31.10.16

Ի վերջոյ յստակութիւն


 ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վին ըն­դու­նած վեր­ջին ո­րոշ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ հա­յոց 84-րդ պատ­րիար­քը՝ Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեան կո­չուե­ցաւ հանգստեան ու գա­հը պաշ­տօ­նա­պէս հռչա­կուե­ցաւ թա­փուր։ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած ա­ւե­լի քան ութ տա­րուան գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին՝ ա­ռա­ջին ան­գամ ընտ­րու­թեան հե­ռան­կա­րը, նո՛ր պատ­րիարք մը ընտ­րե­լու հո­րի­զո­նը այս­քան յստա­կօ­րէն ու­րուագ­ծուե­ցաւ մեր հա­մայն­քին առ­ջեւ։ Թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը յե­ղաշր­ջուած է, նաեւ հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւնն ալ ո­րոշ չա­փով թե­քուած՝ ա­նոր վրայ։ Յայտ­նի է, որ այս պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ եր­կար ժա­մա­նակ լրջօ­րէն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Ա­մեն. Ս. Պատ­րիարք Հօր ող­բեր­գա­կան հի­ւան­դու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ իւ­րա­քան­չիւր փուլ ուղ­ղոր­դուած է բա­զում հար­ցա­կան­նե­րով։ Այս ան­գամ ալ նոյնն է պա­րա­գան։ Հա­սա­րա­կու­թեան մտքին մէջ ծա­գած են բազ­մա­թիւ հար­ցա­կան­ներ։ Մեր համայնքը, ակնյայտ է, որ երկար ժամանակ կորսնցուցած է, նոյնիսկ մսխած՝ այս խնդրի լուծման համար։ Յամենայնդէպս, ըստ երեւոյթին, գտնուած է բարւոք լուծում մը սկզբունքօրէն՝ եթէ անշուշտ գործադրութիւնն ալ ըլլայ համահունչ։
Այս բո­լո­րին շուրջ շա­բա­թա­վեր­ջին ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցանք Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հետ, որ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րու կի­զա­կէ­տին կանգ­նած դէմ­քե­րէն մին է։ Ան ե­ղած է ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տար մը ու մեր տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին հան­գա­մա­նօ­րէն վեր­լու­ծեց վեր­ջին շուրջ ութ տա­րի­նե­րը, երբ թրքա­հա­յու­թեան կեան­քը բնա­կա­նոն հու­նէ դուրս ե­կաւ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան ան­դար­մա­նե­լի ան­հանգս­տու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Այս շրջա­նը որ­քան հրա­տապ է իր ստեղ­ծած օր­հա­սա­կան, ար­դի կա­րիք­նե­րուն բե­րու­մով, այն­քան ալ ու­սա­նե­լի պատ­մու­թեան առ­ջեւ՝ ան­նա­խըն­թաց բնոյ­թով։ Տ. Սա­հակ եպսկ. Մա­շա­լեան մեր հար­ցում­նե­րուն տուաւ սպա­ռիչ պա­տաս­խան­ներ, ման­րա­մասն ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րով՝ այդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ծի­րին մէջ ամ­փո­փե­լով ա­մէն ինչ, ա­մե­նա­բարդ ե­րե­սակ­նե­րով վեր­լու­ծե­լով մա­շե­ցու­ցիչ գոր­ծըն­թա­ցը։ Հա­մո­զուած ենք, որ իր մօ­տե­ցում­նե­րը ու­ղե­ցոյց կրնան ըլ­լալ յա­ռա­ջի­կայ հա­ւա­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ եւս։
Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք մեր այս բո­վան­դա­կա­լից զրոյ­ցին սղագ­րու­թիւ­նը։

-Սրբա­զան Հայր, Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի պատ­րիա­ր­քա­կան ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շու­մը ներ­կա­յիս ար­դէն կը բնո­րո­շէ մեր հա­մայ­քին օ­րա­կար­գը։ Ար­դեօք ինչ­պէ՞ս գո­յա­ցաւ այս պատ­մա­կան ո­րոշ­ման են­թա­գե­տի­նը։
-Հիմ­նա­կան քա­նի մը գոր­ծօն­նե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ հա­սուն­ցաւ այս պա­հը։ Ա­ռա­ջին հե­րթին կըր-նանք թուար­կել հիմ­նա­կան քա­նի մը ազ­դակ­ներ։
