորոգումի շարժումին, որուն բարձրագոյն արտայայտութիւնը պիտի հանդիսանար Խրախունիի եւ իր սերնդակից ու բարեկամ Զահրատի ստեղծագործութիւնը։ Մէջբերելով Խրախունիի յօդուածներէն հատուածներ, բանախօսը բացատրեց այդ շարժումին եւ բանաստեղծին արտադրութեան կեդրոնական գաղափարին՝ առարկայական խորհրդանշապաշտութեան հիմքերուն մասին։ Ան վերլուծեց «Մաս» բանաստեղծութիւնը, վեր հանելով իմաստներու բազմազանութիւնը, ու եզրակացուց. «Այստեղ է, որ կը գտնենք Խրախունիի տաղանդը՝ առարկաներուն (հաց, սեղան, մաս, ծով, պնակ) եւ երեւոյթներուն խորհուրդը պարզելու եւ պարզաբանելու, միեւնոյն ատեն մեզ մղելով մտածելու եւ զգալու, նաեւ՝ մեզ թելադրելու տարբեր իմաստներ, առանց վճռականօրէն տալու մէկ ու միակը»։
Վարդան Մատթէոսեան ներկայացուց Խրախունիի տեսական մտորումները արդի բանաստեղծութեան մասին, որոնց հետեւած են թէ՛ ան եւ թէ՛ Զահրատ, իրագործելով «բանաստեղծութեան ազատագրումը զայն շղթայող կապանքներէն» եւ յառաջապահի դիրք նուաճելով իսթանպուլահայ գրականութեան համար, «ուղեցոյց դառնալով այնուհետեւ բանաստեղծութեան արդիականացման թէ՛ Սփիւռքի այլ գօտիներու (Պէյրութը եւ Իրանը, օրինակի համար) եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ»։
Վ. Մատթէոսեան համացանցի վրայ հիմնած է կայքագիր մը իրազեկ կարծիքներու համար (http://armeniaca-haygagank.blogspot.com/):
Երբ կարգը եկաւ Զարեհ Խրախունիի բանաստեղծութիւններուն ներկայացման, նախ բեմ բարձրացաւ նիւեորքաբնակ բանաստեղծուհի Լօլա Գունտաքճեան, որ խիստ զգայուն ոճով կարդաց երկարաշունչ «Նիւ Եորք Նիւ Եորք» բանաստեղծութեան անգլերէնի թարգմանութիւնը:
Զահրատի մահուան առթիւ, Զ. Խրախունի յօդուած մը գրած էր, որ սապէս կը վերջացնէր. «Ի՜նչ լաւ կ'ըլլար եթէ հանգուցեալ մտաւորականներու թաղամասին մէջ գտնուէր ցայտաղբիւր մը՝ նուիրուած բանաստեղծութեան, որ նախամայրն է բոլոր բանաւոր արուեստներուն եւ ստեղծարար ոգին բոլոր արուեստագէտ հոգիներուն: Հոն այցելուներ կուգային՝ եթէ ոչ համտեսելու եւ խմելու, այլ գոնէ իրենց մատները թաթխելու այդ հրաշալի ջուրին մէջ» (Մարմարա, 24 Փետրուար 2007): Արթօ Խրիմեան ըսաւ. «Լօլա Գունտաքճեան այդ ցայտաղբիւրը արդէն կառուցած է համացանցին վրայ (https://armenian-poetry.blogspot.com/2016/12/celebrating-poetry-of-zareh-khrakhouni.html) եւ կը մշակէ ու կը հարստացնէ այդ ցայտաղբիւրը: Ձեզի կը թելադրեմ որ երբեմն հոն այցելէք որպէսզի մեր դասական եւ արդիական բանաստեղծներուն հրամցուցած բիւրեղ ջուրէն խմէք»:
Հռչակաւոր ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան մասնաւորաբար պոլսահայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ գրականութեան անգին ծառայութիւն բերած է՝ մեր գրականութեան ամենէն ընտիր էջերը ժողովուրդին հրամցնելով իրենց հրաշալի գեղեցկութեան մէջ: Այս անգամ եւս Սիլվա Կոմիկեան բեմ բարձրացաւ Զարեհ Խրախունիին ստեղծագործութիւնները վերակենդանացնելու Նիւ Եորքի ընտիր գրասէր համայնքին համար: Հանդիսատեսերը հմայուած հետեւեցան Սիլվա Կոմիկեանին մօտ քառասուն վայրկեանի ամբողջովին Խրախունիի յատկացուած ոգեւորիչ ասմունքին, որ իր գագատնակէտին հասաւ «Լեռն ի վեր» բանաստեղծութեամբ:
Պերճ Թիւրապեան, որ նիւեորքաբնակ յայտնի յօրինող եւ երգիչ է, մերթ ընդ մերթ բացատրութիւններ տալով Զարեհ Խրախունիին չորս բանաստեղծութիւնները՝ «Մակոյկը», «Ձեռնածու»ն, «Թռչնահոգի»ն, եւ «Կաթիլներ»ը իր յօրինած երգերով ներկայացուց: Արդէն «Մակոյկը» նախապէս ցոյց տրուած շարժանկարին մէջ մասամբ նուագուած եւ հետաքրքրութիւն արթնցուցած էր: Թիւրապեանի կողմէ հրամցուած այս չորս երգերը բոլորովին տարբեր ոգեւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծեցին հանդիսատեսերուն միջեւ: Պերճ Թիւրապեան անուանի բանաստեղծնեուն գործերը երաժշտութեան վերածած եւ այդ գործերէն իւրաքանչիւրին նոր շունչ մը եւս տուած է (http://www.bergeturabian.com/): Իր գործերը Զարեհ Խրախունիի, Զահրատի, Ռ. Հատտէճեանի եւ Իգնա Սարըասլանի կողմէ մեծապէս գնահատուած են:
 
Կարճ դադարէ մը յետոյ, Արթօ Խրիմեան հանդիսութեան վերջին բաժինը ներկայացուց հետեւեալ խօսքերով. «Եթէ օրացոյցին յենելով խօսինք, երեք շաբաթէն Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութիւնը իր հիմնադրութեան յիսնամեակը պիտի ողջունէ: Իսկ մեր հաշուով, Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց միութիւնը այս ձեռնարկով արդէն ողջումած է իր յոբելենական յիսնամեակը: Հոկտեմբեր 2002ին, Զարեհ Խրախունիի մաղթանքը սա էր. "Ձեզի կը մաղթենք յիսնամեակի փառաւոր յոբելեան: Գիտենք թէ մենք չենք տեսներ այդ օրը, հետեւաբար այժմէն ներկայացուցիչ եւ պատուիրակ կը նշանակենք ձեր հարազատը, մեր ամէնուս սիրելի Սիլվան, որպէսզի գայ, ներկայ գտնուի յոբելենական հանդէսին եւ իր ասմունքով դարձեալ հմայէ ձեզ եւ յիշեցնէ մեզ ձեզի, ձեր զաւակներուն ու թոռներուն": Նաեւ Խրախունի կը փափաքէր որ իր քերթուածները Սիլվա Կոմիկեանին կողմէ ներկայացուին եւ ուրիշ անուանի բանաստեղծներուն գործերն ալ նոյն յայտագրին մէջ տեղ առնեն: Տիկին Սիլվա Կոմիկեանին երախտապարտ ենք որ իրեն շնորհիւ Խրախունիին այս երկու իղձերը կ’իրականանան: Հետեւեալ յայտագիրը թէ՛ Զարեհ Խրախունիին եւ թէ՛ Սիլվա Կոմիկեանին կողմէ մեզի նեկայացուած անգին նուէր մըն է»:
Սիլվա Կոմիկեան դարձեալ բեմ բարձրացաւ եւ իր նոյն աշխոյժ ու դիւթիչ ոճով հմայեց ներկաները՝ այս անգամ մէկ ժամէ աւելի: Իր յայտագիրը ընդգրկեց հետեւեալ բանաստեղծներուն եւ գրագէտներուն գործերը. Պետրոս Դուրեան, Միսաք Մեծարենց, Դանիէլ Վարուժան, Վահան Թէքէեան, Մատթէոս Զարիֆեան, Օննիկ Ֆչըճեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Վարդ Շիկահեր, Մկրտիչ Մարկոսեան, Անդան Էօզէր, Անդրանիկ Ծառուկեան, Վեհափառ Վազգէն Ա. Հայրապետ, Իգնա Սարըասլան, Զահրատ, Ռ. Հատտէճեան, եւ Պարոյր Սեւակ:
Հանդիսութեան աւարտին Խրախունիի թոռը՝ Անի Համբարձումեան, ծաղկեփունջ մը նուիրեց Սիլվա Կոմիկեանին: Յետոյ Արթօ Խրիմեանը Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան կողմէ յուշանուէր մը ներկայացուց Սիլվա Կոմիկեանին, շեշտելով որ «Սիլվան» մեր ասմունքի անզուգական թագուհին է որ մեզ կը հմայէ ու կը տանի զգացումէ զգացում:
Արթօ Խրիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին եւ հանդիսատեսներուն իրենց խանդավառ ներկայութեան համար: Նաեւ ԷԿՍՄ վարչութեան անունով, Խրիմեան խորին շնորհակալութիններ յայտնեց Սիլվա Կոմիկեանին, Տոքթ. Վարդան Մատթէոսեանին, Պերճ Թիւրապեանին եւ Լօլա Գունտաքճեանին, որոնք իրենց մասնայատուկ ձիրքերով բարձր մակարդակի վրայ պահած էին օրուան յայտագիրը:
Արթօ Խրիմեան նաեւ անդրադարձաւ Տէր եւ Տիկին Շահէն եւ Սթելլա Մինասեաններուն՝ սրահի սարքաւորման իրենց բծախնդիր օգնութեան համար: Ան այսպէս շարունակեց. «Մեր սրտանց շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Լիտլ Նէքի Հայոց Միութեան վարչութեան կազմին, որ Տիկ. Սթէլլա Ստեփանեան-Մինասեանի եռանդուն հաղորդակցութեամբ այս ձեռնարկին արժէքը գնահատեց եւ մեզ բոլորս հիւրընկալեց այս գեղեցիկ երդիքին տակ»: Յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց «Սփիւռքի Ձայնը» հեռատեսիլի արտօնատիրուհիին՝ Կարինէ Քոչարեանին, որ իր արհեստավարժ ձիրքով շարժանկարի արձանագրած էր հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ:
Վերջապէս Արթօ Խրիմեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց իր գործակից ընկերներուն, որոնք են. Գէորգ Եանար, Զապէլ Խրիմեան, Նատիա Նիքսարլը, Նորայր Գայսէրեան, Աւետիս Կազալ, Թեսի Կազալ, Ֆուլիանէ Եանար, Հիլտա Պիօսեան-Շէշէթեան, Ստեփան Էօզչէթինգայա, Վիլմա Էօզչէթինգայա, Պերճ Մանուկեան, Թալին Մանուկեան եւ Սրբուհի Մառք, որոնց սրտաբուխ աշխատանքին շնորհիւ այս անմոռանալի ձեռնարկը իրականացած էր:
Նոյն խանդավառ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին ներկաները առիթն ունեցան շնորհաւորելու Սիլվա Կոմիկեանը եւ յայտագրին մասնակիցները, որոնք անմոռանալի օր մը ապրեցուցած էին իրենց՝ նուիրուած Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 90ամեակին:



«Մարմարա», 19 Դեկտեմբեր 2016



No comments:

Post a Comment