1- Ար­դէն տա­կա­ւին 2008 թուա­կա­նի Մա­յի­սին Ն­.Ա.Տ. Մես­րոպ Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր ստո­րագ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը ձեռ­քէն առնուած էր՝ բժշկա­կան տե­ղե­կագ­րով։ Ան այս­պէ­սով մատ­նուած էր ան­գոր­ծու­թեան, այ­սինքն գործ­նա­կա­նօ­րէն կո­չուած՝ հանգս­տեան։
2- Մեր երկ­րի դա­տա­կան մար­մին­նե­րը ձե­ւով մը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին այդ պա­րա­գան՝ Պատ­րիարք Հօր հա­մար խնա­մա­տա­րի մը նշա­նա­կու­մով։
3- Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ըն­տրու­թեան կա­րի­քը շեշ­տած է իր ամ­բող­ջին մէջ՝ զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, գրա­ւոր կամ բա­նա­ւոր։ Մե­զի ծա­նօթ են ազ­գիս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կո­սին յոր­դոր­նե­րը՝ որ­պէս գլու­խը, ընդ­հան­րա­կան պե­տը մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ու տա­կա­ւին Գե­րա­գոյն Հո­գե­ւոր Խոր­հուր­դին, Ե­պիս­կո­պո­սաց Ժո­ղո­վին եւ այլն մօ­տե­ցում­նե­րը։
4- Մեր հա­մայն­քի գրե­թէ բո­լոր խա­ւե­րը պա­հան­ջած են նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րու­թիւ­նը։
5- Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւ­նը ար­դէն շուրջ ութ տա­րիէ ի վեր ան­վե­րա­դար­ձօ­րէն կորսն­ցու­ցած է իր գի­տակ­ցու­թիւ­նը, մինչ ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­նե­րուն եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եօ­թ տա­րին բա­ւա­րար է ուխ­տի մը լու­ծար­ման հա­մար։
6- Ցարդ կա­տա­րուած եր­կու դի­մում­ներն ալ կու գան վե­րա­հաս­տա­տել, որ Ա­մեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը այ­լեւս տէրն ու տի­րա­կա­նը չէ իր ա­թո­ռին։
Ըստ էու­թեան, այս հիմ­նա­կան գոր­ծօն­նե­րը դեր խա­ղա­ցին ու ո­րո­շիչ ե­ղան Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ո­րոշ­ման տե­սա­կէ­տէ։ Պէտք է ը­սել, որ ընտ­րու­թեան հա­մար ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը շատ բարձ­րա­ցած էին։ Պատ­րիար­քա­րա­նին առ­ջեւ նոյ­նիսկ սեւ ծաղ­կեպ­սակ թո­ղե­լու հա­սաւ գոր­ծը։ Ա­նըն­դու­նե­լի, ան­նե­րե­լի էր այդ քայ­լը։ Ի՞նչ մեղք ու­նէին մեր հա­մայն­քի այն զա­ւակ­նե­րը, ո­րոնք համ­բե­րու­թեամբ ու զո­հո­ղու­թեամբ կը սպա­սէին, հնա­զան­դու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէին մեր Սուրբ Ա­թո­ռին նկատ­մամբ։ Վրայ հա­սաւ ա­մա­ռը, լա­րուա­ծու­թիւ­նը նուա­զե­ցաւ, ար­ձա­կուր­դի տրա­մադ­րու­թիւն­ներ գե­րա­կա­յե­ցին։ Հասկ­նա­լի էր, սա­կայն, որ ա­մէն պահ ճնշում­նե­րը կրնա­յին դար­ձեալ սաստ­կա­նալ։ Մար­դիկ մե­զի միշտ կը հարց­նէին այս մա­սին։ Որ­պէս Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ՝ կը կաս­կա­ծէի, որ կրնանք դի­մադ­րել այդ ճնշում­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի դիր­քո­րոշ­ման մէջ յա­ռա­ջա­ցած էին հա­կա­սու­թիւն­ներ։
Մէկ կող­մէ կ­՚ը­սէինք, որ մեր պատ­րիար­քը ընտ­րուած է ցկեանս, իսկ միւս կող­մէ կ­՚ու­զէինք ընտ­րու­թեան եր­թալ։ Պե­տու­թեան մօտ կա­տա­րուած ա­ռա­ջին եր­կու դի­մում­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ ի զօ­րու էր այս հա­կա­սու­թիւ­նը։ Յի­շենք, որ երկ­րորդ դի­մու­մը նոյ­նիսկ մնաց ան­պա­տաս­խան։
Ուս­տի, գրա­ւոր հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով նա­մակ մը յանձ­նե­ցի Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ արք. Ա­թէ­շեա­նին։ Բա­ցատ­րե­ցի, որ Ա­թո­ռը թա­փուր է, պաշ­տօ­նա­պէս այդ­պէս պէտք է հռչա­կուի եւ պար­տա­ւոր ենք այդ­պէս դի­մել պե­տու­թեան, ներ­կա­յաց­նե­լով նաեւ Ա­մեն. Ս. Պատ­րիարք Հօր հա­մար պատ­րաս­տուած բժշկա­կան տե­ղե­կագ­րե­րը։ Ա­րամ Սրբա­զանն ալ, ան­շուշտ, հա­մո­զուե­ցաւ՝ ո­րով­հե­տեւ ար­դէն ինքն է, որ կը կրէ մե­ծա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Ի­րեն բա­ցատ­րե­ցի, որ այս բա­նը պէտք է ը­նենք ու պէտք է լուանք մեր ձեռ­քե­րը։ Հի­մա գնդա­կը ար­դէն պե­տու­թեան դաշ­տին մէջ է։ Ե­թէ ար­տօ­նու­թիւն ու­նե­նանք, ա­պա կը ձեռ­նար­կենք ընտ­րու­թեան։ Ե­թէ չ­ու­նե­նանք, ինչ­պէս որ է պա­րա­գան թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու հա­մար՝ ա­պա մենք կրնանք հա­մո­զիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը ցոյց տալ՝ մե­զի վի­ճա­կած գոր­ծը լիար­ժէք կա­տա­րած ըլ­լա­լով։ Մի­ջան­կեալ լու­ծում­ներ փնտռե­լու շրջա­նը փա­կուած է այ­լեւս անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն։ Մենք պի­տի ընտ­րենք ուղ­ղա­կիօ­րէն մեր նոր՝ 85-րդ պատ­րիար­քը։ Եւ ա­հա՛, ար­դէն ը­րած ենք մեզ­մէ կա­խեալ ա­մէն ինչ։

-Թէ՛ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը եւ թէ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը այս բախ­տո­րոշ փու­լին ո­րո­շում­ներ ա­ռին միա­ձայ­նու­թեամբ։ Մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան բարձր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ։ Ի՞նչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­շուի առ­նուե­ցան այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։
-Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը եւ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը աշ­խա­տե­ցան շատ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ։ Նախ ը­սեմ՝ որ զգա­ցա­կան պա­հերն ալ ե­ղան շատ։ Չմոռ­նանք, որ մեր ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ե­ղած է Մես­րոպ Պատ­րիար­քին ա­շա­կեր­տը կամ ձեռ­նա­սու­նը։ Ո­մանք նոյ­նիսկ ար­տա­սուե­ցին։ Բայց եւ այն­պէս, բո­լորն ալ ի վեր­ջոյ կը զգա­յին, որ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ան­սա­սա­նու­թեան հա­մար։ Ուս­տի, զգա­ցա­կա­նու­թիւ­նը մէկ կողմ թող­լով, միաս­նա­կան կամ­քով ա­ռին պատ­շաճ քայ­լը։
Նա­յե­ցէ՛ք, այ­սօ­րուան ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­նու­շադ­րու­թեան պէտք չէ մատ­նենք կարգ մը հան­գա­մանք­ներ։ Թէ ի՞նչ ը­րաւ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը՝ պէտք է հասկ­նալ խո­րա­թա­փանց։ Մե՛նք չէ, որ հանգս­տեան կո­չե­ցինք պատ­րիար­քը։ Նա՛խ, 2008-ին ստո­րագ­րե­լու ի­րա­ւուն­քէն զրկուե­լով, ա­պա ան­ցեալ տա­րի ալ խնա­մա­տա­րի նշա­նա­կու­մով՝ ան ար­դէն յաչս պե­տու­թեան հանգս­տեան կո­չուած էր։ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը լիա­զօ­րու­թիւն չէ զգա­ցած իր վրայ՝ պատ­րիար­քը հանգս­տեան կո­չե­լու։ Պատ­րիար­քը ար­դէն հան-գըս­տեան կո­չուած էր ու մենք պար­զա­պէս հաս­տա­տե­ցինք այդ հան­գա­ման­քը։
Պատ­րիար­քը ի վեր­ջոյ ե­կե­ղե­ցա­կան մըն է։ Հե­տե­ւա­բար, ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ռու­մով ալ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը պէտք է ու­նե­նալ՝ իր հանգս­տեան կո­չուե­լու հան­գա­ման­քը վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար։ Ա­հա՛ այս ա­ռու­մով հա­շուի առ­նուած է եօ­թ տա­րի եւ ա­ւե­լի ժա­մա­նա­կէ ի վեր իր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը։ Եօ­թ տա­րին բա­ւա­րար է ուխտ մը լու­ծե­լու հա­մար՝ ե­կե­ղե­ցա­կան գետ­նի վրայ։ Ա­մե­նա­պարզ օ­րի­նա­կը ա­մուս­նու­թիւն­ներն են։ Հասկ­նանք, որ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու կա­նոն­նե­րուն մէջ ալ կը հե­տապն­դուի կեան­քի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը բա­նեց­նե­լու նպա­տա­կը։ Պատ­րիար­քի մը գա­հա­կա­լու­թիւ­նը կը սկսի՝ ա­սան ձեռ­քը կա­տա­րած եր­դու­մով։ Մես­րոպ Պատ­րիարք ա­ւե­լի քան եօ­թ տա­րիէ ի վեր, ար­դէն ութ տա­րիէ ի վեր, չի կրնար կա­տա­րել իր եր­դու­մը։ Ուս­տի, ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քով ալ հար­ցը լու­ծուած կը հա­մա­րուի։
Թէեւ իր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րուն սահ­մա­նը գե­րա­զան­ցե­լով, բայց հի­մա չեմ ու­զեր այդ վէր­քե­րը բոր­բո­քել, 2008 թուա­կա­նին Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը յայ­տա­րա­րած էր, որ պատ­րիար­քը ցկեանս պատ­րիարք է։ Մենք ու­շադ­րու­թիւն ը­րինք՝ որ­պէս­զի այդ ա­ռու­մով ալ հա­կա­սու­թիւն մը, թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մը չծա­գի։ Ար­դա­րեւ, հանգս­տեան կո­չուե­լու պա­րա­գան չի նշա­նա­կեր Մես­րոպ Պատ­րիար­քը զրկել այդ տիտ­ղո­սէն կամ իր ձեռ­քէն բան մը առ­նել։ Մենք ու­նինք հանգս­տեան կոչուած բա­զում հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը պա­հուած են մեր պաշ­տօ­նա­կան օ­րա­ցոյ­ցին մէջ։ Ե­կէ՛ք, քիչ մը եւս խո­րա­նանք. պատ­րիար­քը նոյ­նիսկ վախ­ճա­նե­լէ վերջ կը մնայ պատ­րիարք։ Հո­գե­հան­գիստ­նե­րուն մէջ մեր Ա­թո­ռի ան­ցեա­լի բո­լոր գա­հա­կալ­նե­րը կը վեր­յի­շուին՝ որ­պէս պատ­րիարք։ Անձ­նա­պէս, կ­՚ա­ռա­ջար­կեմ նոյ­նիսկ նոր պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան պա­րա­գա­յին հանգս­տեան կո­չուա­ծին յի­շուի­լը, բայց այդ ո­րո­շու­մը տա­լը այ­լեւս պի­տի վի­ճա­կի մեր նոր պատ­րիար­քին։
Վե­րա­դառ­նա­լով բուն նիւ­թին՝ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը ո­րո­շեց պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցուե­լիք նոր նա­մա­կին կամ դի­մում­նագ­րին ան­պայ­ման կցել նաեւ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տուած պաշ­տօ­նա­կան տե­ղե­կագ­րե­րը, բժշկա­կան եւ այլն։ Սա մին­չեւ այ­սօր չէր ե­ղած։ Կազ­մուե­ցաւ յանձ­նա­խումբ մը, որ պի­տի խմբագ­րէ այդ դի­մում-նա­մա­կը։ Կը կար­ծեմ՝ ա­մէն ինչ պատ­րաստ կ­՚ըլ­լայ մին­չեւ Ա­րամ Սրբա­զա­նի Ա­մե­րի­կա­յէն վե­րա­դառ­նա­լը։ Յանձ­նա­խում­բը ու­նի չորս ան­դամ­ներ, ո­րոնց­մէ մին ես եմ։ Միւս­ներն են՝ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Նա­մա­կը պի­տի ստո­րագ­րուի Պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին եւ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պե­տին կող­մէ։ Այ­սինքն, յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այդ դի­մու­մը պի­տի ներ­կա­յաց­նենք Ա­րամ Սրբա­զա­նին հետ։

-Սրբա­զան Հայր, երբ որ Ա­թո­ռը պաշ­տօ­նա­պէս թա­փուր կը հռչա­կուի, ա­պա պէտք չէ՞ որ...
-Ո՛չ, ո՛չ, այդ­պէս չէ։ Կը հասկ­նամ, թէ ի՞նչ ը­սել կ՚ու­զեք եւ սա հասկ­նա­լի է եւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կը բխի այս գոր­ծըն­թա­ցի տրա­մա­բա­նու­թե­նէն։ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը հար­մար չնկատեց ընտ­րել տե­ղա­պահ մը։ Ե­թէ յար­մար նկա­տէր, վստահ ե­ղեք, դար­ձեալ միա­ձայ­նոո­թեամբ այդ պաշ­տօ­նին պի­տի ընտ­րուէր Ա­րամ Սրբա­զա­նը։ Բայց մենք չու­զե­ցինք, ո­րե­ւէ ռիսկ չու­նե­նալով հան­դերձ Ա­րամ Սրբա­զանն ալ չու­զեց։ Մեր միաս­նա­կան մօ­տե­ցու­մը ե­ղաւ այն, որ եր­կա­րա­տեւ այս մի­ջան­կեալ շրջա­նին ձե­ւա­ւո­րուած բա­զում նա­խըն­թաց­ներ կան եւ ան­ցու­մա­յին շրջա­նին նպա­տա­կա­յար­մար կրնայ չըլ­լալ այդ բո­լո­րը են­թար­կել փո­փո­խու­թեան։ Այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը պի­տի բո­լո­րենք ա­ռանց «գե­տը անց­նե­լու ժա­մա­նակ ձի փո­խե­լու»։
­Տե­ղա­պա­հի մը ընտ­րուի­լը ի՞նչ կը նշա­նա­կէ։ Տե­ղա­պա­հը այն անձն է, որ կը գլխա­ւո­րէ նա­խընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը. այն­պէս չէ՞։ Հա­պա ի՞նչ է տար­բե­րու­թիւ­նը ներ­կայ վի­ճա­կին։ Ո­չինչ, ո­րով­հե­տեւ մենք ալ ար­դէն, ի վեր­ջո՛յ, ո­րո­շած ենք եր­թալ ընտ­րու­թեան։ Սա մէկ... Երկ­րոր­դը՝ Ա­րամ Սրբա­զան ար­դէն ան­գամ մը ընտ­րուե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րին կող­մէ։ Ընտ­րուե­ցաւ ճի՛շդ այն­պէս, ինչ­պէս կ՚ընտ­րուի տե­ղա­պահ մը։ Բայց այդ­պէս ընտ­րուե­լով հան­դերձ, զգա­ցա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու ալ բե­րու­մով, չա­ռաւ տե­ղա­պա­հի տիտ­ղոս ու կո­չուե­ցաւ ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ։ Այս պա­րա­գա­յին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը այն էր, որ թէ՛ Ա­թո­ռը թա­փուր պի­տի չհռչա­կուէր պաշ­տօ­նա­պէս եւ թէ ժա­մա­նա­ւա­ւոր կա­ռա­վար­ման դրու­թիւն մը պի­տի գտնուէր։
Ու­րիշ ա­ռանց­քա­յին ման­րա­մաս­նու­թիւն մը։ Այ­սօր մեր Ա­թո­ռի օ­րի­նա­կան միակ մար­մինն է Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը, որ չի կրնար գու­մա­րուիլ ա­ռանց նա­խա­գա­հի, որ պատ­րիարքն է։ Ե­թէ չ՚ըլ­լայ պատ­րիարք, ա­պա տե­ղա­պահ մը պէտք է ու­նե­նալ՝ որ­պէս­զի գու­մա­րուի Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը։ Այս պատ­ճա­ռով Ա­րամ Սրբա­զա­նը ընտ­րե­ցին տե­ղա­պա­հի նման, սա­կայն կո­չե­ցին որ­պէս՝ ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ։ Այ­լա­պէս ան­մի­ջա­պէս ընտ­րու­թեան եր­թա­լու ստի­պո­ղու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լար։ Իսկ այդ մէ­կը չէին ու­զէր, թէեւ ա­ռողջ ե­կե­ղե­ցիի մը պա­րա­գա­յին դժուար է ար­դա­րաց­նել այս ե­րե­ւոյ­թը։ Մար­դիկ, խոր­քին մէջ, շատ լաւ կը հասկ­նա­յին այս բո­լոր ճշմար­տու­թիւն­նե­րը։ Ե­կուր-տե՛ս, որ տար­բե՛ր բան մըն է՝ գիտ­նալ ճշմար­տու­թիւ­նը եւ բո­լո­րո­վին տար­բեր բան՝ այդ ճշմար­տու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կա­նա­պէս գոր­ծադ­րե­լը։ Բա­րե­բախ­տա­բար, այս փա­կու­ղին հի­մա յաղ­թա­հա­րուե­ցաւ։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ այ­սօր այ­լեւս Ա­րամ Սրբա­զանն ալ կը գի­տակ­ցի, որ թէեւ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի տիտ­ղո­սով կը շա­րու­նա­կէ, սա­կայն անհ­րա­ժա­րե­լի եւ ան­վի­ճե­լիօ­րէն կը կրէ տե­ղա­պա­տի մը պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց գլխա­ւորն է ժամ ա­ռաջ, անցն­ցում ձե­ւով ընտ­րու­թեան եր­թա­լը։ Ո­րո­շու­մը ար­դէն կայ։
Յե­տոյ, բաց խօ­սինք, սկիզ­բին բո­լո­րը կը կար­ծէին, որ այս խնդի­րը այս­քան եր­կար չի տե­ւեր։ Բո­լո­րը կ՚են­թադ­րէին, որ Պատ­րիարք Սրբա­զա­նը կ՚ու­նե­նայ բնա­կան վախ­ճան մը կարճ ժա­մա­նակ անց եւ ա­մէն ինչ կը շա­րու­նա­կուի ըստ այդմ։ Այդ­պէս չե­ղաւ, սա­կայն, եւ ե­կանք այ­սօ­րուան վի­ճա­կին։  Ամ­փո­փե­լով նշեմ, որ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը յար­մար չէ դա­տած ո­րե­ւէ նոր վար­չա­կան կար­գադ­րու­թեան եր­թալ։ Օ­րի­նա­պէս, պաշ­տօ­նա­պէս, Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի ժո­ղո­վէն՝ այ­սինքն ան­ցեալ Չո­րեք­շաբ­թիէն ի վեր այ­լեւս վեր­ջա­ցած է մեր սի­րե­լի Մես­րոպ Պետ­րիար­քի գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նը։ Նոր­նիսկ յա­ռա­ջի­կա­յին գու­մա­րուե­լիք Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ պի­տի չըլ­լան իր բժշկա­կան տե­ղե­կագ­րե­րը, եւ այլն։ Միայն մենք յա­նուն պատ­շա­ճու­թեան միշտ պի­տի յի­շենք ու մեր սրտե­րուն մէջ պի­տի կրենք զին­քը։

-Սրբա­զան Հայր, հա­ւա­նա­կա՞ն է, որ ան­պաշ­տօն գետ­նի վրայ պատ­կան մար­մին­նե­րուն տրա­մադ­րու­թիւ­նը շօ­շա­փուած ըլ­լայ այս Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի սե­մին։ Ի՞նչ են­թադ­րու­թիւն­ներ ու­նիք պե­տու­թեան վե­րա­բեր­մուն­քին շուրջ։ Ե՞րբ կրնայ հաս­նիլ ընտ­րու­թեան ար­տօ­նու­թիւ­նը։
-Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն զա­նա­զան դէմ­քե­րու հետ այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեր ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­տեն-ա­տեն խօսք ե­ղած է այս նիւ­թին շուրջ։ Մե­զի բա­ցատ­րուած է՝ որ պատ­րիար­քի բժշկա­կան տե­ղե­կագ­րե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով դի­մում մը կա­տա­րե­լու պա­րա­գա­յին՝ կա­րե­լի կրնայ ըլ­լալ ա­պա­հո­վել թոյլ­տուու­թիւն մը։ Այ­սինքն այդ­պի­սի տրա­մադ­րու­թիւն մը կար։ Տես­նենք, ինչ կ՚ըլ­լայ այս ան­գամ... Այ­սօր խորհր­դար­անին մէջ ու­նինք հա­յազ­գի ե­րեք ե­րես­փո­խան։ Մենք կրնանք այս խնդրի լուծ­ման հա­մար աշ­խա­տիլ Մար­գար Է­սաեա­նին հետ, որ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րուն կը պատ­կա­նի։ Այ­լա­պէս, մեր մօտ շա­տեր, դժբախ­տա­բար, սո­վո­րու­թիւն ու­նին մեր բո­լոր խնդիր­նե­րը պե­տու­թեան առ­ջեւ դնե­լու բարձ­րա­ձայն, նոյ­նիսկ որ­պէս մար­տահ­րա­ւէր։ Մենք դրա­կան մօ­տե­ցու­մով պէտք է յա­ռաջ տա­նինք այս գոր­ծըն­թա­ցը։
Կայ նաեւ ու­րիշ նրբու­թիւն մը։ Մենք պե­տու­թե­նէն ար­տօ­նոո­թիւն չենք խնդրեր պատ­րիարք ընտ­րե­լու հա­մար։ Ար­դէն աշ­խար­հա­վար պե­տու­թեան մը մէջ չի կրնար ըլ­լալ նման բան։ Մենք, ու­րեմն, թոյլ­տուու­թիւն կը պա­հան­ջենք՝ այս­պէս կո­չուած, ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին հա­մար։ Ար­տօ­նու­թիւն կ՚ու­զենք, որ­պէս­զի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կարգ ու կա­նո­նը ա­պա­հո­վուի, ե­րաշ­խա­ւո­րուի։

-Սրբա­զան Հայր, այս կա­րե­ւոր ո­րոշ­ման ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րը ակն­յայտ է, որ ե­ղած են Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին մօտ։ Ո­մանք կը պնդեն, որ Կրօ­նա­կան ժո­ղովն ալ այ­սօր հար­ցա­կա­նի տակ է՝ նշա­նա­կեալ ան­դամ­նե­րու հար­ցին բե­րու­մով։ Երկ­րորդ՝ կը հե­տե­ւինք, որ Ձերդ Սրբազ­նու­թեան ա­տե­նա­պետ դառ­նա­լէն վերջ ո­րոշ չա­փով աշ­խու­ժա­ցած է ժո­ղո­վին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­րոշ չա­փով բարձ­րա­ցած է ա­նոր վար­կը։ Ի՞նչ կը մտա­ծեք այս բո­լո­րին շուրջ։
-Նա՛խ յի­շեց­նեմ, որ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ներ­կայ կազ­մին կո­րի­զը կը հան­դի­սա­նան այն հայ­րե­րը, ո­րոնք ընտ­րուած են Մես­րոպ Պետ­րիար­քը գահ բարձ­րա­ցու­ցած Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին կող­մէ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան, Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Տի­րան Ա. Քհնյ. Ռէի­սեան եւ ես Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի լիի­րաւ ան­դամ­ներն ենք։ Վեց հո­գի։ Ա­րամ Սրբա­զա­նի ան­դա­մու­թիւ­նը ին­կած է՝ այդ ժո­ղո­վին նա­խա­գա­հը դար­ձած ըլ­լա­լու բե­րու­մով։ Իսկ, Մես­րոպ Պատ­րիար­քի գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նին, Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րով ան­դամ ընտ­րուած են՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան եւ Տ. Ե­ղիա Քհնյ . Քեր­վան­ճեան։ Այ­սինքն չորս հո­գի։ Պատ­րիարք Հօր հի­ւան­դու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած ան­ցու­մա­յին կամ մի­ջան­կեալ այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ո­րե­ւէ նոր նշա­նա­կում կա­տա­րուած չէ։ Հե­տե­ւե­բար, Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը այս ա­ռու­մով դժուար, թէ խո­ցե­լի վի­ճա­կի մը մէջ ըլ­լայ։
Գա­լով միւս հարց­ման՝ միշտ կը հա­ւա­տամ խմբա­յին, ներ­դաշ­նակ աշ­խա­տան­քի։ Ա­ռանց հա­մես­տու­թե­նէ հե­ռա­նա­լու՝ ը­սեմ, որ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պե­տին ե­պիս­կո­պոս մը ըլ­լա­լը կը բե­րէ տար­բեր հան­գա­մանք մը, կը բարձ­րաց­նէ ա­նոր կշի­ռը։ Ա­րամ Սրբա­զանն ալ այս­պէ­սով ձե­ւով մը ա­ւե­լի կը վստա­հի Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին։

-Սրբա­զան Հայր, ինչ­պէ՞ս են Ձեր եւ Ա­րամ Սրբա­զա­նին մի­չեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Այս նիւ­թը յա­ճախ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ մեր հա­մայն­քէն ներս։
-Բնա­ւո­րու­թեամբ հան­գիստ ու խա­ղա­ղա­սէր անձ մըն եմ։ Խա­ղաղ գոր­ծը կռի­ւով ը­նել չեմ ու­զեր։ Պո­լիս վե­րա­դար­ձած եմ՝ հինգ տա­րիէ ի վեր։ Ա­րամ Սրբա­զա­նին թշնա­մին կամ հա­կա­ռա­կոր­դը չեմ։ Ան օգ­տա­կար ըն­կե­րա­կից մը գտած է իմ ան­ձիս մէջ։ Միշտ նե­ցուկ կը կանգ­նիմ իր շի­նիչ գոր­ծե­րուն եւ Ա­րամ Սրբա­զան ան­շուշտ կը տես­նէ այս ճշմար­տու­թիւ­նը։ Յայտ­նեմ նաեւ, որ մեր այս վեր­ջին նա­խա­ձեռ­նու­թեան պա­րա­գա­յին ալ Ա­րամ Սրբա­զան կա­տա­րեց շի­նիչ դեր մը։ Ե­թէ ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ բո­լոր ո­րո­շում­նե­րը առ­նուե­ցան միա­ձայ­նու­թեամբ, ա­պա սա ե­ղաւ նաեւ իր շնոր­հիւ։ Ո­րով­հե­տեւ ան բաց վա­րուե­ցաւ, ան­կեղծ ե­ղաւ իր հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն առ­ջեւ, ե­թէ Ա­րամ Սրբա­զան մտնէր քու­լի­սա­յին աշ­խա­տան­քի մէջ, ա­պա դժուար թէ ու­նե­նա­յինք այս միա­ձայն ու միա­հա­մուռ ար­դիւն­քը։

-Սրբա­զան Հայր, հա­մայն­քա­յին կարգ մը շրջա­նակ­նե­րէ ներս, թէ­կուզ նոյ­նիսկ լռե­լեայն, շրջա­նա­ռու­թեան մէջ է մտա­հո­գու­թիւն մը, ըստ ո­րու թրքա­հա­յու­թեան կրնայ պար­տադ­րուիլ իր պատ­րիար­քը ընտ­րել դար­ձեալ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րին կող­մէ, ա­ռանց ա­ւան­դա­կան դրու­թիւ­նը գոր­ծադ­րե­լու, այ­սինքն ա­ռանց ժո­ղովր­դա­կան քուէար­կու­թեան։ Բնա­կա­նա­բար, այս վար­կա­ծի պա­րա­գա­յին ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի, ակ­նար­կու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի պե­տու­թեան։ Կրնա՞յ ըլ­լալ նման բան մը։
-Պատ­րիար­քը Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րով ընտ­րել տա­լու փոր­ձե­րը, նման պար­տադ­րանք­նե­րու ստեղ­ծու­մը միշտ խնդրոյ ա­ռար­կայ ե­ղած է Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։ Այդ ռիս­կը միշտ կրնայ ըլ­լալ ու հա­մայնքն ալ պատ­րաստ պէտք է ըլ­լայ։ Բայց, միւս կող­մէ, մտա­ծենք նաեւ, թէ ո՛վ կ՚ըն­դու­նի կամ կրնա՛յ ըն­դու­նիլ այդ­պի­սի բան մը։ Ես կրնամ ը­սել, որ մեր ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց դա­սը կը դի­մադ­րէ։ Դժուար, թէ գտնես հո­գե­ւո­րա­կան մը, որ կը յօ­ժա­րի այդ­պի­սի ընտ­րու­թեան մը։ Ես գի­տեմ նաեւ, որ մեր մա­մուլն ալ կը դի­մադ­րէ։ Մեր ակն­կա­լա­ծը ար­դէն մեծ բան մը չէ, ան­նա­խըա­թաց ալ չէ։ Մենք կ՚ու­զենք մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու վա­ղե­մի կա­նոն­նե­րուն հի­ման վրայ ընտ­րել պատ­րիարք մը, հնա­րա­ւո­րինս ա­ռանց հե­ռա­նա­լու մեր Ազ­գա­յին սահ­մա­նա­րու­թեան ո­գիէն ու տար­րէն։
Չեմ կար­ծեր, որ մեր պե­տու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ մեր այ­սօ­րուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նման ձգտում մը ու­նե­նան։ Ին­չո՞ւ պի­տի պար­տադ­րէ պե­տու­թիւ­նը այդ բա­նը։ Ի՞նչ շահ կրնայ ու­նե­նալ։ Ի՞նչ կա­րիք կրնայ ու­նե­նալ։ Ին­չո՞ւ պի­տի ու­զէ սե­փա­կան վար­կա­նի­շը վտան­գել։
Լաւ հա­շուար­կենք, որ մենք՝ որ­պէս հա­մայնք այ­սօր ի՞նչ կշիռ կը ներ­կա­յաց­նենք Թուր­քիոյ մէջ։ Մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն քուէ­նե­րը կրնա՞ն բան մը փո­խել այս երկ­րին մէջ։ Ո՛չ... Մեր տնտե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կրնան բա­նի մը վրայ ագ­դե՞լ այս երկ­րին մէջ։ Ո՛չ... Յաչս աշ­խար­հին մեր հա­մայն­քէն բարձ­րա­նա­լիք ձայ­նը շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է, քան նո­յինքն մեր հա­մայն­քը՝ իր նե­րու­ժով։ Հե­տե­ւա­բար, պե­տու­թիւ­նը ին­չո՞ւ պի­տի ու­զէ ոտ­նա­կոխ ը­նել մեր նման փոք­րիկ հա­մայն­քի մը կրօ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը։
-Շատ շնոր­հա­կալ եմ, Սրբա­զան Հայր։

«Ի՞ՆՉ ԱՅՍԻՆՔՆ. ԵԹԷ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ ՏԱՅ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՍԱ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ, ՈՐ ՄԵՆՔ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ԿՌԻ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՀԵՏ»
-Յա­ռա­ջի­կայ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան թեկ­նա­ծու պի­տի ըլ­լա՞ք։
-Այս հարց­ման պա­տաս­խա­նը կա­խում ու­նի՝ պե­տու­թեան մօտ մեր կա­տա­րե­լիք դի­մու­մին պա­տաս­խա­նի ա­րա­գու­թե­նէն։ Այս պա­հուն ես բնա­կան թեկ­նա­ծու եմ, սա­կայն ա­ռանց պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նին հաս­նի­լը՝ մտա­դիր չեմ պաշ­տօ­նա­պէս թեկ­նա­ծու­թիւնս յայ­տա­րա­րե­լու։ Ա­նի­մաստ է, որ մար­դիկ ի զուր տեղ մրցա­կից դառ­նան ի­րա­րու։ Տե­սէ՛ք, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան եւ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան չեն կրնար այ­սօր այ­լեւս գոր­ծակ­ցիլ ի­րա­րու հետ։ Ին­չո՞ւ... Ո­րով­հե­տեւ ո­մանք ա­ճա­պա­րած են ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րե­լու։ Մին­չեւ ար­տօ­նու­թեան հաս­նի­լը բան մը չի սկսիր։ Պէտք է համ­բե­րել։ Պի­տի սպա­սեմ մին­չեւ պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նին հաս­նի­լը։ Պի­տի պա­հեմ իմ այս բնա­կան թեկ­նա­ծուի դիրքս ու պի­տի յար­գեմ այս սկզբուն­քը։ Չեմ կրնար գիտ­նալ, թէ միւս­նե­րը ի՛նչ կ­՚ը­նեն։ Հի­մա ա­յո կամ ոչ պի­տի չը­սեմ, պի­տի չա­ճա­պա­րեմ պաշ­տօ­նա­պէս վերջ­նա­կան ո­րո­շում մը յայ­տա­րա­րե­լու հա­մար։
Մի՛ մոռ­նաք եր­բեք, որ այս­տե՛ղ, մեր քա­ղա­քին մէջ կան ե­պիս­կո­պոս­ներ, ո­րոնք ա­մէն օր ի­րենց ու­սե­րուն վրայ կը զգան Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ամ­բողջ ծան­րու­թիւ­նը։ Պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ մրցակ­ցու­թիւն­նե­րը, պայ­քար­նե­րը կը մա­շեց­նեն մե­զ։ Կը մա­շին եւ նոյ­նինքն թեկ­նա­ծու­նե­րը։ Պատ­ճա­ռը այն է, որ մենք ընտ­րու­թիւ­նը մեր իսկ ձե­ւով պի­տի չկա­տա­րենք։ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նէն ա­ռաջ եր­բեք ժո­ղո­վուր­դը մի­ջա­մուխ չէր դառ­նար պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան։ Ազ­գա­յին Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը, զոր կ­­՚ընտ­րէր պատ­րիար­քը, ար­դէն պատ­րաստ, ըն­թա­ցիկ ձե­ւով գոր­ծող մար­մին մըն էր։ Երբ որ կա­րի­քը ծա­գէր, ան­մի­ջա­պէս կ՚ընտ­րէր պատ­րիար­քը։ Բայց հի­մա գո­յու­թիւն չու­նի Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած այդ ժողովը։
Պաշ­տօ­նա­պէս թեկ­նա­ծու­թիւն յայ­տա­րա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ ա­ճա­պա­րան­քը կը նշա­նա­կէ ար­հա­մա­րհել այս ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը։ Ան­գամ մը, որ մար­դիկ ա­ռա­ջադ­րեն ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը, ա­կա­մայ կը դառ­նան մրցա­կից­ներ։ Ի՞նչ այ­սինքն. ե­թէ պե­տու­թիւ­նը ե­րեք տա­րի վերջ տայ ար­տօ­նու­թիւ­նը, սա կը նշա­նա­կէ, որ մենք ե­րեք տա­րի կռի՞ւ պէտք է ը­նենք Ա­րամ Սրբա­զա­նին հետ։
Եր­կար մրցակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ միշտ ալ դժուար կ­­՚ըլ­լայ խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մը։ Արս­լա­նեա­նա­կան պայ­քա­րի տա­րի­նե­րուն (*) բա­ցուած վէր­քե­րուն սպիա­ցու­մը սե­րունդ­ներ չէ՞ տե­ւած մեր հա­մայն­քէն ներս։

«Ժամանակ», 31 Հոկտեմբեր 2016

(*) Կ՚ակնարկէ 1944-1950ական թուականներու Գէորգ արք. Արսլանեանի տեղապահութեան շրջանին, երբ պոլսահայ համայնքը, բուռն պայքարի հետեւանքով, բաժնուեցաւ երկու ճակատներու («Հայկականք»)։ 

No comments:

Post a Comment